ՊԱՐԳԵՒ
8 դեկտեմբերին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեակը` ժողովրդային տօնակատարութեամբ:
ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ օրուան պատգամը ուղղեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Բագրատունի կեդրոնացաւ հայութեան արդի, ժամանակակից հարցերուն վրայ եւ տուաւ իրապաշտ պատասխաններ` բոլոր հարցադրումներուն, որոնք կը վերաբերին հայկական իրականութեան: Ան նախ եւ առաջ ներկայացուց Դաշնակցութեան օրուան պատգամին ընկերային-տնտեսական բուն ակունքները, որոնք են` ժողովրդային հասարակ խաւերը (մշակը, բանուորը, ռենչպերը): Դաշնակցութիւնը կը պայքարի յանուն այդ խաւերու պայքարի հոգիով ներշնչման եւ զարթնումին` ընդդէմ ընկերային եւ տնտեսական անարդարութիւններու, եւ այս առնչութեամբ ալ պատգամաբերը ըսաւ. «Դաշնակցութեան օրը սոսկ տարեդարձ չէ, այլ հայ ժողովուրդին պայքարելու կամքին նշման օրն է, հայ մշակին, բանուորին, ուսուցիչին, գործատիրոջ, շահագործումը մերժողին, անշահախնդիր մարդու օրն է»:
Դաշնակցութեան սկզբունքներու համաձայն եւ անոր պատմութեան վկայութեամբ, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց հայկական հասարակութեան մէջ ամէն մէկ ընկերային խումբի դերակատարութիւնը` ի նպաստ հայ ազգի զարգացման ու բարգաւաճման: «Հայ կնոջ օրն է Դաշնակցութեան օրը, որ տակաւին կնոջ իրաւունքներու այսօր ծաւալած պահանջատիրութենէն հարիւր տարի առաջ հայ կինը նկատած էր անհպելի սիւն` իր կուսակցութեան եւ ժողովուրդին»: Ահա այս տողերը ցոյց կու տան ամբողջ աշխարհին, որ Դաշնակցութեան մէջ տեղ չունի սեռային խտրականութիւնը: Դաշնակցութեան որոշումին հաւասարապէս ենթարկուած են իգական եւ արական սեռերուն պատկանող անդամները, ինչպէս նաեւ երկու սեռերուն պատկանող անդամներն ալ կրնան պատասխանատուութեան պաշտօնը ստանձնել ՀՅԴ-ին մէջ: Հայ կինը Դաշնակցութեան թէ՛ գրիչին եւ թէ՛ սուրին ծառայած է: Այս խօսքերը միայն պատմութիւն չեն, այլ նաեւ մեր ժամանակակից կեանքին մաս կազմած են: Օրինակ, այս տարի Հուրի Սարգիսեան նշանակուեցաւ կեդրոնական քննիչ խորհուրդի մէջ ընդհանուր քննիչ իսկ Լիբանանի տնտեսական-ընկերային խորհուրդի մէջ նշանակուեցան ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած երկու անդամներ եւ երկուքն ալ կիներ են (դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեանն ու Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեանը), իսկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Դաշնակցութիւնը ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքին կողմ արտայայտուեցաւ:
«Դաշնակցութեան օրը գաղափարական հայ մարդու տօնն է. այն մարդուն, որ կը մերժէ ընկերային անարդարութիւնը, բռնատիրութիւնը, դասակարգային խտրականութիւնը. օրն է այն հայուն, որ լրջախոհութեամբ բռնած է ազատութեան գաղափարը»: Իր հիմնադիր գլխաւոր դէմքերէն (Քրիստափոր Միքայէլեան, Ստեփան Զօրեան եւ Սիմոն Զաւարեան) սկսեալ, անցնելով մինչեւ Գարեգին Խաժակ, Միքայէլ Վարանդեան, Արշակ Ջամալեան, Աւետիք Սահակեան, հասնելով` Սարգիս Զէյթլեանին, Հրայր Մարուխեանին, Հրայր Խալաթեանին, որոնք իրենց գաղափարաշունչ հոգին նուիրեցին Դաշնակցութեան արիւնոտ երթին: Գաղափարապաշտներ, որոնք Դաշնակցութիւնը դարձուցին ընկերային արդարութեան կուսակցութիւն` թէ՛ տեսական եւ թէ՛ գործնական իմաստով: Օրինակ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակ մեծամասնութեամբ համայնացուեցան եկեղեցւոյ սեփականութիւնը եղող հողերը եւ դարձան հանրութեան կողմէ մշակման առարկայ:
«Դաշնակցութեան օրը հայ երիտասարդին օրն է` արհեստաւոր, աշակերտ թէ ուսանող: Այն երիտասարդին, որ կը հաւատայ, թէ երիտասարդութիւնը տարիքային սահմանում չունի, այլ` պայքարելու կամք, փոփոխութիւն յառաջացնելու ձգտում, քննարկելու եւ քննադատելու ոգի»: Մարդկային ընկերութեան մէջ միշտ երիտասարդ տարրն է, որ կը յառաջացնէ նորութիւնը եւ կը դառնայ նորարարութեան ուղիի առաջնորդը: Դաշնակցութեան պատմութեան գաղափարական, կազմակերպական եւ քաղաքական էջերուն մէջ միշտ ալ մեծ դեր ունեցած է երիտասարդութիւնը: Երիտասարդներ էին ՀՅԴ-ի հիմնադիրները, երիտասարդներ էին 1907-ին վերամշակուած ծրագիրը որդեգրողները, երիտասարդներ էին 1905-ի եւ 1917-ի Փետրուարեան յեղափոխութիւններուն ժամանակ Դաշնակցութեան երեւելի յեղափոխական գործիչները:
Պատգամախօսը անդրադարձաւ նաեւ հայութեան ապազգայնացման եւ համաշխարհայնացման վտանգներուն, մարդը իր մարդկայնութենէն պարպելու փորձերուն, ընկերային տագնապներուն, շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն, ազատութեան ըմբռնումի նոր մօտեցման, հայկական իրականութեան մէջ շուկայական տրամաբանութեան, փտածութեան, ինքնութեան կորուստին, Հայաստան-սփիւռք կապերը խաթարելու փորձերուն, որոնց հակազդելու ձեռնոցը կը վերցնէ Դաշնակցութիւնը, որ կը տագնապի այս բոլորով եւ կը նախաձեռնէ անոնց շրջանցման տարբեր միջոցներու: Հայ ազգային ինքնութիւնը ամրապնդելու եւ ՀՅԴ-ի ազգային գաղափարախօսութիւնը վերանորոգելու ճամբով, անցեալ տարի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հիմը դրաւ «Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտ»-ին, որ կը բաղկանայ երեք մասերէ (Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտ, Հայ մանուկի ֆոնտ եւ Ընտանիքի բազմացման ֆոնտ), որոնք կը հանդիսանան զէնքեր` ընդդէմ համաշխարհայնացման, ապազգայնական քամիին եւ վառ կը պահեն հայկականութիւնը` առանց սեռի, դաւանանքի կամ նոյնիսկ ծննդավայրի խտրութեան (ներառելով նաեւ իրաքահայերն ու սուրիահայերը):
Թող ամչնան բոլոր անոնք, որոնք Դաշնակցութիւնը կը նկատեն «հին, քարացած» կուսակցութիւն. Դաշնակցութիւնը երիտասարդ է իր հոգիով ու մտքով: Ան երիտասարդ է իր գաղափարախօսութեամբ, որ միշտ քայլ կը պահէ միջազգային զարգացումներուն հետ: Կարդացէ՛ք ՀՅԴ պատմութեան նուիրուած գիրքերը եւ կը տեսնէք, որ ան միշտ ալ յառաջդիմական գաղափարներու աղբիւրը եղած է հայկական իրականութեան մէջ: Կարդացէ՛ք ՀՅԴ գաղափարաբանական հրատարակութիւնները եւ կը տեսնէք, որ միշտ ալ դաշնակցական գաղափարական հասկացողութիւնները նորոգութեան ենթարկուած են: Անգամ մը կարդացէք եւ յետոյ ձեր բերանները բացէք…