Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Համամճեանի Յիշատակին

December 16, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Տերեւաթափ է դարձեալ:

Հարազատ ու սիրելի դէմքեր մէկիկ-մէկիկ կը հեռանան մեզմէ:

Այս անգամ Յակոբ Համամճեանն էր հրաժեշտ տուողը` Քանատայէն, ուր լուռ ու մունջ իր հոգին կ՛աւանդէր, առանց «մնաք բարով» ըսելու մեզի:

Ան անվերադարձ կը բաժնուէր մեզմէ, իր ետին ձգելով վիշտ ու յուզում, խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, հարազատները, ծանօթներն ու բարեկամները:

Իր մահով կը կորսնցնենք արուեստագէտ ու տիպար հայ մը եւ վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական մը, որ տարիներու իր ներդումը ունեցած է միութեան վերելքին ու ծաղկումին մէջ:

Յակոբ Համամճեան ծնած է 1932-ին, Հայաշէն:

Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Սէն Կրէկուար ճեմարանին մէջ, կը նետուի կեանքի ասպարէզ` ոսկերչութեան:

Շատ կարճ ժամանակի մէջ ինքնաշխատութեամբ կը տիրանայ ոսկերչութեան արհեստի գաղտնիքներուն եւ արհեստը կը վերածէ արուեստի` դառնալով փնտռուած ոսկերիչ մը:

Յակոբ Համամճեան 40 տարիներ վարած է Լիբանանի ոսկերիչներու արհեստակցութեան ատենապետի պաշտօնը եւ 2004-ին ստացած ՎԱՐՊԵՏ-ի կոչում` Հայ ոսկերիչներու միութեան կողմէ:

Հոս կ՛արժէ յիշել նաեւ, որ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետները օրին իրեն վստահած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յուշանուէրներն ու շքանշանները պատրաստելու աշխատանքը:

ՀՄԸՄ-ի մէջ Յակոբ Համամճեան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն:

Փոքր տարիքէն մաս կազմած է միութեան սկաուտական շարքերուն` ըլլալով գայլիկ, արի եւ երէց:

Սկաուտութեան մէջ արձանագրած իր փայլուն գործունէութեան իբրեւ արդիւնք կը նշանակուի նախ Պէյրութ մասնաճիւղի եւ ապա շրջանային մակարդակով խմբապետ:

Մարզական կեանքն ու սկաուտութիւնը իր անբաժան առօրեան ըլլալով, շրջան մը մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի աթլեթի խումբին` մասնակցելով ողիմպիական մրցաշարքերու: Ինչպէս նաեւ եղած է հիմնադիր անդամ Լիբանանի մէջ գործած երբեմնի «Սիփան» դահուկարշաւի միութեան:

ՀՄԸՄ-ի մէջ իբրեւ սկաուտ եւ մարզիկ գործելէ ետք, ան կը նետուի վարչական գործունէութեան:

Երկար տարիներ մաս կը կազմէ իրերայաջորդ սկաուտական խորհուրդներու, շրջանային յանձնախումբերու եւ վարչութիւններու, ապա կ՛ընտրուի Մերձաւոր Արեւելքի շրջանային վարչութեան անդամ:

Իբրեւ գնահատանք տարիներու իր վաստակին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային վարչութեան կողմէ 1986-ին կ՛արժանանայ «Ծառայութեան» շքանշանին, իսկ աւելի ուշ` 2014-ին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը զինք կը պարգեւատրէ «Արժանեաց» շքանշանով:

Յակոբ Համամճեան եղած է տիպար հայր մը, կազմած է հայ ընտանիք Աշխէն Պէօյիւքեանի հետ ու բախտաւորուած երկու զաւակներով:

Մասնակցութիւն բերած է նաեւ ազգային գործին, աշխատելով Ազգային Թորգոմեան ու Չաթալպաշեան վարժարաններու Խնամակալութեան մարմիններուն մէջ:

Մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը Քանատայէն կը հետեւէր հայրենիքի ու հայ ազգը հետաքրքրող լուրերուն եւ ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերուն արձանագրած արդիւնքներուն:

Քառասուն օրեր առաջ իր կեանքը իմաստալից պայքարի վերածած նման հայորդի մը հողին յանձնուեցաւ հեռաւոր Քանատայի մէջ:

Դժբախտաբար Յակոբ Համամճեան թաղուեցաւ հայրենիքէն ու Լիբանանէն տասնեակ հազարաւոր մղոններ հեռու, եւ մենք հազիւ կարողացանք ցաւիլ ու ցասումով հետեւիլ թաղման արարողութեան:

Հայու ճակատագիր:

Աստուած միայն գիտէ, թէ հայը ո՛ւր պիտի ծնի, ո՛ւր պիտի ապրի եւ ո՛ւր պիտի թաղուի:

Սիրելիի մը կորուստին անակնկալ գոյժը կը  ստիպէ մեզ, որ անցեալի քաղցր յիշատակները արթուն պահենք մեր մէջ եւ տարիները քանի մը վայրկեանի մէջ տողանցեն մեր յիշողութեան վարագոյրին վրան:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ եղբ. Յակոբ:

Խունկ ու մոմ քու անմոռաց յիշատակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

 

Նախորդը

Կարապետ Գույումճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Օրուան Արդիական Եւ Ժամանակակից Պատգամները

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.