Թարգմանեց` ՎԱՐԴԱՆ ՄԱԹԷՈՍԵԱՆ
Հայագիտութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը, աշխարհի քիչ մը ամէն կողմ, գլխաւորաբար կեդրոնացած են Մեծ եղեռնի եւ յաջորդող տարիներու քաղաքական դէպքերուն վրայ: Սակայն նախաեղեռնեան շրջանի Օսմանեան կայսրութեան հայոց կեանքը գրեթէ չէ պեղուած: Եթէ կորսուած անցեալ մը պիտի ողբանք, արդեօք պէտք չէ՞ ծանօթ ըլլանք կորսուածին: 2011-ին հիմնուած «Յուշամատեան» ծրագիրը ուղղուած է իմացութեան ու յիշողութեան այս հսկայ բացը գոցելու:
«Յուշամատեան»-ի ու իր կայքին նպատակն է օսմանեան հայերու ամէնօրեայ կեանքի ու ընկերային միջավայրի բազմակողմանի վերակառուցումը: Յօդուածներու կողքին, կայքը կ՛օգտագործէ բազմաթիւ այլ միջոցներ, ինչպէս` պատմական արժէքով երաժշտական ձայնագրութիւններ, բանաւոր պատմութիւններ, լուսանկարներ, ժապաւէններ, քարտէսներ, podcast-ներ եւ այլն: «Յուշամատեան»-ը նաեւ հրատարակած է անգլերէն հատոր-ալպոմ մը` «Օսմանեան հայեր. կեանք, մշակոյթ, ընկերութիւն» անունով (Ottoman Armenians: Life, Culture, Society), որ ակադեմական յօդուածներ եւ հարիւրաւոր նկարներ կը պարունակէ:
Այս մասին դասախօսութիւն մը ներկայացուցին դոկտ. Էլքէ Հարթմանն ու դոկտ. Վահէ Թաշճեանը` «Յուշամատեան» ծրագիրի գլխաւոր հիմնադիրները: Դոկտ. Հարթման` աւագ գիտաշխատող Ludwig Maximilian University-ի մէջ (Միւնիխ), մասնագիտացած է արդի օսմանեան եւ հայոց պատմութեան մէջ: Դոկտ. Թաշճեան ներկայիս «Յուշամատեան» կայքի գլխաւոր խմբագիրն է: Ան հրատարակած է շարք մը ակադեմական յօդուածներ` Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի հայութեան մասին: Դասախօսութիւնը կազմակերպած էր Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի տնօրէն դոկտ. Գրիգոր Մոսկոֆեան, իսկ ձեռնարկի ատենավարն էր Վազգէն Դաւիթեան` դոկտորական թեկնածու Birkbeck-ի մէջ (University of London):
Դոկտ. Էլքէ Հարթման նախ ընդգծեց, որ ներկայիս կը պակսին հետազօտութիւնները հայոց կեանքին ու շրջանի այլ ժողովուրդներու հետ անոնց յարաբերութիւններուն մասին, ինչ որ ընդարձակ բաց մը ստեղծած է: Անառարկելի է հայոց դերը Օսմանեան կայսրութեան քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային կեանքին մէջ: Հայալեզու աղբիւրներու տպաւորիչ հարստութիւնը ներկայիս անգործածական կը մնայ, թէեւ կրնայ լուսաբանել օսմանեան շրջանը` Փոքր Ասիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Դոկտ. Հարթման դիտել տուաւ, որ օսմանեան հայերու հանդէպ հետաքրքրութեան վերակենդանացումը դեր պիտի խաղայ իբրեւ ժխտողական պատմութեան պատասխան` Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ, քանի որ անիկա վէճ պիտի յարուցէ ճակատագիրին մասին այն ժողովուրդներուն, որոնք անցեալին վիթխարի ազդեցութիւն ունեցած են շրջանին վրայ:
Դոկտ. Վահէ Թաշճեան իր կարգին հաստատեց, որ Եղեռնէն ետք գաղափարախօսական փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած է հայ մտաւորական տարածքին մէջ: Հայոց պատմութիւնը յաճախ ուսումնասիրուած է ազգայնական ակնոցով, որ կը նպատակադրէ Ցեղասպանութեան չարիքները սրբագրել քաղաքական միջոցներով: Ասիկա մշուշոտած է նախաեղեռնեան հայ կեանքն ու մշակոյթը, յատկապէս` հայերու եւ իրենց դրացիներու յարաբերութեանց վերաբերեալ: Այս գաղափարական շրջադարձը դէպի ազգայնականութիւն` ազդած է հայ կեանքի բոլոր ոլորտներուն վրայ` քաղաքականութենէն սկսած մինչեւ գրականութիւն ու երաժշտութիւն, ինչպէս եւ` հայկական ինքնութեան վրայ: Ընդհանուր առմամբ, կարելի է խօսիլ հայ կեանքի համահարթեցումին (homogenization) մասին, այսինքն` «զտարիւն», «օտար» ազդեցութիւններէ մաքրուած հայ ինքնութեան մը ձեւաւորումին:
Հայոց պատմութեան այս ազգայնական մեկնաբանութիւնը կեդրոնացած է հայ-թրքական կարծեցեալ «անխուսափելի» պայքարի մը վրայ` ընկերային եւ մշակութային կեանքի երբեմնի բոլոր համատեղ երեսակները դուրս ձգելով: Այսպիսով, ընկերային ու քաղաքական յարաբերութիւնները հայերու եւ այլ խմբաւորումներու միջեւ կոպիտ պարզեցումի ենթարկուած են: Դոկտ. Թաշճեան վերյիշեց իր դպրոցական տարիներուն փորձառութիւնը: Օսմանեան կայսրութեան հայոց պատմութիւնը քաղաքականացած ազգայնական տեսանկիւնէ մը ներկայացուած էր` սկսելով Պերլինի վեհաժողովէն, որուն խոստացած բարենորոգումները մերժուած էին` առաջնորդելով զինեալ պայքարի սկզբնաւորութեան: Այս կէտէն մեկնելով` աշակերտը կ՛անցնի համիտեան ջարդերէն, Մեծ եղեռնէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումէն: Շեշտը յստակօրէն կը դրուի օսմանեան հայերու մութ տարիներուն եւ հայ յեղափոխական շարժումի հերոսականութեան վրայ: Հայաստանի Հանրապետութեան ու սփիւռքի մէջ, այսպիսով, հայ պատանիները միայն մաքրազտուած ու խիստ քաղաքականացած պատմութեան տարբերակով մը կը դաստիարակուին:
Սակայն Եղեռնի վերապրողներուն կողմէ զարգացուած վկայագրութիւնը վերապատմած է անոնց կեանքը օսմանեան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ: Վերապրողները գիտակից էին, որ իրենք հայոց յիշողութեան վերջին կրողներն էին եւ նպատակ կը հետապնդէին անմահացնել իրենց գիւղերուն ու քաղաքներուն յիշատակը: Այս գրական շրջանը տեւած է 1920-ական թուականներէն մինչեւ 1970-80-ականները, երբ վերջին վերապրողները սկսած են անհետանալ: Դոկտ. Թաշճեան ցոյց տուաւ 300 գիրքերու ցուցակ մը` «Յուշամատեան»-ի կայքէջին վրայ, որ միայն հրատարակուած գիրքեր կ՛ընդգրկէ. իրենց հրապարակային բացայայտման սպասող գանձեր կան տակաւին անհատներու տուներուն մէջ: «Յուշամատեան»-ը այս սկզբնաղբիւրները կ՛օգտագործէ Անատոլիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու պատմութիւնը վերականգնելու ու նկարագրելու համար:
Դոկտ. Հարթման ապա յիշեց «Յուշամատեան» ծրագիրին սկիզբը, երբ նիւթական աջակցութիւն կ՛որոնէին: Հիմնադիրները բախտաւորուեցան նման աջակցութեամբ` Հրեշտակեան եւ Գալայճեան ընտանիքներուն կողմէ, որոնք խանդավառուեցան ծրագիրի նպատակներով: Ասիկա «Յուշամատեան»-ի խմբակին թոյլ տուաւ իր ժամանակը տրամադրել հիմնական հետազօտութեան, կազմակերպական կառոյցի պատրաստութեան եւ, վերջապէս, կայքի հիմնադրութեան: Աւելի ուշ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը սկսաւ հովանաւորել երկու ծրագիրներ, որոնք «Յուշամատեան»-ի գործունէութեան մաս կը կազմեն. յօդուածներու թրքերէն թարգմանութիւնը եւ դպրոցներու հետ համագործակցութիւնը:
