Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակի Տօնակատարութիւն Արցախի Մէջ
Դեկտեմբեր 14-ին Ստեփանակերտի «Սայաթ Նովա»-ի անուան երաժշտական քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 127-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկը:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, Լիբանանի «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, Արցախի քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պետական անձնաւորութիւններ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, կուսակցականներ եւ հիւրեր:
ՀՅ դաշնակցութեան 127-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անունով ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանը, որ ներկայացուց Արցախի մէջ ՀՅԴ գործունէութիւնը` շեշտելով նաեւ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցներու գործունէութիւնը Արցախի ճանաչման եւ Հայ դատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մէջ: Աւարտին Վահրամ Բալայեանը շնորհաւորեց ՀՅԴ օրուան առիթով եւ նշեց. «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Արցախի պետականութեան վերակերտման 100-ամեակին ընդառաջ յար եւ նման հարցերու լուծումը հնարաւորութիւն կու տայ Արցախի Հանրապետութիւնը դարձնել բարգաւաճ ու անվտանգ երկիր»:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Արցախի Ազգային Ժողովի «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Վարդգէս Բաղրեանը, որ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան անունով շնորհաւորեց ՀՅԴ 127-ամեակը` մաղթելով բեղմնաւոր գործունէութիւն, ի փառս հայրենիքի զօրացման ու բարգաւաճման: Վարդգէս Բաղրեանը անդրադարձաւ եկող տարի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին. «Յայտնի է, որ այս հանրապետութեան հիմնադիրը ՀՅԴ է, որ այդ ծանր ժամանակներուն իր վրայ վերցուցած է այդ մեծ պարտականութիւնը: Ան նաեւ կարեւոր նկատած է Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Արցախի մէջ:
Տօնակատարութեան ընթացքին իր մաղթանքը յղած է նաեւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը: Պարգեւ սրբազանը շեշտած է` «Դաշնակցութիւնը լծուած էր պետականաշինութեան գործին, ընդգրկուած էր ազատագրական պայքարին մէջ, հերոսներ եւ նահատակներ տուաւ եւ ունի մէկ երազանք, որ կ՛երազէ ամէն հայ` ունենալ միացեալ, ազատ, անկախ պատմական Հայաստան»: Իր ելոյթի աւարտին սրբազան հայրը Դաշնակցութեան մաղթած է նորանոր յաջողութիւններ եւ մեր բոլորին` միացեալ երազանքներու իրականացում:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Լիբանանի «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, որ իր ելոյթով վերլուծելով միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքական իրավիճակը` կարեւոր նկատած է ՀՅԴ օրուան նուիրուած ձեռնարկին ժամանակն ու վայրը: Շահան Գանտահարեանը անդրադարձած է Հայաստանի պետականութեան վերականգնման, 1918 թուականի մայիսեան յաղթանակներու ուղղութեամբ Դաշնակցութեան ստանձնած դերին: Ապա անդրադարձած է հայկական զոյգ պետութիւններու զարգացման ընթացքին և այդ ուղղութեամբ Դաշնակցութեան մօտեցումներուն: Ապա Շահան Գանտահարեանը մանրամասն ներկայացուցած է ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխատանքները` շեշտելով ժամանակակից աշխարհին մէջ ցանցային կառոյցի առաւելութիւնը` ան նշած է. «Դաշնակցութիւնը հայաստանեան, արցախեան եւ աշխարհատարած կառոյցներով ու Հայ դատի կառոյցներով ցանցային այն համակարգն է, որ հայրենակեդրոն նպատակաուղղուած գործունէութիւն կ՛իրականացնէ` ի խնդիր մեր զոյգ պետութիւններու հզօրացման: Դաշնակցութեան հովանիին ներքեւ գործող Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները իրողապէս վերածուած են Արցախի Հանրապետութեան դեսպանութիւններու, Դաշնակցութեան մամուլն ու լրատուադաշտը շարունակելու են իրենց սիւնակներու առաջին տեղերը տրամադրել արցախեան լրատուութեան»: «Դաշնակցութեան քարոզչութեան մարմինները տարբեր երկիրներու պետական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ աշխատելու են առարկայականօրէն լուսաբանել հակամարտութեան էութիւնը` հակադարձելով հակառակորդներու ապատեղեկատուութեան»: Շահան Գանտահարեանը իր ելոյթի աւարտին հաւաստած է` «Կը ծառայենք Արցախի Հանրապետութեան»:
