Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Նախակրթարան Բաժին
«Աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու ապրող, բայց նոյն ազգային երազներով դաստիարակուող հայ աշակերտներ»: Նոր տարուան մթնոլորտը կրկնակի նշանակութիւն ունեցաւ այս տարի Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի նախակրթարանի աշակերտներուն համար: Ընթացիկ տօնակատարութիւններու կողքին, անոնք խնամքով ու սիրով նուէրներ ու բացիկներ պատրաստեցին` ուղարկելու Արցախի տարեկից ընկերներու: Ծանօթացումը աւելի շօշափելի ու հարազատ դարձնելու համար նկարահանուեցան դպրոցն ու դպրոցին առօրեան: Չուշացաւ մեր աշակերտներուն սպասած պատասխան-նամակը,...



















