ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
21.- 23-28 մայիս 1918: Հայ բանակին ջախջախիչ հարուածները կը շարունակուին: Տեղի կ՛ունենան Բաշ Ապարանի պատմական կռիւները: Պարտուած բոլոր ճակատներուն վրայ` թուրքերը կը նահանջեն: Արամի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ եւ զօրավարներ` Նազարբեկեանի, Սիլիկեանի, Արարատեանի, Դրոյի, Ղորղանեանի եւ ուրիշներու վճռական հարուածներով նոր էջ մը կը բացուի հայոց պատմութեան մէջ:
22.- 28 մայիս 1918: Թիֆլիսի մէջ գործող Հայոց ազգային խորհուրդը Հայաստանը կը յայտարարէ անկախ պետութիւն եւ ինքզինք կը յայտարարէ ժամանակաւոր կառավարութիւն: Մայիս 28-ը կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդի օրը: Բայց Ապարանի ռազմաճակատը այդ կարեւորագոյն նորութիւնը դեռեւս չէր գիտեր: Դրաստամատ Կանայեանն անձամբ ամբողջ ճակատը տարած է թշնամիի դէմ գրոհի: Դիրքերը կը գրաւեն զոհերու գնով: Այդ օրը զոհուած են սեբաստացի Ազարիկը, գանձակեցի Զեմլեակը, գառնեցի Մարտիրոսի հօրեղբօրորդին, այլ քաջորդիներ: Հակառակ կորուստներուն` հայերը գրոհը չեն դադրեցուցած նաեւ գիշերը:
23.- 22-29 մայիս 1918: Բաշ Ապարանի (այժմ` ք. Ապարան) հերոսամարտ. ճակատամարտ` Արեւելեան Հայաստան ներխուժած թրքական բանակի եւ հայ կամաւորական ջոկատներու միջեւ:
Ապարանի ճակատամարտը սկսած է 1918 թուականի մայիս 22-ի կէսօրին, երբ Էսատ փաշայի զօրագունդերը եւ Քեազիմ փաշայի երկու գունդերը (աւելի քան 10000 զինուոր ու թալանի պատրաստ 3000-էն աւելի դուրսէն, տեղացի թուրք ու քիւրտ ելուզակ) մտած են Ապարան գաւառի սահմանը: Հետախուզական առաջապահ գումարտակը ուշ երեկոյեան հասած է Միրաքի կամուրջի դիմաց, եւ թնդացեր է անոնց վրայ արձակուած ապարանցի աշխարհազօրայիններու հրացանազարկը:
Սակայն ճակատամարտը սկսած էր աւելի առաջ, երբ մայիս 15-ին թուրքերը մտած էին Ալեքսանդրապոլ (այժմ` Գիւմրի) եւ Արագած լերան հարաւակողմով ու հիւսիսակողմով շարժած դէպի Հայաստանի սիրտը` Երեւան:
Հիւսիսակողմով արշաւող թուրքերը անարգել մտած են Սպիտակ, գրաւած` շրջակայ գիւղերը եւ ընթացքին դարձած` դէպի Ապարանի ճանապարհը: Համընդհանուր խուճապ սկսած է: Սկսած են տեղահանուիլ նաեւ Ապարանի սահմանային գիւղերը: Հիւսիսակողմէն արշաւող թուրքերու ճանապարհը հնարաւոր էր փակել Աշտարակի մօտ, Եղուարդի մէջ, Երեւանի սահմանագլխուն: Բայց Ապարանի մէջ թուրքերու առաջքը առնելու մասին որեւէ ծրագիր նախապէս չէր կազմուած: Եւ այդ ճակատագրական պահուն, երբ կը թուէր, որ այլեւս ոչ մէկ ուժ չէր կրնար դէպի Ապարանի գաւառամասը փակել թուրքերու ճանապարհը, Ազգային խորհուրդի նախագահ Արամ Մանուկեանի հրամանով Ապարանի գաւառապետ Սեդրակ Ջալալեանը եւ Ապարանի գաւառի Արագիւղ գիւղի բնակիչ, Երեւանի ոստիկանութեան աշխատակից Արսէն Տէր Պօղոսեանը սկսած են ծանօթանալ իրավիճակին: Անոնք հանդիպած են Յովհաննէս քհնյ. Տէր Մինասեանի հետ: Իրավիճակի վերլուծութենէն ծնած է ինքնապաշտպանութեան վճիռը. կանգնիլ թշնամիի դէմ, չգաղթել եւ չյանձնուիլ անոր ողորմածութեան:
Ինքնապաշտպանութեան հրամանատարութիւնը իրենց վրայ վերցուցած են Սեդրակ Ջալալեանն ու Արսէն Տէր Պօղոսեանը, ստեղծուած է պաշտպանութեան խորհուրդ Տէր Յովհաննէս Տէր Մինասեանի նախագահութեամբ:
Սեդրակ Ջալալեանի անձնական պաշտպանութեան ձիաւորները հրաման ստացած են փակել նահանջի ճանապարհը եւ զէնք կրելու ընդունակ բոլոր տղամարդոց վերադարձնել Ապարան գիւղ:
Միւս կողմէ` Դրոյի զօրաջոկատը, որ մտած էր Ալի Քուչակ (այժմ` Քուչակ)` դէպի Բաշ Ապարան արշաւող թուրքերուն դիմակայելու համար, 29 մայիսին Բաշ Ապարանի մէջ ջախջախած է թշնամիի 2 գունդ եւ ոչնչացուած է ծանր հրետանին:
Թրքական հրամանատարութիւնը Բաշ Ապարան ուղարկած 9-րդ գունդով փորձած է հիւսիսէն արշաւել Երեւան, անցնիլ Սարդարապատի շրջանին մէջ հակայարձակման անցած հայկական զօրամասերու թիկունքը եւ կտրել Երեւանէն: Այդ ծրագիրը խափանելու նպատակով հայկական հրամանատարութիւնը Սարդարապատի ճակատէն, Դրոյի գլխաւորութեամբ, շտապ ուժեր (6 հազար մարդ) տեղափոխած է Բաշ Ապարան: Մայիսի 24-ին Դրոյի զօրամիաւորումը մտած է Ալի Քուչակ (այժմ` Քուչակ)` դէպի Բաշ Ապարան արշաւող թուրքերուն դիմակայելու համար: Մայիսի 29-ին Բաշ Ապարանի մէջ ջախջախուած է թշնամիի 2 գունդ եւ ոչնչացուած է ծանր հրետանին:
Ճակատամարտին հայկական զօրամասերուն մեծ աջակցութիւն ցոյց տուած են նաեւ եզիտի աշխարհազօրայինները (1500 հեծեալ)` Ճհանկիր աղայի գլխաւորութեամբ: Բաշ Ապարանի ճակատամարտով կասեցուած է թրքական զօրքերու արշաւանքը Երեւան եւ Արարատեան դաշտ:
Թշնամին մարտադաշտին վրայ ձգած է 200-է աւելի սպաննուած եւ մեծաքանակ ռազմավար, ետ մղուած է Բաշ Ապարանէն արեւմուտք:
24.- 4 յունիս 1918: Կը ստորագրուի խաղաղութեան դաշնագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ: Հայաստան 12.000 քառ. քմ է:
25.- 7 յունիս 1918: Յովհաննէս Քաջազնունին (Իգիթխանեան) Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը կը ստանձնէ եւ կը կազմէ հանրապետութեան առաջին դահլիճը. այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 7 օգոստոս 1919 թուական:
26.- 2 յուլիս 1918: Թիֆլիսի մէջ ինքզինք «հայկական գաւառներու գերագոյն եւ միակ իշխանութիւն» յայտարարած Հայոց Ազգային Խորհուրդը յաջողեցաւ կեանքի կոչել Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութիւնը` Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ: Կառավարութեան կազմութիւնը ուշացաւ, որովհետեւ հայ քաղաքական բոլոր հոսանքներու մասնակցութեամբ համախմբական կառավարութիւն կազմելու ճիգերը երկար ժամանակ խլեցին ու պահանջեցին դժուարին բանակցութիւններ, որոնք լրիւ չարդիւնաւորուեցան ալ: Նաեւ բացի ներքին գործոց ու պարենաւորման նախարար նշանակուած Արամէն, նորակազմ կառավարութեան վարչապետն ու միւս նախարարները, ինչպէս եւ Հայոց Ազգային խորհուրդը շարունակեցին մնալ Թիֆլիս ու գործել այնտեղէն:
27.- 17 յուլիս 1918: Նորանկախ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը վերջապէս կ՛որոշէ Թիֆլիսէն հեռանալ ու կը ժամանէ Երեւան:
Իսկ Երեւանի մէջ եւ հանրապետութեան տարածքին, հայ ժողովուրդին ու հռչակուած պետութեան կառավարման ղեկին ամբողջ պատասխանատուութիւնը, շուրջ երկամսեայ շրջանին, գործնապէս կը ծանրանայ տարեսկիզբին «տիքթաթէօր» հռչակուած, անկախութեան նուաճման հերոսամարտերը ղեկավարած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան փաստացի հիմնադիրը հանդիսացած անզուգական Արամ Մանուկեանի ուսերուն: Իսկ կառավարել բառով այդ օրերուն պէտք էր հասկնալ` գաղթականներու պատսպարումն ու պարենաւորումը, սովի եւ համաճարակի յաղթահարումը, մեր երկրէն եւ ժողովուրդի կեանքին մէջ պետական կարգ ու կանոնի հաստատումն ու պահպանումը: Այդ պատճառով ալ վարչապետ Քաջազնունիի կառավարութեան մէջ Արամին յանձնուեցան ներքին գործոց եւ պարենաւորման նախարարութիւնները:
28.- 24 յուլիս 1918: Կը հրապարակուի Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութեան կազմը. վարչապետ` Յովհաննէս Քաջազնունի (Իգիթխանեան), արտաքին գործերու նախարար` Ալեքսանդր Խատիսեան, ներքին գործերու նախարար` Արամ Մանուկեան, ֆինանսներու նախարար` Խ. Կարճիկեան, զինուորական նախարար` զօրավար Յովհաննէս Հախվերդեան, արդարադատութեան նախարար` Գ. Պետրոսեան:
29.- 26 յուլիս 1918: Զօր. Թովմաս Նազարբեկեանի հրամանով հայոց ազգային կորպուսը կը վերակազմաւորուի` դառնալով ազգային դիվիզիա:
30.- յուլիս 1918: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը հաստատէ Ալեքսանդր Թամանեանի ստեղծած զինանշանը: Թամանեանի ոգեշնչման աղբիւրը Տիգրան Բ.-ի տարբերանշանները եղած են, մատենագիրներ Խորենացիի ու Բիւզանդի ձգած վկայութիւները այդ մասին, որ Արշակունի թագաւորները «արծիւ կը կրէին», Ռուբինեան արքայ Լեւոն Բ.-ի կնիքներն ու մետաղադրամները եւ Անի թագաւորանիստ քաղաքի դարպասներու առիւծով յուշարձանը: Հայկական զինանշանի վահանը պահողները Մամիկոնեան իշխաններու արծիւն ու 885 թուականին գահ բարձրացած Բագրատունի թագաւորական տոհմի առիւծն են: Կենդանիներու լոկոներ կան չորս թագաւորական ընտանիքիներու վահաններու վրայ` Արտաշէսեաններ (երկու հակադիր շրջուած արծիւ), Արշակունիներ (երկգուլուխ արծիւ), Բագրատունիներ (առիւծ) եւ Ռուբինեաններ (քալող կամ թագադրուած առիւծ): Թամանեանի ձեւաւորման մէջ չեն ներառուած աւելի կանուխ թագաւորական ընտանիքներու` Երուանդունիներու եւ Վանի թագաւորութեան կառավարիչներու խորհրդանիշները:
Թամանեանի գծագրութեան մէջ թագաւորներու թռչուններն ու գազանները շատ յարձակողական կը թուին: Եւ ատիկա բնական էր. թշնամիներով շրջապատուած երիտասարդ պետութիւնը չէր կրնար բարի զինանշան ունենալ: Մինչ պատմաբաններն ու իրաւաբանները կը կողմնորոշուին նրբութիւններու հարցին մէջ, «զինանշանի գազաններն» արդէն երրորդ տասնամեակն է` պահակ կանգնած են հայկական պետականութեան:
(Շար. 3)




