Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պաղեստինեան Երուսաղէմի Ճանաչման Թրքական Նախաձեռնութիւնը

Դեկտեմբեր 19, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահին յայտարարութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի կամ Պաղեստինի մէջ դեսպանատուն բանալու, կարելի է բնական շարունակութիւնը նկատել Անգարայի կողմէ նախաձեռնուած եւ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ ժողովին ընթացքին Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաք ճանչնալու որոշումին:

Անգարան այս հարցին մէջ գերաշխուժ վարքագիծ կը դրսեւորէ: Շարժառիթային քանի մը հանգամանքներ կարելի է մտաբերել այս յայտարարութիւններուն առիթով:

Նախ, բնականաբար Անգարան պահը պիտի փորձէր լիարժէքօրէն շահարկել համաարաբական եւ այս պարագային նոյնիսկ համաիսլամական հարթութիւններու վրայ հեղինակութիւն ամրագրելու: Շրջանին մէջ ի վերջոյ Անգարայէն աւելի Թել Աւիւին թշնամի նկատուող եւ ըստ էութեան թշնամի եղող այլ երկիրներ ու պետութիւններ կան, որոնք Անգարայի օգտագործած հռետորաբանութենէն եւ նախաձեռնողականութենէն ետ կը մնան:

Համակրանք, զօրակցութիւն շահելու, բայց նաեւ հեղինակութիւն վերահաստատելու քաղաքական այս քայլը թիրախային տարբեր ուղղութիւններ ունի. սիւննի զանգուածը, արաբական աշխարհը ընդհանրապէս եւ անշուշտ իսլամ զանգուածները:

Ներսէուտական իրադարձութիւնները նկատի ունենալով եւ Ռիատի համեմատական թուլացումի ժամանակները օգտագործելով` Անգարան այսպիսով կը շրջանցէ նաեւ Եգիպտոսը եւ նախ սիւննի դաւանանքին պատկանող զանգուածներուն, ապա ընդհանրապէս արաբական իսլամական աշխարհին` ներքին սպառման շուկային համար վաճառուող յարմար արտադրանքով կը ներկայանայ:

Բայց բնականաբար միայն այդ չէ շարժառիթը: Յայտարարողական թիրախը որքան Թել Աւիւը, նոյնքան Ուաշինկթընն է այս պարագային: Ի վերջոյ որոշումի յայտարարութիւն կատարողը Միացեալ Նահանգներու նախագահն է, որուն հակաքայլ որոշումներ եւ համարժէք պատասխան քայլեր առնելու վճիռներ կը հնչեցնէ Թուրքիոյ նախագահը:

Տարածաշրջանին մէջ բեւեռացում յառաջացուցած Երուսաղէմի քաղաքային կարգավիճակի այս խնդիրին մէջ Անգարան կ՛ուզէ խաղալ երկրորդ բեւեռի դերը: Էրտողան ընդդէմ Թրամփ այս խաղին մէջ Էրտողանի առած քայլը յենած է սակայն Մոսկուա-Թեհրան-Անգարա վերջին շրջանին դրսեւորուած ռազմաքաղաքական առանցքին վրայ: Թէեւ իրար ոչնչացնելու ամբաստանութիւններով ոչ վաղ անցեալին հանդէս եկած Թել Աւիւն ու Թեհրանը Անգարայի այս գերաշխուժ դրսեւորումները չեն ցուցաբերեր: Անգարայի լարումի տանող հռետորաբանութենէն հեռու է նաեւ Մոսկուան, որ միայն վերջերս շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաշինկթընին, Փեթերսպուրկի մէջ ապահովական հարցերու հետ կապուած կանխարգիլումի գործողութեան իրականացման օժանդակած ըլլալու փաստին առիթով:

Անշուշտ Անգարայի այս մեղադրական շեշտերն ու առած հակաքայլերը միտումնաւոր են եւ տեսանելիօրէն կը բացատրուին նշուած հանգամանքներով:

Հայկական առումով եւս դիտարկելի կէտեր կան այստեղ. նախ անմիջապէս յիշենք, որ պաշտօնական Թեհրանը իսլամական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութենէն բխած յայտարարութեան առումով հրապարակած էր որոշ վերապահութիւններ: Նկատի ունենալով նաեւ Պաքուին ոչ աշխուժ դիրքորոշումը Երուսաղէմի գծով ստեղծուած երկուութեան մէջ, կը նշմարուի անմիջապէս, որ Անգարան եւ Պաքուն այս հարցին մէջ չեն որդեգրած համահունչ դիրքորոշումներ: Պաքուն կը յատկանշուէր վերջերս Թել Աւիւի նկատմամբ իր որդեգրած սերտ յարաբերութիւններով, եւ աւելի՛ն` շեշտուած ռազմական համագործակցութեամբ:

Այս հանգոյցներուն հետ, թէեւ ոչ ուղղակի, այնուամենայնիւ քաղաքական տրամաբանութեամբ աղերս կրնայ ունենալ նաեւ դեկտեմբերի 17-ին տեղի ունեցած Նախիջեւանի օրէնսդիր մարմնի ղեկավար Վասիֆ Թալիպովի եւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի հանդիպման առիթով, ազրպէյճանական մամուլի շեշտուած քննադատութիւնները Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի արտաքին քաղաքականութեան մասին: Չմոռնանք, որ ազրպէյճանական մամուլը ամբողջովին կը վերահսկուի Պաքուի կեդրոնական իշխանութիւններուն կողմէ:

Այս բոլորով հանդերձ, դժուար թէ Էրտողանի հրապարակային յայտարարութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի կամ պաղեստինեան Երուսաղէմի ճանաչման առումով  առարկայանայ: Այս խնդիրը կը շարունակէ մնալ իբրեւ գլխաւոր նիւթ` սկսուած պարանաձգութեան: Առ այս պահը Անգարան եւ Թել Աւիւը ռազմավարական յատուկ գործընկերներ են:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «ՕԹԱՆ-ի Հետ Հայաստանի Համագործակցութիւնը Բնականոն Կը Զարգանայ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?