Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչեւ Տարեվերջ Թալիշ Կը Վերադառնան Առաջին Ընտանիքները

December 19, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ բացի հիմնական վերանորոգման աշխատանքներէն` որոշ առանձնատներուն մէջ իրականացուած են կցակառուցման աշխատանքներ: Բոլոր տուներուն համար առկայ են բաղնիքներ, խոհանոցներ, կահաւորուած ննջասենեակներ եւ հիւրասենեակներ:

Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարին համաձայն, շինարարական աշխատանքներու յաջորդ փուլով պիտի կառուցուի եւս 10 տուն. երկուքին աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են: Բացի բնակելի տուներէն, այս պահի դրութեամբ աւարտին կը մօտենան համայնքային բազմագործառոյթ կեդրոնի վերակառուցման աշխատանքները, ուր կ՛ընթանան ներքին եւ արտաքին ներկարարական աշխատանքները: «Համայնքային կեդրոնի շէնքը կ՛ունենայ համայնքի ղեկավարի աշխատակազմին համար նախատեսուած սենեակներ, բուժկէտ, երիտասարդներու ժամանցի համար խաղասենեակներ: Շէնքի յարակից տարածքին մէջ կը կառուցենք նաեւ կաթսայատուն, որ ծառայելու է ոչ միայն համայնքային կեդրոնին, այլեւ` դպրոցին ու մանկապարտէզին: Կը վերակառուցուի նաեւ գիւղի հանդիսութիւններու դահլիճը, որ աւերուած էր հրետակոծութեան պատճառով: Շէնքի հիմքերը ուժեղացուած են, տանիքի ծածքը ամբողջութեամբ նորոգուած է: Ներկայիս այնտեղ եւս շինարարական աշխատանքները աւարտման փուլին են, եւ հիմնականին մէջ բարեկարգման աշխատանքներ կ՛իրականացուին: Մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսենք շահագործման յանձնել համայնքային կեդրոնի եւ հանդիսութիւններու դահլիճի շէնքերը», ըսած է Կ. Շահրամանեանը եւ` աւելցուցած, որ մինչեւ 1 սեպտեմբեր 2018 շահագործման կը յանձնուին նաեւ դպրոցի եւ մանկապարտէզի շէնքերը` իրենց բոլոր յարմարութիւններով` բարեկարգումով, գիշերային լուսաւորութեամբ եւ խաղահրապարակներով:

Կ. Շահրամանեանը նշեց, որ Թալիշի մէջ կառուցուող հասարակական նշանակութեան բոլոր շէնքները ապահովուած են ապաստարաններով, որոնք կրնան ծառայել նաեւ հարեւանութեամբ գտնուող տուներու բնակիչներուն:

Բացի պետական միջոցներէն, ըստ քաղաքաշինութեան նախարարին, Թալիշի վերակառուցման ծրագիրներուն մէջ աշխուժ մասնակցութիւն ունի նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: Հիմնադրամին կողմէ յատկացուած է շուրջ 900 միլիոն դրամ: Այդ միջոցներով հնարաւոր դարձած է գիւղին մէջ շինարարական աշխատանքները աւելի արագացնել: Մարդոց կենսագործունէութեան համար կը ստեղծուին բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, գրեթէ ամբողջութեամբ վերականգնուած են առկայ ենթակառուցուածքները, կը բարեկարգուին փողոցները, մայթերը, կ՛ապահովուի փողոցներու գիշերային լուսաւորութիւնը:

 

Նախորդը

Հինգերորդ Դարու Պատմիչը Կը Նկարագրէ Հայ Հասարակութեան Ողբալի Վիճակը

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. Գիտակցուած Ընտրութիւն

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.