Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը Կ՛աջակցի Հայրենադարձ, Յատուկ Կարիքներ Ունեցող Սուրիահայերուն
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կ՛աջակցի Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ծանր կացութեան եւ անապահովութեան մէջ գտնուող ու հայրենադարձ հաշմանդամ հայ փոքրիկներուն: Վերջիններս Հայաստան գալէ առաջ կը գտնուէին Հալէպի «Արեւիկ» կեդրոնի հոգածութեան տակ: Հայաստանի մէջ զանոնք համախմբած է «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն նախաձեռնութեամբ, «Արեւիկ»-ի 13-ամեայ յաջող փորձառութենէն մեկնելով, երկու տարի առաջ բացումը կատարուեցաւ «Արեւիկ-Հայաստան»-ին:
Նուիրուած խումբին եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ` «ՀԱԼԷՊ»-ը կարճ ժամանակի ընթացքին հասաւ յաջողութեան. «Արեւիկ-Հայաստան»-ը հոգեբանական անվճար աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ֆիզիքական եւ մտային հարցեր ունեցող սուրիահայերուն: Կեդրոնին մէջ կը կազմակերպուին ուսուցողական դասընթացքներ, ուսողութեան, նկարչութեան, երաժշտութեան, ֆիզիքական պատրաստուածութեան դասեր: Յատուկ ուշադրութիւն կ՛ընծայուի խօսելու կարողութեան զարգացման, ձեռագործ աշխատանքներու ուսուցման:
«Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոնի մասնագիտական խումբը կը յաջողի թեթեւցնել հարցեր ունեցող սուրիահայերուն առօրեան եւ զանոնք առաւելագոյն չափով ներգրաւել հասարակական կեանքին մէջ:
Ամերիկեան Կառավարութիւնը Կը Վերականգնէ Մշակութային Կարեւոր Արժէք Ներկայացնող Որմանկարը
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան 2 դեկտեմբերին Գիւմրիի մէջ յայտարարեցին նշանաւոր նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի «Սարերում» որմանկարի վերականգնման ու պահպանման աշխատանքներուն աւարտը: Որմանկարի վերականգնումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանի Մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին ֆինանսաւորմամբ:
Տրամադրուած նիւթական միջոցներով այս որմանկարը դուրս բերուած է լքուած գործարանի մը շէնքէն, ապա կատարուած են վերականգնման ու պահպանման աշխատանքները, եւ անիկա տեղադրուած է Գիւմրիի Աճեմեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի շէնքին երկրորդ յարկը` կրկին հասանելի դառնալով հանրութեան:
«Այս որմանկարը, որուն վերականգնման աշխատանքներուն աւարտը կը նշենք այսօր, քանի մը տարի լքուած գործարանի շէնքի մը մէջ կը գտնուէր` աչքէ հեռու ու փոշիի մէջ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանի Մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին շնորհիւ անիկա այժմ նոր շունչ ստացած է: Անիկա կը գտնուի արուեստագէտներու, համայնքային առաջնորդներու ու նորարարներու յաջորդ սերունդի աչքին առջեւ. այժմ անոնք պիտի կարենան տեսնել Յակոբ Յակոբեանի այս ստեղծագործութիւնը, ծանօթանալ անոր պատմութեան, ինչ որ պիտի ներշնչէ զանոնք` Հայաստանի ոգին արտացոլացող արուեստի նոր գործեր ստեղծելու», նշած է դեսպան Միլզ:
Որմանկարին հեղինակը յայտնի հայ գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանն է (1923-2013), որուն ստեղծագործութիւնները կը նկատուին ազգային գանձեր: Անոր որմնանկարները տեղ գտած են Շիրակի մարզի Պահպանուող պատմական մշակութային արժէքներու ցանկին մէջ:
«Սարերում» որմնանկարի վերականգնումի աշխատանքները կատարուած են «Մինաս Աւետիսեան մշակութային հիմնադրամ»-ին կողմէ, Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքի «Ռեստաւրացիա» հիմնարկի նշանաւոր վերականգնող մասնագէտ Ֆապրիցիօ Եաքոփինիի մասնակցութեամբ: «Վերականգնողին աշխատանքը սիրոյ ու յարգանքի դրսեւորում է` նկարիչներուն ու անոնց ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ: Իսկ այդ նուիրուած ու ջերմեռանդ աշխատանքին արգասիքը այսօր բոլորս կը տեսնենք», հաստատած է ան:
«Մշակոյթը, արուեստը, աւանդութիւնները կ՛օգնեն վեր առնելու Հայաստանի ինքնատիպութիւնը: Ամերիկացիները կը կիսեն մշակոյթի հանդէպ այս սէրը: Պահպանելով այս հայկական գանձերը` մենք ո՛չ միայն կ՛օգնենք մեր ժողովուրդներու մերձեցման, այլ նաեւ կը պահպանենք այս ինքնատիպ արժէքները` ապագայ սերունդներուն համար», աւելցուցած է դեսպան Միլզ:
Տիմա Պիլանը Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Երգ Ու Տեսահոլովակ Պիտի Հրապարակէ
Ռուս յայտնի երգիչ Տիմա Պիլան Հայոց ցեղասպանութեան մասին երգ ու տեսահոլովակ պիտի պատրաստէ: Այս մասին յայտնած է rusarminfo.ru-ն` մանրամասնելով, որ նկարահանումները մասամբ պիտի կատարուին Հայաստանի մէջ` (Արարատեան դաշտ):
Նաեւ կը նշուի, որ երգը արդէն գրուած է, իսկ տեսահոլովակի նկարահանման աշխատանքները դեռ կը շարունակուին, ու ապագային պիտի տեղափոխուին Մոսկուա:
«Այս նիւթը ինծի ծանօթ է ո՛չ միայն պատմութենէն: Մայրիկիս մեծ մայրը` Շուշան Տիգրանի Քրունին, 13 տարեկան աղջիկ էր, երբ փրկուեցաւ մահէն: Զայն փրկած են հնադաւան ռուսերը, որոնք եւս Թուրքիայէն Ռուսիա փախուստ տուած: Ցաւօք, մայրիկիս մեծ մայրը մահացած է նախքան ծնիլս, բայց ըստ մօրս` իր մեծ մայրը ամբողջ կեանքին ընթացքին փնտռած է իր ազգականները` չիմանալով, թէ արդեօք ո՞ղջ են անոնք, թէ՞ մեռած», հաղորդած է Պիլանը ՄՈՒԶ Թիվի տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ըստ աղբիւրին, տեսահոլովակին անդրանիկ ներկայացումը պիտի կայանայ ապրիլին եւ պիտի նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին:
«Արարատ» Հիմնարկի Նոր Նախաձեռնութիւնը Քարվաճառի Մէջ
«Արարատ» հիմնարկը Արցախի Քարվաճառ շրջանին մէջ հանրութեան օգնութեամբ պիտի իրականացնէ սոյն շրջանի մշակութային կեդրոնի նորոգման եւ կառուցապատման լայնածաւալ ծրագիր մը, որ պիտի սկսի 2017 թուականի գարնան: Այս ծրագիրը եւ անոր իրականացման համար պահանջուող նիւթական միջոցներու հաշուեկշիռը ամբողջացած են:
Ներկայիս մշակութային կեդրոնը կը գտնուի հիմնովին վնասուած վիճակի մէջ, որուն 300 հոգինոց քանդուած հանդիսասրահը պիտի վերածուի բարձրակարգ արդիական կառոյցի մը` իր բոլոր յարմարութիւններով. անիկա պիտի ունենայ նոր տանիք, դռներ, յատակ եւ պատուհաններ, նոր բեմ` իր ձայնային եւ լուսային համակարգերով: Պիտի կառուցուին 8 նոր արտաքնոցներ, ելեկտրականութեան եւ ջեռուցման համակարգեր, պիտի վերաձեւաւորուի շէնքի մուտքն ու պիտի նորոգուի բակը, ներառեալ` կոյուղիի հականեխիչ համակարգը: Հին շէնքը պիտի համալրուի 304 քառ. մեթր նորակառոյց շէնքով, որ պիտի ունենայ 7 արուեստանոց` իր բազմաբնոյթ յաւելեալ յարմարութիւններով, հանրութեան կարիքներուն առաւելագոյնս ծառայելու համար:
