ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Իրաքահայոց Ազգ. իշխանութեան
նախկին փոխատենապետ
Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի շրջանը ներկայիս 80.000 քառ. քիլոմեթր տարածութեամբ կ՛ընդգրկէ երկրի հիւսիսային նահանգներէն (մուհաֆազա) երեքը` Էրպիլ, Սուլէյմանիա եւ Տըհոք: Առաջինը շրջանի տեղական կառավարութեան կեդրոնատեղին է: Բնակչութիւնը այսօր 7 միլիոն կը հաշուէ, որուն 95 տոկոսը քիւրտ է եւ մեծամասնութեամբ` սիւննի: Բնակչութեան փոքր տոկոսին մաս կը կազմեն թիւրքմէնները, սիւննի արաբները եւ ասորի ու հայ քրիստոնեաները: Սոյն յօդուածը շրջանի այսօրուան հայ համայնքին մասին է, որուն մէջ նաեւ տեղ կը գտնեն պատմական տեղեկութիւններ:
Էրպիլ

Պատմական Արբելա պատմական քաղաքը, որ կը գտնուի Մուսուլէն 84 քմ հարաւ-արեւելք, ունի հսկայ բերդ մը, որ Աղեքսանդր Մակեդոնացիի` պարսից արքայից արքայ Դարեհի դէմ տարած յաղթանակի վայրն է: Ասորական կայսրութեան շրջանին չորս աստուածներու մայրաքաղաք ըլլալուն պատճառով կոչուած է Էրպիլ, որ կու գայ «Էրպայի Լահ»-էն (չորս աստուածներ):
«Լերան վրայ կառուցուած պարսպապատ գիւղաքաղաք մը», զայն այսպէս կը նկարագրէ հայ բժիշկ մը` Բարունակ Բէյ Ֆերուհխան անունով, որ ընկերակցած էր սուլթան Ապտուլ Մեճիտի հրամանով 1847-ին սուլթանին սենեկապետին Պաղտատ ուղեւորութեան, որպէսզի ճամբու ընթացքին հանդիպած իրենց քաղաքներուն ու գիւղերուն հիւանդները դարմանէ եւ պատուաստէ: Իր «Ճամբորդութիւն ի Բաբելոն ընդ Հայաստան» գիրքին մէջ, որ տպուած է Արմաշի մէջ, 1876-ին, կը նշէ, որ բնակիչներուն թիւը մօտ 4000 է, որոնց մեծ մասը քաղաքին մէջ, իսկ մնացեալը պարիսպէն դուրս կը բնակէին: Անոնց մեծամասնութիւնը քիւրտ էր, կային նաեւ թուրք ու հրեայ բնակիչներ: Հրեաներուն բնակարանները պարիսպէն դուրս` առանձին թաղի մը մէջ կը գտնուէին: Քաղաքէն դուրս կային ուխտատեղիներ, վրանաբնակ արաբներ եւ շուկայ:
Պատմագէտ Արշակ Ալպոյաճեան, հիմնուելով վերոյիշեալ եւ այլ տեղեկութիւններուն վրայ, Երեւանի մէջ յետմահու հրատարակուած «Իրաքի հայերը» իր գրքին մէջ կը գրէ. «Ինչպէս կը թուի, Էրպիլ ունեցած է երբեմն նաեւ քրիստոնեայ բնակչութիւն, ընդ որս` նաեւ հայեր, որոնք պարիսպէն դուրս կը բնակէին հաւանօրէն, վասնզի ըստ Ներսէս ծ. վրդ. Սայեղեանի, այս քաղաքի պարիսպէն դուրս 14-րդ դարուն կը գտնուէր հայ եկեղեցի մը, որ նոյն դարուն սկիզբները քանդեցին այն ժամանակուան խռովարար մահմետականները, ինչպէս նաեւ կործանեցին նեստորականներուն երկու եկեղեցիները եւ Յակոբիկեան ասորիներու մէկ եկեղեցին»:
Այս եկեղեցիներու «աւարառութեան եւ կործանումի ենթարկուած» ըլլալը յիշուած է Sir E. A. Walis Budge-ի «The Monks of Kupli Khan Emperor of China» (Գուպլայ Խան` Չինաստանի կայսր) գիրքին մէջ: Ըստ Ա. Ալպոյաճեանին, «Հաւանօրէն 1336 թուականին Սամուէլ Անեցիի յիշատակած հիւքմը քրիստոնեայ եկեղեցիները փլցնելու համար հոս գործադրուած է»:
Այս դէպքը հաւանաբար պատճառ եղած է, որ տեղւոյն հայերը ցրուին եւ մեկնին այստեղէն (Պատմական ակնարկ մը, «Աւետիք», 1945): Նոյն ճակատագիրն ունեցած է Էրպիլէն 50 քիլոմեթր հեռու` Քարամանլիս քրիստոնեայ բնակիչներով գիւղաքաղաքի հայ համայնքը, որ նմանապէս գոյութիւն ունեցած է 14-րդ դարուն` սեփական քահանաներով ու տիրացուներով: Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ հայերը լքած են այս բնակավայրը անյայտ է, հաւանաբար` Միջագետք (ներկայ Իրաք) արշաւող ու նուաճող վերոյիշեալ հոսանքներուն կողմէ:
Ա. համաշխարհային պատերազմին Էրպիլ նահանգի Ռեւանտուզ կոչուած վայրին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտի ընթացքին` կայսերական Ռուսիոյ բանակին, որուն մաս կը կազմէր հերոս Քեռիի (Արշակ Գալֆայեան, Գաւաֆեան) հրամանատարութեամբ գործող կամաւորական չորրորդ գունդը, եւ օսմանցի թուրքերու միջեւ, հայերս կորսնցուցինք մեր յայտնի դաշնակցական ֆետային (1916 մայիս 15-ին):
Իրաքի արդի պետութեան կազմութեան ընթացքին (1921 թուականին) որեւէ տեղեկութիւն չկայ հայոց գոյութեան մասին, մինչդեռ երկրի քրտական այլ շրջաններու մէջ, յատկապէս` Զախօ, մեծ թիւով քրտախօս հայութեան մասին փաստեր կան:
Իրաքի 2003 թուի պատերազմէն ետք, քրտաբնակ վերոյիշեալ շրջաններէն դուրս ապրող ժողովուրդին մեծ մասը երկրի անապահով եւ տնտեսական պատճառներով արտասահման գաղթեց կամ տեղափոխուեցաւ դէպի քրտական ապահով վայրեր: Գաղթողներու շարքին էին երկրի հայաշատ շրջաններէն գաղութի զաւակները:

Մինչեւ 2013 թուականի վերջը Էրպիլի Անքաւա գիւղաքաղաքին մէջ հաստատուած էին 220 հայ ընտանիքներ (ըստ ռամկավար մամուլի թղթակից Համօ Մոսկոֆեանի), որոնք ընդհանրապէս եկած էին մայրաքաղաք Պաղտատէն եւ Մուսուլէն, ու բոլորն ալ սեփական մանր գործատէրեր են կամ ոչ պետական հաստատութիւններու մէջ կը գործեն, անոնցմէ երիտասարդները շինարարական եւ սպասարկման ասպարէզներու մէջ կ՛աշխատին եւ կը պայքարին պահպանելու իրենց համայնքին ինքնութիւնը:
Իրաքահայ թեմի Ազգային առաջնորդարանին թափած ջանքերուն շնորհիւ` նորակազմ համայնքը արդէն աշխուժացած է: Ազգային կեդրոնական վարչութեան ենթակայ Թաղական խորհուրդ մը կը մատակարարէ շրջանին մէջ հիմնուած մշակութային-ընկերային միութիւնը` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ շրջանի ժողովուրդին համախմբման` կիրակնօրեայ դպրոց հիմնելով եւ տարբեր ազգային ձեռնարկներ կազմակերպելով: Իսկ կրօնական պարտականութեան կատարման համար Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմը աշխուժօրէն կը մասնակցէր Էրպիլի մէջ հայկական եկեղեցւոյ կառուցման` յարմարելու համար ներքին տեղահանուած իրաքահայերու մեծ թիւին. սակայն Մուսուլի անկումէն ետք Արթուն քհնյ. Խալաթեան Էրպիլի հետզհետէ աճող հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ, սակայն եկեղեցւոյ կառուցման ծրագիրները ջնջուեցան, որպէսզի այդ գումարը յատկացուի գաղթականներու: Այլընտրանքի բացակայութեան` արտօնութիւն ձեռք բերուած է Անքաւա արուարձանին մէջ գտնուող ասորական եկեղեցւոյ մը մէջ, պատարագ մատուցել հետզհետէ աճող հայ համայնքին համար:
Արժանի է յիշատակել, որ քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանին մէջ մէկ հայ կայ, որ քրտական դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ է, հայութեան խնդիրները կը պաշտպանէ եւ քանիցս այցելած է Հայաստան:
Անքաւայէն զատ, Էրպիլ նահանգին պատկանող Կարակոշ գիւղաքաղաքին մէջ Մուսուլէն տեղափոխուած եւ հաստատուած են մօտ 25 ընտանիքներ: Իսկ վերոյիշեալ Քարամանլիսի մէջ, Ազգային առաջնորդարանի հետ խորհրդակցաբար, քրտական տեղական իշխանութիւնը Մուսուլէն հեռացած համայնքի զաւակներուն համար բնակարաններ կառուցելու եւ տեղաւորելու ծրագիրի իրագործման ձեռնարկեց. մաս մը տուներ կառուցուած են որոշ թաղամասի մէջ եւ բնակեցուած` հայ ընտանիքներով:
