Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հինգերորդ Դարու Պատմիչը Կը Նկարագրէ Հայ Հասարակութեան Ողբալի Վիճակը

Դեկտեմբեր 19, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Վերջերս ընկերներէս մէկը ինծի ղրկած էր 5-րդ դարու պատմիչ Մովսէս Խորենացիի գրածներէն հատուած մը, ուր ան կը նկարագրէ հին Հայաստանի մէջ տիրող ընկերային ողբալի պայմանները:

«Սուրբ Մովսէսը կրնար այս խօսքերը դիւրութեամբ գրել մեր հայ հոգեւորականներու, ղեկավարներու, եկեղեցւոյ, դատաւորներու, կազմակերպութիւններու եւ մեր մասին այսօր` 2017-ին, այնպէս, ինչպէս ըրած է 5-րդ դարուն: Իսկ ի՞նչ փոխուած է 1600 տարուան մէջ եւ ի՞նչ պիտի փոխուի: Իսկ եթէ ոչինչ փոխուի՞: Իսկ եթէ մենք այդպիսի՞ն ենք: Հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած գլխաւոր մարտահրաւէրն է ինչպէս գոյատեւել եւ յաջողութեան հասնիլ միջազգային ասպարէզի մէջ եւ յոյսը չկորսնցնել: Հակառակ Սուրբ Մովսէսի նկարագրած մեր վատ բնաւորութեան` փաստ է, որ այս փոքր ժողովուրդը ձեւով մը ճամբայ գտած է գոյատեւելու եւ հասած է մինչեւ մեր օրերը: Եկէ՛ք` չողբանք Հայաստանի վրայ: Եկէ՛ք` ուրախանանք մեր զաւակներով, թոռներով եւ պայծառ ապագայով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ստեղծել մեր ժողովուրդին համար», մեկնաբանած էր ընկերս:

Ստորեւ ներկայացուած մէջբերումը Մովսէս Խորենացիի «Պատմութիւն Հայոց» աշխատութենէն է. անիկա վերնագրուած է «Ողբ` Հայոց թագաւորութեան Արշակունեաց ցեղէն դադրելուն մասին եւ եպիսկոպոսապետութեան` Սուրբ Գրիգորի տոհմէն»:

Մովսես Խորենացին կը գրէ.

«Կ՛ողբամ քեզ, Հայո՛ց աշխարհ, կ՛ողբամ քեզ, բոլոր հիւսիսային ազգերու մէջ վեհագոյնդ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ եւ ուսուցանողդ. վրդովուեցաւ խաղաղութիւնը, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտեցաւ ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեցաւ տգիտութեամբ չարափառութիւնը:

Կը խղճամ քեզի` Հայաստանեայց եկեղեցիիդ, բեմիդ բարեզարդութենէն անշքացած, քաջ հովիւէն եւ հովուակիցէն զրկուած: Այլեւս չեմ տեսներ քու բանաւոր հօտը դալար վայրի մէջ եւ հանգիստ ջուրերու մօտ արածելու պահուն, եւ ոչ ալ փարախի մէջ հաւաքուած` գայլերէ զգուշանալու համար, այլ` ցիրուցան եղած անապատներու եւ գահավէժ վայրերու մէջ…

Ուսուցիչները` տխմար ու ինքնահաւան, իրենք իրենցմէ պատիւ գտած եւ ոչ թէ Աստուծմէ կոչուած, դրամով ընտրուած եւ ոչ թէ սուրբ հոգիով. ոսկեսէր, նախանձոտ, թողած հեզութիւնը, որուն մեջ Աստուած կը բնակի եւ գայլ դարձած` կը գիշատեն իրենց հօտերը:

Կրօնաւորները` կեղծաւոր, ցուցամոլ, սնափառ, պատուասէր, քան` աստուածասէր:

Հոգեւորականները` հպարտ, դատեր սիրող, դատարկախօս, ծոյլ, գիտութիւններն ու վարդապետական գրուածքները ատող, առեւտուր եւ կատակերգութիւններ սիրող:

