ՎԱՐՈՒԺ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ
Այս ալ ըսենք եւ շրջանցենք հակամանկավարժական մեր առօրեան: Կաղանդ, Կաղանդ պապա, Կաղանդի երգեր:
«Կաղանդ Պապան եկեր է,
Չիր ու չամիչ բերեր է,
Երկար պոպոզ դրեր է,
Ձիւնին մէջտեղ նստեր է»:
Մինչեւ հիմա խնդիր չկայ: Միայն թէ չամիչ-մամիչ թրքական չըլլան: Իսկ այնքան ատեն որ մեր աթոռէն հեռու է, ուր կ՛ուզէ թող նստի, մերինին չմօտենայ:
«Կաղանդ պապան շատ ծեր է,
Շալվարը վար կախուեր է,
Շալակը վար դրեր է,
Մեր տան դիմաց կայներ է»:
Սկսանք: Նախ` վերագրում կայ: «Շատ ծեր է»… Բայց մարդը դեռ ոտքի վրայ է: Ծեր է, ծեր չէ` ձեզի ի՞նչ: Յետոյ` շալվարին հետ ի՞նչ գործ ունիք… Կարելի չէ մարդը դատել իր ճաշակին համար: Ցած մէջք կը սիրէ հագնիլ, ձգեցէք թող ուզածը ընէ: Դեռ քանի՞ տարի պիտի ապրի որ… ուզածին պէս թո՛ղ ապրի:
Շալակն ալ ի՛րն է, ուր կ՛ուզէ կը դնէ:
Իսկ մեր տան դիմացը կայնիլը, խեր է… Այնքան ատեն որ կայնողը ելեկտրականութեան, ջուրի, աղբի դրամ հաւաքողը չէ:
Եկանք ամէնէն վտանգաւոր բաժինին.
«Չար Պետրոսին մոռցեր է,
Պարապ ձեռքով եկեր է,
Գող Խաչոյին խաբեր է,
Չորցած կաղին բերեր է»:
Նախ` Պետրոսը որ չար է, անպայման այդպէս ըլլալու իր պատճառները ունի: Հայրը կը ծեծէ մայրը, որ կատուին կը խածնէ, տան մէջ քրոջը կը շփացնեն… գուրգուրանքի պէտք ունի… ուրեմն ինչո՞ւ անոր չար ըսել եւ նուէրն ալ մոռնալ: Այս փոքրիկը վաղը աւելի պիտի չարանայ. կը տեսնէ՞ք:
Բայց Խաչոյին «գող» անուանելը անկարելի է ներել:
Ինչո՞ւ գող: Ի՞նչ գողցաւ: Մէկը տեսա՞ւ: Դատ դատաստան եղա՞ւ: Սա Խաչոն դեռ ե՞րբ ծնաւ, ե՞րբ հասաւ գողութիւն ընելու: Հիմա` մեծ գողերը բոլորը բռնեցիք, խեղճ Խաչոյի՞ն եկաւ կարգը:
Այդ չորցած կաղինները թափէ՛, սա փոքրիկին ալ տոպրակիդ մէջէն մարդավարի բան մը տո՛ւր:
Իսկ այս բոլոր լուրերը տանող-բերողը ո՞վ է…Երանի ըսի-ըսաւներու վրայ չհիմնուի: Մատնիչ… Յետոյ… երգ պիտի յօրինէք, բարիներուն վրայ յօրինեցէ՛ք: Հազարաւոր բարիները մոռցած` չար Պետրոսին եւ գող Խաչոյին ետեւէն էք:
Ո՞վ է այս երգին հեղինակը:
Կաղանդի օրով պէտք է աջ ոտքէն կախել: