ՍՈՆԻԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
ԻԿՈՐ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
Արցախը հայկական լեռնաշխարհի անբաժանելի մէկ մասն է, որ հնագիտական եւ պատմագիտական տուեալներու համաձայն, հին քարէ դարու ժամանակաշրջանէն ի վեր եղած է մարդու օրրաններէն մէկը: Արցախահայերը դարերու ընթացքին բարձր քաղաքականութիւն ստեղծղած են` տաճարներ, եկեղեցիներ, վանքեր, բերդեր եւ մշակոյթ: Երախտապարտ սերունդները փայփայած եւ պահպանած են իրենց պապերուն կառուցածը` մեր օրերուն հասցնելով հայրենի այդ եզերքի պատմութիւնը եւ մշակութային ժառանգութիւնը:
Արցախը դրախտի պէս գեղեցիկ է: Անոր անխաթար բնութիւնը հմայած է շատերը: Վեհանիստ լեռները, բուժիչ հանքային աղբիւրները, բնական տաք ջուրը, խիտ ու կուսական անտառները եւ երկուհազարամեայ կեանք ունեցող չինարի ծառերը իրենց անկրկնելի հմայքով գերած են բոլոր անոնք, որոնք գէթ մէկ անգամ այցելած են այս հնամեայ հողը:
Շուշի քաղաքի Բերդաձոր ենթաշրջանի Մեծ Շէն գիւղի մերձակայ բարձունքին արդէն երեք հարիւր տարի է ի վեր գողտրիկ սրբավայր մը կանգնած է` Պարին պիժը: Անիկա կոչուած է Ս. Պանտալէյմոն անունով` ի պատիւ սուրբ նահատակ-բժիշկ Պանտալէյմոնին, որուն զօրաւոր սուրբ մասունքը եկեղեցւոյ հիմքին մէջ թաղուած է:
Ըստ վկայութիւններուն եւ աւանդութեան, սուրբ նահատակ-բժիշկ Պանտալէյմոն ծնած է Նիկոմեդիոյ (Փոքր Ասիոյ հին քաղաքներէն) մէջ, հեթանոս հօր եւ քրիստոնեայ մօր ընտանիքի մէջ ու կը կրէր Պանտալէոն անունը: Մայրը կ՛ուզէր, որ որդին քրիստոնէական հաւատքով դաստիարակուէր, սակայն մահացած էր, երբ ապագայ սուրբը տակաւին պատանի էր: Հայրը զայն կրթութեան տուած էր հեթանոսական դպրոցի մը մէջ, որուն ընթացքը աւարտելէն ետք սկսած էր բժշկական արուեստ սորվելու եւ հռչակուած էր իբրեւ բժիշկ: Մաքսիմիլիան կայսրը (284-305), որ յայտնի էր քրիստոնեաները հալածելու իր վարքով, կ՛ուզէր զայն տեսնել իր կայսրութեան հովանիին ներքեւ: Այդ ժամանակաշրջանին քաղաքին մէջ գաղտնի բնակութիւն հաստատած էին 303 թուականին 20 հազար քրիստոնեաներու դաժան հրկիզումէն մահապուրծ փրկուած Ս. Հերմողինէն եւ այլ քրիստոնեաներ: Հերմողինէն բազմիցս տեսած էր իրենց ապաստարանին մօտ քալող Պանտալէոնը, եւ անգամ մը կանչելով զինք կացարան` կը պատմէ քրիստոնէական հաւատքին մասին: Անկէ ետք Պանտալէոնը յաճախ կ՛այցելէր Հերմողինէին: Պանտալէոնի` քրիստոնէական հաւատքը ընդունելուն հետ կապուած հրաշքի պատմութիւն մը կայ: Անգամ մը փողոցը քալելու ընթացքին ան կը տեսնէ օձի մը խայթոցէն մահացած երեխայ մը, իսկ անոր կողքին` օձը: Պանտալէոն կը սկսի աղօթել Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ` խնդրելով երեխան վերակենդանացնել եւ թունաւոր օձը ոչնչացնել եւ յստակօրէն կ՛որոշէ, որ իր աղօթքի կատարման պարագային պիտի դառնայ Յիսուսի հետեւորդ եւ մկրտուի: Երեխան կը վերակենդանանայ, իսկ թունաւոր օձը, մասերու բաժնուելով, իր աչքին առջեւ կ՛ոչնչանայ: Այս հրաշքէն ետք Պանտալէոն կ՛ընդունի քրիստոնէութիւնը եւ Ս. Հերմողինէի կողմէ կը մկրտուի Պանտալէյմոն անունով, որ կը նշանակէ բազմողորմ: Ս. Պանտալէյմոն իր կեանքը կը նուիրէ տառապեալներուն, հիւանդներուն եւ աղքատներուն:
Ան բոլոր դիմողները կը բժշկէր անհատոյց` Յիսուս Քրիստոսի անունով: Ան այցելութիւն կու տար բանտարկեալներուն, յատկապէ՛ս քրիստոնեաներուն, որոնցմով լեցուն էին բանտերը, եւ կը բուժէր անոնց վէրքերը: Շուտով բարի բժիշկին համբաւը կը տարածուի ամբողջ քաղաքին մէջ: Քաղաքի բնակիչները, միւս բժիշկները ձգելով, միայն Պանտալէյմոնին կը դիմէին: Նախանձէն դրդուած բժիշկները կը յայտնեն, որ Պանտալէյմոն քրիստոնեայ բանտարկեալները կը բուժէ: Մաքսիմիլիան կայսրը կը կանչէ զայն եւ կը փորձէ համոզել հերքելու այդ լուրը` զոհաբերութիւն կատարելով կուռքերուն, սակայն Պանտալէյմոն կը խոստովանի իր քրիստոնեայ ըլլալը եւ կայսեր աչքին առջեւ Յիսուս Քրիստոսի անունով կը բուժէ թուլացած մարդ մը: Դաժանացած կայսրը գլխատել կու տայ ապաքինած մարդը, որ Յիսուսը կը փառաբանէր, իսկ սուրբը դաժան տանջանքներու կ՛ենթարկէ: Աստուած կը յայտնուի սուրբին եւ կ՛ամրացնէ անոր հաւատքը` նախքան տանջանքներ կրելը: Զայն ծառէն կը կախեն եւ երկաթեայ ճանկերով կը պատառոտեն, մոմերով կ՛այրեն մարմինը, եռացող անագի մէջ կը մխրճեն ու վիզէն քարեր կախելով` ջուրի մէջ կը սուզեն: Այս բոլոր տանջանքներուն ընթացքին սուրբը կը մնար անվնաս եւ համարձակութեամբ կը պարսաւէր կայսրը: Կատաղած կայսրը կը հրամայէ իր զինուորներուն սուրի քաշել բոլոր այն անձերը,որոնք Յիսուսի անունը կը փառաբանեն, իսկ մեծ նահատակը` գլխատել: Գլխատումի ընթացքին կը լսուի երկնային ձայն մը, որ տառապեալ նահատակը կը կանչէ երկնային թագաւորութիւն: Լսելով այդ ձայնը` դահիճները կը հրաժարին կատարել սուրբին գլխատումը, սակայն Պանտալէյմոն կը պատուիրէ կատարել կայսեր հրամանը` ըսելով, որ այլապէս անոնք ապագայ կեանքին մէջ գործ պիտի չունենան իրեն հետ:
Զինուորները արցունքներով հրաժեշտ կու տան սուրբին` համբուրելով զայն: Երբ զայն կը գլխատեն, անոր վէրքէն կը սկսի կաթ ծորիլ: Ձիթապտուղի ծառը, որուն վրայ զայն գամած էին, անոր մահուան պահուն պտուղներ կու տայ:
Ներկաներէն շատեր կը սկսին դարձի գալ: Սուրբին մարմինը, որ խարոյկին մէջ նետուած էր, չէր վնասուած եւ քրիստոնեաներուն կողմէ թաղուած էր (305 թուականին): Հետագայ խոշտանգումներէն խուսափելու նպատակով Պանտալէյմոնի նուիրեալները անոր սուրբ մասունքները տարածած են ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհով մէկ (անոր ազնիւ գլուխը թաղուած է ռուսական Աֆոնի Ս. Պանտալէյմոն վանքի հիմքին մէջ):
Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պանտալէյմոն պատուըւած է իբրեւ ահեղ սուրբ, զինուորներու հովանաւոր: Այդ պատիւը կը բացայայտէ անոր առաջին անունին իմաստը (Պանտալէոն կը նշանակէ «առիւծ ամէն ինչի մէջ»), իսկ անոր երկրորդ անունը, որ տրուած է մկրտութեան ժամանակ, անոր զօրաւոր բժշկութիւնը կը մատնանշէ: Արեւմուտքի քրիստոնեաներուն համար ան նկատուած է բժիշկներու հովանաւոր: Այս երկու հովանաւորութեան ընդհանրութիւնը ակնյայտ է անով, որ զինուորները աւելի յաճախ վէրքեր կը ստանան եւ բոլորէն շատ բուժումի կարիք կը զգան: Այդ պատճառով ալ քրիստոնեաները, որոնք հոգեւոր պայքար կը մղեն, նոյնպէս այս սուրբին կը դիմեն` հոգիի վէրքերը բուժելու խնդրանքով:
Ս. Պանտալէյմոնի մասունքներէն մէկն ալ Մեծ Շէնի վերաօծուած եկեղեցւոյ հիմքին մէջ կը գտնուի, այդ պատճառով ալ ուխտագնացները սրբավայր կ՛երթան` հիւանդներուն առողջութիւն խնդրելու համար: Ականատեսները կը վկայեն, որ սուրբը միշտ ալ ունկնդիր եղած է իրենց աղօթքներուն, ատոր համար ալ եկեղեցին կոչած են Բարի բժիշկ: Սերունդէ-սերունդ անցնելով, բերնէ-բերան փոխանցուելով` հարիւրամեակներու ընթացքին Բարի բժիշկ անուանումը ենթարկուած է հնչիւնափոխութեան` դառնալով հարազատ անուն ժողովուրդին համար` Պարին պիժ:
Իր ամենատես բարձունքէն Մեծ Շէնին հսկող Պարին պիժ եկեղեցին կառուցուած է 1658 թուականին: Այժմ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդը Մեսրոպ քհնյ. Մկրտչեանն է, որ պարբերաբար եկեղեցւոյ մէջ պատարագներ եւ արարողութիւններ կը կատարէ:
Նոյնիսկ խորհրդային տարիներուն Պարին պիժը ուխտատեղի էր ոչ միայն տեղացիներուն, այլեւ` այլաբնակ հայերուն համար: Մեծշէնցիները անոր աստուածային զօրութեան մասին առասպելներ կը պատմեն: Անոնք լաւ կը յիշեն նաեւ 1 սեպտեմբեր 1989 թուականը, այն օրը, երբ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի վերաբացուած թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը ուղղաթիռով վայրէջք կատարեց սրբավայրի բարձունքին վրայ, իսկ շրջափակուած եւ արդէն պատերազմի բովով անցնող բերդաձորցիները ուխտագնացներու հաւատքով շարք բռնեցին սարն ի վեր` դէպի Պարին պիժ, ուր անոնք` նորածինէն մինչեւ ծերունի, մկրտուեցան` օծուելով իբրեւ քրիստոնեայ:
Մոսկուայի մէջ ապրող մեծշէնցի եղբայրներ Եուրա, Ժորա եւ Սերօ Յովհաննիսեաններուն նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ վերանորոգուած է բերդաձորցիներու ամենազօր սրբավայրը: Եկեղեցին դուրսէն ու ներսէն հիմնովին վերանորոգուած է, բարեկարգուած է տարածքը:
Խաղաղ ապրելու տենչը, արդար աշխատանքի յոյսն ու հաւատքը կը գտնուին հայ ժողովուրդի ստեղծարար աշխատանքի հիմքին մէջ: Արցախին իր բնատուր տաղանդով իր նոր երկիրը կը կերտէ, կը վերականգնէ ոչ միայն իր տունը, գիւղն ու քաղաքը, այլեւ` սրբավայրը, որ կը դառնայ միջնորդ` մեր եւ Աստուծոյ միջեւ:
«Ապառաժ»
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