Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրախ Կ՛ըլլանք, Եթէ Օր Մը Թուրքը Ստանայ Մրցանակը. Ռուբէն Վարդանեան

December 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Ռուսիոյ մէջ բնակող յայտնի գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան «ԹԱՍՍ»-ին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ «Աւրորա» մրցանակի նախագիծը ստացաւ աւելի մեծ տարողութիւն, քան ծրագրուած էր:

Ան նշած է, որ ի սկզբանէ փափաք կար օգնելու հայերուն, որպէսզի յաղթահարեն տուժածի բարդոյթը, որ կը հետապնդէ հայերը 1915-ի ցեղասպանութենէն ի վեր: Յաղթահարել ներքին խոր ցաւը:

«Մենք կ՛ուզենք ցոյց տալ աշխարհին, թէ սարսափելի ողբերգութիւն ապրած մարդիկ ինչպէ՛ս ողջ մնացած են, ոտքի կանգնած եւ պատրաստ են օգնելու բոլոր անոնց, որոնք կարիք ունին օժանդակութեան: Սակայն շուտով յստակացաւ, որ այն, ինչ որ այսօր տեղի կ՛ունենայ աշխարհին մէջ, այդ թեման արդիական կը դարձնէ իւրաքանչիւրին համար», մանրամասնած է Վարդանեան:

Ըստ անոր, «Աւրորա» մրցանակի թեկնածուներուն համար չկան աշխարհագրական, նիւթերու կամ ազգային սահմանափակումներ:

«Ուրախ կ՛ըլլանք, եթէ օր մը այս մրցանակին տիրանայ թուրք մը, որուն գործունէութիւնը կը համապատասխանէ մեր մրցանակի չափանիշներուն», նշած է Վարդանեան:

Խօսելով իր կատարած ներդրումին մասին` ան դիտել տուած է, որ ինք այս մէկը կը կատարէ ապագայի համար, «անոր մէջ ըլլալով` իմ, իսկ աւելի կարեւորը` իմ զաւակներուն»:

«Մենք ընկերային ներդրումով կը զբաղինք եւ տարանջատում չենք ըներ, որ այստեղ գումար վաստակինք, այնտեղ` ծախսել բարեգործութեան վրայ: Աշխարհի մէջ հանրային կը դառնայ տիպար մը, երբ առեւտուրը կը միահիւսուի մարդասիրութեան հետ: Ապագան ընկերային դրամատիրութեան կը պատկանի, օրինակը պիտի փրկէ աշխարհը», ըսած է բարերարը:

Ըստ անոր, այսօրուան արհեստագիտական յեղափոխութիւնը պէտք է լուրջ փոփոխութիւններ յառաջացնէ ընկերային, քաղաքական, կրթական եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ:

«Եթէ աշխարհագրական յեղափոխութիւնը յանգեցնէ վերածնունդին, իսկ յետոյ` արդիւնաբերական յեղափոխութեան, ուրեմն ներկայիս մենք արհեստագիտական յեղափոխութիւն կը վերապրինք: Այս ապրելակերպը, որ երբեմն անսասան կը թուի, այժմ կասկածի տակ է: Օրինակ, ո՞վ կրնայ ըսել այսօր, թէ ինչի՛ պիտի ծառայէ Uber ընկերութեան գործունէութիւնը, որ աշխատանք կ՛ապահովէ միլիոնաւոր անձնական վարորդներու, եթէ չունենայ որեւէ ինքնաշարժ կամ զանոնք չկարենայ արտադրել: Յատկապէս եթէ քանի մը տարի անց «առանց օդաչուի» ինքնաշարժներ յայտնաբերուին: Կարելի է նաեւ խօսիլ Կուկըլի եւ Դիմատետրի մասին: Հարցը այն չէ, թէ բոլորը պիտի միանան այդ հարթակներուն վրայ, թէ՞ ոչ: Ոչ ալ խնդիրը փաստացի արհեստագիտութիւններն են, կամ անոնց կիրարկումը` կրթութեան, բժշկութեան , գիտութեան եւ կենցաղին մէջ: Հարցը այն է, որ ատիկա պատճառ պիտի դառնայ փոխյարաբերութիւններու համակարգին մէջ որակական փոփոխութիւններու, փոխադարձ գործակցութեան գործընթացին, հասարակական հիմնարկներուն եւ մնացեալ այլ վայրերու մէջ», ըսած է Վարդանեան:

«Արհեստագիտութիւններու զարգացումը մէկ կողմէ պիտի նպաստէ հասարակութեան շեշտաւորման աճին, իսկ միւս կողմէն` արհեստագիտական եւ տեղեկատուական կապերու ամրապնդման: Ի՞նչ կը նշանակէ այդ: Այսօր մեր մոլորակին վրայ շուրջ 200 յայտնի պետութիւններ կան, բայց բարեկեցիկ պետութիւն կրնանք անուանել անոնցմէ մօտ 50-ը: Մնացեալ երեք քառորդը «զարգացման ընթացքին մէջ եղող պետութիւններու»խումբին կը դասուին: Նախապէս առաջնակարգ երկիրներու բնակիչները չէին մտածեր այդ մասին: Իսկ այսօր մենք չենք կրնար ապրիլ այնպէս, որ մոլորակի բնակիչներուն մեծ մասին հոգերը չեն վերաբերիր մեզի: Երկրին վրայ անյայտ հատուածներ չեն մնացած, աշխարհը դարձած է փոխկապակցուած, հետեւաբար այն, ինչ որ կատարուի խնդրայարոյց վայրերու մէջ, անմիջապէս կ՛ազդէ բոլորին վրայ: Այսօր մեզի կը թուի, որ ռազմական հակամարտութիւններու գօտիներէն գաղթականներու խնդիրը չափազանց ծանր է, սակայն, եթէ ջերմաստիճանը մեր մոլորակին վրայ մէկ աստիճանով բարձրանայ, տասնեակ միլիոնաւոր մարդիկ Ափրիկէէն ու Միջին Արեւելքէն կը փոխադրուին Եւրոպա: Իսկ անիկա տասնեակ անգամներ կը գերազանցէ ներկայիս Սուրիայէն ու Իրաքէն փախչողներուն թիւը: Գաղթականութեան ալիքները կը ծածկեն ո՛չ միայն Եւրոպան, այլ նաեւ համայն աշխարհը, անիկա բոլորին կը վերաբերի: Այդ պատճառով համաշխարհային գործընթացներու բեւեռացում տեղի կ՛ունենայ: Մէկ կողմէ բոլորը կը հասկնան, որ փոխկապակցուածութիւնը միայն պիտի աճի, միւս կողմէ` փոփոխութիւններէն վախցող մարդոց թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ: Անոնք կը քուէարկեն Պրեքզիթին, Թրամփին համար… Տեղի կ՛ունենայ մեկուսապաշտական, ազգայնական քաղաքականութիւններու զօրացում: Անիկա փոփոխութիւններուն նկատմամբ մարդոց բնական արձագանգն է», նկատել տուած է Վարդանեան:

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Նոր Պանդոկներն Ու Պանդոկային Կառոյցները Աւելցած Են

Յաջորդը

Հալէպը Վերապրեցաւ

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.