Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ պանդոկային կառոյցի բացում կատարուած է: Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, 2015 թուականին Հայաստանի մէջ 523 պանդոկային համալիր գործած է: 2011 թուականին այդ կառոյցներուն թիւը կազմած է 338, 2012 թուականին` 377, 2013 թուականին` 387, իսկ 2014 թուականին` 399:
Բոլոր շրջաններուն մէջ աւելի մեծ թիւով պանդոկային համալիրներ կը գործեն Երեւանի մէջ: 2015 թուականին Երեւանի պանդոկային կառոյցներուն թիւը կազմած է 296: Միեւնոյն ժամանակ, պանդոկային տնտեսութեան առումով, համեմատաբար աւելի աշխուժ եղած են Կոտայքի մարզը` 53 պանդոկային կառոյց, իսկ Տաւուշի մարզը` 48:
2015 թուականի տուեալներով, Հայաստանի պանդոկային տնտեսութեան մէջ աշխատողներուն տարեկան միջին թուաքանակը կազմած է 4920 մարդ, իսկ այդ մարզի տնտեսութեան տարեկան հասոյթը` 33 միլիառ 953,4 միլիոն դրամ` առանց աւելցուած արժէքի տուրքի եւ այլ անուղղակի տուրքերու: 2014 թուականին ցուցանիշը կազմած է 22 միլիառ 794 միլիոն դրամ, իսկ 2013 թուականին` 19 միլիառ 408,5 միլիոն դրամ: