Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փառքի Եւ Դրամի Ջրապտոյտին Մէջ

December 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

i-kaghia-balian-feast

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Արեւոտ եւ ցուրտ ձմեռնամուտ է: Մեր կեանքին պէս:

Միայն կոճղի պէս Կեդրոնականցին է ինքն իրեն հաւասար: Կլիման զինք չի ցնցեր:

Իր ձայնը լսեցի դրան զանգին հետ.

– Մակա՛ր, գիտես, հարստացումը ախորժակ կը ծնի: Մին Հայաստանի գիւղին մէջ աղբիւր կը կառուցէ եւ քարին վրայ անուն կը գրէ, ուրիշ մը հռչակաւոր մակնիշով հագուստ կը գնէ, ամերիկեան բանակի ինքնաշարժ կը նուիրէ իր աղջկան, որպէսզի անով երթայ հարսանիքի:

– Նե՛րս եկուր, յետոյ կը պատմես: Ի՞նչ պատահեր է նորէն:

– Մարդիկ իրենց անկարեւոր կարեւորութիւնը դրօշակի վերածելու համար «ի պատիւ» ճաշկերոյթ կը կազմակերպեն, չեն հրաւիրեր համեստ հօրեղբայր կամ մօրաքոյր, քանի որ անպատեհ է զանոնք սեղանակից ընել յայտնիներու: Մեծ մօր եւ մօր ճաշերը սեղան չեն գար, այլ` արքայական համադամներ, ձկնկիթ` սեւը, հին գինի, որուն տարին յիշեցնել պարտք կը համարեն, արեւադարձային երկիրներու պտուղներ:

Արմենակ նոր բան տեսած էր:

– Երանելի ես, Մակա՛ր, պարտէզիդ թզենիով կը գոհանաս, քանի մը լոլիկով: Չես խանգարեր եւ խանգարուիր:

– Ի՞նչ տեսար եւ լսեցիր, Արմենա՛կ:

– Դերձակ Սարգիս բարեկամիդ տղան հարստացեր է: Չէր ուզած ասեղին ծայրով կեանքը շահիլ: Առեւտրական է, եւ քանի մը անգամ սուտ-իրաւ սնանկութիւն յայտարարելէ ետք դրամատուներու եւ բարեկամներու իր մեծաքանակ պարտքերը չէր վճարած: Հիմա մեծահարուստ է: Ինչպէ՞սը մի՛ փնտռեր:

– Դուն դատաւոր չես:

– Ճիշդ ես: Դրամ ունեցողները իրարմէ կը գողնան, ինձմէ եւ քեզմէ ի՞նչ պիտի գողնան: Սարգիսին տղան հիմա Յարութիւն չի կոչուիր, այլ` Փասքալ: Կ’ուզէ ասդին-անդին նախագահ ըլլալ եւ բեմերէ տեսնուիլ: Հրաւիրող չի պակսիր, որուն համար պէտք է վճարել, ինչպէս որ կը վճարէ պերճ հիւրանոցներու համար:

– Լա՛ւ է, գոնէ ապրիլ գիտէ եւ կծծի չէ:

– Ճի՛շդ ես: Հիմա, ամէն առիթով կ’ուզէ խօսք առնել` քաղաքական, գրական, երաժշտական, գեղանկարչական, թատերական: Իր խօսակիցներուն կ’ըսէ, որ օփերա ալ կ’երթայ իր կնոջ եւ հարսնցու աղջկան հետ:

– Անտարբերներէն լաւ է:

– Դուն ալ բարեմիտ տիրացու ես: Վերջին գիւտը: Ուրկէ՛ իմացեր է, որ քաղաքի Բանաստեղծութեան տան մէջ պիտի նշուի մեծ բանաստեղծի մը 100-ամեակը: Անունը չեմ տար յիշատակ չնսեմացնելու համար: Փասքալ միջոցը գտած է իմացնելու, որ կ’ուզէ խօսիլ այդ առիթով` խոստանալով, որ Բանաստեղծութեան տան լսատեսողական նոր սարքաւորումներ կը նուիրէ: Հիմա արդէն այծի մօրուք ալ բուսցուցած է:

– Կատա՞կ կ’ընես:

– Անհաւատալի, բայց իրա՛ւ: Դիմած է գրոց-բրոց վարդապետի մը, որպէսզի իր խօսքը պատրաստէ: Ներկայ եղայ: Խօսեցաւ: Թարգմանուած մէջբերումներ ալ ըրաւ: Ծափահարեցին: Ո՛չ կազմակերպողները եւ ո՛չ ալ ներկաները գիտցան, որ Փասքալ իր կարդացածը չէր հասկնար:

– Արմենա՛կ, եթէ օտար շրջանակի մէջ չգիտցան, որ Փասքալ գրուածը չէր հասկնար, չեմ զարմանար: Ուրիշի կողմէ գրուած ճառ խօսողներ այնքա՛ն շատ են, եւ մարդիկ գիտեն, թէ խօսողը իր կարդացածէն լուր չունի, կը ծափահարեն եւ աթոռ կու տան:

– Ուրե՞մն:

– Պա՛րզ: Չես երթար, չես լսեր, կամ հոտած հաւկիթ կը նետես, եթէ այդ լուծում է:

Զղջացի, որ այդ ըսի: Արմենակ յանկարծ կրնայ օր մը հոտած հաւկիթ նետել եւ «թիկնապահներ» զինք սրահէն դուրս կը նետեն:

 

, 3 նոյեմբեր 2016

 

Նախորդը

Հաղարջը (Currant)

Յաջորդը

Արցախի Բարի Բժիշկը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.