Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, հովանաւորութեամբ Գէորգ եպս. Ասատուրեանի` օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» դատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ մը` կատարողութեամբ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի` փոխժողովրդապետ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ եւ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեանի, ինչպէս նաեւ` մասնակցութեամբ «Արծիւեան» եւ «Բլբուլ» երգչախումբերուն` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:
Համերգին ներկայ էին Պէյրութի հայ Կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոսը, այլ սրբազան հայրեր, պապական նուիրակի քարտուղար հ. Իվան. Սանթուսը, Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Պերճ վրդ. Սապէ, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Անարատ յղութեան հայ քոյրերը, Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչը, վարժարաններու տնօրէններ եւ հայ իրականութեան մէջ գործող անձնաւորութիւններ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:
Համերգը սկիզբ առաւ մեր բոլորին ծանօթ եւ աւանդական «Խորհուրդ մեծ» շարականով, սակայն այս շարականը այդ պահուն դադրեցաւ աւանդութեան մաս կազմելէ եւ դարձաւ արդիական ու հրաշագործ նիւթ մը, երբ սկսաւ լսուիլ տուտուկով` կատարողութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի: Այդ պահը աւելի յուզիչ դարձաւ ու իր կատարելութեան հասաւ երբ «Բլբուլ» երգչախումբը մուտք գործեց իր հրեշտակային անմեղութեամբ ու լուսաւոր մոմերով:
Փաթիլ Գալուստեանի բացման խօսքէն եւ բոլոր ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, սկիզբ առաւ համերգին առաջին մասը, ուր «Բլբուլ» երգչախումբը ներկայացուց երեք երգեր. Joyful joyful, Tu scendi dalle stele եւ ճոխ հայկական ծննդեան երգաշար մը:
«Բլբուլ» երգչախումբին յաջորդեց «Արծիւեան» երգչախումբը, իր կարգին, կատարեց հինգ երգեր. «Ամենահրաշ Տէր», Venez Divin Messie, sing we Noel, ինչպէս նաեւ` «Ննջեան որդեակ»-ը` մասնակցութեամբ Ղազար վրդ. Պետրոսեանի, եւ` Little drummer boy-ը` մասնակցութեամբ Ճոնի Կէօքճեանի:
Ծննդեան համերգին երկրորդ մասը յատուկ էր իր ձեւով ու իր բովանդակութեամբ. Այս բաժինով երկու թենորները` Ղազար վրդ. Պետրոսեանն ու Ճոնի Կէօքճեանը հանդէս եկան որպէս մեներգողներ` հետեւեալ վեց երգերով. Ave Maria-ն, Gesu Bambino-ն, Panis Angelicus-ը, O Tannenbaum-ը, O Holy Night-ը, ինչպէս նաեւ` Adeste Fideles-ը.
Թատերասրահին մթնոլորտը բաւականին ջերմանալէ ու հոգիները Քրիստոսի խաղաղութիւնը գտնելէ ետք իրեց մէջ, Գէորգ եպս. Ասատուրեանը համերգին փակման խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան այսպիսի գեղեցիկ երեկոյի մը համար, եւ ներկաներուն Ս. ծննդեան տօնին առթիւ բարեմաղթութիւններ ընելէ ետք, անոնց առջեւ դրաւ որպէս ծննդեան պատգամ` համերգին մէջ կատարուած բոլոր երգերն ու անոնց բառերուն իմաստը, որպէսզի Յիսուս մանուկը աւելի լաւ ընդունինք մեր մէջ:
Ս. Ծննդեան համերգին աւարտին բեմ բարձրացան «Բլբուլ» եւ «Արծիւեան» երգչախումբի բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ` երկու թենորները, որպէսզի երեկոն փակեն Deck the halls ուրախ երգով:
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