Փետրուարի աւարտին, երկու այլ թուականներ աւելցած են այդ ամսուան արդէն իսկ դարուս հայոց պատմութեան անկիւնադարձային եւ յիշատակելի օրերուն վրայ:
Երկու թուականներն ալ կ՛առնչուին Արցախի վերածննդեան պայքարի օրերուն:
Թուական կարգով առաջինը Սումկայիթի ջարդն է, որ տեղի ունեցաւ 27 փետրուար, 1988-ին, իսկ երկրորդը Խոջալուի ջարդը` 25-26 փետրուար, 1992-ին:
Չորս տարի կը բաժնեն այս երկու դէպքերը, որոնք ամենայն բծախնդրութեամբ ու մանրամասնութեամբ կը նկարագրեն, թէ որքա՛ն նենգամիտ, քստմնելի եւ սադրիչ ոճով գործած է եւ ցայսօր կը գործէ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը:
Անդրադառնալով վերոյիշեալ առաջին սպանդին` տեղին է նշել, թէ միայն Սումկայիթի մէջ չէր, որ կը պատահէր հայութեան դէմ հալածանքը, այլ նաեւ` նոյնինքն մայրաքաղաք Պաքուի մէջ: Խնդրոյ առարկայ հարցը քաղաքը չէր, այլ պարզապէս հայածին ըլլալն էր քաղաքի մը մէջ, ուր նոյնքան հայկական երանգներ գոյութիւն ունեցած են, որքան` Վրաստանի շքեղ Թիֆլիս քաղաքին մէջ:
Այսպէս, վառօդի նման բռնկեցաւ պետականօրէն ծրագրուած ու կազմակերպուած ջարդը Ազրպէյճանի բնակութիւն հաստատած, հոն գործող եւ իր ներդրումը կատարող հայ բնակչութեան դէմ: Այդ ժամանակաշրջանը Արցախի վերանկախացման առաջին օրերն էին, որոնք ծայր աստիճան զայրացուցած էին ազերի ղեկավարութիւնը: Բնականաբար վրէժ լուծելու ամէնէն դիւրին ձեւն էր նախապէս պատրաստուած եւ մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրուած ցուցակներու հիմամբ` հայերու բնակարաններուն եւ խանութներուն վրայ յարձակիլը եւ սահմռկեցուցիչ ու ընվզեցուցիչ պայմաններու տակ սպանութիւններ կատարելը: Աւելի քան երեք օր տեւեց այս հալածանքը, որմէ հազիւ բուռ մը հայեր կրցած էին խոյս տալ, իսկ մնացեալը, թիւով աւելի քան երկու հարիւր, յապաղումով միացած էին մէկ ու միլիոն ջարդուողներու շարքին:
Պաքուն շուտով գործի լծուած էր` մեղմացնելու կացութիւնը, յատկապէս` օտար տեղեկատուական հաստատութիւններու դիմաց, եւ բազմիցս յառաջ քաշած էր այն տեսակէտը, որ պատահածը խուլիկաններու կողմէ կազմակերպուած ինքնագլուխ արարք մըն էր, որուն պատճառով յիսուն հայորդիներ սպաննուած էին: Հաւանաբար օրին այդ ղեկավարութիւնը չէր նկատած, որ այդ խուլիկանները պարզապէս իրենց լծակներն էին, որոնք ազատօրէն կը գործէին` կանաչ լոյս ստանալով ներքին ապահովութեան ուժերէն:
Անցնինք վերը նշուած երկրորդ թուականին: Խոջալուի սպանդին առեղծուածը պարզապէս նենգամտութեան բիւրեղացումն է, կազմակերպուած` Իլհամ Ալիեւի հօր` Հայտարի կողմէ, Ազրպէյճանի օրուան նախագահ Այազ Մութալիպովին դէմ, այդ ալ` Արցախի ազատագրման ամէնէն տաք օրերուն:
Հայ քաջերը, այդ օրերուն ազատագրելէ ետք Շուշիին ընդհանուր յարձակողականի ձեռնարկած էին, յատկապէս` Ստեփանակերտէն չորս մղոն հիւսիս գտնուող Խոջալուի վրայ, որ Ասկերանի շրջանին մէջ ռազմավարական կարեւոր դիրք մըն էր, որ իրարմէ կը բաժնէր մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու Մարտակերտը: Եւ դեռ աւելի՛ն. նոյնինքն Խոջալուի թշնամի դիրքերէն է, որ ծանր ռումբերու տեղատարափը կը կատարուէր Ստեփանակերտի վրայ` անշարժացնելով քաղաքն ու քաղաքացին:
Տեղի ունեցող յաջորդական նահանջի պատճառով, դիւրին եղաւ Խոջալուի անկումը, սակայն հոս է, որ ազերի մութ ձեռքեր, առիթէն օգտուելով, իրենց իսկ փամփուշտներով սպաննեցին այդ շրջանէն խոյս տուող անմեղ մցխեթներ: Պատճա՞ռ… դրդապատճա՞ռ: Մութալիպովի դէմ յեղաշրջում կատարելու միտումով հայր Ալիեւ կատարած էր այս նենգամիտ ու սադրիչ սպանդը, միեւնոյն ժամանակ` աշխարհին ցոյց տալու, որ հայ մարտիկներն էին արարքը կատարողները: Սակայն դէպքերուն փաստերն ու նոյնիսկ Մութալիպովի խոստովանութիւնները ցոյց կու տան, թէ շան գլուխը ո՛ւր թաղուած էր:
Այսուամենայնիւ, կատարուած նենգամտութիւններէն եւ խաբէութիւններէն հեռու` Խոջալուի ազատագրումը միակ ելքն ու հնարն էր Արցախը ամուր հիմերու վրայ ազատագրելու:



