Հայաստանի Բնակչութեան Միայն Մօտ 15 Առ Հարիւրը Գոհ Է Իր Բնակարանային Պայմաններէն
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Հայաստանի մէջ բնակչութեան գերակշռող մասը (մօտ 91 առ հարիւրը) իր բնակարանին սեփականատէրն է: Քաղաքային բնակավայրերուն մէջ բնակչութիւնը գլխաւորաբար կը բնակի բազմաբնակարան շէնքերու մէջ` 72 առ հարիւր, իսկ գիւղական բնակավայրերու մէջ առանձնատուները կը գերակշռեն` 91,3 առ հարիւր: Հայաստանի մէջ բնակարանային առկայ լուրջ խնդիրը բնակարաններու ծանրաբեռնուածութիւնն է: 2015 թուականին կատարուած ուսումնասիրութեան մը տուեալներով, Հայաստանի մէկ սենեակնոց բնակարաններու ծանրաբեռնուածութիւնը կազմած...



















