Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Տակաւին օսմանեան սուլթաններու օրերէն թրքական դատարանը տխրահռչակ է իր անարդար վճիռներով, որոնք յաճախ զաւեշտական են: Իսկ այդ երկրին մամուլը մանաւանդ վերջին շրջանին չի փայլիր իր առարկայականութեամբ, աւելի՛ն. վերածուած է իշխանութիւնը գովաբանող միջոցի, իսկ խիզախ յօդուածագիրները` բանտարկեալներու:
Ն.
Թրքական Դատարաններու
Զաւեշտալի Վճիռները
Թրքական «Սոն Տաքիքա» լրատու կայքը ներկայացուցած է թրքական դատարաններու տուած ամէնէն զաւեշտալի վճիռներէն քանի մը հատը:
1.- Էրզրումի (Կարինի) ելեկտրականութեան հոսանքի հաշուիչին կնիքը վնասելու համար 77 տարեկան կինը մեղաւոր ճանչցած դատարանը զայն զրկած է 5 ամիս հարսանիքի տօնակատարութեանց մասնակցելու իրաւունքէն:
2.- Քաղաքացիին մարմնական վնաս հասցնելու մեղադրանքով դատուող տղամարդը դատարանին կողմէ դատապարտուած է 2 ամիս 15 օր բանտարկութեան: Սակայն մեղադրեալը ազատ արձակուած է այն պայմանով, որ պատիժը կրելու ժամանակամիջոցին վերջինս առանց կնոջ պէտք չէ երթայ սրճարան, ճաշարան կամ նման այլ զուարճանքի վայր, ինչպէս նաեւ իրաւունք չունի հանրային վայրերու մէջ մարզական հաղորդումներ դիտելու:
3.- Հօր ինքնաշարժը գողնալէ եւ արկածի ենթարկուելէ ետք, ոստիկանութեան սուտ վկայութիւն տալու համար անչափահաս պատանին դատարանը զրկած է 5 տարի համացանցի սրճարան մտնելու իրաւունքէն:
4.- Պոտրումի մէջ ելեկտրական հոսանք գողնալու մեղադրանքով դատուող 3 անձերու դատարանը իբրեւ պատիժ պարտադրած է 230 եղեւին տնկել:
5.- Ներգաղթեալներուն ապօրինի սահմանը խախտելու աջակցելու համար մեղադրուողին դատարանը զրկած է ծով մտնելու իրաւունքէն: Ըստ վճիռին, մեղադրեալը որոշ ժամանակաշրջանի մը մէջ իրաւունք չունի մօտենալ ծովուն եւ ընդհանրապէս այցելել ծովեզերեայ վայրեր:
6.- Կրկին Կարինի մէջ ելեկտրական հոսանքի գողութեան համար մեղադրուող կնոջ դատարանը զրկած է 6 ամիս դրացիին տունը այցելելու իրաւունքէն:
7.- Անգարայի մէջ կին մը դատի տուած է իր ամուսինը զինք ծեծելու, վիրաւորելու, ինչպէս նաեւ անձնական առողջապահական պայմաններուն չհետեւելու, ակռաները չլուալու համար: Դատարանը կնոջ նկատմամբ բռնութիւն բանեցնելու համար տղամարդուն դէմ արձակած է 6 ամիս կնոջմէ հեռու մնալու վճիռ : Վճիռին մէջ նաեւ գրուած է, որ ամուսինը այլեւս տան մէջ պէտք չէ ծխէ, պէտք է հետեւի իր մարմնի եւ ակռաներու մաքրութեան, ինչպէս նաեւ կնոջը եւ երեխաներուն նկատմամբ հոգատարութիւն ցուցաբերէ:
8.- Նախագահ Էրտողանը վիրաւորելու համար Երիտասարդական կուսակցութեան ղեկավար Ճեմ Ուզանին դատարանը պարտադրեց զայրոյթի կառավարման բուժումի մասնակցիլ եւ 5 գիրք կարդալ:
Թուրքիոյ Մեճլիսին Մէջ`
Կրկին Ծեծկռտուք
