Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ 1918-ի Մայիսեան Դրուագներ Բ.

March 2, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Օր մը, առաւօտեան ժամը 1:00-ին Արամը եկաւ պարէտանոցի գրասենեակս: Այդ ինծի դուր (ախորժելի- ՅՉ) չեկաւ: Ան հարցուց` «Ինքնաշարժդ այստե՞ղ է: Կրնա՞ս հետս կայարան երթալ»: «Ի հարկէ,- ըսի, ո՛ւր որ ուզես, միշտ քու հետդ եմ»:

Ընդհանրապէս, խօսած ատեն, անոր ժպիտը միշտ երեսին կ՛ըլլար: Այս անգամ դէմքը տխուր էր: Ինքնաշարժին մէջ Արամը ըսաւ. «Գործերը վատ են, Արշաւի՛ր»: «Վայրկեան մը» ըսի, եւ վարորդին հրամայեցի փակել պատուհանը` ըսելով, որ հարբուխ եմ, սակայն չէի ուզեր, որ ան լսեր մեր խօսակցութիւնը: Արամը շարունակեց. «Երկրորդ օրն է, որ չեմ կարողանար Ալեքսանդրապոլի հետ հեռաձայնով հաղորդակցիլ: Պարզ է, որ գիծը կտրուած է: Այժմ փորձենք խօսիլ Աղինի եւ Անիի կայարաններուն հետ»:

Երեւանի «պազարը» կապոյտ մզկիթին կից` 19-րդ դար
Երեւանի քաղաքապետարանը` 1918-1954, այժմ Ալեք Մանուկեան կեդրոն

Այնտեղէն ալ պատասխան չկար: Վերջապէս, հազիւ կրցանք խօսիլ «Արաքս» կայարանի հետ: Երբ «Արաքս» կայարանի պետը իմացաւ, թէ խօսողները ովքեր են, ըսաւ. «Թերեւս վերջին անգամն է, որ կը խօսինք ձեզի հետ: 15 վայրկեան առաջ կը խօսէի Աղինի կայարանին հետ, եւ անոնք յայտնեցին, որ տաճիկները, առանց որեւէ կանխազգուշացումի, ռմբակոծեր են Ալեքսանդրապոլը, որ` արդէն ինկեր է անոնց ձեռքը: Անոնք քաղաք մտեր են: Սպարապետը իր շտաբով, ինչպէս նաեւ այլ կազմակերպութիւններ հազիւ ժամանակ ունեցած են հեռանալու Ջաջուռ-Ղարաքիլիսայի ուղղութեամբ: Երկար չխօսիմ, որովհետեւ արդէն կը մօտենան: Կը գոցեմ հեռաձայնը: Աստուած ձեզ հետ»:

Արամին դէմքը չայլայլեցաւ, բայց կ՛երեւի թէ իմ դէմքս փոխուած էր, որ ան ըսաւ. «Ի՞նչ պատահեցաւ: Ջիղերդ մէկ կողմ: Դէպի գործ եւ աշխատանք: Յաղթողը մե՛նք պիտի ըլլանք»:

Վերադարձին հրամայեցի, որ բոլոր զինուորները անմիջապէս հաւաքուին մեծ բակին մէջ: Այնտեղ էին զինուորական դպրոցը, երկու ջոկատ ղարաբաղցիներ եւ 100 կամաւոր վանեցիներ: Զինուորներուն բացատրեցի ճակատի դրութիւնը, ըսելով, որ կա՛մ պէտք է յաղթել եւ կա՛մ մեր հայրենիքը, մեր եկեղեցին, մեր ժողովուրդը պիտի բնաջնջուին, որովհետեւ մեր դարաւոր անգութ թշնամին որոշած է մեզ ամբողջովին բնաջնջել եւ անցնելով մեր դիակներուն ու մեր այրած տուներուն վրայէն` միանալ իր մահմետական եղբայրներուն` անոնց հետ մահմետական-թուրանական մեծ կայսրութիւն ստեղծելու համար: «Դուք պատրա՞ստ էք կռուելու հայրենիքի համար եւ անոնց առջեւ բացուած դռները փակելու: Եթէ ոչ, բոլորս պիտի ոչնչանանք: Ձեր յառաջխաղացումը նուիրական պէտք է ըլլայ»: Յիշեցի այն հերոսները, որոնց մասին յաճախ պատմած էի` Դաւիթ Բէկ, զօրավար Լազարեւ եւ այլն, նոյնպէս եւ` անոնց կատարած գործերուն մասին: «Ղարաբաղի եւ Վանի դրօշակը բարձր բռնեցէք: Եթէ ձեր մէջ կան այնպիսիներ, որոնք կը վախնան, թո՛ղ ինծի ըսեն անկեղծ կերպով: Ես անոնց այստեղ կը պահեմ եւ կ՛ուղարկեմ կանանց մօտ, անոնց հետ հաց թխելու»:

Հայկական բանակը դէպի Սարդարապատ
Օդուժի 3 օդանաւերէն մէկը կառքին վրայ 1918

Ամէնքը միասին ուրախ եւ հպարտ գոչեցին` «Կեցցէ՜ Հայաստան»: Կրկին բարեւեցի անոնց եւ հեռացայ: Գնդապետ Յակոբեանին ըսի, որ պատրաստէ պաշար` ժամը 10-ին մեկնելու համար:

Այդ րոպէին պահակներէն մէկը լուր տուաւ, որ ճարտարագէտ Մալխասեանը եկած է, եւ կէս ժամէն պատրաստ կ՛ըլլան: Անգամ մը եւս «Քաջութի՛ւն» ըսի զինուորներուն եւ գացի Արամին քով: Զայն գտայ լաւ տրամադրութեան մէջ եւ կատարածներուս մասին լուր տուի: Ան հարցուց` «Վստա՞հ ես քու զինուորներուդ վրայ»: «Այնպէս` ինչպէս իմ վրաս», պատասխանեցի: Համբուրելով զիս` ըսաւ. «Ապրի՛ս, Աշօ՛ ջան: Բայց ի՞նչ կը մտածես ռազմամթերքի մասին»: «200 հազար փամփուշտ ունիմ,-  պատասխանեցի, – եւ դեռ (աւելին- ՅՉ) կրնամ գտնել բնակիչներուն քով»:

Արամը ըսաւ, որ ինքը ունի 100 հազար փամփուշտ, որ պէտք է աւելցնել ունեցածիս վրայ: «Այժմ Էջմիածին երթանք», ըսաւ: Երբ Երեւանի փողոցներէն կ՛անցնէինք, կը տեսնէինք, որ ժողովուրդը ամբողջութեամբ հրապարակ ելած էր: Ամէն կողմ լեցուած էին: Բոլորը շատ յուզուած, մտահոգ երեւոյթ ունէին:

Զանգիի կամուրջը անցանք, կտրեցինք Երեւանի պարտէզները, մօտեցանք Իւչ-Թէփէլէրին (երեք բլուրներ), որոնք ես արդէն ամրացուցած էի Երեւանի պաշտպանութեան համար:

Արամը դիտելով այդ բլուրները` ըսաւ. «Ասոնք մեր վերջին ամրոցներն են: Բայց քաջայոյս եմ, որ մինչեւ այդտեղ թշնամին պիտի չի հասնի: Սակայն անհրաժեշտ կը նկատեմ, որ դուն այդտեղ պէտք եղած կերպով ամրացնես»:

«Մի՛ մտահոգուիր, Մալխասեանը եւ հարիւրապետ Աւագեանը կը հսկեն պաշտպանութեան աշխատանքներուն վրայ: 1500-է աւելի այր եւ կին, առանց դասակարգի խտրութեան, միասին կ՛աշխատին այնտեղ», ըսի: Արամը մտատանջ ըսաւ. «Վստահ եմ, որ կաթողիկոսը մեզի պիտի օգնէ»:

Ս. Հռիփսիմէ վանք` 618-ին սկսած 1894-ին աւարտած
Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոս

Ամէն անգամ, որ կու գայի Ս. Հռիփսիմէ վանք, կը հիանայի անոր ճարտարապետական գեղեցկութեան վրայ: Արամէն խնդրեցի, որ րոպէ մը կանգ առնենք, եւ վազեցի դէպի վանք: Այնտեղ գտնուող վանականը զարմացած նայեցաւ. «Զաւէն (Մահտեսի Բաբայեան – ՅՉ) եպիսկոպոսին տեսնել կ՛ուզեմ», ըսի: «Երէկ Էջմիածին գնաց», պատասխանեց:

Արամը հարցուց, թէ ինչո՞ւ Զաւէն սրբազանը կ՛ուզէի տեսնել: «Ես Զաւէն սրբազանը Պաքուէն կը ճանչնամ, երբ ան այնտեղի թեմակալն էր: Ան շատ յարգուած էր բոլորէն: Ես նաեւ զայն կը յարգեմ, մանաւանդ` իր հայրենասիրութեան համար», պատասխանեցի:

… Շարունակեցինք ճամբան, Վաղարշապատի մէջ ժողովուրդը տխուր դէմքով մեզ կը բարեւէր: Արամը ըսաւ, որ Երեւանի կիները իրաւունք ունին տխուր ըլլալու, երբ չեն տեսներ քու ժպիտդ:

… Կաթողիկոսը (Գէորգ Ե. Սուրէնեանց, 1847-1930- ՅՉ) անմիջապէս ընդունեց մեզ: Մեզ օրհնելէն ետք հարցուց. «Ի՞նչ կը նշանակէ ձեր այցելութիւնը այս ժամուն: Որեւէ վտանգ կա՞յ»: «Ամէն ինչ կարգին է, վեհափա՛ռ: Մենք ձեր քով եկած ենք խնդրելու, որ եթէ կարելի է, Բիւրական մեկնիք», պատասխանեց Արամ:

Աչքերը սեւեռելով մեր վրայ, ըսաւ. «Կաթողիկոսը արձակուրդի կ՛երթայ յունիսին, ու` Լուսաւորիչի տօնէն ետք: Այդ օր ինքը կը կատարէ Ս. պատարագը: Ուրեմն վիճակը ծանր է: Ո՛չ, տղա՛քս, հայոց կաթողիկոսը նահանջող չէ»: Դառնալով Տիրայր արքեպիսկոպոսին (Ա. դիւանապետ- ՅՉ)`  հրամայեց բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը զարնել: Քանի մը վայրկեան ետք բոլոր զանգերը սկսան ղօղանջել:

… Կաթողիկոսը մտաւ տաճար: Իր բարձր հասակը ինքնին տպաւորիչ էր:… Արամը եւ ես բոլորէն (կրօնականներէն- ՅՉ) ետք մտանք Ս. տաճար:

Կաթողիկոսը ծնրադրեց Ս. Կոյսի առջեւ: Այդ միջոցին Էջմիածինի եւ շրջակայքի բոլոր եկեղեցիներուն զանգերը կը ղօղանջէին մահասարսուռ զանգով: Ամբողջ ժողովուրդը հաւաքուած էր մայր տաճարին մէջ եւ շուրջը: Կաթողիկոսը ծնրադիր կ՛աղօթէր, անոր հետ` բոլոր կրօնաւորները եւ ժողովուրդը: Պարզ էր, որ հայոց վեհափառը Աստուծոյ կ՛աղերսէր աստուածային հրաշքի համար: Երբեմն աչքերէն արտասուք կը կաթէր, բայց պաղարիւնութիւնը կը պահէր: Ետքը իր մօտ կանչեց Գարեգին (Յովսէփեանց, ապագային` Կիլիկիոյ կաթողիկոս) ու Զաւէն  արքեպիսկոպոսները եւ անոնց հրամայեց.

«Գացէ՛ք, ըսէ՛ք, որ կաթողիկոսը այս սուրբ վայրէն պիտի չհեռանայ: Ինչ որ իրեն աւանդ տրուած է իր հայրերէն, ան պարտաւոր է պաշտպանել, եթէ նոյնիսկ հարկաւոր է իյնալ այս սուրբ տաճարին մէջ: Եթէ հայ ժողովուրդը, հայ զինուորը կարող չեն պաշտպանել աստուածատուր եւ Միածինի Էջքով կրկնապէս սրբացած այս սուրբ վայրը, ինքը առանձինն կը մնայ զայն պաշտպանելու համար: Գացէ՛ք, ըսէ՛ք, որ ա՛յս հրամայեց վեհափառը եպիսկոպոսներուն»: Ապա դառնալով ժողովուրդին` ըսաւ. «Ինծի կ՛առաջարկեն թողուլ Ս. Էջմիածինը եւ երթալ, հանգստանալ Բիւրականի մէջ: Ես մերժեցի»:

Վերջապէս, մեզի դառնալով` ըսաւ. «Ըսէք հայ բանակին, որ ես տեղէս չեմ շարժիր: Ես չեմ թողուր Ս. Էջմիածինը: Եթէ մեր զինուորները զայն չեն կրնար պաշտպանել, եւ թուրքերը մտնեն Ս. Էջմիածին, իմ դիակը պիտի գտնեն Ս. Իջման սրբավայրին մէջ»: Ապա ծնրադրեց, համբուրեց Ս. Իջման վայրը եւ շատ տխուր արտայայտութեամբ ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ իմ զաւակներուն, որ յաղթեն թշնամիին»: Կրկին դառնալով ժողովուրդին` ըսաւ. «Ինչպէս Մեծն Վարդան Քրիստոսի անունով յաղթեց հեթանոսներուն Տղմուտի ափին եւ ինկաւ հերոսաբար, նոյնպէս եւ այժմ պէտք է յաղթենք: Այդ սուրբ պատերազմին մէջ Ղեւոնդ Երէցը իր խաչով կը յառաջանար կռուողներուն առջեւէն: Այդ օրուայ յիշատակութիւնը մեզի համար մեծ տօն է»:

Այդ պահուն Գարեգին եւ Զաւէն արքեպիսկոպոսները յառաջացան բազմութեան մէջէն եւ ծնրադրեցին կաթողիկոսին առջեւ եւ ըսին. «Վեհափա՛ռ տէր, թոյլ տուէք մեզի երթալու հայ բանակի գլուխը, ինչպէս` Ղեւոնդ Երէցը»: Կաթողիկոսը օրհնեց զանոնք եւ ըսաւ. «Գացէ՛ք, ըսէ՛ք զինուորներուն, որ անոնք պատասխանատու են բոլոր հայերու կեանքին համար: Մենք ոչ ոք ունինք մեր կողքին` բացի Քրիստոսէն, որ մեր միակ ուժն է եւ մեզ կ՛օրհնէ»:

Այնքա՜ն յուզիչ եւ մեծասքանչ էր այս պատկերը, որ Արամը եւ ես հազիւ կը կարողանայինք զսպել մեր արտասուքը: Ապա վեհափառին ընկերակցեցանք մինչեւ իր յարկաբաժինը: Ան կրկին օրհնեց մեզ, եւ մենք դուրս եկանք:

Մեզ կը սպասէին Գարեգին եւ Զաւէն արքեպիսկոպոսները: Խնդրեցի Արամ փաշայէն, որ երթամ Էջմիածինի տպարանը եւ անմիջապէս տպել տամ կաթողիկոսին խօսքերը, որպէսզի Գարեգին եւ Զաւէն արքեպիսկոպոսները այդ գրութիւնը ճակատ տանին իրենց հետ:

Վերադարձին` յուզմունքէն լուռ էինք:… Արամը ըսաւ. «Դուն կրօնական զգացմունքներ ունիս, ես` ոչ: Բայց վստահ եմ, որ կաթողիկոսին խօսքերը զինուորներու սրտին պիտի խօսին»:

7 փետրուար 2018
(Շար. 2)

 

(1)  (https://hy.wikipedia.org/wiki/Արշավիր_Շահխաթունի)

(2)  «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային էջ 508-521:

Նախորդը

Անտարբերութիւնը

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Իսրայէլը, Պաղեստինցի Գաղթականները Եւ ՈՒՆՐՈՒԱ-ն

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.