ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
1978-ին, լիբանանեան քաղաքացիական երկրորդ պատերազմի սաստկացած մէկ փուլին, մեծ թիւով լիբանանահայեր Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման եկած էին (ես արդէն 1972-էն սկսեալ այնտեղ կը պաշտօնավարէի): Այս նորեկները ընդհանրապէս երեք խումբի կարելի էր բաժնել. առաջինը` իրենց պաշտօնավարած ընկերութիւնը ժամանակաւոր կերպով Ամման փոխադրուած էր, երկրորդը` Ամերիկա գաղթելու կամ ճամբորդելու համար վիզայի դիմում կատարելու, իսկ երրորդը` Ամմանի մէջ ազգականներ կամ բարեկամներ ունեցողներ կամ ոչ` ապահովութեան եւ կազդուրուելու համար եկած:

ՀՄԸՄ-ի Ամմանի ակումբը կը գտնուի Ամմանը կազմող եօթը բլուրներէն հայաբնակ Էշրեֆիէի մէջ, ուր կը գտնուին նաեւ Ս. Թադէոս եկեղեցին եւ Ազգային Եուզպաշեան վարժարանը, քով-քովի, կարծես` մէկ կալուածի վրայ: Ակումբ տանող ճամբան զառիվեր է, եւ ճամբուն կողմը կը գտնուի կողովագնդակի դաշտը, որուն հիւսիսային ծայրը ճամբէն շուրջ երեք մեթր բարձր է, իսկ հարաւային կողմը` շուրջ երկու մեթր, ուր կը գտնուի ակումբին մուտքի դուռը: Ճամբուն կողմը զետեղուած է երկաթէ լարերով բարձր ցանկապատ մը, որուն ընդմէջէն կարելի էր դիտել Ամման քաղաքին մէկ համայնապատկերը, մանաւանդ` գիշերուան գեղեցիկ տեսարանը:
Պէտք է նշել, որ Յորդանանի ժողովուրդը, պետեւիական աւանդութիւններով, չափազանց պատուախնդիր ու արժանապատուութեան տէր է, յարգալիր, եւ հիւրասէր բոլորին նկատմամբ, քաղցրաբարոյ` իր արտայայտութեան մէջ: Ութ տարի կեցութեանս ընթացքին բնա՛ւ հայհոյանք չեմ լսած, նոյնիսկ` հազուադէպօրէն կռիւներու ընթացքին: Ամենամեծ եւ հազուադէպ գործածուող հայհոյանքը «թէյս» է, որ այծ կը նշանակէ: Եթէ լիբանանեան հայհոյանքներ գործածուին մօր եւ քրոջ վերաբերող` հետեւանքը սպանութիւն կրնայ ըլլալ: Այս տոհմիկ աւանդութիւններէն դրական կերպով վարակուած էր նաեւ հայկական գաղութը:
Յորդանանեան շաբաթավերջին` հինգշաբթի երեկոները եւ ուրբաթ օրերը, Ամմանի ՀՄԸՄ-ի ակումբը աննախընթաց եռուզեռով մը կը «վխտար», երբեմն լիբանանահայերուն թիւը կը գերազանցէր ամմանահայերունը. ակումբին սրահը եւ կողովագնդակի դաշտը նեղ կու գային: Իբրեւ վարչականներ` աչալուրջ կերպով հսկողութիւն կը կատարէինք, յատկապէս` մեզի անծանօթ երիտասարդներուն վրայ, նկատի առնելով վերեւ նշուած յորդանանեան վարք ու բարքը` կենցաղը:
Ուրբաթ երեկոյ մը, երբ ակումբին սրահն ու դաշտը «ողողուած» էին նորեկներով, ընդհանրապէս` լիբանանահայեր, մինչ ամէն տեղ խումբ-խումբ մարդիկ հաւաքուած կը զրուցէին, յանկարծ ճերմակ զգեստ ու այն ժամանակ նորոյթ` բարձր կրունկ կօշիկ հագած, նիհարակազմ, երկար մազերով, նուազ քան 60 քիլօ կշռող, հազիւ քսան տարեկան, բարձրահասակ երիտասարդ մը, (Յ. Պ) դաշտին ճամբուն կողմը ցանկապատին մօտ գտնուող երկու պարմանուհիներուն հետ կարճ ու «տաք» զրոյցէ մը ետք, սուրաց դաշտին մէջէն, դաշտին կողմի աստիճաններէն վար` դէպի դուրս:
Որպէս միակ լիբանանցի վարչականը` աւելի պատասխանատու կը զգայի պատերազմի մթնոլորտէն փախած մեր հայրենակիցներուն հանդէպ, ուստի անմիջապէս հետեւեցայ անոր, սակայն ուշ հասայ: Այս տկարակազմ ու պճնասէր թուացող երիտասարդը ճամբուն դիմացի կողմը գտնուող երկու տեղացի երիտասարդներու վրայ յարձակած էր, գետին փռած զանոնք եւ մոլեգին կերպով կը հարուածէր երկուքը: Այլ վարչականի մը օգնութեամբ, դժուարաւ կրցանք բաժնել զինք արիւնլուայ ու սարսափահար երիտասարդներէն: Արիւնին պատճառը` երիտասարդներէն մէկուն ակռան կոտրած էր եւ գետին ինկած…Անոնք իսկոյն դէպի զառիվայր փախուստ տուին, իսկ մեր «հերոսը» ամենայն պաղարիւնութեամբ ճերմակ զգեստը անվթար` ըսաւ. «Ասկէ ետք թող համարձակին խօսք նետել հայ աղջիկներուն: Իսկ այդ աղջիկներն ալ ինչո՞ւ մնացին այնտեղ, լսելէ ետք շարունակուող սեռային ոտնձգութիւնները… արդեօք հաճո՞յք կ՛առնէին»:

Մեր կողմէ սաստելով զինք` անմիջապէս ակումբ տարինք եւ ակումբին մուտքի երկաթէ դուռը փակեցինք: Այս միջադէպը անպայման վտանգաւոր հետեւանքներ պիտի ունենար, մէկ կողմէ երիտասարդներուն պարագաներուն, մանաւանդ` աշիրեթին, եւ միւս կողմէ ոստիկանութեան հետ: Կանխելով որեւէ անորոշութիւն եւ եղելութեան բացասական զարգացում` մեր կողմէ տեղեակ պահեցինք ոստիկանութիւնը, որ երկու երիտասարդներ սեռային ոտնձգութիւն կատարած էին ակումբին դիմացը, եւ պաշտպանելով «օտար» երիտասարդը` ըսուեցաւ, որ ակումբի պատասխանատուներ զգուշացուցած են այդ երիտասարդները, որ հեռանան ակումբի շրջակայքէն, բայց անոնք դիմադրած էին եւ` կռիւ սկսած…Պահպանողական Յորդանանի մէջ սեռային ոտնձգութիւն ընդհանրապէս չէր պատահեր եւ անոր պատիժը խիստ էր, նո՛յնիսկ` իր իսկ ընտանիքին կողմէ:
Հետեւանքը չուշացաւ: Մինչ կը սպասէինք ոստիկանութեան, ցանկապատին մէջէն լսեցինք եւ տեսանք շուրջ հարիւր հոգինոց ամբոխ մը, որ վանկարկումներ գոռալով, ճամբու ստորոտէն մականներ ճօճելով` կը մօտենար դէպի ակումբ…
Իսկոյն պատահեցաւ երկրորդ աներեւակայելին: Նորեկներէն սեւ հագուստով, 60 տարիքը անց, գիրուկ կազմով, կարճահասակ, բարձր կրունկով մուճակներ հագած կին մը սկսաւ արագ քայլերով ուղղուիլ դէպի ակումբէն դուրս` դիմակալելու համար ամբոխը… անմիջապէս հետեւեցայ անոր եւ փորձեցի ակումբէն դուրս գալուն արգելք հանդիսանալ, բայց ան անդրդուելի մնաց, բացաւ երկաթէ դուռը եւ ինծի ըսաւ` «Դուն մի՛ խառնուիր, նե՛րս գնա, ես գիտեմ, թէ ի՛նչ կ՛ընեմ» ու հրելով զիս ներս` փակեց երկաթէ դուռը, հանեց մուճակներէն մէկը ու սկսաւ մուճակը ճօճելով, կաղ քայլերով յառաջանալ դէպի ամբոխը… Մենք խիստ մտահոգ` քար լռութեամբ կը հետեւէինք իրադարձութեան:
Ամբոխը կը գլխաւորէին յորդանանեան աւանդական զգեստով տարեց մարդիկ, որոնք տեսնելով մուճակը ճօճելով իրենց մօտեցող կինը` նախ կանգ առին, ապա սկսան դէպի ետեւ երթալ… կարծես իրենցմէ աւելի մեծ ամբոխ մը կը մօտենար իրենց…Այս միջոցին, վրայ հասաւ ոստիկանութիւնը, որ խօսելով ամբոխին աւագին հետ` շուտով ցրուեց զայն: Բաւարար էր, որ աշիրեթին աւագը իմացաւ հարցին սեռային ոտնձգութեան բնոյթը եւ անմիջապէս հրահանգեց ցրուել ամբոխը: Ոստիկանութիւնը նոյնիսկ ակումբ չեկաւ… Յստակ էր, որ յանցանքը գործած երիտասարդները իրենց ընտանիքներուն չէին իմացուցած ծեծկռտուքին իսկական դրդապատճառը:
14 դեկտեմբեր 2017