Յօդուածներ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Փետրուար Դ.- Արցախի Ոգեշնչող Վերածնունդը

20 Փետրուար 1988-ին Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային խորհուրդը արտահերթ իր նիստով Արցախի ժողովուրդին ազատ ինքնորոշման իրաւունքը հաստատեց:  Այդ օրը պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ որպէս Արցախի վերածնունդի օր: Վերածնաւ Արցախը, որովհետեւ ազատագրուեցաւ իր ժողովուրդը կապանքի տակ պահող, անոր զարգացումը արգելափակող Ազրպէյճանի բռնատիրութենէն: Արցախի վերածնունդը անկիւնադարձ մըն էր նորօրեայ մեր պատմութեան մէջ, որովհետեւ արցախահայութիւնը ոչ միայն ցոյցերով, այլ զինեալ պայքարով նուաճեց իր ազատ ապրելու...

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի.  Մայր Հայրենիքին Հետ Վերամիացումի Պահանջէն Շատ Աւելին Շղթայազերծեց Արցախեան Շարժումին 30-ամեայ Յաղթարշաւը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Մայր Հայրենիքին Հետ Վերամիացումի Պահանջէն Շատ Աւելին Շղթայազերծեց Արցախեան Շարժումին 30-ամեայ Յաղթարշաւը

Արցախեան շարժումին 30-ամեակը ամէն բանէ առաջ եւ վեր հայ ժողովուրդի համազգային յաղթանակին օ՛րն է` վերածնունդի՛ օրը, ինչպէս որ արդարօրէն կ՛ըսեն արծուաբոյն Արցախի խրոխտ որդիները: Արցախեան հերոսամարտին 30-ամեայ յաղթարշաւը տօնելով` մեր ժողովուրդը ամէնուրեք հպարտութեամբ կը խոնարհի հայրենի հող ազատագրելու պայքարին մէջ իրենց գերագոյնը զոհաբերած` արեա՛ն նուիրաբերումը կատարած անուանի եւ անանուն բազմահազար ազատամարտիկներու անմահ յիշատակին առջեւ: Արցախեան պահանջատիրութեան 30-ամեակը նաեւ ու մանաւա՛նդ...

«Գիրքերու Հետ» Գրախօսականներ (Ա. Հատոր) Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   Պարոնին հետ ըլլալու, կարօտի զգացումը յագեցնելու եւ վերաթարմանալու  առիթ մը ընծայուեցաւ մեզի վերջերս, երբ մեր սեղանին վրայ իր ներկայութիւնը յիշեցնող ու հաստատող վերոնշեալ հատորը մէկ շունչով ընթերցեցինք: Ի դէպ, Պօղոս Սնապեան «Պարոն» մակդիրը վաստկած էր իր աշակերտներէն, իբրեւ վկայութիւն անոր հարազատի, բարեկամի, ընկերականի եւ անմիջականի յորդ յոյզերուն եւ արժանիքներուն: Այլ խօսքով` անիկա բնորոշիչ յատկութիւն մըն էր տրուած անոր`...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Կրկին Կոմիտասի Եւ Ամերիկացի Իմաստունի Մը Հետ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Կան պահեր, կան խօսքեր, որոնք անջնջելի տպաւորութիւն կը թողուն: Անոնք յանկարծ յիշողութեան կամարներուն տակէն կը վերյայտնուին, կ’ողողեն հոգիները, որպէսզի իրենց իւրայատկութեամբ հայելի ըլլան մեր խիղճին եւ գիտակցութեան առջեւ: «Մեր»-ը ոչ միայն անհատ, այլ նաեւ եւ մանաւանդ` հաւաքականութիւն: Այդ խօսքերը հոգեկանը ըմբռնելու եւ լուսաւորելու կը ծառայեն, այնպէս` ինչպէս այդ տեղի կ’ունենայ հոգեբան-հոգեվերլուծողի դարմանատան մէջ, երբ կը թելադրուի բանալ, լոյս...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ 21.- 23-28 մայիս 1918: Հայ բանակին ջախջախիչ հարուածները կը շարունակուին: Տեղի կ՛ունենան Բաշ Ապարանի պատմական կռիւները: Պարտուած բոլոր ճակատներուն վրայ` թուրքերը կը նահանջեն: Արամի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ եւ զօրավարներ` Նազարբեկեանի, Սիլիկեանի, Արարատեանի, Դրոյի, Ղորղանեանի եւ ուրիշներու վճռական հարուածներով նոր էջ մը կը բացուի հայոց պատմութեան մէջ: 22.- 28 մայիս 1918: Թիֆլիսի մէջ գործող Հայոց ազգային խորհուրդը Հայաստանը կը...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Իսրայէլը, Պաղեստինցի Գաղթականները Եւ ՈՒՆՐՈՒԱ-ն