Սուլէյմանիա
Սուլէյմանիան` Իրաքի հիւսիսը, Փենճուինի եւ Հալապչայի լեռներուն ստորոտը գտնուող քաղաք մըն է` Քերքուկէն 110 քմ հեռու, հիւսիսարեւելեան կողմը: Ան հիմնուած է Պաղտատի օսմանցի կառավարիչի (վալի) Սուլէյման փաշայի օրերուն, 1780-ին:

Սուլէյմանիա քաղաքին մէջ 1880-ական թուականներէն փոքր հայ գաղթօճախ մը գոյութիւն ունեցած է: Այս մասին յիշատակութիւն կայ Սերովբէ Կարնեցիի «Ուղեգրութիւն Բաղդադից էջմիածին» գիրքին մէջ, ուր կը պատմէ իր եւ վանահայր Վրթանէս վարդապետին արկածալից պատմութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպած են Սուլէյմանիա` 23 ապրիլ 1812-ին, իջեւանած են փաշայի գլխաւոր մուշտակագործ Յովհաննէս անունով հայու մը տունը: Խօսելով քաղաքի բնակչութեան մասին` կ՛ըսէ. «շուրջ 4000 բնակիչ ունի, բոլորն էլ քիւրտեր են` բացառութեամբ 15 հայ, 15 նեստորական եւ 8 հրեայ ընտանիքներու»: Այս շրջանի հայերուն մասին այլ տեղեկութիւններ կը պակսին:
1927-1928, գաղթական ընտանիքներու փոքր խումբ մը կը հաստատուի հոս` առեւտրական կապեր հաստատելով տեղացի քիւրտերուն հետ, եւ անոնք կը դառնան բարեկեցիկ ընտանիքներ: Տեղւոյն քիւրտ ժողովուրդի սիրոյն ու համակրանքին արժանանալուն պատճառով շուտով ասոնց կը միանան ուրիշներ: Այսպէս կը կազմուի 117 անձերէ բաղկացեալ գաղութ մը, որ կը մտահոգուի իր զաւակներու հայեցի դաստիարակութեամբ:
Արշակ Ալպոյաճեանի «Իրաքի հայերը» գիրքին մէջ կը կարդանք Մեսրոպ քհնյ. Օրջանեանի 1933-ի «Գրպանի օրացոյց»-ի մէջ հրատարակուած յօդուածէն հետեւեալը. «Այս ափ մը հայերը 1931-ին ձեռնարկեցին փոքր վարժարանի մը կառուցման 25 աշակերտներով, սակայն կառավարական արտօնագիրին ձգձգումը, իրենց նիւթականի անբաւարարութիւնը եւ այլ պատճառներ արգելք եղան սոյն բարի ձեռնարկի յաջողութեան: Քերքուկի հոգեւոր հովիւը` Մեսրոպ քհնյ. Օրջանեան, ամէն ջանք թափեց` գործը նպաստաւոր արդիւնքի յանգեցնելու եւ դիմում կատարեց ՀԲԸՄ-ին»:
Ըստ Համբարձում Աթէշեանի` Պուէնոս Այրէսի մէջ լոյս տեսնող «Հայ կեդրոն» 1956-ի տարեցոյցին մէջ հրատարակուած «Իրաք եւ հայերը» յօդուածին եւ Զօրա Իսքենտերեանի «Յուշեր պատմութեան» գիրքին, կը կազմուի հոգաբարձութիւն մը` յանձինս Կարապետ Նալպանտեանի, Շահէ Այճեանի եւ Օֆիկ Օսկանեանի, եւ կը բացուի փոքր դպրոց մը, որ երկար տարիներ կը գոյատեւէ:
Սուլէյմանիան նշանաւոր ըլլալով ծխախոտի մշակութեամբ, 1930-ական թուականներուն Իրաքի պետութիւնը քանի մը տարուան պայմանագիրով շուրջ 25 հայ մասնագէտներ կը ղրկէ շրջան` իրենց մասնագիտութիւնը տեղացի գիւղացիներուն սորվեցնելու համար: Հայ մասնագետները մեծ գնահատանքի կ՛արժանանան տեղացիներուն կողմէ եւ պայմանագրութեան աւարտին բնակութիւն կը հաստատեն Սուլէյմանիա:
Քերքուկի հոգեւոր հովիւը տօնական օրերուն կ՛այցելէր շրջան ու կը պատարագէր: Սակայն ժամանակի ընթացքին շրջանի հայերը կը ցրուին Իրաքի զանազան քաղաքներուն մէջ, այնպէս որ, 2000 թուականի սկիզբը շրջանը ամբողջութեամբ պարպուած էր հայ բնակչութենէն: Այսօր, սակայն, քաղաքական պայմաններու բերումով, երկրի հայաշատ շրջաններէն, յատկապէս` անապահովութեան պատճառով, նոր բնակիչներ սկսած են հոս հաստատուիլ:
(Շար. 1)