Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Համպուրկեան Համախոհութի՞ւն

December 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp-hayrenik_122016

Համպուրկի մէջ դեկտեմբեր 8-ին կայացած` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու վեհաժողովը, սպասուածին նման, ոչ մէկ յիշատակելի յառաջխաղացք կամ փոփոխութիւն արձանագրեց Արցախի հիմնահարցին առնչութեամբ:

Բնականաբար այս անփոփոխ կացութիւնն ու ստեղծուած իրավիճակը երբեք գոհ չպահեց ազերի կողմը, որ ամէն գնով պայքար կը մղէ քաղաքական շրջանակներու մէջ` հողատարածքի պահանջներ ներկայացնելով:

Անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի դէպքերն ու յատկապէս դատապարտելով ճակատներուն վրայ կատարուած վայրագութիւնները` այս վեհաժողովը վերստին հաստատած էր, որ այս հիմնահարցը զինուորական լուծում չունի, եւ ոչ մէկ արդարացում կայ ծանր հրետանիի գործածութեան, կոյր ռմբակոծումներուն եւ անմեղ քաղաքացիներու մահուան:

«Անգամ մը եւս մենք կը կրկնենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն ուղղուած մեր կոչը` ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ բանակցային սեղանին վերադառնալու` ընթացիկ աշխատանքային առաջարկներու հիման վրայ դէպի կայուն խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով: Այնքան ատեն որ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած, վերսկսած բռնութեան հեռանկարները միայն կը մեծնան, իսկ այդ իսկ պատճառով կողմերը լիակատար պատասխանատուութիւն կը կրեն», կը նշուի վեհաժողովի լոյս ընծայած կոչին մէջ:

Բաւական ընդարձակ եւ մանրամասնօրէն նկարագրուած այս յայտարարութեան մէջ կը նշուէր Ազրպէյճանին վերադարձնելու Արցախի յարակից տարածքները, միեւնոյն ժամանակ նաեւ` Արցախին ապահովելով միջանկեալ կարգավիճակ, որ կ՛ապահովէ` անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ, Հայաստանին միացնող միջանցք, տեղահանուած բոլոր բնակիչներու եւ գաղթականներու վերադարձ իրենց  բնակավայր, միջազգային անվտանգութեան խաղաղութիւն հաստատելու գործընթաց, եւ անշուշտ` Արցախի վերջնական կարգավիճակը սահմանող իրաւականօրէն պարտադիր կամ արտայայտութիւն:

Համպուրկի այս վեհաժողովին նաեւ կարելի եղաւ իրականացնել հանդիպում մը` հիմնահարցի ետին կանգնող Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մահմետիարովի միջեւ, Մինսքի խմբակի համանախագահներ` Ճէյմս Ուորլիքի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովի (Ռուսիա) եւ Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) մասնակցութեամբ: Փրոթոգոլային բնոյթ ունեցող այս հանդիպումը աւարտեցաւ երկուստեք չհամաձայնելու համաձայնութեամբ:

Մինչ այդ համպուրկեան այս տեսակցութեան օրերուն, Իլհամ Ալիեւի հլու հրահանգներուն ենթարկուելով, ազերի բանակը շարունակ խախտեց զինադադարը, մինչդեռ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը այցելեց արցախեան ռազմաճակատ, ընկերակցութեամբ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, երկու երկիրներուն պաշտպանութեան նախարարներուն եւ բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ:

Այս իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ինչպէ՞ս կարելի է գնահատել համպուրկեան այս վեհաժողովը` համախոհութի՞ւն, թէ՞ անխոհեմութիւն:

12 դեկտեմբեր, 2016

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Դեկտեմբեր Գ. – Հալէպի Ազատագրումը` Անկիւնադարձ

Յաջորդը

Սփիւռքի Նախարարին Այցելութիւնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.