Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Դեկտեմբեր Գ. – Հալէպի Ազատագրումը` Անկիւնադարձ

Դեկտեմբեր 20, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

aleppo-171216-4

Սուրիացի սկաուտներ, համալսարանականներ եւ երիտասարդներ այցելեցին Հալէպի բերդ ու սուրիական դրօշը բարձրացնելով տօնեցին Հալէպի յաղթանակը:
Սուրիացի սկաուտներ, համալսարանականներ եւ երիտասարդներ այցելեցին Հալէպի բերդ ու սուրիական դրօշը բարձրացնելով տօնեցին Հալէպի յաղթանակը:

aleppo-171216-2Հալէպ 2012-ի oգոստոս ամիսէն սկսեալ, 5 տարի շարունակ, ապրեցաւ դժոխային օրեր: Կրեց բազմատեսակ զրկանքներ, բայց համբերեց: Ականատեսը եղաւ ահարկու բարբարոսութիւններու, բայց արշալոյսին ոտնաձայնը առաւ ու սպասեց, դիմադրեց: Ատելութեամբ սնանած ահաբեկիչներ, որոնք երբեմն քաղաքի թաղամասերուն անգամ ծանօթ չէին, քանդեցին` դպրոցներ, եկեղեցիներ, մզկիթներ, մշակութային կեդրոններ: Թալանեցին` գործարաններ, բարեսիրական կեդրոններ, հիւանդանոցներ, գրադարաններ, անկելանոցներ, գործատեղիներ, բնակարաններ: Բայց հալէպցին շարունակեց իր կրթական, մշակութային, բարեսիրական գործու-նէութիւնը: Շարունակեց աշխատիլ ու դժուարութեամբ վաստկիլ իր ապրուստը:

Հալէպի բնակչութեան մեծամասնութիւնը տնազուրկ դարձաւ, ունեցաւ նահատակներ, զոհեր եւ վիրաւորներ: Հայ համայնքը եւս ապրեցաւ այս բոլոր դժուարութիւնները, ունեցաւ տնտեսական, մարդկային կորուստներ: Քանդուեցան հայ բնակիչներու աւելի քան 1000 բնակարաններ, ազգային, միութենական կառոյցներ: Անցնող հինգ տարուան ընթացքին համայնքը ունեցաւ 102 զոհ, 379 վիրաւոր, 32 նահատակ: Նման դժուարութիւններու լոյսին տակ ոմանք գաղթեցին, ուրիշներ տեղափոխուեցան Սուրիոյ այլ նահանգներ` գէթ իրենց կեանքերը փրկելու:

Ազատութեան պիտակին տակ խաւարամիտ ահաբեկիչներ ոչ միայն քաղաքը քանդեցին, այլեւ իրենց ատելավառ կոչերով, այլամերժութեամբ փորձեցին ատելութիւն սերմանել բնակչութեան տարբեր բաղադրիչներուն միջեւ, արտաքին ուժերու թելադրութեամբ եւ ուղղորդումով Հալէպը բաժնել արեւելեան ու արեւմտեան մասերու:

Հալէպի բնակչութեան տառապանքին վրայ աւելնալու եկաւ արեւմտեան եւ հարեւան կարգ մը երկիրներու կողմէ ի գործ դրուած ապատեղեկատուական հսկայածաւալ արշաւը` արդարացնելու ի գործ դրուած  անմարդկայնութիւնն ու ահաբեկիչներու հոսքը:

Հալէպի բնակչութեան հիւսուածքը, սակայն, չքայքայուեցաւ, իւրաքանչիւրը լուռ տարաւ իր տառապանքը ու հաւատաց, որ Սուրիան պիտի մնայ քաղաքակրթութիւններու ու կրօններու գոյակցութեան այն հաւասարակշռուած երկիրը, որուն ժողովուրդը իր միասնութեամբ պիտի վանէ ահաբեկչութեան սպառնալիքը:

2016-ի դեկտեմբեր 12-ը պատմական օր մը եղաւ Հալէպի բնակչութեան համար: Սուրիական բանակը ազատագրեց Հալէպ քաղաքի տարածքին 99 առ հարիւրը:

12 դեկտեմբերին յայտարարուած Հալէպի ազատագրումը թէեւ պատերազմին աւարտը չէր աւետեր, սակայն անկիւնադարձ մըն էր սուրիական պատերազմին մէջ, նկատի ունենալով, որ Հալէպը Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքն է, տնտեսութեան մայրաքաղաքը:

Հալէպի ազատագրման մէջ, սուրիական բանակին ու անոր դաշնակիցներուն մարտնչումներուն կողքին, նշանակալի դերակատարութիւն ունեցան քանի մը տուեալներ.

Ա) Նախագահին համաներման հրամանագիրը, որուն շնորհիւ շատ մը զինեալներ վար առին իրենց զէնքերն ու յանձնուեցան սուրիական բանակին:

Բ) Ռուս-թրքական մերձեցումը, որուն շնորհիւ ռուսական կողմը յաջողեցաւ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ` փակելու իր սահմաններն ու դադրեցնելու զինեալներուն շարունակուող մատակարարումը:

Գ) Սուրիական եւ ռուսական բանակներուն կողմէ մարդասիրական անցքերու հաստատումն ու Հալէպի արեւելեան թաղամասերէն բնակչութեան դուրս բերելու համակարգուած ծրագիրը:

Դ) Հալէպի ժողովուրդին, նոյնիսկ` արեւելեան շրջաններու բնակչութեան, բողոքի լայն ալիքը` ընդդէմ զինեալ խմբաւորումներու անմարդկային արարքներուն:

Ե) Զինեալ խմբաւորումներու շարքերէն ներս տեղի ունեցող պառակտումները:

Հալէպի ազատագրումով բնակչութիւնը խանդավառուեցաւ յատկապէս խաղաղութեան վերատիրանալու յոյսով ու իր կեանքը աստիճանաբար վերակազմակերպելու հեռանկարով:

Կը մնայ յուսալ, որ քաղաքի ազատագրման ամրագրումով, յառաջիկայ տարուան մէջ  ընթացք առնեն վերականգնումի ծրագիրներու մշակումն ու սուրիական տագնապի լուծման բանակցային փուլի մեկնարկը:

Հալէպի ամբողջական ազատագրումը անկիւնադարձ մը պիտի ըլլայ` ուղենշելով սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ողջ ընթացքը:

Նախորդը

ՍԱՐՖ-ի Զեկոյցն Ու Կոչը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Համպուրկեան Համախոհութի՞ւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?