Վերակառուցելով Քարվաճառի մշակութային կեդրոնը` մենք պիտի ապահովենք համայնքի ապագան, նաեւ պիտի նպաստենք աշխատատեղերու ստեղծման` ինչպէս շինարարական աշխատուժի, այնպէս ալ արուեստագէտներու համար, երաշխաւորելով շրջանի երիտասարդ սերունդին համար ստեղծագործ միտքի ու տաղանդի բացայայտման այն վայրը, որ պիտի թեւաւորէ զանոնք պայծառ ապագայի հեռանկարով: Քարվաճառի մշակութային կեդրոնը ծրագրուած է դառնալու ամբողջ Նոր Շահումեան շրջանի 15 համայնքներու համար կատարողական արուեստի կեդրոնատեղի, շրջանի մը մէջ, որ բնակարանային կառուցման եւ աշխատատեղերու սուր կարիք ունի», կը յայտնեն հիմնարկէն:
2015-2016 տարեշրջանին «Արարատ» հիմնարկը այս շրջանին հասցուցած է 120 հազար տոլարի արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն` հագուստեղէն, տնային գործածութեան առարկաներ եւ դպրոցական պիտոյք:
«Արարատ» հիմնարկը հիմնադրուած է 2005-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, Քալիֆորնիա. անիկա ոչ շահութաբեր կազմակերպութիւն մըն է, որ կ՛իրականացնէ հանրային ծառայութեան ծրագիրներ` դաստիարակչական, մշակութային, մարդասիրական` խթանելով հայ ինքնութեան պահպանումն ու յարատեւումը:
Քարվաճառի մշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնի վերակառուցումը մէկէ աւելի նպատակներ հետապնդող ազնիւ նպատակ է եւ կարիք ունի ձեր անյապաղ օժանդակութեան:
Կայքէջի հասցէն է` www.AraratFoundation.org, իսկ նուիրատուութեան հասցէն` http://gofundme.com/Help-Build-Karvajar-s-cultural-center
«Հայաստան Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» Հիմնադրամն Ու Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Գործակցին` Դիլիջանի Զարգացման Համար
«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամը, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւնն ու Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը ստորագրած են «Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու զարգացման նախաձեռնութիւն» դրամաշնորհային ծրագրի պայմանագիրը:
13 դեկտեմբերին պայմանագիրը ստորագրած են «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Էդկար Մանուկեանը, Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանը եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան նախագահ, դեսպան Փիթըր Սվիթալսքին:
Հիմնադրամին կողմէ այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, ասիկա համագործակցութեան նոր ձեւաչափ է պետութեան, Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ու գործընկերներուն միջեւ: «Կը նախատեսուի, որ համագործակցութեան այս ձեւը ապագային կը դրուի հաստատութենական հիմքերու վրայ: «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի կողմէ ներկայացուած ծրագրի թիրախն է աջակցիլ Դիլիջանին եւ յարակից համայնքներու մէջ զբօսաշրջութեան զարգացմանը` խթանելով նոր աշխատատեղերու եւ առեւտրական կարելիութիւններու ստեղծումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ծրագրին իրականացումը պիտի նպաստէ Դիլիջանին եւ, ընդհանուր առմամբ, Տաւուշի մարզի տնտեսութեան զարգացման` նուազեցնելով արտագաղթի միտումները: Ծրագրի ընդհանուր պիւտճէն մօտաւորապէս 1 միլիոն 195 հազար եւրօ է, որուն 780 հազարը Եւրոպական միութեան կողմէ տրամադրուող դրամաշնորհն է, 195 հազարը` ազգային համաֆինանսաւորումը, 140 հազարը` «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի համաֆինանսաւորումը: Հիմնադրամը կը համագործակցի Դիլիջանի քաղաքապետարանին, «Դիլիջանի ազգային փարք»-ին եւ «Տի. Այ. Էս.» Փրափըրթիզ հիմնադրամին հետ, եւ այս առթիւ արդիւնք այս երեք կառոյցները ծրագրի իրականացման կը յատկացնեն 80 հազար եւրօ: Ծրագրին տեւողութիւնը երկու տարի է: Անիկա պիտի սկսի փետրուար 2017-ին:
«Դիլիջանը եւ յարակից համայնքները Հայաստանի մէջ ամենաբարեկեցիկ տարածաշրջաններէն մէկը դառնալու ներուժ ունին: Մեր հիմնադրամի նախագիծերուն նպատակներէն է Դիլիջանը բարգաւաճող մշակութային, կրթական եւ զբօսաշրջային կեդրոն դարձնել: Համոզուած ենք, որ այս ծրագրի իրագործումը զգալի ազդեցութիւն կ՛ունենայ Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու զարգացման վրայ», ըսած է հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Էդկար Մանուկեանը:
Այս ծրագրով «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամի ջանքերով պիտի կատարուի զբօսաշրջութեան, հիւրընկալութեան, արուեստի եւ արհեստի ոլորտներուն մէջ շուկայի ամբողջական ուսումնասիրութիւն, պիտի ստեղծուի զբօսաշրջիկներու համար նախատեսուած տեղեկատուական կեդրոն, պիտի մշակուին զբօսաշրջութեան նոր երթուղիներ, Դիլիջանի մէջ պիտի բացուի արուեստներու եւ արհեստներու կեդրոն, պիտի կազմակերպուին դասընթացքներ, սեմինարներ, վարպետութեան դասեր` զբօսաշրջութեան եւ հիւրընկալութեան ոլորտներուն մէջ կարողութիւններու ամրապնդման համար, պիտի տրամադրուին դրամաշնորհներ` նոր աշխատատեղերու ստեղծման նպատակով:
«Դիլիջանի եւ յարակից համայնքներու զարգացման նախաձեռնութիւն»-ը մէկն է այն 7 դրամաշնորհային ծրագիրներէն, որոնք կ՛իրականանան Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող «Տարածաշրջանային զարգացման առաջնորդող ծրագիր»-ի ծիրին մէջ:
Տօնական Ձեռնարկները Սկսան Դեկտեմբեր 19-ին
Երեւանի քաղաքապետարանը Ամանորեայ տօնակատարութիւններուն վրայ պիտի ծախսէ 39 միլիոն դրամ` նախորդ տարիներու համեմատ մօտաւորապէս 20 միլիոն դրամ նուազ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը վերջերս ներկայացուցած է` «Նոր Տարին Երեւանի մէջ 2017» ձեռնարկներու ծրագիրը:
Տօնական ձեռնարկները սկսան դեկտեմբեր 19-ին: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ լուսաւորուեցան գլխաւոր տօնածառին լոյսերը եւ միացուեցաւ մայրաքաղաքին տօնական արտաքին լուսաւորութիւնը: Պիւտճէի կրճատման պատճառով այս տարի տօնական հիմնական ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր պիտի ձեւաւորուի հեքիաթային սառոյցէ քաղաք:
Յայտնենք, որ Ամանորի գիշերը մեթրոն պիտի աշխատի մինչեւ ժամը 2: Ձեռնարկներու ծրագրին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ ընկերային բնագաւառը: Նուէրներու ծրարներ նախապատրաստուած են մօտաւորապէս 40 հազար փոքրիկներու համար, իսկ 23 հազար ընտանիքի պիտի տրամադրուի պարէնային աջակցութիւն:
Նշենք, որ 4000 փոքրիկ ալ կարելիութիւն պիտի ունենայ թատրոններու մէջ ամանորեայ ներկայացումներ դիտելու: Մայրաքաղաքին մէջ ամանորեայ ձեռնարկները պիտի ամփոփուին յունուար 13-ին` Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք տօնական ելոյթով: Յունուար 2-5, ժամը 11:00-17:00 այցելուներուն համար բաց պիտի ըլլան Երեւանի Պատմութեան եւ Ժամանակակից արուեստի թանգարանները, ինչպէս նաեւ` Էրեբունի պատմական հնագիտական արգելոց-թանգարանը: