Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Արցախի Պաշտպան Ուժերը Ֆիզուլիի Եւ Ճիպրայիլի Մէջ

Դեկտեմբեր 21, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

artsakh-war-1988-1994_122116

Արցախի պաշտպան հայկական ուժերը 1993 օգոստոսի սկիզբը նոր յառաջխաղացք արձանագրեցին դէպի Ֆիզուլի եւ Աղտամէն դէպի արեւելք:

Ազրպէյճանի ամբողջ հարաւ-արեւմտեան գօտին խզուած էր երկրին միւս շրջաններէն: Հայկական ուժերը երկու գիւղ գրաւեցին Ֆիզուլիի մօտ ու մեկուսացուցին Ֆիզուլիէն մինչեւ Հայաստան տարածուող` Իրանի սահմանակից գօտին:

Միւս կողմէ, ազերիները լայնածիր եւ բուռն յարձակումներու վերսկսան Հատրութի եւ Մարտունիի շրջաններուն վրայ, յաճախ օգտագործելով օդուժ եւ «կրատ»-ներ: Հայ ազատամարտիկները Ուրեան լերան շրջանին մէջ ետ մղեցին ազերիական մեծ յարձակում մը` ժամեր տեւած ահեղ ճակատումէ ետք:

***

«Ազդակ», 14 օգոստոս 1993-ի թիւով եւ «Լռեցնել նաեւ Պաքուի ապատեղեկատուութեան զէնքը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Ազրպէյճան ստապատիր տեղեկութիւններով հայութեան եւ Արցախի իրաւունքներուն դէմ կը նախատրամադրէր միջազգային ընտանիքը, մէկ կողմէ ծածկելու համար ի՛ր կատարած յարձակումներն ու խժդժութիւնները, իսկ միւս կողմէ, իրաւատէր Արցախի դէմ բանաձեւեր կորզելով ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդէն:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ քարոզչական-դիւանագիտական գետիններու վրայ, Ազրպէյճան քանի մը ուշագրաւ կէտ շահեցաւ, սկսելով Քելբաջարի օրերէն, անցնելով Աղտամի դէպքերէն եւ կարգը եկաւ Ֆիզուլիին: Հայերու դէմ կը ճօճէին նոր դատապարտումի սուրեր, որովհետեւ… ինքնապաշտպանութիւնը կարծէք թէ դարձած էր յանցանքի համազօր բան:

«Ազդակ» հարց կու տար, թէ ինչո՞ւ այդպէս կ՛ըլլայ եւ մատը կը դնէր վէրքի մը վրայ: Հատրութի եւ Մարտունիի, մինչեւ անգամ Ստեփանակերտի վրայ յարձակումներն ու կոյր ռմբակոծումները ինչո՞ւ չէին լսուեր միջազգային բեմին վրայ: Արդեօք միայն քաղաքական-խտրականութեան հաշիւներո՞ւ պատճառով: Բայց արդեօք նոյն այդ եռուզեռին եւ աղմուկին մէջ չէ՞ որ միջազգային ընտանիքը ականջ կու տար Ազրպէյճանի քարոզչական մեքենային եւ պատրաստ էր հաւատալու ինչ որ կ՛ըսէր ան:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ պատճառը պէտք էր փնտռել այլ տեղ. Հատրութի եւ Մարտունիի, ինչպէս նաեւ` նոյնինքն Հայաստանի սահմանային գօտիին` Իջեւանէն մինչեւ Կրասնոսելսք, Տաւուշէն մինչեւ Գորիս ու Մեղրիի վրայ ազերիական յարձակումներուն մասին լրատուութիւնը կը կատարուէր առաւելաբար ներհայկական բեմին վրայ. Հայաստան եւ առհասարակ հայկական լրատուական մեքենան կարծէք թէ իրենց ամբողջ կարողականութեամբ չէին դրուած ի սպաս այդ դէպքերուն արագ եւ հարազատ արձագանգը ըլլալու վիճակին մէջ: Հայաստանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս դիւանագիտական մեքենան, որ իբրեւ պետական համակարգ, պէտք է ըլլար գլխաւոր եւ հաւաստի աղբիւր, կը նախընտրէր «մեղմ» քաղաքականութիւն խաղալ:

karabakh_040809_1

«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով որ Հայաստանէն, հայկական դիւանագիտութենէն եւ առհասարակ հայկական լրատուութեան մեքենայէն կը սպասուէր պոռալ աշխարհի երեսն ի վեր, որ «ո՜վ խաղաղասէրներ, դուք, որ մեզի խաղաղութեան դասեր կու տաք, մենք այդ բոլորին պէտք չունինք, որովհետեւ մեր պատմութիւնը վկայ, թէ որքա՜ն սուղ վճարած ենք մեր խաղաղասիրութեան համար: Այո, ով խաղաղասէրներ, հոն` Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ, ազերիներն են նախայարձակները, ազերիներն են խաղաղութեան ճիգերը ականահարողները, անոնց պէտք է ուղղուին հսկիչ ակնարկները, սաստի մատները, զգուշացման պատուէրներն ու հրաւէրները»:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ Արցախի ազատամարտիկը լաւ ձեւով կը կատարէ իր պարտականութիւնը, պաշտպանելով կեանքեր եւ հող ու սահման: Հայկական դիւանագիտութիւնն ու լրատուական մեքենան, իր կարգին, պէտք է կատարէր իր պարտականութիւնը եւ կանխարգիլէր իրաւատէր մարտիկին արդար պայքարին դատապարտումը, կամ մինչեւ իսկ դատապարտանքի արտայայտութիւններէ ետք, ուժեղ կերպով հակազդէր անոր, Երեւանէն մինչեւ Մոսկուա եւ արեւմտեան ազդեցիկ ոստաններ: Ազերիին ապատեղեկատուական արշաւին` պէտք էր հակազդել ճշմարտութեանց ճիշդ ատենին բացայայտումով, այդ ապատեղեկատուութեան ու անոր հետապնդած նպատակներուն քողազերծումով: Պէտք էր լռութեան մատնել նաեւ ազերիին ապատեղեկատուութեան զէնքը:

***

Արցախի հարաւային շրջանին մէջ ու Ֆիզուլի-Ճիպրայիլ գօտիին մէջ, բախումները նոր սաստկացում արձանագրեցին 1993-ի օգոստոսի կիսուն: Հայկական ուժերը Ֆիզուլիէն դէպի հարաւ շարժեցան եւ գրաւեցին Ըշըքլը գիւղը, որ կը գտնուէր Ֆիզուլիէն երեք քիլոմեթր հեռու: Անոնք նաեւ երեք քիլոմեթր մօտեցան Ճիպրայիլի, որ շրջանի մեծ քաղաքներէն մէկն էր: Ֆիզուլիի եւ Ճիպրայիլի բնակիչները խուճապահար կը փախչէին: Ֆիզուլիի բնակիչներուն մեծ մասը արդէն խոյս տուած էր քաղաքէն եւ միայն քանի մը հազար հոգի կը մնային հոն:

Միւս կողմէ, ազերիները Խանլարէն յարձակում գործեցին Մարտակերտի ուղղութեամբ, բայց ետ շպրտուեցան դէպի իրենց դիրքերը: Նոյն ճակատագրին մատնուեցան Աղտամի շրջանէն դէպի Ասկերան շարժող ազերիական ջոկատները:

***

«Ազդակ»-ի 17 օգոստոս 1993-ի թիւով եւ «Բաց աչքերով տեսնել հարցին էութիւնը» խորագիրով նշմարով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Արցախի տագնապին պայթումէն ետք, խաղաղութեան նախաձեռնութիւններու դիմողներ, անոնք ըլլան Մինսքի խմբակին, ՄԱԿ-ի թէ անհատ պետութիւններու մակարդակներուն վրայ, չեն ուզեր տեսնել տագնապին էութիւնը, այլ հազար ու մէկ հաշիւներով կը մօտենային անոր:

Մահսէրէճեան կը նշէր, որ հաւանաբար Ազրպէյճան պատճառներ ունէր իրողութեանց խեղաթիւրման մէջ, ի վերջոյ, ան ունէր իշխանութեան շուրջ պայքարող կողմեր, որոնք կ՛ուզէին Արցախի հարցը խաղաքարտի վերածել. այդ կողմերը, այս կամ այն ձեւով, կ՛ուզէին շահիլ մօտակայ կամ հեռաւոր երկիրներու համակրանքը, ծածկելու համար Արցախի հայերը իրաւազրկելու իրենց քաղաքականութիւնը: Այդ բոլորը հասկնալի էին, թէեւ ոչ արդարանալի: Սակայն ինչպէ՞ս ընկալել կամ արդարացնել իբրեւ չէզոք եւ անաչառ խաղաղարար ներկայացող կողմեր, որոնք կը յամառէին իրենց աչքերը փակ պահել այն պարզ իրողութեան վրայ, որ հոն` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, կայ պաշարուած ժողովուրդ մը, որ կ՛ուզէ տէրը ըլլալ իր ճակատագիրին ու հողին, կը մերժէ ենթարկուիլ Ազրպէյճանի հալածանքներուն ու հեռանալ իր դարաւոր բնակավայրէն, զէնքի դիմած է` իբրեւ վերջին ընտրանք, որովհետեւ իր հասցէին դատապարտանքի յայտարարութիւններ արձակող միջազգային ընտանիքը ոչինչ ըրաւ, երբ արցախցին ամէն օր ենթակայ կ՛ըլլար ազերիներու ծանր զէնքերու քմահաճոյքին, կը ջարդուէր, Գետաշէնէն մինչեւ Շահումեան, Մարտակերտէն մինչեւ Հաթերք` զանգուածային տեղահանութեան կ՛ենթարկուէր: Այդ օրերուն, թիւերը նկատի չէին առնուեր, Արցախի ժողովուրդը լքուած էր իր    ճակատագիրին, որպէսզի ի վերջոյ ի՛նք որոշէր թէ ձեռք պիտի առնէ այդ ճակատագիրին դերը:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով որ խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները պէտք է մեկնակէտ ունենան հարցին էութիւնը, Արցախի ժողովուրդին տարրական իրաւունքներուն պահպանումն ու անոնց առանձինն պաշտպանը ըլլալու արցախցիին վիճակը: Պէտք էր բաց աչքերով ձեռնարկել հարցին լուծման աշխատանքին:

***

military-exercises_122116

Մարտունի-Հատրութ-Ֆիզուլի-Ճիպրայիլ գօտին ահեղ ճակատամարտերու շրջանի վերածուած էր: Հատրութի եւ Մարտունիի շրջաններուն վրայ ամբողջական յարձակումի ազերիական փորձը, որուն մասնակցեցաւ օդուժը, ձախողութեան մատնուեցաւ հայ ազատամարտիկներուն կողմէ, որուն ի գին զոհերու եւ վիրաւորներու, ստիպուեցան կրկնել ինքնապաշտպանութեան գործողութիւնները:

Արցախի հայկական ուժերը օգոստոս 16-ին պաշարեցին Ֆիզուլին. քաղաքին մօտ սաստիկ բախումներ տեղի ունեցան: Միաժամանակ, հայկական ուժերը, հրասայլային երկու զօրասիւներով, սկսան յառաջանալ դէպի Ճիպրայիլ:

Ազերի ուժերը օգոստոս 18-ին հապճեպով լքեցին Ֆիզուլին եւ առանց փամփուշտ մը արձակելու հեռացան քաղաքէն: Սակայն քաղաքի կարգ մը թաղամասերուն մէջ բախումները կը շարունակուէին:

Ֆիզուլիի մէջ արդէն քաղաքային բնակիչ չէր մնացած եւ հոն մնացողները միայն զինուորականներ էին:

Բախումներու գօտիէն շուրջ 50 հազար հոգի խոյս տուած էր: Իսկ 120-էն 150 հազար այլ ազերիներ պատրաստ էին հեռանալու շրջանէն եւ իրենց ինչքերը բեռցուցած էին ինքնաշարժներու եւ բեռնատարներու մէջ:

Միւս կողմէ, ազերիական օդանաւեր յարձակում գործեցին Գորիսի եւ Կապանի շրջաններուն վրայ եւ խլեցին տասնեակ մը զոհ ու վիրաւոր: Ռմբակոծուեցան նաեւ Հատրութի եւ Մարտունիի շրջանները:

Արցախի հայկական ուժերը օգոստոս 19-ին մտան Ճիպրայիլ եւ մինչեւ տասը քիլոմեթր մօտեցան իրանեան սահմանին:

Ֆիզուլիի, Ճիպրայիլի եւ անոնցմէ դէպի հարաւ-արեւմուտք գտնուող կարգ մը բնակավայրերու մէջ բախումները կը շարունակուէին:

Ազերիական ուժերը հակադարձեցին` ռմբակոծելով Հատրութն ու արցախեան այլ շրջաններ: Զուգահեռաբար, անոնք մեծ յարձակում մը փորձեցին Գորիս-Կապան գօտիին վրայ, սակայն ձախողութեան մատնուեցան:

Ազերի ուժերը օգոստոս 21-ին վերագրաւեցին Ճիպրայիլը, իսկ հայկական ուժերը քաշուեցան քաղաքին շրջակայ բարձունքները:

Օգոստոս 22-էն 23 լուսցող գիշերուան ընթացքին ազերիները պարպեցին Ֆիզուլին:

Միւս կողմէ, ազերիները բազմապատկեցին ու սաստկացուցին իրենց յարձակումները եւ Հատրութի ու Մարտունիի շրջաններուն դէմ գործի լծեցին իրենց զինական ամբողջ կարողութիւնը` թնդանօթներ, հրթիռներ եւ օդանաւեր: Հատրութէն մինչեւ Մարտունի տարածուող ամբողջ ճակատին վրայ ծայր տուաւ ամբողջական տարողութեամբ պատերազմ:

Այդ օր, օգոստոս 23-ին, Մարտունիի մօտակայ շրջանի մը մէջ նահատակուեցան Մերուժան Մոսիյեան, Մհեր Ջուլհաճեան, Արտակ Մնացականեան եւ Լեւոն Համբարձումեան:

Ազերիական յարձակումները զսպելու համար, Արցախի ազատամարտիկները դիմեցին ինքնապաշտպանութեան գործողութիւններու: Այդ գործողութեանց ճնշումին տակ, ազերիական ուժերը լքեցին Ֆիզուլին, իրենց հետ տանելով ծանր զէնքերն ու հրթիռարձակները:

Ազերիական ուժերը օգոստոս 24-ին եւ 25-ին Զանգելանի շրջանէն յարձակում գործեցին Հայաստանի վրայ եւ փորձեցին թափանցել դէպի Կապան: Հայկական ուժերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին եւ ետ մղեցին ազերիական ուժերը:

Ֆիզուլին լքելէն երկու օր ետք, ազերիները ինքնակամ կերպով իրենց ուժերը հեռացուցին նաեւ Ճիպրայիլէն:

***

«Ազդակ»-ի 27 օգոստոս 1997-ի թիւով եւ «Ալիեւի խոստովանութիւնը յաւելեալ ապացոյց» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ եթէ Մինսքի խմբակը ու Արցախի դէմ իրերայաջորդ բանաձեւեր եւ յայտարարութիւնները հրապարակող միջազգային շրջանակները անվիճելի ապացոյցի կը սպասէին, այդ ապացոյցը ի վերջոյ եկաւ, այն ալ` նոյնիսկ Հայտար Ալիեւէն, որ բառացիօրէն խոստովանեցաւ, որ Ազրպէյճանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարները խօլ մրցակցութեան մէջ են անձնական շահեր հետապնդելու համար եւ այդ նպատակով, մերթ յարձակումներ կը սարքեն, մերթ ըմբոստութիւն, կը մասնատեն բանակը եւ այլ եւ այլն: Խորքին մէջ, այս խոստովանանքին ընթացքին, Ալիեւ չանդրադարձաւ որ կը բացայայտէ իր ուզածէն աւելին, այն` որ իր այս յայտարարութիւննե՛րն իսկ յստակ կը դարձնեն թէ ինք եւս մասնակից է այն «անձնական-քաղաքական խաղ»-ին, զոր կը դատապարտէ եւ սակայն պարզ իրականութիւն է:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ Ալիեւի եւ այլոց այս եւ նմանօրինակ բացայայտումները պէտք է բաց ականջներով լսուին բոլոր անոնց կողմէ, որոնք կը փութան դատապարտել կամ քննադատել արցախցիները, որոնց «յանցանքը» հիմա այն է, որ չեն ուզեր դարձեալ խաղաքարտ ըլլալ ազերի ջոջերու մրցակցութեան: Մութալիպով-Էլչիպէյ իշխանութեան փոխանցման օրերուն, Արցախի եւ յատկապէս Շահումեանի գլխուն սարքուած դաւին եւ իբրեւ թէ շահուած յաղթանակներուն հետեւանքները կը մնան արիւնոտ վէրքեր:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ այս բոլորը նաեւ խաղաղարար բոլոր միջնորդներուն պէտք է յստակ դարձնէր (եթէ յստակ չէր) այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ Արցախը Ազրպէյճանէն անջատ շրջան է, ունի իր իւրայատուկ դիմագիծը, անհատականութիւնն ու մշակոյթը ունեցող ժողովուրդ մը, որուն ներկայացուելիք լուծումի-զինադուլի ժամանակացոյց չի կրնար, իրաւունք չունի անտեսելու անոր անջատ գոյութիւնը, ոչ ալ կրնայ արհամարհել կամ անկէ խլել անոր անվտանգութեան տարրական իրաւունքը:

***

artsakh-war-1993_122116

Ֆիզուլիի շրջանին մէջ, ազերիական 72 գիւղերէն միայն վեցը կը մնային տեղւոյն կառավարիչներուն ձեռքը: Ազրպէյճանական բանակը անկանոն նահանջով քաշուած էր Ֆիզուլի-Իմիչլի մայրուղին:

Պաքուի մէջ, պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին զինուորական պատասխանատուները սկսած էին իրենց քարտէսներուն վրայ նոր գիծեր ու նշաններ դնել, բնորոշելու համար Արցախի հետ նոր սահմանները: Անոնք հաշտուած էին այն գաղափարին, որ երկրին տարածքին մօտաւորապէս մէկ-հինգերորդը կորսուած էր:

Արցախի հարաւային գօտիին մէջ, մինչեւ Իրան տարածուող շրջանը կը մնար ռազմադաշտ: Այդ գօտիէն մօտաւորապէս հարիւր հազար հոգի գաղթական դարձած էր: Այդ գաղթականները մեծ մասամբ բռնած էին դէպի Պաքու տանող ճամբաները: Միայն փոքրաթիւ ազերիներ փորձեցին անցնիլ Արաքսի կամուրջները եւ ապաստանիլ Իրան, սակայն սահմանապահ զինուորները անոնց խրատեցին երթալ դէպի Պաքու:

Միւս կողմէ, ազրպէյճանական իշխանութիւնները յատուկ միջոցառումներ որդեգրած էին Պաքուի դուռերուն մօտ եւ չարտօնեցին որ գաղթականները քաղաք հասնին: Անոնք կը պատճառաբանէին որ քաղաքը խճողուած է գաղթականներով:

Ազրպէյճանական բանակները կը փորձէին շրջել ռազմաճակատներուն վրայ իրենց կրած ծանր հարուածներուն պատկերը: Այս վիճակին դիմաց, Արցախի ազատամարտկներուն դիմաց բաց կը մնար միայն մէկ դուռ` սեփական միջոցներով չէզոքացնել ազերիական կրակակէտերը եւ հայկական բնակավայրերը պատուհասող կեդրոնները:

Ֆիզուլիի եւ Ճիպրայիլի շրջաններուն մէջ յառաջխաղացք արձանագրելու փորձերուն ձախողութենէն եւ Հայտար Ալիեւի իսկ խոստովանութեամբ` իրենց դիրքերը անկանոն եւ կամաւոր կերպով լքելէ ետք, ազերիական ուժերը 1993-ի օգոստոսի վերջին օրերուն փորձեցին Ղուբաթլիի շրջանէն ճնշում բանեցնել Լաչինի անցքին վրայ: Անոնք նաեւ ռմբակոծեցին Գորիսի սահմանային Կոռնիձոր եւ Խնձորեսկ գիւղերը:

Արցախի ազատամարտիկները ձեռնարկեցին հակայարձակումի: Անոնք Ղուբաթլիի ուղղութեամբ յարձակման անցան երեք առանցքներով: Ազերիները կորսնցուցին Գիւլեբիրդը: Հայկական ուժերը յառաջացան դէպի Եատիզլու եւ Մելիք Ահմէտլի` Լաչինէն Ղուբաթլի տարածուող շրջանին մէջ: Հայկական ուժերը գրաւեցին Բաշարաթը` Աղաւնու գետի արեւելեան ափին, եւ այրեցին զայն: Ռմբակոծուեցաւ նաեւ Շայիֆլին:

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?