Յօդուածներ

Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ Երգչախումբերն Ու Երկու Թենորներ Տօնական Համերգով Աւետեցին Քրիստոսի Ծնունդը

Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, հովանաւորութեամբ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի` օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» դատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ մը` կատարողութեամբ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի` փոխժողովրդապետ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեանի, ինչպէս նաեւ` մասնակցութեամբ «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» երգչախումբերուն` ղեկավարութեամբ Մանուէլ...

Հաղորդագրութիւն

ԼՂՀ-ի ԱԺ «Դաշնակցութիւն» Խմբակցութեան Յայտարարութիւնը` 2017-ի Պիւտճէի Օրինագիծին Վերաբերեալ

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովը 22 դեկտեմբերի իր նիստին խորհրդարանին ներկայացուց «Լեռնային Ղարաբաղի 2017-ի պետական պիւտճէի մասին» օրէնքը, որ քուէարկութեամբ վաւերացուեցաւ: Այս առիթով Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հրապարակած էր հետեւեալ յայտարարութիւնը: «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը միշտ էլ կարեւորել է պիւտճէի ուղղուածութիւնը եւ նրա ռազմավարական ուղղութիւնները: Նախորդ տարիներին մենք հնարաւորութիւն ենք ունեցել գործադիրի հետ միասին առաւել կենդրոնանալ պիւտճէի ռազմավարական ուղղութիւնների վրայ: Այդ...

Գալուստ Սահակեանն Ու Լէոնիտ Քալաշինքով Քննարկած Են Փոխադարձ Հետաքրքրութիւն Ներկայացնող Հարցեր

Գալուստ Սահակեանն Ու Լէոնիտ Քալաշինքով Քննարկած Են Փոխադարձ Հետաքրքրութիւն Ներկայացնող Հարցեր

Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 22 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ երկիրներու գործերու, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահ Լէոնիտ Քալաշինքովի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Ըստ Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին, խորհրդարանի նախագահը լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները աւանդական բարեկամութեան դարերու հարուստ պատմութիւն ունին, եւ անոնք երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարական փոխադարձ գործակցութեան...

«Ղարաբաղեան Պատերազմի Վերսկսումը Սպառնալիք Կը Դառնայ Ամբողջ Հարաւային Կովկասին Համար». Վիգէն Սարգսեան

«Ղարաբաղեան Պատերազմի Վերսկսումը Սպառնալիք Կը Դառնայ Ամբողջ Հարաւային Կովկասին Համար». Վիգէն Սարգսեան

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրումը լուրջ վտանգ պիտի դառնայ ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին համար: Այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ռուսական թերթի մը հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին: Պատասխանելով այդ հարցումին, թէ տարածաշրջանին մէջ ռազմական գործողութիւններու վերսկսման որքա՞ն հաւանականութիւն կայ, Սարգսեան ըսած է. «Ազրպէյճանի հետ զինուած հակամարտութեան վերսկսիլը շատ հաւանական է: 1994 թուականին եռակողմ ձեւաչափով (Հայաստան, Ազրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ)...

Ակնարկ.  Թէ՛ Դէպի Եւրասիա Եւ Թէ՛ Դէպի Եւրոպա

Ակնարկ. Թէ՛ Դէպի Եւրասիա Եւ Թէ՛ Դէպի Եւրոպա

Իրանեան բարձրագոյն մակարդակով մեր երկիր տրուած այցելութիւնը ինչպէս քաղաքական, այնպէս նաեւ տնտեսական առումով ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի  եւ բնականաբար չի սահմանափակուիր փրոթոքոլային արարողակարգային կամ ընթացիկ աշխատանքային հանդիպումներու ճշդած օրինաչափութիւններուն մէջ: Խորքին մէջ ապամեկուսացման ճամբան բռնած Իրանի առաջին կարեւոր դրսեւորումն էր ասիկա, որ որքան Իրան-Հայաստանի Հանրապետութիւն, նոյնքան եւ աւելի Իրանի` դէպի արտաքին աշխարհ եւ Արեւմուտք նոր ուղղութիւններու նուաճման նախադրեալները կը պարփակէ:...

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Հաղորդակցութեան Կազմակերպութեան Տնօրէնը Տեսակցութիւն Ունեցած Է  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի Եւ Հաղորդակցութեան Կազմակերպութեան Տնօրէնը Տեսակցութիւն Ունեցած Է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն դոկտ. Իպրահիմիի հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ. վրդ. Քեչեճեանի, Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան եւ պետական ու...

Սիրոյ Սեղան Ի Պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Սիրոյ Սեղան Ի Պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, նախաձեռնութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան ու վեհափառ հայրապետի ընդունելութեան յանձնախումբի, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» դահլիճին մէջ սիրոյ սեղան պատրաստուեցաւ ի պատիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Սիրոյ սեղանին վեհափառին սեղանակից դարձան` Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ  Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, Թեհրանի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեան, Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան ծ....

«Վեհափա՛ռ Տէր, Դուք Մեր Սիրելի Հայրն Էք Եւ Օրինակելի Հայրապետը»

«Վեհափա՛ռ Տէր, Դուք Մեր Սիրելի Հայրն Էք Եւ Օրինակելի Հայրապետը»

Վերոյիշեալ բառերով իրանահայ երիտասարդութիւնը դիմաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Հայոց հայրապետին Իրան այցելութեան ծիրէն ներս, շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան, «Սիփան» միութեան «Նորայր Էլսայեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` նորին սրբութեան եւ շրջանի հայ երիտասարդութեան միջեւ: Երիտասարդութեան անունով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անի Մանուէլեան: Ան իր բացման խօսքին մէջ ընդհանուր գիծերով խօսելէ ետք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգանուէր...

Իրանահայութիւնը Մեծ Ուրախութեամբ Տօնեց Արամ Ա. Հայրապետին Գահակալութեան 20-Ամեայ Յոբելեանը

Իրանահայութիւնը Մեծ Ուրախութեամբ Տօնեց Արամ Ա. Հայրապետին Գահակալութեան 20-Ամեայ Յոբելեանը

Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» դահլիճին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը: «Արարատ» մարզաւանի մուտքին վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Արարատ»-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն, պետական եւ հոգեւորական ներկայացուցիչներու, «Կիլիկեան իշխան»-ներու եւ «Կիլիկեան ասպետ»- ներու, եւ ազգային բարերարներու կողմէ:  Աւանդական աղուհացի օրհնութենէն ետք, սկիզբ առաւ նորին սրբութեան գահակալութեան 20-ամեակի հանդիսութիւնը: Յոբելենական...

Նոր Տարին Ու Ս. Ծնունդը` Ուրախութեան Եւ Դրական Մթնոլորտի Աղբիւր

Նոր Տարին Ու Ս. Ծնունդը` Ուրախութեան Եւ Դրական Մթնոլորտի Աղբիւր

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Սուրբ Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթներով տեղի կ՛ունենան զանազան նախաձեռնութիւններ, որոնք կը դրսեւորուին արուեստի զանազան ձեւերով: Այս էջով  ախորժաբերներու նման պատառիկներ կը հրամցնենք ձեզի` տօներուն առնչուած արուեստի ոճով ներկայացումներու ընդմէջէն: Տօները` ժապաւէններուն ընդմէջէն Ըստ «Ռոթըն Թոմէյթոզ» անունով ժապաւէններու կայքին, մինչեւ օրս Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ցուցադրուած միջազգային դասական լաւագոյն հինգ ժապաւէններն են. 5.- Սթալակ...

Թրքական Դատարանի Եւ Մամուլի Զաւեշտը

Թրքական Դատարանի Եւ Մամուլի Զաւեշտը

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Տակաւին օսմանեան սուլթաններու օրերէն թրքական դատարանը տխրահռչակ է իր անարդար վճիռներով, որոնք յաճախ զաւեշտական են: Իսկ այդ երկրին մամուլը մանաւանդ վերջին շրջանին չի փայլիր իր առարկայականութեամբ, աւելի՛ն. վերածուած է իշխանութիւնը գովաբանող միջոցի, իսկ խիզախ յօդուածագիրները` բանտարկեալներու: Ն. Թրքական Դատարաններու Զաւեշտալի Վճիռները Թրքական «Սոն Տաքիքա» լրատու կայքը ներկայացուցած է թրքական դատարաններու տուած ամէնէն զաւեշտալի վճիռներէն քանի մը հատը:...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Հրայր Մարուխեան` Հայութեան Բոլորանուէր Մարտիկը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ուղիղ 18 տարի առաջ, 21 դեկտեմբեր 1998-ին, մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեծ հայ մը, որուն անունն էր Հրայր Մարուխեան: Հայրենիքն ու հայութիւնը կորսնցուցին անզուգական առաջնորդ մը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կորսնցուց դիւթական հեղինակութիւն մը: Երբ խօսէիր ընկ. Հրայրի հետ, չէիր կրնար խուսափիլ իր դիւթական հեղինակութենէն: Երբ գործէիր իրեն հետ, չէիր կրնար դիմադրել աշխատանք վարակող իր օրինակին: Երբ մտածէիր իրեն հետ,...

Պատմական Այցելոիթիւն Քեսապ Օծում Նորակերտ Ս. Խորանի Տապանակի

Պատմական Այցելոիթիւն Քեսապ Օծում Նորակերտ Ս. Խորանի Տապանակի

Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր`  Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, վաղ առաւօտեան հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Քեսապ` ընկերակցութեամբ Զմմառու միաբանութեան դպրեվանքի փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի: Քեսապի մէջ «Ս. Միքայէլ» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Նարեկ վրդ. Լուիսեան դիմաւորեց այցելու պատրիարքական փոխանորդն ու հայր Մաշտոցը: Նոյն օրը, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ...

Սաթենիկ Թելֆեջեան Ժառանգութիւն Ստացած Հողատարածքը Նուիրած Է Խարբերդի Մանկատան

Սաթենիկ Թելֆեջեան Ժառանգութիւն Ստացած Հողատարածքը Նուիրած Է Խարբերդի Մանկատան

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է քաղաքացի Սաթենիկ Թելֆեջեանը, որ փափաքած է Խարբերդ շրջանին մէջ իր եղբօրմէ ժառանգութիւն ստացած 31,7 հեկտար հողատարածքը իբրեւ նուէր փոխանցել Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան Խարբերդի մանկատան: Վարչապետ Կարապետեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ս. Թելֆեջեանին` այս նախաձեռնութեան համար. «Շատ շնորհակալ եմ ամէն ինչի համար, ձեր` անհանգիստ լինելու համար, ցանկանում եմ ձեզ ամենայն բարիք»: Իր կարգին...

Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութիւնների 25-Ամեակի Խորհուրդը Դաշնակցութիւնն Իր 126-Ամեայ Փորձառութեամբ Իմաստաւորում Է Որպէս Մի Նո՛ր Սկիզբ

Հայաստանի Եւ Արցախի Հանրապետութիւնների 25-Ամեակի Խորհուրդը Դաշնակցութիւնն Իր 126-Ամեայ Փորձառութեամբ Իմաստաւորում Է Որպէս Մի Նո՛ր Սկիզբ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Կազմակերպական Լիազօր Մարմինի Անդամ Արթուր Եղիազարեանի Ելոյթը Կիպրոսի մէջ Կազմակերպուած ՀՅԴ 126-Ամեակի Տօնակատարութեան 1890 թուականին ազգային-ազատագրական պայքարի բովում ծնունդ առած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այս տարի թեւակոխեց իր ծննդեան 126-ամեակը: Հայոց վերաարթնացումով սկսուեց խիզախումի մի նոր ժամանակաշրջան, որի 126-ամեայ երթը մեզ համախմբել է նաեւ այս դահլիճում, Կիպրոսի հողի վրայ, երկիր, որը պատմականօրէն հարազատացած է հայերիս, երկիր, որի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի 35-Ամեակի Նշում Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան մամուլի յանձնախումբին, 24 նոյեմբերին «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին 35-ամեակը: Օրուան բեմավար Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեան  իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի 35-ամեակի տօնակատարութիւնները սկիզբ առած են եւ կը շարունակուին աշխարհի հարիւրէ աւելի քաղաքներու մէջ:...

Հայկական Մշակոյթի Օրեր` Եգիպտոսի Մէջ

Հայկական Մշակոյթի Օրեր` Եգիպտոսի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ 12-15 նոյեմբերին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած են Հայկական մշակոյթի օրեր: Մշակոյթի օրերու պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Գահիրէի օփերայի թատրոնի «Ժումհուրիա» սրահին մէջ` Հայաստանի պարի պետական եւ «Շողակն» համոյթներու ելոյթով: Ելոյթներ տեղի ունեցած են նաեւ Աղեքսանդրիա եւ Տամանհուր քաղաքներուն մէջ: Ելոյթներուն զուգահեռ տեղի ունեցած է նաեւ Հայկական ժապաւէններու շաբաթ: Հայաստանի մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր Վարդանեան...

Հալէպը Վերապրեցաւ

Հալէպը Վերապրեցաւ

ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ Իրականութեան մէջ հալէպեան թէ ընդհանրապէս սուրիական տագնապի առաջին օրերուն երբեմն հակասական, երբեմն իրերամերժ զգացումներով կը տատանէի: Մէկ կողմէ կ՛ափսոսայի երկրին աւերակներուն համար, բայց միւս կողմէ` որոշ սփոփանք կ՛ապրէի ինքզինքս համոզելով, որ թերեւս Հալէպի աւերումը լայն իմաստով մեծ յեղաշրջման, բարեշրջման խթան ըլլայ սփիւռք-Հայաստան հայ իրականութեան գծով ու կարաւանները շարժին դէպի հիւսիս-արեւելք: Վերջապէս հալէպահայը ապաստանի Հայաստան, իսկ Հալէպը  ձեւով մը,...

Ուրախ Կ՛ըլլանք, Եթէ Օր Մը Թուրքը Ստանայ Մրցանակը. Ռուբէն Վարդանեան

Ուրախ Կ՛ըլլանք, Եթէ Օր Մը Թուրքը Ստանայ Մրցանակը. Ռուբէն Վարդանեան

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Ռուսիոյ մէջ բնակող յայտնի գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան «ԹԱՍՍ»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ «Աւրորա» մրցանակի նախագիծը ստացաւ աւելի մեծ տարողութիւն, քան ծրագրուած էր: Ան նշած է, որ ի սկզբանէ փափաք կար օգնելու հայերուն, որպէսզի յաղթահարեն տուժածի բարդոյթը, որ կը հետապնդէ հայերը 1915-ի ցեղասպանութենէն ի վեր: Յաղթահարել ներքին խոր ցաւը: «Մենք կ՛ուզենք ցոյց...

Հայաստանի Մէջ Նոր Պանդոկներն Ու Պանդոկային Կառոյցները Աւելցած Են

Հայաստանի Մէջ Նոր Պանդոկներն Ու Պանդոկային Կառոյցները Աւելցած Են

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ պանդոկային կառոյցի բացում կատարուած է: Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2015 թուականին Հայաստանի մէջ 523 պանդոկային համալիր գործած է: 2011 թուականին այդ կառոյցներուն թիւը կազմած է 338, 2012 թուականին` 377, 2013 թուականին` 387, իսկ 2014 թուականին` 399: Բոլոր շրջաններուն մէջ աւելի մեծ թիւով պանդոկային համալիրներ կը գործեն Երեւանի մէջ:...

Page 860 of 1110 1 … 859 860 861 … 1,110

Արխիւներ