Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Իսրայէլը, Պաղեստինցի Գաղթականները Եւ ՈՒՆՐՈՒԱ-ն

March 2, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

1948-ին Իսրայէլի պետութեան ստեղծումով եւ բնիկ պաղեստինցիներուն արտաքսումով ՄԱԿ-ը ինքզինք ամօթալի վիճակի մէջ գտաւ: Պատերազմին պատճառով կային մօտ 800.000 պաղեստինցի արաբ գաղթականներ, որոնք տարածուած էին շրջակայ երկիրներուն մէջ: Անշուշտ Իսրայէլի բուն նպատակն էր ձուլել պաղեստինցի գաղթականները արաբական երկիրներուն մէջ, սակայն ասիկա տեղի չունեցաւ, եւ այսօր ՈՒՆՐՈՒԱ-ն մօտ հինգ միլիոն պաղեստինցի գաղթականներու կ՛օժանդակէ:

Սակայն ՈՒՆՐՈՒԱ-ի գործը կը տարբերի ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութեան գործէն: Ըստ ՄԱԿ-ի տուած պարտականութեան, ՈՒՆՐՈՒԱ-ի նպատակն է օժանդակել պաղեստինցի գաղթականներուն, մինչեւ որ «վերջնական արդար լուծում մը գտնուի, եւ գաղթականները վերադառնան իրենց հայրենիքը»:  Իսկ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութեան նպատակն է գաղթականները հաստատել ապահով վայերու մէջ եւ բնակեցնել զանոնք երրորդ երկրի մը մէջ, այսինքն` անոնց հայրենիքէն հեռու: Ներկայիս Իսրայէլի վարչապետը ամէն ջանք կը թափէ չէզոքացնելու կամ միացնելու ՈՒՆՐՈՒԱ-ն ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութեան եւ այրելու պաղեստինեան «տունդարձ»-ի կամուրջները:

Վերջերս Միացեալ Նահանգներուն առած անհիմն քայլը` Երուսաղէմը ճանչնալու իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք` պատճառ դարձաւ, որ Նեթանիահու հարուած մը ուղղէ ՈՒՆՐՈՒԱ-ին: Միացեալ Նահանգները սառեցուցին իրենց նիւթական օժանդակութիւնները, եւ եթէ այդ օժանդակութիւնները չհասնին մինչեւ մայիս, ապա ՈՒՆՐՈՒԱ-ն կը փակուի:

Իսրայէլեան կողմը երկու հիմնական հարց ունի ՈՒՆՐՈՒԱ-ի հետ: Իսրայէլ ՈՒՆՐՈՒԱ-ն կը տեսնէ իբրեւ ինքնին գոյութիւն ունեցող հարց: Ան մտավախութիւն ունի, որ եթէ ապագային 5 միլիոն պաղեստինցի վերադառնայ, ապա երկրին ժողովրդագրական պատկերը պիտի փոխուի եւ ըլլայ ի նպաստ արաբներուն, իսկ հրեաները պիտի դառնան փոքրամասնութիւն: Հետեւաբար ասիկա կենաց-մահու խնդիր է հրէական դիտանկիւնէն: Իսրայէլ ամէն ջանք կը թափէ, որ պաղեստինցիներուն հարցը ստանձնէ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութիւնը, որպէսզի այս գաղթականները բնակութիւն հաստատեն այլ երկիրներու մէջ, եւ այսպիսով պաղեստինեան դատին եւ պահանջատիրութեան հիմնական ազդակը չէզոքացուի:

Իսրայէլ 2008-ին Կազայի դէմ պատերազմին ժամանակ բազմիցս քննադատեց ՈՒՆՐՈՒԱ-ն, որ իր դպրոցներուն մէջ կը պահէին զինամթերք, եւ Համաս կ՛օգտագործէր այդ դպրոցները` Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներ արձակելու: ՈՒՆՐՈՒԱ  մերժեց այս ամբաստանութիւնը եւ բազմիցս յայտարարեց, որ ինք պատերազմի ժամանակ կողմ չէ, եւ միաժամանակ զգուշացուց Համասը, որ չօգտագործէ իր դպրոցները հրթիռարձակման համար: Իսրայէլ նաեւ ամբաստանեց այս կառոյցը ահաբեկչութիւնը քաջալերելու եւ դպրոցներուն մէջ հակահրէական քարոզչութիւն տարածելու յանցանքով: Հոս պէտք է նշենք, որ ՈՒՆՐՈՒԱ-ն դասագիրքեր չունի, այլ իր դպրոցներուն մէջ կ՛օգտագործուին պաղեստինեան կառավարութեան կողմէ պատրաստուած դասագիրքեր, ուր Իսրայէլը անուանուած է իբրեւ բռնագրաւեալ տարածք, եւ հրեաները կը նկատուին օտարներ, որոնք գրաւած են պաղեստինցիներուն հայրենիքը:

Սակայն ՈՒՆՐՈՒԱ-ի լուծարումը ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ Իսրայէլի համար: Եթէ ՈՒՆՐՈՒԱ-ն լուծարուի, ո՞վ պիտի տրամադրէ մարդասիրական, կրթական եւ բժշկական օգնութիւն 5 միլիոն գաղթականի, մասնաւորապէս` այն գաղթականներուն, որոնք կը բնակին Կազայի մէջ: Հրեայ բարձրաստիճան զինուորականներ մտահոգ են, որ եթէ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւնը լուծարուի, ապա հազարաւոր աշակերտներ պիտի դառնան ահաբեկչական եւ ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութիւններու որսը: Առաւել, հազարաւոր պաղեստինցի աշխատաւորներ պիտի դառնան անգործ:Արդեօք Իսրայէլ այս բոլորը պիտի կարենա՞յ ապահովել եւ հսկողութեան տակ առնել պաղեստինեան փողոցը:

Ուրեմն ի՞նչ է լուծումը: Որոշ տարակարծութիւններ կան հրէական քաղաքական եւ զինուորական խաւերուն միջեւ, եւ ամէն մէկը իր տեսակէտը ունի ՈՒՆՐՈՒԱ-ի հարցով, սակայն անոնց հիմնական նպատակը կը մնայ նոյնը եւ անփոփոխ` թաղել պաղեստինեան հարցը եւ մոռացութեան մատնել հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը: Իբրեւ հայեր` նոյնանման պատմական փորձառութիւն ունեցած ենք 1921-1923 տարիներուն, նախքան Լոզանի համաձայնագիրին ստորագրութիւնը, երբ քեմալական Թուրքիան փորձեց մոռացութեան մատնել հայ գաղթականներուն հայրենիք վերադառնալու հարցը` այսպիսով հայերը քաղաքացիութիւն ստացան Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու մէջ: Սակայն հայրենիք վերադառնալու պայքարը վառ մնաց եւ այսօր Հայ դատի հիմնական պահանջներէն մէկն է: Այս է նաեւ պաղեստինեան դատին հիմնական սիւնը. որքան հզօր ըլլան միջազգային դաւադրութիւնները, ժողովուրդին կամքը կը մնայ ամէն բանէ վեր:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ 1918-ի Մայիսեան Դրուագներ Բ.

Յաջորդը

Հարիւր Պատմական Դէպք` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.