Տօնակատարութեան աւարտին Արցախի պետական նուագախումբի լարային քառեակի եւ դաշնակահար երաժիշտ Սիմոն Սարգսեանի կատարմամբ հնչած է դասական երաժշտութիւն, ապա 4 երգի կատարմամբ ելոյթ ունեցած է Գէորգ Հաճեանը` Մարինէ Բարխուդարեանի նուագակցութեամբ:
Հանդիսութեան նախասրահին մէջ ցուցադրուած են 100 տարի առաջ տպագրուած ՀՅԴ «Ապառաժ» կոմիտէի օրկան «Ապառաժ» թերթի ցուցանմուշներ:
Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարը Ընդունած Է Հայկազեան Համալսարանի Նախագահը
Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան և գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը 15 դեկտեմբեր 2017-ին ընդունած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեանը եւ անոր ուղեկցող` Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տագէսեանը:
Ողջունելով հիւրերը` Լեւոն Մկրտչեանը ընդգծած է, որ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը հայկական սփիւռքի մէջ այն բացառիկ կրթական կեդրոններէն է, որ ոչ միայն ծանրակշիռ ներդրում ունի հայագիտութեան պահպանման գործին մէջ, այլ մշտապէս առանձնացած է որակեալ համալսարանական կրթութեան ապահովմամբ: Նախարար Մկրտչեանը ընդգծած է այն հանգամանքը, որ համալսարանը լուրջ դերակատարութիւն ունի Լիբանանի բարձրագոյն կրթութեան համակարգին մէջ: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը կարևորած է Հայկազեան համալսարանի և Հայաստանի կրթական ու գիտական հաստատութիւններու միջև արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող փոխգործակցութեան ամրապնդմանը եւ հետագայ զարգացմանն ուղղուած գործնական քայլերու իրականացումը: Այդ համատեքստում զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի մէջ նախատեսուող հայագիտական դպրոցի հիմնադրման աշխատանքներու մէջ սփիւռքի ներգրաւման:
Լեւոն Մկրտչեանը ներկայացուցած է նաեւ կրթութեան համակարգին մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու ընթացքը` մասնաւորապէս շեշտելով հանրային քննարկման դրուած «Բարձրագոյն կրթութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծով առաջարկուող արմատական փոփոխութիւնները:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Հայկազեան համալսարանի նախագահը իր հերթին կարեւոր նկատած է հայաստանեան կրթական եւ գիտական հաստատութիւններու ու Հայկազեան համալսարանի միջեւ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղուած քայլերը: Փոլ Հայտոսթեանը նշած է, որ սփիւռքի մէջ կը հետեւին Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներուն եւ պատրաստակամ են իրենց փորձն ու գիտելիքները ի սպաս դնել ոչ միայն հայագիտական կրթական կեդրոնի հիմնադրման, այլ առհասարակ բարձրագոյն կրթութեան բարեփոխումներուն:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաև կրթութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-սփիւռք կապերու հետագայ ամրապնդման, սփիւռքահայութեան ներուժի իրացման ուղղուած այլ հարցերու:
Տեղեկատուութեան Եւ Հեռահաղորդակցութեան Արհեստագիտութեանց Համահայկական Ընկերակցութիւն Պիտի Հիմնուի
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 15 դեկտեմբերին ընդունեց «Սինոփսիս» ընկերութեան գլխաւոր ճարտարապետ, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, նոյն ընկերութեան գործադիր-տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանը, Տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութեանց գործատուներու միութեան նախագահ Արմէն Բալդրեանը, «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր» հիմնարկի ներկայացուցիչ Ժենիա Ազիզեանը, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան փոխտնօրէն Թովմաս Մազեճեանը (Լիբանան) եւ «Վիասֆեր Տեխնոպարկ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Վարուժան Մասարճեանը (Սուրիա):
