Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
«Արմէնփրես» վկայակոչելով Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալները` կը հաղորդէ, որ Հայաստանի մէկ տնային տնտեսութեան միջին ամսական անուանական սպառողական ծախսերը մօտ 148.616 դրամ կը կազմեն:
Ըստ այդ տուեալներուն, 2015 թուականի արդիւնքները ցոյց կու տան, որ հայաստանցի ընտանիքներու ամսական անուանական սպառողական ծախսերուն մօտ մէկ երրորդը` 51190 դրամ կը կազմէ գնուած սննդամթերքը, 50050 դրամ` ծառայութիւնները, 27990 դրամ` սնունդի հետ կապ չունեցող իրերը, 11770 դրամ` չծախուած սննդամթերքը (օրինակ` անձնական այգիներու բարիքները), 4900 դրամ` ծխախոտը, 1874 դրամ` հանրային սնունդը, իսկ 823 դրամ` ոգելից ըմպելիները:
Միեւնոյն ժամանակ միջին ամսական սպառողական ծախսերը տնային տնտեսութեան մէկ հոգիի հաշուով կազմած են 42.867 դրամ: 2015 թուականին, 2014 թուականին համեմատ, ցուցանիշը աճած է 5,1 առ հարիւրով: Ծախսերուն մէջ յատկապէս աւելցած են ծառայութիւններու (10,7 առ հարիւրով) եւ ոչ սննդական իրերու (8,5 առ հարիւրով) մասնաբաժինները: