Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆանարի Ս. Մատրան Մէջ Հանդիսաւոր Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

Դեկտեմբեր 14, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

asdvatzatzin-1_120416

Կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2016-ին Ֆանարի Ս. մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն, Ֆանարի Ս. մատրան թաղականութիւնը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, ՀՄԸՄ Ժըտէյտէի մասնաճիւղի երէցները եւ Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի աշակերտները Լէյլաւանի մուտքին դիմաւորեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ մատուցեց Ս. պատարագ եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր հայրական պատգամը: Սրբազան առաջնորդը ըսաւ, որ, տարեկան աւանդութեան համաձայն, հաւաքուած ենք Ֆանարի Ս. մատրան մէջ աղօթելու Աստուծոյ, որպէսզի մեր կեանքին մէջ իր ներկայութիւնը աւելի շօշափելի դարձնէ մեզի համար, որովհետեւ մենք մեր առօրեայէն ներս կարիքը ունինք իր առաջնորդութեան եւ իր յոյսին, որպէսզի երկրաւոր մեր կեանքին ընթացքը պահենք Աստուածահաճոյ վիճակի մէջ:

asdvatzatzin-2_120416

«Երանի անոնց, որոնք եկեղեցի կը շինեն եւ եկեղեցաշինութեան գործին համար կը նուիրաբերեն, այլ խօսքով գործնականօրէն իրենց Աստուածասիրութիւնը կ՛արտայայտեն երկրի վրայ եւ իրենց շրջապատէն ներս պայմաններ կը ստեղծեն, որպէսզի մենք Աստուծոյ ներկայութիւնը առաւել ուժգնօրէն կարողանանք զգալ», շեշտեց սրբազան հայրը` հարց տալով, որ մարդոց համար աւելի նուիրական արարք կա՞յ, քան Աստուծոյ տունը գեղեցկացնելն ու փայլեցնելը: Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, թէ պէտք է լաւ գիտակցինք, որ այս աշխարհին մէջ Աստուծոյ գործակիցը մե՛նք ենք, եւ Աստուած մեր միջոցով ինքզինք մարդկային ընկերութեան կը յայտնէ եւ մեր միջոցով կը գործէ երկրի վրայ, որպէսզի մեր աշխատանքով եւ մեր հաւատքով երկրաւոր այս միջավայրը վերածենք աստուածահաճոյ վայրի:

Սրբազան հայրը գնահատեց Ս. մատրան հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի, թաղականութեան եւ շրջանի պատասխանատուներուն աշխատանքը, որուն ընդմէջէն անոնք առաւել եւս հաւատքին եւ յոյսին կը կապեն մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի սփիւռքեան այս պայմաններուն մէջ մենք չկորսնցնենք մեր հայրենական հաւատքի սրբութեանց գիտակցութիւնը եւ մնանք հաւատաւոր ժառանգորդները այն ժողովուրդին, որ տակաւին երազ եւ իտէալներ ունի: «Աստուած մեզ հաստատած է իր ստեղծագործութեան մէջ, որպէսզի մենք մեր աշխատանքով, մարդկային մեր ճիգով արդիւնաւորենք մեր կեանքը»,  հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ բոլորս օժտուած ենք ձիրքերով, շնորհներով եւ կարողութիւններով, սակայն երբեմն մեզի կը պակսի կամեցողութիւն եւ խթան, որպէսզի Աստուծոյ կողմէ մեզի պարգեւուած այն բոլոր կարողութիւնները գործի վերածելով արդիւնք տանք:

Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը մաղթեց, որ Աստուծոյ շնորհը անպակաս ըլլայ մեր կեանքէն` առաւել եւս պիտանի եւ արդիւնաւոր վիճակի մէջ պահելու համար մեր ընթացքը: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» ժողովրդային տան մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Թաղականութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Խաչիկ Էլէյճեան, որմէ ետք  Ֆանարի Ս. մատրան դպրաց դասը ներկայացուց պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը: Սիրոյ սեղանին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ լիբանանահայ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեան` ընկերակցութեամբ երգեհոնի վրայ Աւօ Չայլեանի: Ապա հերթաբար իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան, թաղականութեան ատենապետ Վարուժ Պօղոսեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Աւարտին թաղականութեան կողմէ սրբազան հօր յանձնուեցաւ յիշատակի նուէր մը:

Նախորդը

«Թռիր Ու Ասա՛ Ստրուկ Աշխարհին, Թէ Ի՛նչն Է Թանկը Կեանքից Աւելի…»

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարարին Հանդիպումը Լիբանանի Հայ Աւետարանական Առաջնորդներուն Հետ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?