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի մասնագիտական ընկերակցութիւն եւ ցանց ստեղծելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի համահայկական դաշտի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը: Սփիւռքի նախարարի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան արհեստագիտութեանց համահայկական ընկերակցութիւն ստեղծելու առաջարկին ներկաները տուին նախնական համաձայնութիւն:
Յաջորդ քայլով կը նախատեսուի կազմել մասնագէտներու խումբեր տարբեր երկիրներու մէջ` հետագային անոնց հաւաքը Երեւանի մէջ կազմակերպելու նպատակով:
«Թուֆենկեան» Հիմնադրամի Ծրագրիւն Մէջ Պիտի Ներառուին Քաշաթաղի Շրջանի Հիւսիսային Գիւղերը
«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը 2017 թուականին Արցախի մէջ իրականացուցած է շարք մը ծրագիրներ, որոնցմէ քանի մը հատը տակաւին ընթացքի մէջ են:
«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի օգնական Մետինա Յովհաննիսեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է, որ 2017 թուականին հիմնադրամին շնորհիւ Հադրութի շրջանի Առաջամուղ համայնքին մէջ շահագործման յանձնուած են վեց նոր բնակելի տուներ: «Անոնցմէ բացի` Առաջամուղին մէջ ընդլայնուած է նաեւ գիւղի դպրոցին շէնքը,, աւելցուցած են 4 նոր դասարաններ», նշած է Մ. Յովհաննիսեանը:
Ըստ անոր, հիմնադրամը Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Հայրենասէր» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան հետ միատեղ վերանորոգած է Քաշաթաղի շրջանի Հակ գիւղի դպրոցը: Հակի մէջ լուծուած է նաեւ խմելու ջուրի հարցը:
«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամը շարք մը ծրագիրներ իրականացուցած է նաեւ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ, մասնաւորապէս` հիմնովին վերանորոգած է գիւղին հիւանդանոցը, Իշխանաձորի մէջ հաստատուած սուրիահայ եւ լիբանանահայ ընտանիքներու բնակարաններ:
Մ. Յովհաննիսեան նշած է, որ «Վիրաւոր ազատամարտիկներու բնակարանային ապահովման» ծրագրի շրջանակներուն մէջ ընթացիկ տարուան ընթացքին վերանորոգուած է հինգ բնակարան:
Խօսելով ընթացիկ ծրագիրներու մասին` ան նշած է, որ աւարտման փուլին հասած է Ասկերանի Պատարա գիւղին մէջ վիրաւոր ազատամարտիկի մը տան վերանորոգման աշխատանքները:
«2018 թուականին կը նախատեսենք հիմնադրամի աշխատանքները կեդրոնացնել Քաշաթաղի շրջանի հիւսիսային գիւղերու ենթակառուցուածքներու վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակուին մեր մնայուն ծրագիրները», ընդհանրացուցեր է Մ. Յովհաննիսեանը:
Հայկական Շարժապատկերի Թանգարանը` Լաւագոյն Թանգարաններէն Մէկը
Հայկական Շարժապատկերի թանգարանը պիտի ըլլայ կենդանի թանգարան, ուր այցելուները պիտի դիտեն ժապաւէններ, պիտի լսեն դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի հանդիպին շարժապատկերի գործիչներու հետ:
Յայտնենք, որ 14 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Շարժապատկերի թանգարանի առաջին խորհրդանշական նմուշներու յանձնման արարողութիւնը: «Յուզիչ է այն երեւոյթը, որ մեր շարժապատկերի շատ կարեւոր մասունքներ պիտի հաւաքուին մէկ յարկի տակ: Շարժապատկերի թանգարանը պիտի չըլլայ մեռած, այլ` կենդանի, ուր ժապաւէններ պիտի վերանորոգուին, դասախօսութիւններ պիտի տրուին եւ ժապաւէններու ցուցադրութեան համար պիտի յատկացուի փոքրիկ դահլիճ: Անոր շնորհիւ մենք պիտի շարունակենք մեր երազը` հայկական շարժապատկերը մարդոց հասցնելու», ըսաւ Շարժապատկերի գործիչներու միութեան նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանը` աւելցնելով, որ աշխատանքները պիտի տեւեն մէկ-երկու տարի:
Ըստ վերջինիս, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը եւս մեծ ոգեւորութեամբ ընդունած է շարժապատկերի թանգարան հիմնելու գաղափարը:
Արմէն Ամիրեանը շնորհաւորեց թանգարան հիմնելու առաջին քայլերը եւ յայտնեց, որ իրենք արխիւներուն մէջ ստուգած են այն իրերը, որոնք կրնան խօսիլ շարժապատկերի պատմութեան մասին, եւ գտած են մեծ թիւով ցուցանմուշներ:
Հաղորդենք, որ թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուին մօտաւորապէս 100-120 կարեւոր նմուշներ, մնացեալները պիտի ըլլան վերացական: Թանգարանը պիտի գործէ Շարժապատկերի գործիչներու միութեան շէնքին մէջ: