Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Մեծ Սխալի Ամրագրումը

Դեկտեմբեր 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ ինքնամեկուսացման մէջ յայտնուեցան, երբ վեթոյի ենթարկեցին Երուսաղէմի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած եգիպտական բանաձեւը, որուն թեր քուէարկեցին խորհուրդին մնացեալ 14 անդամները:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նոյն օրը իր երկրին Ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւնը յայտարարելու ընթացքին նշեց, որ «Ամերիկան աշխարհի վրայ խաղաղութեան եւ արդարութեան աղբիւր մըն էր»` իրաւամբ օգտագործելով անցեալ եղանակը, որովհետեւ անոր երկիրը վաղուց, թերեւս նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի պաշտօնավարութեան աւարտին արդէն իսկ դադրած է այդպիսի աղբիւր մը ըլլալէ: Միւս կողմէ, եթէ անոր նպատակը ամերիկեան սրբազան առաքելութեան վերականգնումն է, ապա ան ի սկզբանէ ականահարեց այդ ազնիւ նպատակին իրագործումը, երբ որոշեց Երուսաղէմը ճանչնալ իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք, իր երկրին դեսպանատունը Թել Աւիւէն փոխադրել բռնագրաւեալ քաղաք եւ ՄԱԿ-ի մէջ իր երկրի ներկայացուցիչին թելադրեց վեթոյի ենթարկել եգիպտական բանաձեւը: Այդպիսով, Թրամփի Ամերիկան «խաղաղութեան եւ արդարութեան աղբիւր» մը դառնալու փոխարէն վերածուեցաւ Պաղեստինի մէջ բախումներու, արիւնահեղութեան, լարուածութեան եւ անարդարութեան աղբիւրի:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին մերժեց, թէ իր երկիրը կը հեռանայ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթէն, սակայն գործնական գետնի վրայ` քուէարկութեան ընթացքին հեգնականօրէն հաստատեց այդ իրողութիւնը: Ի զուր չէր, որ մինչ այդ ամերիկեան կողմէն սրբագրական քայլի մը նուազագոյն նշոյլի յոյսին կառչած, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս անմիջապէս յայտարարեց. «Այսօրուընէ սկսեալ կը մերժենք, որ Միացեալ Նահանգներ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ միջնորդ ըլլան»:

Իսրայէլի մէջ հերոսի վերածուած Հէյլի իր արարքով կը կարծէ Իսրայէլի դէմ ՄԱԿ-ի «հերթական անիրաւութիւնը» կանխարգիլած ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ ամրագրեց պաղեստինցիներուն դէմ իր նախագահին գործած անիրաւութիւնն ու Միացեալ Նահանգներու շահերուն անոր հասցուցած մեծ վնասը, ինչպէս նաեւ վերջին գամը գամեց Թրամփի կողմէ «սպաննուած» ամերիկեան միջնորդութեան դագաղին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Հերթական Նիստի Աւարտին. Քանաան. «2018-ի Պիւտճէն Ռազմավարական Անհրաժեշտութիւն Է»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?