Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարտահրաւէրներ Յաղթահարելու Կոչուած Նորարարութիւնը Հայաստանի Մէջ

Դեկտեմբեր 18, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նախակատար» Հոսանքը Եւ Սերժօ Օգանովի
«
Մուն Պայ Ուան Ռինկ»-ը Կամ` «Միօղակ Լուսին»-ը

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Արհեստագիտական բանականութեան սրընթաց զարգացման դրական հետեւանքներէն է «նախակատար» հոսանքի երեւոյթը, որ աւելի ծանօթ է «սթարթ-ափ» անունով: Անգլերէն «սթարթ-ափ» արտայայտութիւնը բառացիօրէն կը նշանակէ` բան մը սկսիլ, մղել: Խորքին մէջ, սակայն, անիկա գոյութիւն ունեցող տուեալներու մտայղացքային համադրումով ձեռք բերուած կատարելագործումի եւ իրագործումի նախաքայլն է, ինչպէս կը հաստատեն այս մարզի մասնագէտ, փորձագէտները: Այլ խօսքով, «նախակատար» խումբը կ՛առաջադրէ արհեստագիտական որոշ հմտութիւն եւ ստեղծագործ մտայղացք: Այս իմաստով, հինգ տարուան փորձառութիւն ունեցող ընկերութիւն մը տակաւին կրնայ նկատուիլ «սթարթ-ափ»` ըստ համակարգչային եւ առնչակից մարզերու բրիտանացի մասնագէտ Փոլ Կրահամի (1964-…):

Արհեստագիտական մտայղացքի համադրումը, սակայն, կարելի չէ իրագործել առանց համաներդրումի, դրամահաւաքի կամ «քրաուտֆանտինկ»-ի (crowdfunding) եւ համապատասխան քարոզարշաւի: Այս բոլորը միջազգային, յատկապէս` առաջատար երկիրներու պարագային:

 

Իսկ Հայաստան հեռու չէ արհեստագիտական ճարտարարուեստի յեղափոխութեան «բարիքներէն»: Տակաւին, անցնող դարաշրջանին Հայաստան կը նկատուէր նախկին Խորհրդային Միութեան «Սիլիքոն Հովիտը»: Գլխաւորաբար հայազգի մասնագէտներու կողմէ իրագործուած` Հայաստան կը հայթայթէր նախկին Խ. Միութեան զինուժի կեդրոնական համակարգիչներու համակարգին քառասուն առ հարիւր համեմատութիւնը(1): Յետանկախութեան շրջանին թեւ ու թռիչք առաւ նաեւ այս մարզը, եւ Հայաստան իր հմուտ մարդուժի տուեալներով եւ խոստմնալից կարողականութիւններով յաջողեցաւ ներգրաւել միջազգային ընկերութիւններ` իրենց գործունէութիւնը ծաւալելու նաեւ Հայաստանի մէջ, ինչպէս` հանրածանօթ «Սինոփսիս» ընկերութիւնը, որ 2004-ին արդէն իր մէկ մասնաճիւղը կը հիմնէր Հայաստանի մէջ:

«Նախակատար»-«սթարթ-ափ»-ի այս հոսանքը զգալի յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ յատկապէս վերջին տարիներուն, չըսելու համար` վերջին տասնամեակին: Հետզհետէ «նախակատար»-ներու յատուկ մշակոյթ կը զարգանայ Հայաստանի մէջ: Պետութիւնը կը զօրակցի ու մօտէն կը հետեւի անոր գործունէութեան: Օրինակ` իր հրապարակած Նորարարութեան ազգային համակարգի ձեւաւորման ռազմավարական հորիզոններու ծիրին մէջ Հայաստանի պետական պատկան մարմինը 2011-ին արդէն յայտարարեց «Հորիզոն 3 մինչեւ 2020 թ.» ծրագիրը: Նմանապէս` հաստատուած է «նախակատար»-ի յատուկ ակադեմիա (Start-up academy): Այս մասին տեսութիւններու եւ փորձառութիւններու յատուկ գրականութիւն ալ կը զարգանայ, ինչպէս` «սաքսես» կայքի (success.am) հիմնադիր եւ «Փոխիր կեանքդ» «Կամքի ուժ» եւ «Ինչպէ՞ս ղեկավարել սովորութիւնները» գիրքերու հեղինակ, համակարգչային եւ «նախակատար» «սթարթ-ափ»-ի փորձագէտ Հրաչեայ Մանուկեանին գործերը: Այս ծիրին մէջ տարեկան աւելի քան հարիւր «նախակատար»-«սթարթ-ափ» խումբեր կը յայտնուին իրենց իրագործումներով, որոնց քսան առ հարիւրը կ՛արժանանան ու կը նուաճեն առաջնակարգ դիրքեր, ինչպէս` Ազատ Թովմասեանի գլխաւորած «Վոլթըրմեն սմարթ ուոլեթ»-ի նախակատար – «սթարթ-ափ» խումբը(2):

Նմանապէս` այս մարզի զարգացման կը զօրակցին ու կը հետեւին ՄԱԿ-ի թէ միջազգային հեղինակաւոր ընկերութիւններու պատկան մարմիններ:

«Նախակատար»-«սթարթ-ափ» այս հոսանքի նորագոյն օրինակներէն է համակարգչային եւ առնչակից մարզերու մասնագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) դասախօս Սերժօ Օգանովի մտայղացած «Մուն պայ ուան ռինկ» կամ «Միօղակ լուսին»-ը: Այս գնդաձեւ եզակի արտադրութեան հիմնական իրագործումը այն է, որ անիկա կը ներշնչէ մտային անդորրութիւն` մէկէ աւելի մարզերու մէջ: Համայն տիեզերքին վրայ իր ազդեցութեամբ յատկանշուող լուսինը յիշեցնող այս կլոր գործիքը կրնայ իր արհեստագիտական գերարդիական սարքերով հսկել մեր տան, գործատեղիին թէ ժողովասրահին անցուդարձերուն` մեզ զգուշացնելով անբնական, արտասովոր, տարօրինակ երեւոյթներէ եւ դէպքերէ: Այլ խօսքով,  այս գործիքին միջոցով կարելի է օրական 24 ժամ անընդհատ հետեւիլ մեր երեխաներու թէ տան մէջ «բնակող» անասուններու (շուն, կատու…) շարժուձեւերուն: Նմանապէս` անոր միջոցով կարելի է տեղեկանալ մեր գտնուած վայրի կենսոլորտային եւ առնչակից պայմաններուն (խոնաւութիւն, ջերմաստիճանի փոփոխութիւն…) մասին: Նախօրօք ծրագրուած ու կիրարկուած յաւելուածներով (application) կարելի է հետեւիլ եւ իմանալ նշեալ մարզերու մէջ արտասովոր որեւէ նորութեան մասին: 360 աստիճան ինքնամղիչ շրջադարձով «Մուն պայ ուան ռինկ»-ի մէջ զետեղուած լուսանկարչական գերարդիական սարքն ու յարակից կազմածները մեզի կը տեղեկացնեն անցուդարձերն ու արտասովոր որեւէ շարժում: Անթել կամ անլար լիցքաւորումով  (wireless charging) այս փոքրիկ «լուսնեակը» կարելի է զետեղել որեւէ տեղ, ուր անիկա կրնայ ճշդել տուեալ աղմկոտ վայրի մէջ բուն խօսողին դիրքը եւ զայն զատորոշել ու «զտել» կողմնակի աղմուկէն: Անիկա կրնայ գործել նաեւ օդին մէջ ծածանած կամ ճախրող դրութեամբ: Այս գործիքին միջոցով հեռակայ դրութեամբ կարելի է հակակշռել նաեւ տան (կամ առհասարակ որեւէ վայրի) մէջ զետեղուած առտնին գործիքներն ու կազմածները (հեռատեսիլ…):

Այս գործիքին քարոզարշաւն ու համաներդրումի դրամահաւաքը (crowdfunding) վստահուած է հանրածանօթ «Ինտիկոկօ» (Indiegogo) ընկերութեան: Անիկա արդէն որոշ ճամբայ կտրած է իր նախատեսած թիրախէն եւ լիայոյս է, որ առաւելագոյնը յառաջիկայ մարտ 2018-ին կարելի կ՛ըլլայ վաճառել եւ շուկայ իջեցնել այս գործիքը: Անոր նիւթական զօրակցութեան (backing) ժամկէտը գրեթէ արդէն իր աւարտի սեմին է: Այլ խօսքով, ոչ ոք պիտի ուզէ փախցնել աշխարհի որեւէ անկիւնէն մեր տան թէ գործատեղիի անցուդարձերուն հեռակայ դրութեամբ (remote controle) հետեւելու եւ ի հարկին` միջամտելու (հաւանական փորձանք մը` գող, հրդեհ…) կարելիութիւնը տրամադրող այս եզակի գործիքէն օրինակ մը ունենալու առիթը:

 

Սերժօ Օգանովի մտայղացած այս «Միօղակ լուսին»-ը կամ «Մուն պայ ուան ռինկ»-ը եւ նման իրագործումներ «յաւելեալ արժէք» են Հայաստանի առանց այդ ալ հմուտ ու ստեղծագործ մարդուժի վարկին համար: Այն միջոցին, երբ ազգային առաջնահերթ հիմնահարցերէն են` հայրենիքէն արտագաղթի, մարդուժի, հայկական «ուղեղ»-ի արտահոսքի երեւոյթները, նման իրագործումներ յոյսի նշոյլ մը, երեւանաբոյր վարդագոյն տուֆի քար մը «կը զետեղեն» Հայաստանի վերելքի բուրգին վրայ: Սերժօ Օգանովի պարագան օրինակելի է այն առումով, որ ան, ինչպէս ինք «կը խոստովանի» ԵՊՀ-ին մէջ տուած իր մէկ դասախօսութեան ընթացքին, իր «ծնողքին պարտադրանքով հայրենադարձ եղած է»: Ան մինչեւ օրս հոն տիրող ապրուստի թէ տնտեսական ոչ նախանձելի պայմաններէն փոխանակ յուսալքուելու եւ արտագաղթելու` յաջողած է յաղթահարել այլազան մարտահրաւէրները եւ ինքնակերտումէն անդին` իր ներդրումը ունենալ նաեւ հայրենիքի ծաղկումի ու յառաջդիմութեան  ճիգերուն: Աւելի՛ն. Օգանով գոհ ու երախտապարտ է եւ «շնորհակալութիւն»  կը յայտնէ իր ծնողքին: Ան մտադիր է իր այս գործիքի յաջողութեան լոյսին տակ նման մտայղացքներ կիրարկել նաեւ Արցախի մէջ թէ այլուր` հայրենի հողի պաշտպանութեան յատուկ զինուորական սարքերուն մէջ:

Նման նախաձեռնութիւններով ու յատկապէս անոնց զօրակցելով է, որ կը ծաղկի ու կը յառաջդիմէ իր դարաւոր թմբիրէն վերանկախացած, հայութեան, համա՛յն հայութեան գուրգուրանքի կիզակէտ նկատուող մեր բնօրրանի ազատ ու անկախ այս փոքրիկ ու չքնաղ երկիրը: Եւ այս` որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել  հետագայ հաւանական դժբախտութեանց կրկնութիւնը, ինչպէս վերջերս  իրաւամբ կը մատնանշէր ՀՀ ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ, գնդապետ Յովհաննէս Եմիշեանը, Հայաստանի մէջ երկրաշարժի դէմ դիմադրականութեան մասին հարցումի մը տուած իր հետեւեալ պատասխանին մէջ. «Եթէ ունենայինք այսօրուայ պատրաստուածութիւնը, կը կարողանային փրկել տուժածների մօտ 90 տոկոսին: Իրազեկման խնդիրն ամենակարեւոր անելիքներից մէկն է» (3):

Այս գերարդիական «Մուն պայ ուան ռինկ» գործիքին մասին յաւելեալ մանրամասնութեան համար կարելի է հետեւիլ «Ինտիկոկօ»-ի հետեւեալ կայքին.

https://www.indiegogo.com/projects/moon-by-1-ring-world-s-coolest-smart-home-system-camera-security#/

——————-

1.- https://thenextweb.com/asia/2017/03/17/armenias-rising-tech-scene-new -silicon-valley-former-soviet-union/
2.- https://www.aztagdaily.com/archives/359814
3.- http://www.yerkir.am/news/view/141518.html

Նախորդը

Երուսաղէմի Օրակարգ

Յաջորդը

Զեկուցումներ` Հայկական Ինքնութեան, Սփիւռքի Կազմակերպման Եւ Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան Մասին

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?