Աշակերտները` սորվելու մէջ ծոյլ, սորվեցնելու մէջ փութաջան, որոնք դեռ չսորված` աստուածաբաններ են:

Ժողովրդականները` ամբարտաւան, ստահակ, մեծխօսիկ, աշխատանքէ խուսափող, հարբեցող, վնասագործ, ժառանգութենէ փախչող:

Զինուորականները` անարի, պարծենկոտ, զէնք ատող, ծոյլ, ցանկասէր, թուլամորթ, կողոպտիչ, գինեմոլ, յելուզակ, աւազակներու բնութենակից:

Իշխանները` ապստամբ, գողերուն գողակից, կաշառակեր, կծծի, ժլատ, ագահ, յափշտակող, աշխարհ աւերող, աղտեղասէր, ծառաներուն համամիտ:

Դատաւորները` տմարդի, սուտ, խաբող, կաշառակեր, իրաւունքը չպահպանող, անհաստատ, հակառակող:

Եւ ընդհանրապէս սէրն ու ամօթը բոլորէն վերացած…

Որովհետեւ (մեզ) տիրեցին խստասիրտ ու չար թագաւորներ, որոնք ծանր, դժուարակիր բեռներ կը բարձեն, անտանելի հրամաններ կու տան: Կառավարիչները կարգ չեն պահպաներ, անողորմ են, սիրելիները դաւաճանուած են, թշնամիները` զօրացած. հաւատքը կը ծախուի այս աշխարհի ունայն կեանքի համար: Ասպատակութիւններ կու գան անհատնում, շատ վայրերու վրայ, տուները կը գերուին, ստացուածքները կը յափշտակուին, նշանաւոր մարդիկ կը կապուին, յայտնի անձեր կը բանտարկուին, դէպի օտարութիւն կ՛աքսորուին ազնուականները, անթիւ նեղութիւններ կը կրեն ռամիկները, կը գրաւուին քաղաքներ, կը քանդուին ամրոցներ, կ՛աւերուին աւաններ, կը հրդեհուին շինութիւններ, անվերջ սովեր եւ հիւանդութիւններ եւ բազմատեսակ համաճարակներ: Աստուածապաշտութիւնը մոռցուած է, դժոխքի ակնկալութիւն…»:

Այս «Ողբը» ինծի ղրկած ընկերս Մովսէս Խորենացիի` 1600 տարի առաջ Հայաստանի մէջ տիրող ողբալի վիճակի նկարագրութիւնը կը համեմատէ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակին հետ… Անշուշտ կարելի չէ հայ հասարակութեան մէջ ընդհանրացնել բոլորը: Մեր հասարակութեան բոլոր հատուածներուն մէջ կան բաւական յարգելի բացառութիւններ` ուսուցիչներու, հոգեւորականներու, զինուորականներու, ուսանողներու, դատաւորներու եւ ղեկավարներու շրջանակներու մէջ:

Ես համաձայն եմ ընկերոջս հետ, երբ ան յոյս կը յայտնէ, որ մեր ժողովուրդը պիտի գոյատեւէ` հակառակ բոլոր թերութիւններուն եւ անյաջողութիւններուն եւ հակառակ ներքին ու արտաքին բոլոր թշնամիներուն, ինչպէս որ ըրած է դարեր շարունակ` սկսած այն ժամանակներէն, երբ Մովսէս Խորենացին գրած է իր խիստ քննադատական դիտողութիւնները…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Հայրենահանումը Մեր Ժողովուրդի Ամէն Օր Ապրուող Աղէտն Է

Յաջորդը

Մինչեւ Տարեվերջ Թալիշ Կը Վերադառնան Առաջին Ընտանիքները

RelatedPosts

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէին` Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրիի Բացում
Անդրադարձ

Մենք Պէտք Է Յաջողինք Վերստին Հրապարակ Բերել Հայու Նժդեհի Հաւատացած Տեսակը*

Յուլիս 15, 2025
Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?