Երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2016-ին կայացաւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր «Արեգ» թատերախումբի «Արքա՛յ, արթնցի՛ր» ներկայացման առաջին փորձը:
Թատերախաղի հեղինակ, բեմադրիչ եւ գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեանի շուրջ համախմբուած շուրջ 35 դերակատարներուն պիտի միանայ «Գայեանէ» պարի դպրոցը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Կարէն եւ Ժաքլին Մագինեաններու:
«Արքա՛յ, արթնցի՛ր» երաժշտախառն կատակերգութիւնը խոշորացոյցի տակ կ՛առնէ մերօրեայ կարգ մը խնդիրներ, ապա ծիծաղի ու սպանիչ ծաղրի միջոցով կ՛ոչնչացնէ այն ամէնը, ինչը կը խոչընդոտէ մեր ազգային ու պետական լուսաւոր ընթացքը:
Գունագեղ այս կատակերգութեան դերաբաշխման բարդ ու պատասխանատու փուլը յաղթահարելէ ետք առաջին փորձի լրջութիւնն ու բծախնդրութիւնը ենթադրել կու տան, որ 2017-ի մարտի առաջին շաբաթը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կայանալիք, «Արքա՛յ, արթնցի՛ր» թատերախաղին մէջ մանուկ եւ հասուն տարիքի հանդիսատեսներէն իւրաքանչիւրը պիտի գտնէ իրական ու հեքիաթային իր ներկայացումը:
ԹՂԹԱԿԻՑ