Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Թադէոսեան (Պապաշա, 1865-1935). ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման «­Հայ­րիկ»ը. Դաշ­նակ­ցա­կան ղե­կա­վար գոր­ծի­չի բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թեան ա­ւան­դը

Դեկտեմբեր 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. Պ.

Դեկ­տեմ­բեր 19ին կ­’ո­գե­կո­չենք յի­շա­տա­կը մեր ժո­ղո­վուր­դի ե­զա­կի ծնունդ­նե­րէն ­Լե­ւոն Թա­դէո­սեա­նի, որ իր ան­ձով ու գոր­ծով ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց հայ ղե­կա­վար գոր­ծի­չի բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թեան ա­ւան­դը։

1935ի այս օ­րը, ­Փա­րի­զի մէջ, 70 տա­րե­կան հա­սա­կին աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի ու քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան ազ­գա­յին գոր­ծի­չի ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ նո­ւի­րեալ մը՝ ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեան, որ իր գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռա­քի­նու­թեան եւ անձն­դիր ծա­ռա­յու­թեան հա­մար ար­ժա­նա­ցաւ ­Պա­պա­շա (ռու­սե­րէն՝ հայ­րիկ) ա­նո­ւա­նու­մին։

Թէ՛ գա­ղա­փա­րի իր ըն­կեր­նե­րուն, թէ՛ մեր ժո­ղո­վուր­դի լայն խա­ւե­րուն հա­մար իս­կա­պէս բա­րո­յա­կան մեծ հե­ղի­նա­կու­թեան տէր «­Հայ­րիկ» մը ե­ղաւ ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեան։ Ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց իբ­րեւ բո­լո­րին «­Հայ­րիկ»ը՝ իր ան­սահ­ման բա­րու­թեամբ ու անձ­նա­զո­հու­թեամբ, ըն­կե­րա­սի­րու­թեամբ ու մար­դա­սի­րու­թեամբ, պար­զու­թեամբ ու հա­ւա­տար­մու­թեամբ, սկզբուն­քայ­նու­թեամբ ու ան­շա­հախնդ­րու­թեամբ։

Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի քրոջ որ­դին է ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեան, ծնած՝ ­Գողթն գա­ւա­ռի Վե­րին Ա­գու­լիս գիւ­ղը, 1865 թո­ւա­կա­նի ­Փետ­րո­ւար 2ին։ ­Հայ­րը վա­ճա­ռա­կան էր եւ խա­նութ ու­նէր ­Ջա­քա­թա­լա­յի մէջ, որ բա­ւա­կան հե­ռու էր Ա­գու­լի­սէն։ Ե­րեք տա­րին մէկ ան­գամ կու գար Ա­գու­լիս՝ տես­նե­լու ըն­տա­նի­քը եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ, ինչ­պէս Պա­պա­շա­յի կեն­սագ­րու­թեան մէջ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան կը նշէ, ե­րեք եղ­բայր եւ մէկ քոյր Թա­դէո­սեան­նե­րը ի­րար­մէ ե­րեք տա­րո­ւան տար­բե­րու­թիւն ու­նէին։ ­Լե­ւոն անդ­րա­նիկն էր տան, ­Սամ­սոն՝ միջ­նե­կը, իսկ ­Յով­սէփ՝ կրտսե­րը։ Ե­րեքն ալ հան­րա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան ա­նո­ւա­նի դէմ­քեր ե­ղան հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։

Հօր բա­ցա­կա­յու­թեան, ­Թա­դէո­սեան եղ­բայր­նե­րը կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցան ի­րենց մօր շուն­չով, որ իր զա­ւակ­նե­րը զգաս­տաց­նե­լու կամ ուղ­ղե­լու հա­մար կը դի­մէր «Ք­րիս­տա­փոր քե­ռիին»։ ­Թէեւ այն­քան ալ մեծ չէր տա­րի­քի տար­բե­րու­թիւ­նը Ք­րիս­տա­փո­րի եւ իր քրոջ որ­դի­նե­րուն մի­ջեւ, այ­դու­հան­դերձ՝ իր ան­հա­տա­կա­նու­թեան ու հա­սու­նու­թեան շնոր­հիւ, Ք­րիս­տա­փոր օ­րի­նա­կե­լի տի­պար եւ ա­ռաջ­նոր­դող հե­ղի­նա­կու­թիւն մը ե­ղաւ ­Թա­դէո­սեան եղ­բայր­նե­րուն, յատ­կա­պէս ­Լե­ւո­նի հա­մար։

