Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անշուշտ զարմանալի չէ, որ Հայաստանի դրացի նշեալ երկիրներուն յատկապէս իշխող խաւն ու անոնց շրջապատի մարդիկ փտածութեամբ ամբաստանուած են եւ… առանց ամչնալու կամ վախնալու: Հետաքրքրական է, սակայն, այդպիսի «գործեր»-ու մէջ անոնց գործակցութիւնը, որ բացայայտուած է այդ երկիրներու իսկ լրագրողներուն կողմէ, որոնք բնականաբար հալածուած են:
Ն.
Իլհամ Ալիեւի Մերձաւորներու Առեւտրական Գործերը Վրաստանի Մէջ
2017 թուականի երկրորդ կիսամեակին Ազրպէյճան Վրաստանի մէջ 127 միլիոն տոլարի ներդրում ըրած է` այդպիսով Վրաստանի մէջ դառնալով թիւ 1 ներդրող: Ազրպէյճանի քաղաքացիները, այլ շրջաններէն բացի, անշարժ գոյք կը գնեն եւ առեւտրական գործունէութեամբ կը զբաղին նոյնպէս Աճարիոյ մէջ:
Մծուանէ Քոնցխիի մէջ բնակելի համալիր կը կառուցէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հօրաքրոջ ընտանիքը:
Նախիջեւանի Նահանգապետի Ընտանիքին Ներդրումը` Պաթումի Մէջ
Ազրպէյճանի մէջ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնը արդէն 24 տարիէ կը վարէ Վասիֆ Թալիպովը: Անոր մեծ որդին` Զրա Թալիպովը, 2015 թուականին նշանակուած է Ազրպէյճանի ներգաղթի պետական ծառայութեան պետ: Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Զրա Թալիպովը նաեւ Պաքուի պետական համալսարանի դասախօս է: Ազրպէյճանցի լրագրողները հաստատած են, որ Թալիպովներուն ընտանիքը նախագահ Ալիեւի հօրաքրոջը ընտանիքն է:
Զրա Թալիպովը եւ իր հայրը քանի մը անգամ պաշտօնական այցելութիւն տուած են Աճարիա: Նախիջեւանի ղեկավարին ընտանիքը զանազան տեսակի առեւտրական գործեր ունի Աճարիոյ Ինքնավար Հանրապետութեան մէջ:
Այս պահուն Վասիֆ Թալիպովին ընտանիքը Մծուանէ Քոնցխիի մէջ դղեակ կը կառուցէ` սեւծովեան տեսարանով:
Վասիֆ Թալիպով
Վրաստանի հանրային արձանագրատան տուեալներով, ՄԱՔՐՕ կազմակերպութիւնը ծովեզերեայ շրջանի մէջ գտնուող 9019 քառակուսի մեթր հողաշերտը արձանագրած է 2016 թուականին: Ըստ պաշտօնական փաստաթղթերու, հողաշերտը վաճառած են կազմակերպութեան 3 աշխատակիցներ:
ՄԱՔՐՕ-ն այս պահուն կը կառուցէ երեք յարկանի դղեակ մը, որուն մակերեսը, ըստ պաշտօնական տուեալներու, 900 քառակուսի մեթր է: Գլխաւոր շինութեան կողքին, կը կառուցուի երկու յարկանի շէնք մը: Ամբողջ տարածքը պարսպապատ է` 3 մեթր բարձրութեամբ: Ուրեմն, երբ աշխատանքները աւարտին, անկարելի կ՛ըլլայ տեսնել, թէ ի՛նչ կը կատարուի ներսը:
Ըստ հանրային արձանագրատան տուեալներուն, ՄԱՔՐՕ կազմակերպութիւնը արձանագրուած է 2012 թուականին, Թուրքիոյ քաղաքացի Ուչար Էմինի կողմէ: Ան նաեւ կազմակերպութեան 100 տոկոսի սեփականատէրն է:
«Պաթումելեպի» թերթը փորձած է պարզել կապը:
Նշուած հեռաձայնային թիւին թերթին լրագրողները հեռաձայնած եւ փորձած են պարզել իրողութիւնը: Կազմակերպութեան տնօրէնի հեռաձայնի թիւը անմատչելի եղած է, իսկ աշխատակիցները լրագրողներուն խորհուրդ տուած են հեռու մնալ այս հարցէն, քանի որ ազրպէյճանական այս կազմակերպութիւնը կը պատրաստուի այլ ներդրումներ ընել Վրաստանի մէջ:
«Լրատուամիջոցներու հետաքրքրուածութիւնը այս մարդոց մէջ կը յառաջացնէ անվստահութիւն, որ կրնայ վնաս պատճառել երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն, հետեւաբար պէտք չէ դղեակի մը համար նման բաներ ընել», ըսած են կազմակերպութեան աշխատակիցները: Անոնք նոյնպէս հաստատած են, որ կառուցուող դղեակը կը պատկանի Զրա Թալիպովին:
Զրա Թալիպով
ՄԱՔՐՕ-ի` Ազրպէյճանի հետ կապերու վերաբերեալ Վրաստանի հանրային արձանագրատան մէջ միայն մէկ փաստաթուղթ գոյութիւն ունի:
6 մարտ 2012 թուականին Ուչար Էմին Ազրպէյճանի պետական նոտարական գրասենեակին մէջ լիազօրագիր պատրաստած է Թուրքիոյ քաղաքացի Օսման Էրթունքիի համար` «Վրաստանի մէջ իր անունով ընկերութիւն արձանագրելու վերաբերեալ»: Իբրեւ լիազօրագրի փոխանցման վայր նշուած է Նախիջեւանի Ինքնավար հանրապետութեան մայրաքաղաք Նախիջեւանը:
ՄԱՔՐՕ-ն իբրեւ ներդրող Վրաստանի մէջ ներկայացուած է 2013 թուականէն: Կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին մէջ կը նշուի, որ ՄԱՔՐՕ-ն մեծ ներդրողներէն մէկն է: Կազմակերպութեան առաջին ծրագիրը Աճարիոյ շրջանին մէջ 10 հազար քառակուսի մեթր տարածք ունեցող կահոյքի գործարանն է` «Կլորիա Ֆըրնիչըր»: Յաջորդը` «Մերքիւր Թպիլիսի Օլտ Թաուն» պանդոկն է, որ ֆրանսական վաճառանիշի` «Ակոր կրուփ»-ի անդամ է:
Հետագային «Մաքրօ քոնսթրաքշըն»-ի գործընկեր «Ակոր կրուփ»-ը Թիֆլիսի մէջ կը պատրաստուի կառուցել «ԻՊԻՍ սթայլ» պանդոկը:
«Մաքրօ քոնսթրաքշըն»-ի մեծագոյն ծրագիրը 45 միլիոն տոլար գնահատուած ներդրումն է` «Կանաչ Պուտափեշտ» բնակելի շէնքը, որուն շինարարական աշխատանքները աւարտած են 2016 թուականին:
Կազմակերպութիւնը նոր ծրագիր մը կ՛իրականացնէ` «Քարմի Ալմաս» բնակելի համալիրը Թիֆլիսի մէջ, 1772 բնակարանով, բաց եւ փակ մարզական դահլիճներով, լողաւազաններով, մանկապարտէզով, դպրոցով եւ առեւտրական կեդրոններով:
ՄԱՔՐՕ -ի գործունէութիւնը Վրաստանի մէջ չի սահմանափակուիր միայն շինարարութեամբ: Կազմակերպութիւնը նաեւ կը զբաղի կահոյքի արտադրութեամբ: Խանութները, ուր կը վաճառուի ՄԱՔՐՕ -ի կողմէ արտադրութիւնները, Պաթումի մէջ յայտնի են որպէս ազրպէյճանական կահոյքի խանութներ: Այս մասին թերթին հաստատած են նշուած խանութներուն մէջ:
Թալիպովներու Ընտանիքին Պատկանող Կառուցուող Դղեակը

Զրա Թալիպովի անուան կապուած պաշտօնական փաստաթուղթ մը եւս գոյութիւն ունի Վրաստանի մէջ: Զրա Թալիպովը նաեւ հիմնադիրն է այն կազմակերպութեան, որ Պաթումի մէջ «Տիւան» պանդոկը կառուցած է:

«Տիւան» պանդոկը, որ կը գտնուի Պաթումի հին թաղերուն մէջ, կը պատկանի «Քերուան թուրիզմ»-ին: Ըստ հանրային արձանագրատան տուեալներուն, այս կազմակերպութեան հիմնադիրը եւ, ուրեմն, պանդոկին սեփականատէրը Զրա Թալիպովն է: Ան կազմակերպութիւնը արձանագրած է 2013 թուականին: Իսկ «Տիւան» պանդոկը 2014 թուականին կառուցուած է այն վայրին մէջ, ուր կը գտնուէր նախկին «Լոնտոն» պանդոկը, որ Վրաստանի մշակութային ժառանգութեան յուշարձան էր:
Մեհրիպան Ալիեւային Ընկերը` Գործարար
Ծովեզերեայ պանդոկ մը եւս` «Կազել»-ը որ պէտք է բացուէր 2013 թուականի օգոստոսին, արդէն կառուցուած է, սակայն առայժմ զբօսաշրջիկներ չ՛ընդունիր:
Աճարիոյ կառավարութիւնը 1 յունիս 2011 թուականին լարիի(վրացական դրամանիշի) դիմաց Ազրպէյճանի քաղաքացի Զարիֆա Համզայեւային փոխանցած է Պաթումի ծովեզերեայ տարածքին գտնուող շուրջ 1 հեկտար հողաշերտ: Փոխանցումէն 20 ամիս ետք, Համզայեւան պէտք էր 100 սենեակ ունեցող պանդոկ մը կառուցէր եւ 100 քաղաքացիի համար աշխատանք ապահովէր:
Աճարիոյ ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ սեփականատէրը նոր պանդոկը պիտի բանայ 2018 թուականի մայիսին, բացման օրը տեղափոխելու համար արդէն դիմած են նախարարութեան: Նախարարութենէն նաեւ յայտնեցին, որ կազմակերպութիւնը համաձայնագիրով նախատեսուած 10 միլիոն տոլարին փոխարէն` ծախսած է 50 միլիոն տոլար, իսկ 100 մարդու փոխարէն` 200 անձի աշխատանք կ՛ապահովէ:
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճաներէն սփռումի լրագրողներու հետաքննութեան, Իլհամ Ալիեւի կնոջ եւ Զարիֆա Համզայեւայի միացեալ սեփականութիւնը կ՛ընդգրկէ 23 ընկերութիւն, եւ տիրապետող է օդանաւորդութեան ասպարէզին մէջ:
Զարիֆա Համզայեւան Ազրպէյճանի ազգային օդանաւային ընկերութեան` «Ազալի»-ի նախագահ Ճանկիր Ասկերովին կինն է:
Քաղաքականութիւնն Ու Դրամը
Կարգ մը քաղաքագէտներ կը պնդեն, որ Ազրպէյճանն ու Վրաստանը լաւագոյն բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններն ունին: Վրաստանը Ազրպէյճանէն յատկապէս աջակցութիւն ստացած է 2016 թուականի ցուրտ ձմրան, երբ ռուսական «Կազփրոմ»-ը դադրեցուց բնական կազի մատակարարումը Վրաստան: Այդ ժամանակ Թիֆլիսի եւ Վրաստանի այլ քաղաքներու մէջ չկար նաեւ ելեկտրականութիւն:
Ճիշդ այդ օրերուն Վրաստանի մէջ ռուսական կազը փոխարինուեցաւ ազրպէյճանական «ՍՈՔԱՐ»-ի կազով, իսկ այսօր Վրաստան կազի 90 առ հարիւրը կը ստանայ Ազրպէյճանէն: Բացի ատկէ` ազրպէյճանական կազին գինը Վրաստանի մէջ ամէնէն աժանն է, եթէ համեմատենք եւրոպական երկիրներու սակերուն հետ:
Հետեւաբար, «ՍՈՔԱՐ»-ը ցարդ կը մնայ Վրաստանի մէջ մեծագոյն ներդրողներէն մէկը:
2015-2016 թուականներու պաշտօնական տուեալներով, Ազրպէյճան Վրաստանի մէջ ներդրումներու տեսանկիւնէն առաջատար երկիրն է: 2016 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ եղած ներդրումները կազմած են 558 միլիոն տոլար, իսկ 2015-ին` 549 միլիոն:
Լէյլա Մուսթաֆայեւա
Ընդդիմադիր լրատուամիջոցները Ազրպէյճանէն Վրաստան դրամական հոսքը վտանգաւոր կը նկատեն Վրաստանի ժողովրդավարութեան համար: Այսպէս կը կարծէ, օրինակ, լրագրող Լէյլա Մուսթաֆայեւան, որուն ամուսինը` լրագրող Աֆկան Մուխթարլին, 29 մայիսին առեւանգած են Թիֆլիսի կեդրոնէն: Աւելի ուշ Մուխթարլին յայտնուած էր Պաքուի բանտին մէջ: Այդ ժամանակ Մուսթաֆայեւան ըսած էր, որ իր ամուսինը Իլհամ Ալիեւի եւ անոր մերձաւորներուն առեւտրական գործերուն վերաբերեալ հետաքննութիւն կ՛իրականացնէր:
Աֆկան Մուխթարլին մինչ օրս Պաքուի բանտին մէջն է, իսկ Վրաստանի մէջ իրականացուող հետաքննութիւնը առայժմ չի կրնար պարզել, թէ Մուխթարլին ինչպէ՛ս առեւանգած են մայրաքաղաքի կեդրոնէն, եւ ինչպէ՞ս ան յայտնուած է Ազրպէյճանի մէջ: Այս դէպքէն ետք Վրաստանէն հեռացած են եւ կը պատրաստուին հեռանալ Ալիեւի վարչակարգի զոհ դարձած գործիչները, որոնք Վրաստանի մէջ ապաստան գտած էին, եւ որոնց համար Վրաստան Հարաւային Կովկասի մէջ ժողովրդավարութեան ովասիս էր: Այժմ անոնց համար Վրաստանը անվտանգ երկիր չէ:
Ճիշդ այս պատճառով, միջազգային կազմակերպութիւններու օգնութեամբ, Վրաստանէն հեռացաւ նաեւ Աֆկան Մուխթարլիին կինը` Լէյլա Մուսթաֆայեւան:
Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Պաթումելեպի», «Ալիկ», «Նեթկազեթ»,
«Ազատութիւն» (ազրպէյճանական)