Կ. Պոլսոյ Մէջ Վերաբացուեցաւ Եւ Օծուեցաւ Քուրուչեշմէ Թաղամասի Հայկական Եկեղեցին
ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ / «Ակօս» Կ.Պոլսի Քուրուչեշմէ թաղամասի Սուրբ Խաչի Երեւման հայկական եկեղեցին, վերանորոգման ենթարկուելէն ետք, վերստին իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ի, կը հաղորդէ Կ.Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթը: Աղբիւրին համաձայն, դեկտեմբեր 9-ին Հոգեւոր խորհուրդի նախագահ, Սահակ եպս. Մաշալեանի ձեռամբ կատարուած օծման արարողութեան ներկայ գտնուած են` Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին ենթակայ հոգեւորականներ, օծուող եկեղեցիի վագըֆի...



















