ՏՈՔԹ. ՄԵԼԻՆԷ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Աշնան պայծառ օր մը զարմիկներս ու ես ուղղուեցանք դէպի Շրմըն` Քոնեքթիքըթ` Կորքիի գերեզմանը այցելելու: Երկար ճանբորդութիւնը հետաքրքրական դարձաւ մեր խօսակցութիւններով, գիւղական ճամբաներուն վրայ: Շրմընի մէջ Կորքին յիշեցնող որեւէ նմուշ չգտանք: Կորքիի անունը եւս չէր օգտագործուած: Ըստ բացատրութեան, գտանք միակ խանութը, ուրկէ ծաղկեփունջ մը գնեցինք: Մեթոտական եկեղեցւոյ եւ Հիւսիսային գերեզմանի աշխատակցուհին ամչնալով ըսաւ, որ չէր գիտեր գերեզմանաքարին վայրը ու յաճախ ստիպուած էր ամուսինէն խնդրել` գերեզմանի յատակագիծը իրեն տալու, բայց ան չէր իրականացուցած այդ փափաքը:
Փնտռեցինք Կրանթ անունով գերեզմանաքարը, որուն շարքին, բլուրի վրայ, պիտի գտնուէր Կորքիի տապանաքարը: Զարմիկս շուտով գտաւ, մինչ մենք կը կարդայինք հարիւր տարի առաջուան մեռեալներու անուններ: Այս փոքրիկ Շրմընին հին գերեզմանատունն էր, թիւ 10 պողոտային վրայ: Շրմըն գիւղը հիմնուած էր 19-րդ դարու սկիզբը:
Ըստ իմ ստացած բացատրութեան, Կորքիի ընտանիքը մեծ հատուած մը գներ էր գերեզմանատունէն, ընտանիքին համար, այնպէս որ, Կորքիի գերեզմանաքարը ժամանակին կանգնած էր միայնակ: Սակայն տեսայ, որ արդէն գերեզմանը խճողուած էր եւ Կորքի մինակ չէր:
Իմացայ, որ դժուար եղած է թաղել Կորքին, որ անձնասպան եղած էր. Մեթոտական եկեղեցին մերժած էր թաղման արարողութիւն կատարել, բայց վերջապէս թոյլ տուած էր թաղելու` առանց արարողութիւն կատարելու: Կորքի միայն երեք տարի ապրած էր Շրմընի մէջ եւ մեռած` հոն: Ան վարձով առած էր ապակիէ տունը եւ փափաքած էր հաստատուիլ Շրմընի մէջ` մինչեւ դժբախտութիւններու պատահիլը:
Շրմընը հանդարտ գիւղ մըն էր, արուեստագէտներու նախադրած վայրը մեծ քաղաքներէ հեռու:
Կենսագրութիւնը
Ոստանիկ Ատոյեան (Մանուկ) ծնած է 1902-1904, Վանի մօտ գտնուող Խորխոմ գիւղը, Վանայ լիճի ափին` ըլլալով ծնողներու Բ. ամուսնութեան երկրորդ զաւակը: Հայրը` Սեդրակ, երեսունի վերջերուն, ագարակապան եւ ձեռներէց մարդ էր, այրի էր, մէկ զաւակով: Մայրը` Շուշանը, տասնվեց տարեկան, նոյնպէս այրի էր, ամուսինը կորսնցուցած էր 1896-ի ջարդերուն եւ երկու զաւակները` որբանոց յանձնած, որպէսզի կարենար ամուսնանալ: Ամուսնութիւնը սիրոյ վրայ չէր հիմնուած, այլ` յարմարութեան: Հայրը 1908-ին կը մեկնի Ամերիկա` խուսափելով թրքական զօրակոչէն, նկատի ունենալով, որ թուրքերը առաջնագիծի վրայ կը ղրկէին հայերը` ուրիշ հայեր սպաննելու համար: 1915-ին Շուշան իր երկու զաւակներով կը հեռանայ Խորխոմէն, կ՛անցնի Արեւելեան Հայաստան:
Երեւանի մէջ մայրը 1919-ին սովամահ կ՛ըլլայ, հակառակ որ Ոստանիկն ու քոյրը` Վարդուշը ամէն օր կ՛աշխատին, որպէսզի մամային համար ուտելիք ճարեն, մինչ Շուշանը կը պահէ ուտելիքը զաւակներուն համար… Օր մը, երբ Շուշան Ոստանիկի միջոցով նամակ կը յուշէր ամուսնոյն, տկար ու հիւանդկոտ, Ոստանիկի թեւերուն մէջ հոգին կ՛աւանդէ` դնելով Ոստանիկի ուսին վրայ: Շուշանը կը թաղեն այդ օրուան մեռեալներու հետ, հասարակաց գերեզմանի մը մէջ: Վարդուշն ու Ոստանիկը ազգականներու եւ այլ հայերու օգնութեամբ կը հասնին Պոլիս, Աթէնք եւ վերջապէս` 1920-ին, պատանի Ոստանիկն ու քոյրը կը հասնին Ուոթրթաուըն` Պոսթըն (Ամերիկա), ուր կ՛ապրէին հայրն ու խորթ եղբայրը: Հանդիպումը դրական չ՛ըլլար:
1926-1945 Ոստանիկ կը նկարէ մայրն ու ինքզինք` հիմնուելով 1912-ի պատկերի մը վրայ: Այս նկարը հանդիսացաւ իր ստորագրութիւնը եւ թերեւս ամէնէն ճանչցուածը:
Ոստանիկ ինքզինք կը նորոգէ, անունը կը փոխէ Արշիլ Կորքիի, նոյնիսկ լուր կը տարածէ, որ ռուս գրող Մաքսիմ Կորքիի ազգականն է, թէ` ինք ռուս է: Անշուշտ այս լուրը սխալ էր, Մաքսիմ Կորքի գրչանուն էր: Կարծիք կայ, որ այլ իմաստներ ալ ունեցած է Կորքի կեղծանունը. Օրինակ` Արչի Կան, Արշէլ Կորքի Այշարելի իմաստը` սեւ հոգի էր. Կորքի ըսած է, որ մայրը զինք «սեւը, որ լաւ վերջաւորութիւն պիտի չունենայ» անուանած է: Նաեւ տեսակէտ մը կայ, որ Խորխոմի հին քարտէսներու անուանումը ըլլալով Կօք, Կորքի իր կեղծանունին վերագրած է «Խորխոմի անիծեալը» մակդիրը:
Մէկ բան կը կրկնուի, որ Կորքի տեղին համեմատ կը խօսէր եւ պատմութիւններ կը յօրինէր, օրինակ` իր ծննդեան թուականը կը կարծուի, որ ճիշդ չէ: Բարեկամ մը կը գրէ, որ Կորքին աւելի տարիքոտ կը թուէր ըլլալ, քան ինչ որ կ՛ըսէր: Ան ծնած էր 1902-1904 թուականներուն միջեւ: Իր երեխաներու դայեակը կը յիշէ զինքը որպէս շատ գեղեցիկ մարդ մը, թուխ եւ տրամաթիք` միշտ կրելով սեւ կէյփը եւ խիտ պեխերը: Ան գեղեցիկ կերպար մըն էր նաեւ Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ` իր բարձր հասակով, վերարկուի փէշերը օդին տուած, երբ կը քալէր:
Հակառակ իր աղքատութեան` Կորքի կը յաջողի մասնագիտանալ նկարչութեան մէջ` թէ՛ դասընթացքներու հետեւելով եւ թէ ինքնաշխատութեամբ: Յայտնի ամերիկացի գեղանկարիչ, Կորքիի աշակերտ Վիլհելմ տը Քունինկ գրած է, որ Կորքի դիտելու, տեսնելու յատուկ կարողութիւն ունէր, ինչ որ տը Քունինկ չէր կրցած ձեռք ձգել դասընթացներու միջոցով իսկ:
Կորքիի աշխատակիցներն ու բարեկամները շատ կը սիրէին զինք, կը հետեւէին իր ուղիին: Կորքի, որ տարիներով հետեւեցաւ մեծ նկարիչներուն, ինչպէս Փիքասօ եւ Սեզան, մահուան նախորդ տարիներուն կերտեց ի՛ր իւրայատուկ ոճը ու հանդիսացաւ ամերիկեան Վերացական խորհրդապաշտութեան հիմնադիրը:
Կորքի իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Նիւ Եորքի Իւնիոն Սքուեր թաղի աշխատանոցին մէջ. 1925-ին, Պոսթընի ընկերոջը կ՛ըսէ` «կ՛երթամ Նիւ Եորք` դասաւանդելու. կամ` մեծ արուեստագէտ մը պիտի դառնամ, կամ` յանցագործ մը»: Մօտէն բարեկամացաւ արուեստը գնահատող, շատ արուեստագէտներու յանձնակատար (էյճընթ) Ժուլիէն Լեւիի հետ: Արուեստի ուսանողի մը հետ անյաջող ամուսնութենէն ետք, տը Քունինկ 1940-ին Ոստանիկը կը ծանօթացնէ ապագայ կնոջը` արուեստի ուսանող, 18-ամեայ Ագնէս Մակրուտըրի հետ, աղջիկը` բարձրաստիճան նաւային սպայի մը, որուն Կորքի փաղաքշանքով պիտի անուանէր «Մուկուչ»` ընկերներուն ըսելով, թէ Մուկուչի իմաստն է` «Իմ հզօր փոքրիկս»*:
Զոյգերը կ՛ամուսնանան Վիրճինիա քաղաքի մէջ (Նեւատա) 1940-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ շրջան մը կենակցելէ ետք: Կը հաստատուին Նիւ Եորք: Մուկուչ Կորքիին կը պարգեւէ երկու աղջնակներ` Մարօ եւ Նաթաշա:
Մուկուչն ու աղջիկները յաճախ ամառները կ՛անցնեն Մուկուչի մօր մօտ, Վիրճինիայի մէջ, կամ` Պոսթըն: Ընտանիքը քանի մը անգամ կը փոխադրուի եւ վերջապէս կը բնակի Հեպելնի «ապակիէ» վերանորոգուած տան մէջ, Շրմըն, ուր նախորդ տարի Կորքիի աշխատանոցին մէջ կրակ բռնկած էր ու Կորքիի վերջի երեք տարիներու նկարները` այրած: Շրմընի մօտ կը բնակէին Կորքիի բարեկամները, ինչպէս Ճուլիէն Լեւին:
Ան յաճախ աշակերտները կը խրախուսէր, որ նկար մը գեղարուեստական պէտք է ըլլայ` լաւ ըլլալու համար, բայց թէ` նկարչութիւնը անկախ պէտք է ըլլայ անձէն:
Կորքիի սկզբնական գործերը եւրոպական արուեստի ոճերը կ՛ընդգրկէին, որ ըսել կու տար ոմանց, թէ Կորքիի արուեստը իւրայատուկ չէր: Այդ օրերուն Փարիզը արուեստի աշխարհի սիրտն էր: Կորքի հիացած էր Փիքասոյով ու Սեզանով` զանոնք սերտելով կը սորվէր: Փարիզէն վերադարձին կը յայտարարէր, որ ուսանած է Փարիզի մէջ: Օր մը, երբ քննադատ մը նկատողութիւն կ՛ընէ, որ ներկի գետակ մը կը կաթէր Կորքիի նկարչութենէն, Կորքի կը պատասխանէ, «Երբ Փիքասօ կը կաթի, ես ալ կը կաթիմ»…
Ըստ արուեստի քննադատներու Կորքի իր «արուեստի ոճը, ձայնը» գտաւ մահէն քիչ առաջ, երբ չհասցուց շատ կտաւներ արտադրել: Նիւ Եորքի իր Եունիըն Սքուերի աշխատանոցը հանդիպման վայր եղած էր դեռ անծանօթ արուեստագէտներու համար: Անոնք խոր յարգանք ունէին եւրոպական յառաջապահական արուեստի նկատմամբ, որու մանաւա՛նդ Փարիզի դպրոցին պաշտողն էր Կորքի:
Ան հաճելի բնաւորութիւն ունէր, ուրախ, գեղեցիկ երիտասարդ էր, գրաւիչ: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի լրագրող մը կը նկարագրէր Կորքին` որպէս «Կարօտի բանաստեղծ» ու կ՛աւելցնէր. «Քիչ արուեստագէտներ այնքան արժեւորուած էին իրենց աշխատակիցներուն կողմէ, որքան Կորքին էր»:
Լրագրողներէն ոմանք իր իւրայատուկ տաղանդը կը վերագրէին իր տխուր անցեալի փորձառութիւններուն: Սակայն, բացի Կորքիի մօր հետ նկարէն, եւ քանի մը խորհրդանշաններէ, Կորքի չէր արտայայտած իր հայկականութիւնը: Նո՛ր անձ մը ստեղծած էր Նոր Աշխարհին մէջ:
Ըստ մէկ այլ լրագրողի, Կորքի արուեստի աշխարհ եկած էր փոխարինելու այն ընտանիքը, զոր կորսնցուցած էր Հայաստանի մէջ:
Սոլոմոն անունով արուեստի այլ լրագրող մը կը նկատէ, որ Կորքիի գործերուն մէջ յայտնի են իր հայկական անցեալէն խորհրդանշաններ` մաշիկ մը, ծառ մը, արօր, գոգնոց մը: Օրինակ` իր «Լեարդը աքլորին սանտրն է» (1944) մեծ աշխատութիւնը պարտէզ մըն է` ծածկուած կարմիր մարմինի կտորներով: Կարեւոր աշխատութիւններէն է Նիւ Եորքի օդակայանի պատի նկարը, որ վաթսունականներուն ի յայտ եկաւ ու փրկուեցաւ:
Փոքր տարիքին Խորխոմի ուսուցիչը նկատեր էր Ոստանիկի տաղանդը` անոր նկարելու մեծ սէրը: Քաուչուկի գործարան մը աշխատած ժամանակ, երբ միայն կ՛ուզէր նկարել եւ դպրոցի համբերութիւն չունէր, գործարանին մէջ ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընէր կտուրին` սեւ թուղթին վրայ նկարելով: Եւ հակառակ որ աշխատակից մը կը ծածկէր Ոստանիկի բացակայութիւնը, գործարանատէրը շուտով հասկցաւ եւ գործէն արձակեց երիտասարդ նկարիչը: Ան Նիւ Ինկլանտ նահանգին մէջ տարբեր վայրեր բնակեցաւ, նկարեց: Կարճ ժամանակ մը գծագրութեան դասեր առաւ Փրովիտենսի արհեստից ուսումնարանին մէջ: Ան նաեւ պատմութիւն մը յօրինեց, ըստ որուն, ճարտարապետութիւն ուսաներ էր Պրաուըն համալսարանին մէջ:
Այդ ժամանակ էր, որ անունը փոխեց` զանազանուելու համար իր անտարբեր հօրմէն ու խորթ եղբօրմէ: Մինչեւ 1930 ներկայացաւ որպէս Արչի Կան, յետոյ` Արշիլ Կորքի:
1945-ին քանի մը դժբախտութիւններ պատահեցան: Շրմընի իր աշխատանոցը հրոյ ճարակ եղաւ, ու Կորքի կորսնցուց վերջին երեք տարիներու իր ստեղծած նկարները: Քիչ անց, քոլոնի (աղիք) ծանր վիրահատութեան ենթարկուեցաւ, որ իր կեանքն ու կնոջ հետ յարաբերութիւնը փոխեց: Քանի մը տարի ետք, երբ կինը սպառնացեր էր բաժնուիլ իրմէ ու աղջիկներով հեռացեր, Կորքի ինքնաշարծի ծանր արկածի մը զոհը եղաւ:
Իր բարեկամը` Ժուլիէն Լեւի, որ Շրմընի մէջ կը բնակէր, անձրեւոտ օր մը, Կորքիին տուն տարած ժամանակ, ինքնաշարժը շրջուեցաւ եւ Կորքիի ողնայարը վնասուեցաւ: Լրագրողները այն տպաւորութեան տակ են, որ Կորքի չկարողացաւ նկարել այդ արկածէն ետք, մինչ Լեւին կը գրէ, որ երբ քանի մը շաբաթ անց Կորքիին այցելեց, Կորքին ու կինը պաստառ կը պատրաստէին:
Արկածէն ետք, չորեքշաբթի մը, Կորքի կը հեռաձայնէ Ռոքսպըրիի եւ Նիւ Եորքի իր բարեկամներուն` զանազան պատրուակներով: Քանի մը բարեկամներ մտահոգ, որ ինքզինքին չվնասէ, կապ կը պահեն Կորքիի հարեւաններուն հետ` խնդրելով, որ աչք պահեն Կորքիի վրայ:
Հարեւանները յաջորդ օրը տունը պարապ գտնելով` տարածքը կը պրպտեն, մինչեւ որ Կորքիի շունը զիրենք կ՛առաջնորդէ այն ցախանոցը, ուր Կորքի սովորութիւն ունէր երթալու եւ խոկալու: Հոն գերանէ մը կախուած կը գտնեն Կորքին ու գերանի մը վրայ փորագրուած` իր հրաժեշտի խօսքերը սիրելիներուն:
Մուկուչ, լսելով, անմիջապէս կը վերադառնայ Շրմըն, ներկայ կ՛ըլլայ թաղման եւ կը հեռանայ` հարեւաններուն ըսելով, որ միտք ունի Նիւ Եորք հաստատուելու:
Կորքի երկար ժամանակ խորը տխրութիւն զգացած էր, նոյնիսկ` աղջնակին հարց տուած, թէ անտառի ո՞ր ծառէն ինքզինքը կախէ:
Լեւիի հետ այցելած էր հոգեբուժի մը, եւ բժիշկը նկատելով Կորքիի տխրութիւնը` թելադրած էր, որ մասնագէտի մօտ երթար: Վիրահատութենէ ետք Մուկուչ փորձեր էր զայն համոզել, որ Եունկեան հոգեվերլուծողի մօտ երթար, բայց Կորքի խիստ զայրացեր էր եւ Մուկուչէն խոստում առեր, որ այդ մասին չխօսի այլեւս:
1948-ին Կորքի 44-46 տարեկան էր: Նոր ստեղծած էր իւրայատուկ ոճը…
Կորքիի նկարները այժմ կը զարդարեն բազմաթիւ անուանի թանգարաններ, ուր քանի մը ցուցադրութիւններ ներկայացուած են Կորքիի նկարներու հաւաքածոներով:
Ինչպէս Կորքի կը սիրէր պատմութիւն յօրինել, իր կեանքի պատմութիւնը նոյնպէս անորոշ կամ հակասութիւններով լի էր: Փեսան` Մաթիու Սպենտր, որ կենսագրութիւնը գրած է, կը նշէ, թէ ծննդեան թուականը երբեմն ապրիլի մէջ էր, երբեմն` հոկտեմբերին: Ծննդեան տարին նոյնպէս փոփոխական էր. Կորքի միշտ աւելի տարիքոտ կ՛երեւար, քան` իր ըսած տարիքը: Քանի մը աղբիւրներ ուսումնասիրելով` այս կենսագրութեան յանգեցայ: Կորքիի կեանքի շատ հետաքրքրական մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել յիշուած գրականութեան մէջ:
*Այնպէս կ՛երեւի, որ Ոստանիկի ազգականի անունը Մկրտիչ էր, որուն ժողովրդական կրճատումը` Մուկուչը այլ, նշանակութիւն ունի:
Գրականութիւն
Cowley, M. (July 31, 1948). Arshile Gorky. In, The Sherman Sentinel, pp. 4-5.
Day, A. (July 16, 1999). When Sherman was a Backdrop for Artistic Glory. Litchfield County Times. pp 7-8.
Herrera, H. (2003). Arshile Gorky: His life and work. New York: Farrar, Straus and Giroux.
Hopkins, D. (2009). An Odyssey. In, The Sherman Sentinel, pp. 14-16.
Levitt (August 6, 1999). Another View of Arshile Gorky. In, The Litchfield County Times.
Life Magazine (1948). Views of Gorky’s House in Sherman, Connecticut, Fig. 8-17. Life Magazine, p. 129.
Matossian, N. (2000). Black Angle: The Life of Arshile Gorky. New York: The Overlook Press.
Schjeldahl, P. (September 8, 2003). Self-Made Man. In, The New Yorker Magazine.
Schjeldahl, P. (2009). Twentieth-Century Man: An Arshile Gorky retrospective. In, The New Yorker, pp. 116-117.
Seitz, W. C. (1962). Arshile Gorky: Paintings, Drawings, Studies. New York: Doubleday.
Solomon, D. (My 9, 1995). Wildly Beautiful, Painted with Tears. In, The Wall Street Journal.
Spender, M. (1999). From a High Place: A Life of Arshile Gorky.New York: Alfred A. Knopf.
Taylor, M. R. (Ed.) (2009). Arshile Gorky: A Retrospective. Philadelphia: Piladelphia Museaum of Art