ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Շրջանային խմբապետութեան երկամեայ ծրագիրի մշակման հանդիպումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 25 փետրուար 2018-ին, Զահլէի հայ կեդրոնին մէջ:
Երկամեայ ծրագիրի մշակման մեկնակէտը եղաւ 100-ամեակը: Առաջին հերթին խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան անդամ Յակոբ Չպլաքեան, որ ներկայացուց աշխատանքը ընդհանուր գիծերու մէջ,ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսը Վաչէ Նաճարեանը` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, որպէսզի ներկայացնէ օրուան նիւթը` ՀՄԸՄ Շրջանային սկաուտական կառոյցը Լիբանանի մէջ, դերը, ըստ ծրագիր-կանոնագիրի, եւ գործելակերպը:
Ան նիւթը ներկայացուց հարցադրումներ կատարելով, ինչ որ աւելի հետաքրքրական եւ հաղորդական դարձուց դասախօսութիւնը: Իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի միաւորներու անմիջական պարտականութիւններու եւ պարտաւորութիւններու` ըլլայ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, ըլլայ Շրջանային խմբապետութիւն: Բոլորը մասնակցեցան նիւթին, տուին կարծիքներ, արտայայտեցին տեսակէտներ, ինչպէս նաեւ իրենց հարցումները ուղղելով լուսաբանական պատասխաններ ստացան: Աւարտին Շրջանային սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ալին Քեչեպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վաչէ Նաճարեանին:
Ապա տեղի ունեցաւ կարճ դադար եւ հիւրասիրութիւն` պատրաստուած Զահլէի Հայ կեդրոնի պատասխանատուներուն կողմէ:
Երկրորդ բաժինով Շրջանային խմբապետութիւնը առանձնացաւ եւ ընդհանուր գիծերու մէջ մշակեց երկամեայ ծրագիր-յայտագիր, որուն վաւերացումէն ետք Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն ընթացք պիտի առնեն աշխատանքները: Ապա մասնակցողները միասնաբար ճաշեցին ու վերադարձան Պէյրութ` շնորհակալութիւն յայտնելով Զահլէի Հայ կեդրոնի պատասխանատուներուն, որոնք սիրայօժար տրամադրեցին Հայ կեդրոնը այս աշխատանքին համար:
ԹՂԹԱԿԻՑ