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցած նիստին ընթացքին քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւններու երեսփոխաններու միջեւ ծեծկռտուք տեղի ունեցաւ:Բռունցքներով իրարու վրայ յարձակած երեսփոխանները հանդարտեցնել փորձեցին նոյնիսկ քեմալականները: Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան երեսփոխաններու միջամտութիւնը, սակայն, նոյնպէս ապարդիւն էր:
Վէճը սկիզբ առաւ, երբ Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարար Ռեճեփ Աքտաղ, խօսելով 10 դեկտեմբերի գիշերը Պոլսոյ Պեշիքթաշ թաղամասին մէջ «Քիւրտիստանի ազատութեան բազէներ» խմբաւորման իրականացուցած յարձակման մասին, մեղադրեց նաեւ մեճլիսի քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան երեսփոխանները` ըսելով, որ ընդդիմադիր երեսփոխանները չեն դատապարտեր քիւրտ զինեալները:
«Դո՛ւրս եկէք գոնէ անգամ մը եւ ըսէ՛ք: Բայց չէք կրնար ըսել: Որովհետեւ ձեր կամքը ոչ թէ ձեր, այլ այդ ռումբը տեղադրողներու ձեռքին մէջն է», յայտարարեց Աքտաղ:
Անոր պատասխանելով` քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան երեսփոխաններէն Պեհճեթ Եըլտըրըմ արձագանգեց առողջապահութեան նախարարին` ըսելով. «Կարծես ոչ թէ առողջապահութեան, այլ պատերազմի նախարար ըլլաք»:
Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Այհան Պիլկեն իր կարգին Էրտողանի կուսակցութեան երեսփոխաններուն յիշեցուց քրտամէտ կուսակցութեան անդամները անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ անօրէն ձերբակալելու մասին:
Թեժացող բանավէճը վայրկեաններ ետք վերածուեցաւ ծեծկռտուքի, խորհրդարանի նախագահը ստիպուած եղաւ ընդհատել նիստը:
Կողմերը տակաւին կը շարունակեն զիրար մեղադրել, բամբասել, հայհոյել…
Թուրքիոյ Խնդիրը Հալէպի Բնակիչները
Չեն, Այլ` Ասատի Յաղթանակը Չմարսելը
Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի յօդուածագիր Էրթուղրուլ Օզքիոք իր վերջին յօդուածին մէջ անդրադարձած է Հալէպի ազատագրումէն ետք Թուրքիոյ մէջ սկսած ջղագարութեան ալիքին, որ կ՛արտայայտուի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու պոռոտ ճառերուն, հասարակական բողոքի շարժումներուն եւ ընկերային ցանցերուն մէջ:
Թուրք ցուցարարները կը մեղադրեն Սուրիոյ բանակը եւ անոր դաշնակիցները` Հալէպի մէջ «խաղաղ բնակիչները կոտորելու» համար: Օրեր շարունակ բողոքի ցոյցերը չդադրեցան Իրանի եւ Ռուսիոյ հիւպատոսութիւններուն առջեւ:
Հակառակ անոր որ Հալէպի ազատագրումէն ի վեր համացանցը ողողուած է քաղաքի բնակիչներու ուրախութիւնն ու 5 տարուան արիւնալի կռիւէն ետք Հալէպի մէջ խաղաղութեան հաստատումը փաստող տեսանիւթերով, թրքական լրատու միջոցներն ու բարձրաստիճան պաշտօնատարները անդադար յայտարարութիւններ կ՛ընեն Հալէպը «փրկելու» կոչերով եւ ոչ մէկ ձեւով կրնան հաշտուիլ Սուրիոյ բանակի յաղթանակին հետ:
Թուրք յօդուածագիր Էրթուղրուլ Օզքիոք երկրորդ դէմքով դիմած է հասարակ թուրք քաղաքացիներուն եւ աչքերը բանալու կոչ ըրած է:
«Հալէպը ինկաւ…
Եթէ հանգստացար, հիմա հարցնեմ.
Հալէպը ինկաւ, իսկ քու հայրենիքիդ ճիշդ կեդրոնին մէջ ինկած զինուոր նահատակները ի՞նչ պիտի ըլլան:
Հասած ենք այն վիճակին, որ երկրին մէջ, բացի նահատակներէն, ուրիշ ոչինչի մասին կը խօսուի:
Այս բոլորին հիմնական պատճառն ալ Սուրիոյ պատերազմն է:
Գիտեմ, որ կեանքդ յաղթելու-պարտուելու գաղափարի վրայ կառուցած ես:
Քու խնդիրդ այնտեղի մարդիկը չեն: «Ասատի յաղթելու» միտքը չես կրնար մարսել ոչ մէկ ձեւով:
Թող հոգիդ հանգիստ ըլլայ, եղբա՛յր, գիտցի՛ր, որ Ասատն ալ չյաղթեց այս պատերազմին մէջ:
Բայց պատերազմը արդէն կ՛աւարտի եւ այս պատերազմին մէջ ամէնէն պարտուածը մենք պիտի ըլլանք»:
Պոլսոյ մէջ վերջերս ձերբակալուած է սուրիացի յայտնի լրագրող Հիւսնի Մահալլին, որ սուրիական տագնապի հարցին մէջ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը քննադատող է:
«Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրները 20 տարի է` Եմէնի վրայ կը յարձակին, մամուլին մէջ գոնէ լուր մը չկայ այդ մասին: Սուրիական բանակը կը մաքրէ Հալէպը ահաբեկիչներէն, թրքական մամուլին մէջ իրարանցում է: Լիպիոյ մէջ 4 տարի է` բոլորը իրարու կոկորդ կը կրծեն, թրքական մամուլին մէջ կրկին ոչինչ կայ: Սուրիոյ բանակը Հալէպը ոճրագործներէն կ՛ազատագրէ` կրկին իրարանցում», յայտարարած էր Մահալլին, եւ… ձերբակալուած Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ:
Զայրոյթ Յառաջացնող
Դատական Վճիռ
Թուրքիոյ գերագոյն ատեանը յուլիսին զայրոյթ հրահրած էր վճիռով մը, որ ըստ քննադատներուն, կրնայ 12 տարեկանի իջեցնել անչափահասի հետ սեռային յարաբերութեան յանցանքի տարիքը: Սահմանադրական դատարանին տուած որոշումով, այս որոշումը կը վերացնէ իրաւական այն դրոյթը, որ սեռային բոլոր արարքները 15-էն նուազ տարիք ունեցող երեխաներու հանդէպ «բռնաբարութիւն» կը նկատէ:
Ըստ օրէնքին, 12, 13 եւ 14 տարեկան պատանիներ այլեւս իբրեւ թերահաս իրաւական պաշտպանութիւն պիտի չստանան, բայց կը սպասուի, որ ընդունին կամ մերժեն սեռային յարաբերութեան առաջարկ: Մասնագէտներ կ՛ըսեն, որ ասիկա կանաչ լոյս է 12 տարեկան թերահասներու բռնաբարումին:
Կիներու իրաւունքներու պաշտպան գործիչներ եւս մտահոգութիւն յայտնեցին, որ երեխաներու բռնաբարման դէպքերը կրնան անպատիժ մնալ: Մինչ նոր օրէնքին զօրակցողները կը պնդեն, որ ատիկա աւելի խիստ պատիժներու պիտի ենթարկէ երեխաներ բռնաբարողները:
Նոր օրէնքը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ յառաջիկայ տարուան յունուարէն, հիմնուած է դատարանի այն վճիռին վրայ, որ 15 եւ 12 տարեկան պատանիներու մտային կարողութիւնները նոյնն են: Ուրեմն, ըստ դատարանի տրամաբանութեան, անչափահասներու հետ սեռային յարաբերութիւնը յանցանք նկատող օրէնքը կրնայ իջնել մինչեւ 12 տարիքը:
Օրէնքը զայրոյթի ալիք բարձրացուց թրքական եւ միջազգային ընկերային ցանցերու մէջ:Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկօ Ուոլսթրոմ ըսաւ.«15-էն նուազ տարիք ունեցողներու հետ սեռային յարաբերութիւնները արտօնելու թրքական որոշումը պէտք է հակաշրջուի: Երեխաները աւելի շատ պաշտպանութեան պէտք ունին, ոչ նուազ, ընդդէմ բռնութեան, սեռական չարաշահման»:
Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Հիւրրիէթ», «Ժումհուրրիէթ»,
«Տէյլի Նիւզ», «Թերթ.Էյ.Էմ.»