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 1948-ին Իսրայէլի պետութեան ստեղծումով եւ բնիկ պաղեստինցիներուն արտաքսումով ՄԱԿ-ը ինքզինք ամօթալի վիճակի մէջ գտաւ: Պատերազմին պատճառով կային մօտ 800.000 պաղեստինցի արաբ գաղթականներ, որոնք տարածուած էին շրջակայ երկիրներուն մէջ: Անշուշտ Իսրայէլի բուն նպատակն էր ձուլել պաղեստինցի գաղթականները արաբական երկիրներուն մէջ, սակայն ասիկա տեղի չունեցաւ, եւ այսօր ՈՒՆՐՈՒԱ-ն մօտ հինգ միլիոն պաղեստինցի գաղթականներու կ՛օժանդակէ: Սակայն ՈՒՆՐՈՒԱ-ի գործը կը տարբերի ՄԱԿ-ի...

Նամականի

Անդրադարձ 1918-ի Մայիսեան Դրուագներ Բ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Օր մը, առաւօտեան ժամը 1:00-ին Արամը եկաւ պարէտանոցի գրասենեակս: Այդ ինծի դուր (ախորժելի- ՅՉ) չեկաւ: Ան հարցուց` «Ինքնաշարժդ այստե՞ղ է: Կրնա՞ս հետս կայարան երթալ»: «Ի հարկէ,- ըսի, ո՛ւր որ ուզես, միշտ քու հետդ եմ»: Ընդհանրապէս, խօսած ատեն, անոր ժպիտը միշտ երեսին կ՛ըլլար: Այս անգամ դէմքը տխուր էր: Ինքնաշարժին մէջ Արամը ըսաւ. «Գործերը վատ են, Արշաւի՛ր»: «Վայրկեան մը» ըսի,...

Մինչեւ Ե՞րբ

Անտարբերութիւնը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Անտարբերութիւնը վտանգաւոր երեւոյթ մըն է,  որ ինքն իրեն չի ստեղծուիր: Ընդհակառա՛կը,  ժամանակի ընթացքին, երկար մաշումէ ետք յուսահատական վիճակի մը հետեւանք է: Անտարբերութիւնը աւերներ կը գործէ,  որովհետեւ արժէքներու խախտում տեղի կ՛ունենայ, եւ մարդիկ, երբ հրապարակէն քաշուին, եւ ամայանայ, ամէն բան փլելու կը սկսի: Անտարբերութիւնը ընդհանրապէս միահեծան իշխանութիւններու առկայութեամբ աւելի շեշտուած է: Ընդդիմութեան հանդէպ հալածանքը, սարսափը, վախը եւ կասկածը ժամանակի...

Մահացող Լեզուն Կ՛արժէ՞ Վերապրեցնել

Մահացող Լեզուն Կ՛արժէ՞ Վերապրեցնել

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Համաշխարհայնացման համայնակուլ այս ժամանակաշրջանի հրատապ խնդիրներէն է բազմաթիւ ժողովուրդներու լեզուներու նահանջը: Մասնագէտներ, լեզուաբաններ եւ լրագրողներ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն, ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստեն, սակայն լեզուները կը շարունակեն մահանալ, երբ խօսող չի մնար: «Պի.Պի.Սի.» անդրադարձած է այս երեւոյթին: Կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. ---------------------------- Լեզուաբաններ յաճախ ժողովներ կը գումարեն քննարկելու համար անհետացման վտանգի ենթարկուած լեզուները փրկելու կարելիութիւնները: Սակայն միշտ հարցում մը...

Հարցազրոյց Պոլսահայ Գրող Եւ Ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեանի Հետ

Մայրենի Լեզուն` Նաեւ Դիմադրութեամբ

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 30 լեզու կը խօսուի: Այս 30-ի շարքին կան լեզուներ, որոնց անունն իսկ թերեւս անծանօթ է մեզի, օրինակ` կապարտայերէնը, կամ, ըսենք, ադիկերէնը, որոնք չերքեզական լեզուներ են: Ի՞նչ տարբերութիւն, օրինակ, ապազերէնի կամ աբխազերէնի միջեւ: Կան դեռ ռոմանական լեզուները` տոմարին ու ռոմանին: Չկարծուի, որ քանի մը հոգի կը խօսի այս լեզուները. օրինակ, ադիկերէն կը խօսին 316 հազար,...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Եղբայր Ենք Մենք (Ի Յիշատակ Ընկ. Յարութիւն Հալէպլեանի)

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Տարիներ առաջ, երբ տակաւին ծնողքիս հետ կը բնակէի Պէյրութ, լաւ կը յիշեմ, որ ընդհանրապէս ընտանեկան հաւաքները կ՛աւարտէին միասնական երգեցողութեամբ, շատ յաճախ` ազգային շունչով երգերով: Այս մէկը կոչէինք աւանդութիւն կամ սովորութիւն. միւենոյնն է, մեզի համար անիկա մեծ ուրախութիւն էր: Ընդհանրապէս տարիքով երէցներն էին, որ կը ղեկավարէին այդ երգեցողութիւնը, բայց կրնամ ըսել, որ տարիներու ընթացքին երգերու շարանը գրեթէ անգիր...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետութեան Երկամեայ Ծրագիրի Մշակման Հանդիպում

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետութեան Երկամեայ Ծրագիրի Մշակման Հանդիպում

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Շրջանային խմբապետութեան երկամեայ ծրագիրի մշակման հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 25  փետրուար 2018-ին, Զահլէի հայ կեդրոնին մէջ: Երկամեայ ծրագիրի մշակման մեկնակէտը եղաւ 100-ամեակը: Առաջին հերթին խօսք առաւ Շրջանային  վարչութեան անդամ  Յակոբ Չպլաքեան,  որ ներկայացուց աշխատանքը ընդհանուր գիծերու մէջ,ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը Վաչէ Նաճարեանը` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, որպէսզի ներկայացնէ օրուան նիւթը` ՀՄԸՄ Շրջանային սկաուտական կառոյցը...

«Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութեան Հեռանկարները` Մշակութային Եւ Տնտեսական Բնագաւառներուն Մէջ» Խորագիրով Լսարան

«Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութեան Հեռանկարները` Մշակութային Եւ Տնտեսական Բնագաւառներուն Մէջ» Խորագիրով Լսարան

20 փետրուարին Արեւելքի բազմազանութեան համախմբումը, Ռազմավարական համագործակցութեան եւ հետազօտութիւններու խորհրդատուական կեդրոնին հետ գործակցութեամբ, իր կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպեց լսարան` «Լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները` մշակութային եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ» խորագիրով: Ներկայ էին` Լիբանանի մէջ Իրանի առեւտրական կցորդ Հուսէյն Սաժատ Նաժատ, քաղաքական խորհրդատու Իրաժ Ալահի, մշակութային խորհրդատու` Մոհամետ Մահտի Շարիհթամտար, ինչպէս նաեւ այլ դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, ակադեմականներ: Լսարանին բացումը կատարեց Արեւելքի բազմազանութեան...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայ Սփիւռքի Մէջ 1850-1980

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Բ. Պոլիսէն դուրս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային գիրքեր 1. Ատամնաբուժական առողջաբանութիւն (Պոսթըն) Հրատարակուած է 1939-ին: Հեղինակն է տոքթ. Ն.Տ.Ս. Թաշճեանը: Գեղատիպ հատոր մը` 200 էջերով: 2.«Բժշկարան, բժշկական բառարան» (Թիֆլիս) Հրատարակուած է 1892-ին: Հեղինակ-թարգմանիչն է բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանցը: Բժշկարան, բժշկակն բառարան 3. «Բժշկականութիւն» (Վենետիկ) Հրատարակուած է 1832-ին Վենետիկ: Հեղինակն է Միքայէլի Ռեստենը: Բժշկականութիւն 4. «Բժշկականութիւն եւ հասարակութիւն» (Թիֆլիս)...

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ. Խրիմեան Հայրիկի Մահուան 110-ամեակին Առիթով Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 28 յունուարին Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած ամենայն Հայոց կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկի մահուան 110-ամեակին:  Կազմակերպիչ վարչութեան անունով  Թամար Թիւֆենքճեանը իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հայրիկի բարոյական կերպարի իւրայատկութիւնները` նկարագրային անեղծ գիծերէն մինչեւ արդարամիտ եւ լուսաւոր գաղափարներու տէր յեղափոխական եկեղեցականն ու...