Պա­պա­շա իր տար­րա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ Ա­գու­լի­սի ծխա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ՝ ու­սու­ցիչ ու­նե­նա­լով ­Րաֆ­ֆին։ Այ­նու­հե­տեւ, Ք­րիս­տա­փո­րի օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­լով, գիւ­ղի հո­գա­բար­ձու­թեան ծախ­սե­րով ու­ղար­կո­ւե­ցաւ քե­ռիին մօտ, ­Թիֆ­լիս, «­Ներ­սի­սեան» վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սու­մը ամ­բող­ջաց­նե­լու եւ այ­նու­հե­տեւ, Ա­գու­լիս վե­րա­դառ­նա­լով, չորս տա­րի գիւ­ղին մէջ ու­սուց­չու­թիւն ը­նե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ։

Կեան­քը դա­ժան գտնո­ւե­ցաւ այս հա­մեստ ըն­տա­նի­քին հա­մար։ ­Հայ­րը կան­խա­հաս մահ ու­նե­ցաւ, ­Թա­դէո­սեան­նե­րը որ­բա­ցան եւ ­Լե­ւոն պա­տա­նի հա­սա­կէն իր վրայ վեր­ցուց ըն­տա­նի­քին հո­գը։

Աս­տո­ւա­ծա­վախ եւ հա­ւա­տա­ցեալ էր ­Լե­ւոն, որ Ք­րիս­տո­սի մէջ մարմ­նա­ւո­րո­ւած կը տես­նէր յա­նուն մարդ­կու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան ա­զա­տագ­րու­մին իր անձն ու կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րող մեծ մար­դա­սէրն ու ըն­կե­րա­յին գոր­ծի­չը։ Այդ ներշն­չու­մով ալ Պա­պա­շա­յի մտա­ծո­ղու­թեան եւ նկա­րագ­րին մէջ ա­մուր տեղ գրա­ւե­ցին սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին կա­րիք­նե­րուն հաս­նե­լու եւ ցա­ւե­րը ա­մո­քե­լու հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թիւնն ու ամ­բող­ջա­կան անձ­նո­ւի­րու­մը։

1883ին, ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը փա­կեց հա­յոց ծխա­կան վար­ժա­րան­նե­րը։ Ք­րիս­տա­փո­րի յոր­դո­րով, ­Լե­ւոն ան­ցաւ ­Գան­ձակ, ուր թե­մա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սուց­չու­թեան լծո­ւե­ցաւ, բայց շու­տով բա­խում ու­նե­ցաւ տեղ­ւոյն կղե­րա­միտ եւ պահ­պա­նո­ղա­կան մտայ­նու­թեանց հետ։ Էջ­միած­նէն՝ ­Մա­կար ­Կա­թո­ղի­կո­սի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ, կրթա­կան յա­տուկ քննիչ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Գան­ձակ։ Ըմ­բոստ ա­շա­կեր­տու­թիւնն ու ու­սու­ցիչ­նե­րը պատ­ժե­լու իր կար­գադ­րու­թեանց ճամ­բով՝ Էջ­միա­ծի­նի կող­մէ ա­ռա­քո­ւած քննի­չը ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեա­նին զրկեց ոչ միայն տեղ­ւոյն դպրո­ցին մէջ, այ­լեւ՝ ո­րե­ւէ թե­մա­կան վար­ժա­րա­նի մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րե­լու եւ դա­սա­ւան­դե­լու ի­րա­ւուն­քէն։ Այդ­պի­սով վերջ գտաւ ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զը Պա­պա­շա­յի հա­մար, որ այ­նու­հե­տեւ հա­շո­ւա­պա­հա­կան իր ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով նե­տո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ՝ միա­ժա­մա­նակ նո­ւի­րո­ւե­լով հետզ­հե­տէ թափ հա­ւա­քող հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման։

1890ա­կան­նե­րուն ­Պա­պա­շա աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր ժո­ղով­նե­րուն եւ ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման սկզբնա­կան քայ­լե­րուն։ Ան­բա­ժան գոր­ծա­կի­ցը դար­ձաւ Ք­րիս­տա­փո­րի, որ ­Լե­ւո­նի մէջ գտած էր ոչ միայն ժո­ղո­վուր­դի լայն խա­ւե­րուն հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու եւ վստա­հու­թիւն ներշն­չե­լու բա­րո­յա­կան մեծ դրա­մագ­լու­խի տէր յե­ղա­փո­խա­կա­նը, այ­լեւ՝ կազ­մա­կերպ­չա­կան ան­դուլ աշ­խա­տան­քի, ան­շա­հախնդ­րու­թեան, ան­կա­շառ նկա­րագ­րի եւ տնտե­սու­մի բա­ցա­ռիկ ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րով օժ­տո­ւած գոր­ծի­չը։
Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեա­նի դաշ­նակ­ցա­կան եւ ազ­գա­յին-հան­րա­յին գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան աս­պա­րէ­զը դար­ձաւ ­Պա­քուն, ուր ան հաս­տա­տո­ւե­ցաւ 1900ին եւ ուր ան­դուլ գոր­ծեց մին­չեւ 1918ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին քա­ղա­քին գրա­ւու­մը թուր­քե­րուն կող­մէ։

Կով­կա­սի նաւ­թար­դիւ­նա­բե­րու­թեան կեդ­րոն ­Պա­քուն եւ Հ.Յ.Դ. Ոս­կա­նա­պա­տի Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն, այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ընդ­հան­րա­պէս կեդ­րո­նա­կան տեղ կը գրա­ւէին հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Իսկ ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեան շու­տով դար­ձաւ հայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ ռուս աշ­խա­տա­ւո­րա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րուն մէջ ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նած ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րէն մէ­կը, ո­րոշ պա­րա­գա­նե­րու նաեւ՝ բո­լո­րին «­Հայ­րիկ»ը, որ հիմ­նա­կան դեր ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­քին միաս­նու­թեան պահ­պան­ման, ամ­րապնդ­ման եւ ընդ­լայն­ման մէջ։

Պա­պա­շա­յի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը մեծ եւ ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­ղաւ թէ՛ «­Փո­թո­րիկ»ի ճամ­բով հայ­կա­կան ա­զա­տա­մար­տին մե­ծա­հա­րուստ հա­յե­րու նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին մէջ, թէ՛ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ներք­նա­պէս պա­ռակ­տե­լու փոր­ձե­րուն դի­մագ­րաւ­ման ճա­կա­տին վրայ՝ 1904-1907 թո­ւա­կան­նե­րուն, թէ՛ հայ-թա­թա­րա­կան ա­րիւ­նա­լի ընդ­հա­րում­նե­րու հանգ­րո­ւա­նին՝ 1905ին, թէ՛ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան հա­լա­ծան­քը ձա­խո­ղու­թեան մատ­նե­լու ճա­կա­տին վրայ՝ 1908-1912 տա­րի­նե­րուն։

1908ին ­Պա­պա­շա իր կար­գին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ու բան­տար­կո­ւե­ցաւ ­Ցա­րիզ­մի կող­մէ, ցմրուր ճա­շա­կեց ­Մե­տե­խի բան­տին դա­ժա­նու­թիւ­նը, բայց ան­պարտ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Դա­տէն ետք եւ միշտ մնաց պատ­նէ­շի վրայ՝ ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լով, Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն, ­Պա­քո­ւի հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ։
Պա­քո­ւի ան­կու­մէն ետք, ընտ­րո­ւե­լով ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին խորհրդա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր, ­Պա­պա­շա տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան եւ մե­ծակ­շիռ գործ կա­տա­րեց խորհր­դա­րա­նի ե­լեւմ­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին խօս­նա­կի իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեամբ։ ­Հա­յոց նո­րա­հաս­տատ պե­տա­կա­նու­թեան ե­լեւմ­տա­կան հի­մե­րու ամ­րապնդ­ման մէջ հսկա­յա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ ­Պա­պա­շա։ Ե­րե­ւան մնաց մին­չեւ 1921ի ­Փետ­րուա­րեան Ապս­տամ­բու­թեան ա­ւար­տը, երբ ան­ցաւ Ատր­պա­տա­կան՝ Թաւ­րիզ, ուր կարճ ժա­մա­նակ մը գոր­ծեց իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. ­Գե­րա­գոյն ­Դա­տա­կան Ա­տեա­նի ան­դամ, պաշ­տօն՝ ո­րուն ընտ­րո­ւած էր 1919ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին կող­մէ։

1923ին ­Պա­պա­շա ան­ցաւ ­Ժը­նեւ, ա­պա՝ ­Փա­րիզ, ուր ստանձ­նեց Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան Դի­ւա­նի վա­րի­չի պաշ­տօ­նը։ ­Բայց ար­դէն քայ­քա­յո­ւած էր ա­ռող­ջու­թիւ­նը եւ 19 Դեկ­տեմ­բեր 1935ին ան բաժ­նո­ւե­ցաւ մեր աշ­խար­հէն՝ «­Հայ­րիկ»ի հե­տե­ւեալ պատ­գա­մը կտա­կե­լով իր պաշ­տած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր նո­ւի­րեալ­նե­րուն.
— «­Սի­րե­ցէք ի­րար միշտ ան­կեղ­ծօ­րէն եւ նե­րո­ղամ­տա­բար ուղ­ղե­ցէք ի­րա­րու սխալ­նե­րը, միշտ զսպե­ցէք ձեր ինք­նա­սի­րու­թիւ­նը, որ պզտիկ բա­նե­րից վեր մնաք»։

Պա­պա­շա­նե­րու կեն­դա­նի ու վա­րա­կիչ այս օ­րի­նա­կով է, որ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջին շղթա­յա­զեր­ծո­ւած հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը մեր ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան շար­ժիչ ու­ժը հան­դի­սա­ցաւ ոչ միայն յե­ղա­փո­խա­կան հա­յոր­դի­նե­րու հե­րո­սա­կան մար­տու­նա­կու­թեան եւ գա­ղա­փա­րա­պաշտ անձ­նա­զո­հու­թեան շնոր­հիւ, այ­լեւ՝ հայ կեան­քի բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս բա­րո­յա­կա­նու­թեան ու ա­ռա­քի­նու­թեան գօ­տեպն­դող մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու իր իւ­րա­յատ­կու­թեամբ։

Սուլ­թան­նե­րու, խա­նե­րու եւ ցա­րե­րու լու­ծին տակ, դա­րա­ւոր գե­րու­թեան մէջ ապ­րե­լով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը շատ բան կորսն­ցուց ազ­գա­յին իր ար­ժա­նիք­նե­րէն եւ 19րդ ­դար հա­սաւ ե­սա­կեդ­րոն, դրա­մա­պաշտ, վաշ­խա­ռու եւ չեր­չի տի­պար­նե­րու այ­լա­սե­րած ու հեղ­ձու­ցիչ մթնո­լոր­տով։

Այդ ա­ռու­մով ալ խա­ւա­րա­միտ կղե­րի եւ մա­կա­բոյծ փո­ղա­տէ­րե­րու ա­ռա­ջա­ցու­ցած բա­րո­յա­կան ան­կու­մի այդ չա­րի­քէն հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­զա­տագ­րե­լու՝ բա­րո­յա­կան ինք­նա­մաքր­ման եւ գա­ղա­փա­րա­կան վե­րած­նուն­դի ի խնդիր պայ­քար մը ե­ղաւ, նաեւ ու էա­պէ՛ս, հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը՝ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը։

Ո­րո­շա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին մօտ շեշ­տո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րո­յա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան ար­ժէք­նե­րը ստրկու­թեան կեղ­տա­ջու­րե­րէն մաք­րե­լու եւ նո­րո­վի կեն­սա­գոր­ծե­լու այդ խստա­պա­հան­ջու­թիւ­նը, որ կա­րե­ւո­րա­գոյն ե­րաշ­խի­քը ե­ղաւ Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պու­թեան հան­դէպ մեր ժո­ղո­վուր­դին ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան ու ակ­նա­ծան­քին։

Դաշ­նակ­ցու­թեան բա­րո­յա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան այդ խստա­պա­հան­ջու­թիւ­նը մարմ­նա­ւո­րած ու իբ­րեւ կազ­մա­կեր­պա­կան ա­ւանդ եւ դրա­մագ­լուխ հարս­տա­ցու­ցած ար­ժա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն է ­Պա­պա­շան՝ ­Լե­ւոն ­Թա­դէո­սեա­նը, որ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր մնա­յուն տե­ղը գրա­ւած է ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի եւ ­Յո­նան ­Դաւ­թեա­նի կող­քին՝ իբ­րեւ հայ ղե­կա­վար գոր­ծի­չի բա­րո­յա­կան հե­ղի­նա­կու­թեան ա­ւան­դը կեր­տած եւ ա­մե­նայն հա­ւա­տար­մու­թեամբ պահ­պա­նած նո­ւի­րեա­լի։

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Սեռային Ոտնձգութեան Մը Արկածախնդրութիւնը

Յաջորդը

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Հայերը

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?