«Յուշամատեան»-ի անձնակազմի անդամներն են լիաժամ պատմաբան մը` Վահէ Թաշճեան, եւ լիաժամ կայքի գծագրող-արուեստագէտ մը` Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան: «Յուշամատեան»-ի մասնաժամ աշխատող է Շողեր Մարկոսեանը, որ կը համակարգէ դպրոցներու հետ համագործակցութիւնը ու նաեւ պատասխանատու է կայքի յատուկ բաժինի մը` բաց թուային արխիւին:
Կայքը կը յատկանշուի ամբողջովին հայերէն իր բովանդակութեամբ, որուն մեծ մասը արեւմտահայերէն է, թէեւ արեւելահայերէն որոշ գրութիւններ ալ կան: Ասոր նպատակն է պահպանել արեւմտահայ մշակոյթը եւ հակադարձել Ցեղասպանութեան, որ փորձած էր մարել այս լեզուն ու անոր կրած մշակոյթը:
Ամբողջ բովանդակութիւնը նաեւ անգլերէնի եւ թրքերէնի կը թարգմանուի, ինչ որ ոչ հայախօսներու առիթը կու տայ «Յուշամատեան»ի ներկայացուցած տեղեկութիւններուն ծանօթանալու: Աւելի՛ն. թրքերէն թարգմանութիւնները Թուրքիոյ ժողովուրդին կը բացայայտեն անոր բնակած հողերուն պատմութիւնը: Դոկտ. Հարթման յիշեց, որ թրքախօս ընթերցողները, փաստօրէն, ամէնէն աւելի շահագրգռուած են «Յուշամատեան»-ի աշխատանքով եւ ամէնէն աւելի աշխուժութիւն ցոյց տուած` կայքի բովանդակութեան իրենց հակազդեցութեամբ: Կայքը արժէքաւոր աղբիւր մըն է օսմանեան եւ հայկական պատմութեան սկզբնաղբիւրներ փնտռող ուսումնասիրողներու համար:
Կայքի բովանդակութիւնը բաժնուած է ըստ աշխարհագրական տեղադրութեան ու նիւթի: Աշխարհագրական վայրերը ցոյց կը տրուին Օսմանեան կայսրութեան վարչական քարտէսի մը վրայ: Այս իմաստով, մոռցուած հայկական վայրերու վերայայտնութիւնը Անատոլիոյ քարտէսներուն մէջ կարեւոր իրագործում մըն է: Մանրակրկիտ կերպով պատրաստուած քարտէսները ցոյց կու տան քաղաքներու նախագիծը եւ կը նկարագրեն փողոցներն ու շէնքերու տեսակները: Ա՛լ աւելի մանրամասնօրէն կը ներկայացուին հայկական գիւղերու տուները: Միւս կողմէ, հետազօտելի բազմաթիւ թեմաներ ու ենթաթեմաներ կան` խոհանոցէն մինչեւ երաժշտութիւն ու տնտեսութիւն: Իբրեւ օրինակ` դոկտ. Թաշճեան լսարանին ցոյց տուաւ Խարբերդի խոհանոցի մասին գրուած յօդուած մը:
Դոկտ. Թաշճեան ամփոփեց «Յուշամատեան»-ի ծրագիրը` իբրեւ արհեստագիտութեան, պատմական հետազօտութեան եւ արուեստի միախառնում մը: Դասախօսութեան վերջին մասը նուիրուած էր արուեստին: Դոկտ. Հարթման ընդգծեց, որ «Յուշամատեան»-ին նպատակը միայն պատմական տեղեկութիւններու ներկայացումը չէ, այլ` անցեալը կեանքի կոչել արուեստի միջոցով, Սիլվինա Տէր Մկրտչեանի կողմէ հետազօտուած ինքնութեան, կորուստի եւ երիտասարդացումի թեմաներով: Հագուստներու, գործիքներու, ասեղնագործութեան եւ ձեռագործներու բազմագոյն ներկայացումը տարբեր շրջաններու եւ քաղաքներու հայերու այլազանութեան գեղարուեստական վերակառուցում մըն է: Կայքի արուեստի աշխատանքին ընդհանուր թեման (ծրագիրի գոյապատճառը` անշուշտ) ընդունումն է, որ հաւաքուած յիշողութիւնները մաս կը կազմեն անցեալի մը, որ երբեք կարելի չէ իսկապէս վերստեղծել: Կայքի արուեստի գործերէն շատերուն պարագային, այդ յիշողութեան ուրուանկարային ըլլալու գաղափարը տեսանելի է. ան կը ներկայացնէ յիշողութեան մշուշոտ շերտերը, որոնք վերստին կեանքի կը կոչուին, բայց` երբե՛ք իրենց բնատիպ ձեւով:
Ներկայացումին վերջաւորութիւնը նուիրուած էր այն ընտանիքներուն, որոնք «Յուշամատեան» ծրագիրին հայթայթած են իրենց նկարները, պատմութիւնները, գիրքերը, նամակները եւ իրենց նախնիներէն մնացած այլեւայլ նմուշներ ու յիշատակներ: Այս գանձերը ծրագիրի անբաժանելի ու էական մասը եղած են: Կայքին մէկ մասը նուիրուած է այս ընտանեկան հաւաքածոներուն, որոնք կու գան սփիւռքի ու Հայաստանի բոլոր կողմերէն:
Հարց ու պատասխանի բաժինին մէջ լսարանէն անդամ մը վերապատմեց իր ճամբորդութիւնները Տիգրանակերտի մէջ, յատկապէս յիշելով, որ հանդիպած էր խանութի մը, ուր հարիւրաւոր սափորներու շարքին, սափոր մը «Էրմենի քիլի» (հայկական կաւ) կոչուած էր ու բժշկական նպատակներով կը գործածուէր: Իրեն համար հաճելի անակնկալ մըն էր, որ շրջանի մարդիկը որոշ ապրանքներ տակաւին կը կապէին աւելի քան դար մը առաջ վտարուած հայերուն հետ: Դոկտ. Հարթման վերահաստատեց, որ այս դրուագը եւ նման իրի մը յայտնագործումը կը կազմեն «Յուշամատեան» ծրագիրի էութիւնը, այսինքն` յայտնաբերել ո՛չ միայն կորսուած հայկական անցեալ մը, այլ` անցեալ մը, որ հասարակաց է շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն եւ բաժնուած է ազգայնականութեան պատճառով:
Ժխտողականութեան գործընթացը, փաստօրէն, կը մերժէ այդ հողերու բոլոր ժողովուրդներուն եւ ո՛չ միայն հայերու պատմութիւնը: Հայկական ներկայութեան եւ շրջանի մշակութային, ընկերային ու տնտեսական կեանքին վրայ հայերու ունեցած ազդեցութեան ժխտումը նպաստած է Թուրքիոյ ներկայ ինքնութեան տագնապին:
Լսարանէն ուրիշ անդամ մը հետաքրքրուած էր «Յուշամատեան» ծրագիրի կրթական բաժինով, քանի որ անիկա կը ներկայացուի աշխարհասփիւռ հայկական դպրոցներու: Դոկտ. Թաշճեան դիտել տուաւ, որ ծրագիրի ներկայացումին յաջողութիւնը գլխաւորաբար կապուած է ուսուցիչի շահագրգռուածութեան հետ: Մարսէյի ու Պոլսոյ դպրոցներուն մէջ ներկայացումները յաջողութեամբ անցած են, բայց նոյնը կարելի չէ ըսել Լիբանանի փորձառութեան մասին: Դոկտ. Թաշճեան լիբանանահայ աշակերտներուն հետաքրքրութիւնը արթնցնելու ձախողութիւնը չվերագրեց բացառաբար ծրագիրը ներկայացնող ուսուցիչի անկարողութեան ու հետաքրքրութեան պակասին, այլ` լիբանանահայ համայնքի ընդհանուր մտայնութեան: Գլխաւոր վիճելի կէտը այն է, որ Օսմանեան կայսրութեան հայերու պատմութեան ներկայացումը լիբանանահայ դպրոցներուն մէջ տիրող պատումին հակասող տարրեր կը պարունակէ: Այսուհանդերձ, «Յուշամատեան» նախագիծին ներկայացումները պիտի շարունակուին այլ համայնքներու մէջ: Այս տարի անիկա պիտի երթայ Յունաստան, եւ յոյս կայ, որ յառաջիկայ տարի ծրագիրը ներկայացուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու համայնքներուն:
Այս յօդուածը կայքէջի մը մասին է, որուն հասցէն չէ նշուած՝ http://www.houshamadyan.org/home.html