Վերջին Հանդիպումը «Սօսէ Մայրիկի» Հետ

Վերջին Հանդիպումը «Սօսէ Մայրիկի» Հետ

ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ «... Ես հիմա չեմ մտածում` ինչպէ՛ս արիաբար մեռնել: Ես մտածում եմ, թէ ինչպէ՛ս արիաբար ապրել»: ԱՆՆԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Աննա Պետրոսեանի հետ, որուն վերջին լուսանկարն է այս մէկը Բնաւ ցանկալի չէր, որ այդ մէկը մեր վերջին հանդիպումը ըլլար, սակայն ի՞նչ կրնանք ընել, երբ Աստուած իր «թաքուն» հաշիւները ունի, իսկ բնութիւնը` իր «տարերային քմայքը»: Անոնք առանց ոեւէ մէկուս կարծիքը հարցնելու` անողաբար...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Սումկայիթի Եւ Խոջալուի Նենգամտութեան Հետքերով

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Սումկայիթի Եւ Խոջալուի Նենգամտութեան Հետքերով

Փետրուարի աւարտին, երկու այլ թուականներ աւելցած են այդ ամսուան արդէն իսկ դարուս հայոց պատմութեան անկիւնադարձային եւ յիշատակելի օրերուն վրայ: Երկու թուականներն ալ կ՛առնչուին Արցախի վերածննդեան պայքարի օրերուն: Թուական կարգով առաջինը Սումկայիթի ջարդն է, որ տեղի ունեցաւ 27 փետրուար, 1988-ին, իսկ երկրորդը Խոջալուի ջարդը` 25-26 փետրուար, 1992-ին: Չորս տարի կը բաժնեն այս երկու դէպքերը, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ ու մանրամասնութեամբ կը նկարագրեն,...

Անդրադարձ.  Ողջունո՞ւմ, Թէ՞ Մերժում

Անդրադարձ. Ողջունո՞ւմ, Թէ՞ Մերժում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը շաբաթ, 24 փետրուարին միաձայնութեամբ որդեգրեց Սուրիոյ մէջ 30 օր զինադադար հաստատող թիւ 2401 որոշումը: Թէեւ առնչակից գրեթէ բոլոր կողմերը յայտարարեցին, թէ կ՛ողջունեն որոշումը եւ պիտի յարգեն զայն, սակայն անմիջապէս «բայց» մը աւելցնելով ձեւական ողջունումը վերածեցին տողատակի եւ գործնական մերժումի: Թուրքիան ու քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յայտարարեցին, թէ զինադադարը չի վերաբերիր Աֆրինի մէջ տեղի ունեցող գործողութիւններուն,...

Նախագահ Աունի Հայաստան Կատարած  Պատմական Այցելութիւնը` Ինծի Համար  Պատմական Փորձառութիւն

Նախագահ Աունի Հայաստան Կատարած Պատմական Այցելութիւնը` Ինծի Համար Պատմական Փորձառութիւն

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Աշխատանքի բերումով բազմիցս գործուղուած եմ Հայաստան եւ Արցախ` հիմնականին մէջ ընկերակցելու եւ օժանդակելու հոն ուղղուող լիբանանեան եւ արաբական պատկերասփիւռի կայաններու անձնակազմերուն, որոնք մեր հայրենիքը կ՛այցելեն վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստելու նպատակով: Այդ փորձառութիւնը բաւական հարուստ է, պատասխանատուութիւնը` հսկայ, իսկ ինքզինք բարելաւելու մարտահրաւէրը` պարտադիր: Անցնող օրերուն սակայն ապրած փորձառութիւնս շատ աւելի տարբեր էր ինծի համար սովորական դարձած ուղեւորութիւններէն: Այս անգամ ընտրուած...

Լիբանանեան Մամուլը Եւ Լսատեսողական Լրատուամիջոցները Երկու Օր Կ՛անդրադառնան Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշել Աունի Հայաստան Այցելութեան

Լիբանանեան Մամուլը Եւ Լսատեսողական Լրատուամիջոցները Երկու Օր Կ՛անդրադառնան Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշել Աունի Հայաստան Այցելութեան

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան կատարած այցելութեան մասին լիբանանեան օրաթերթերուն արձագանգը եղաւ ընդարձակ ու տպաւորիչ: Հինգշաբթի 22 եւ ուրբաթ 23 փետրուարին լիբանանեան մամուլին մաս կազմող 11 օրաթերթեր լուսարձակի տակ առին նախագահ Աունի Հայաստան այցելութիւնը,  Էջմիածին եւ Ծիծեռնակաբերդ անոր կատարած այցելութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի իշխանութեան երեք պետերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն վրայ: Այդ օրաթերթերն են` «Նահար», «Ժումհուրիա»,...

Page 720 of 1110 1 … 719 720 721 … 1,110

Արխիւներ