Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Օրակարգ

Դեկտեմբեր 18, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Տարօրինակ ձեւով, անցնող շաբաթներուն, Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլը, քաղաքական եւ կրօնական աղբիւրները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու առիթով ոչ թէ լուռ են, այլ քիչ մը մտահոգիչ մեղմ կեցուածքով մը կը դրսեւորուին: Աւելի՛ն. Հայաստանի եւ սփիւռքի կարգ մը լրատուական աղբիւրներու մէջ Երուսաղէմի օրակարգը զուտ պաղեստինեան օրակարգի պրիսմակէն դիտելու ճիգ մը կայ: Հրեայ-Պաղեստին խնդիրին շուրջ միայն խօսելու եւ արաբական աշխարհի հարց նկատելու դարձեալ լուռ եւ անզօր վիճակի մը դրսեւորումը կը տեսնենք: Մինչ այդ պէտք է յստակ ըլլայ բոլորիս համար, որ Երուսաղէմը քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններուն համար ամէնէն կարեւոր կեդրոններէն մէկն է, իսկ մեզի` հայերուս համար,  Երուսաղէմի մէջ մեր ներկայութիւնը կենաց մահու եւ ինքնութեան ու արժանապատուութեան հարց է: Երուսաղէմի մեր պատրիարքութիւնը եւ հայ եկեղեցւոյ գանձերը բոլորիս համար պէտք է կարմիր գիծ սեպուին: Բայց այդ մէկը չենք զգար ազգովին: Լուռ, հետեւող, դատապարտող, ընդգծող եւ շատ անգամ դժգոհողի սահմաններէն անդին չենք անցնիր: Մենք ալ պէտք է ընդվզումի աւելի բարձր ալիք բարձրացնենք` Ամերիկաներէն մինչեւ Հայաստան, Լիբանան, Իրան եւ Սուրիա: Նոյնիսկ արտակարգ ձեռնարկներու պէտք է դիմենք: Այսօր Երուսաղէմի տարածքին 24 առ հարիւրին վրայ քրիստոնէական եկեղեցիներ կան: Այսօր ամբողջ աշխարհը ոտքի ելած է` բացի մեզմէ, որ իրաւատէր ենք: Իրաւազրկուած ենք, սակայն հետեւող ենք բոլորին, կարծէք, թէ հոն գետնի վրայ ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի: Չեմ հասկնար` ինչո՞ւ Երուսաղէմի օրակարգը մեր զգացումները եւ արժանապատուութիւնը չցնցեց: Չեմ հասկնար` ինչպէ՞ս հայրենի պետութիւնը այս մասին աւելի խիստ եւ խիզախ քայլեր չորդեգրեց: Չեմ հասկնար` սփիւռքի մէջ ինչպէ՞ս միայն լուրերու հետեւող ենք եւ ոչ թէ` բողոքի ալիքներուն մասնակցող: Այդքա՞ն պարպուած ենք: Այդքա՞ն բան մը չ՛ըսեր մեզի այլեւս Երուսաղէմի օրակարգը:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մարտահրաւէրներ Յաղթահարելու Կոչուած Նորարարութիւնը Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Փոխան Գրախօսականի.  «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան
Անդրադարձ

Փոխան Գրախօսականի. «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?