ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
 Պարոնին հետ ըլլալու, կարօտի զգացումը յագեցնելու եւ վերաթարմանալու  առիթ մը ընծայուեցաւ մեզի վերջերս, երբ մեր սեղանին վրայ իր ներկայութիւնը յիշեցնող ու հաստատող վերոնշեալ հատորը մէկ շունչով ընթերցեցինք:
Պարոնին հետ ըլլալու, կարօտի զգացումը յագեցնելու եւ վերաթարմանալու  առիթ մը ընծայուեցաւ մեզի վերջերս, երբ մեր սեղանին վրայ իր ներկայութիւնը յիշեցնող ու հաստատող վերոնշեալ հատորը մէկ շունչով ընթերցեցինք:
Ի դէպ, Պօղոս Սնապեան «Պարոն» մակդիրը վաստկած էր իր աշակերտներէն, իբրեւ վկայութիւն անոր հարազատի, բարեկամի, ընկերականի եւ անմիջականի յորդ յոյզերուն եւ արժանիքներուն: Այլ խօսքով` անիկա բնորոշիչ յատկութիւն մըն էր տրուած անոր` իբրեւ փոխադարձ սիրոյ, յարգանքի եւ վստահութեան ընկալում:
Այլ ասած, Պօղոս Սնապեան իր մէջ խտացուցած ուսուցիչի ու դաստիարակի տիպարին առընթեր, ան հայ գրականութեան ու մայրենիին նրբահիւս երանգները սիրցնողի եւ ուսուցողի «Պարոն»-ն էր, այլապէս Յ. Օշականի, Կ. Սասունիի եւ Ա. Ծառուկեանի գրականագիտական ուսմունքին հաւատարիմ ժառանգորդը:
Հատորը գեղատիպ է, ինչպէս միշտ, որուն բովանդակութեան, ընդգրկած նիւթերուն, արծարծած հարցերուն եւ ընդհանուր մթնոլորտին ծանօթանալէն ետք, ընթերցողը հաճոյքով եւ գրական-գեղարուեստական վայելք մը ապրածի գոհունակութեամբ հրաժեշտ կու տայ գիրքին, բայց ոչ` բովանդակութեան:
Որովհետեւ բովանդակութենէն բխող միտքերն ու տեսակէտները ուղղակի իրենց ազդեցութեան տակ կը պահեն ընթերցողը, յաւելեալ մտածումի կը մղեն եւ վերջապէս կ՛առինքնեն ու կը դաստիարակեն, կ՛ըլլան ուղենիշ ինքնազարգացման:
Պիտի ըսուի, որ արդեօք գրախօսականնե՞րն ալ պէտք է նկատել իբրեւ գրական-գեղարուեստական շունչ պարփակող էջեր, որոնք ամփոփուած են գիրքի մը ծածկին տակ եւ հրամցուած հայ ընթերցողին: Նման հարցադրումի մը մեր պատասխանը միանշանակ մէկ բառ է, ԱՅՈ:
Փաստօրէն, Պօղոս Սնապեանի գրիչին ու գրականագիտական հայեացքներուն պատկանող իւրաքանչիւր էջ թէ հատոր կ՛ընդգրկէ լեզուական գրաւչութիւն եւ հմայք, ոճային յատկութիւնն ու որակ, որ ուսուցողի իր թելադրականութեամբ` նաեւ գրական ճաշակ, շունչ ու հրապոյր կը փոխանցէ:
Իրօք, երեք գոյականներ (ճաշակ, շունչ, հրապոյր), որոնց հանդէպ գրագէտ Պօղոս Սնապեան այնպիսի ակնածանք եւ լրջութիւն ցոյց տուած է, որ ցմահ եղած է անոնց պահապանն ու քարոզիչը: Մէկ խօսքով, անոր ծայրայեղ ու խստապահանջ մօտեցումը` պանծացման գագաթին տեսնելու հայ գրականութիւնը, յաճախ զինք մատնած են նեղ կացութիւններու եւ մղած, որ դիմակայէ անախորժ դիպաշարեր:
Այդուհանդերձ, գրական աշխարհի յաղթերգը իր ուսերուն, գրաքննադատ ու գրող Պօղոս Սնապեան` հաւատարիմ իր կոչումին եւ անյեղլի սկզբունքներուն, շարունակեց արարել ու լոյսին բերել բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ պատկառելի հատորներ, «Բագին» ամսագիր հրատարակել, ուսուցել եւ գրականութեամբ ապրիլ:
Փակագիծ մը:
Երեւի թէ ամէն պատեհ առիթի ու քայլափոխի պիտի յիշենք ու յիշեցնենք, որ Պօղոս Սնապեան իրերայաջորդ քառասուն տարիներ «Բագին» գրական ու արուեստի գոհարը հրատարակեց, խմբագրեց, անկրկնելի բացառիկ թիւեր լոյսին բերաւ, երէց, միջին թէ նորընծայ գրողներու թեւ ու թիկունք հանդիսացաւ, ուղղութիւն տուաւ, շունչ ներարկեց, զանոնք դէպի գրական բարձունքներ առաջնորդեց, առանձինն տոկաց հոսանքն ի վեր, շատ անգամ մտրակեց կեղծ, ստապատիր ու ինքնակոչ գրչակները, եղաւ ինքնուրոյն, մի՛շտ պատուախնդիր, եղաւ հարազատ, մի՛շտ հաւատարիմ, բայց մանաւանդ` եղաւ այն խմբագիրը, որ իր ժամանակի «Բագին»-ը հասցուց այնպիսի կատարներու, որոնց նուաճումը գրեթէ անկարելի է իրմէ ետք:
Խոստովանիլ է պէտք, որ Պօղոս Սնապեան երեւոյթը իր անխորտակելի «Բագին»-ով, սփիւռքահայ գրական կեանքի հարիւրամեայ պատմութան մէջ թողեց վեհափառ ժառանգ մը, որ պիտի մնայ իւրայատուկ եւ անգերազանցելի:
Արդ,
Հատորը կ՛ընդգրկէ թիւով 24 գրախօսականներ: Հեղինակը ներկայացուցած է 17 հեղինակներու երկեր, որոնք հայ գրականութեան գոհարներէն կը համարուին:
Գիրքին մէջ տողանցող պատկառելի հոյլին մաս կը կազմեն Համաստեղ, Նշան Պէշիկթաշլեան, Արամ Հայկազ, Կարօ Սասունի, Մատթէոս Զարիֆեան, Մուշեղ Իշխան, Վահրամ Մավեան, Ա. Շիրակեան, Կարօ Փօլատեան, Ս. Վրացեան, Յակոբ Օշական եւ ուրիշներ:
Գրախօսականները կը պատկանին տարբեր թուականներու (1954-1974), որոնք լոյս տեսած են «Նայիրի» շաբաթաթերթի, «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքի եւ «Բագին» ամսագիրի զանազան թիւերուն մէջ:
Եւ ահա, զարմանալի մտածում մը ինքզինք կը պարտադրէ, այն առումով, որ, հակառակ հինգ կամ վեց տասնամեակի հեռաւորութեան, սնապեանական գրիչի դրոշմը պահած է իր պայծառութիւնն ու թարմութիւնը, աւելի՛ն. անոր գրական թէ գրադատական մօտեցումներու կարմիր թելը պահուած ու մնացած է ամուր, նոյնիսկ կէս դար մը ետք` իբրեւ յատկանիշ ու եզակի լեզուամտածողութիւն:
Այսինքն, ան իր որդեգրած գրելաոճին հաւատարիմ մնացած է առաջին իսկ օրէն մինչեւ շունչ վերջին:
Ի տարբերութիւն այլ գրողներու, Սնապեան ի սկզբանէ ունեցած է ինքնուրոյն գրական մտածելակերպ, գեղարուեստական լեզու, ոճային բարեմասնութիւններ, քննելու եւ քննարկելու եզակի մօտեցում, բայց մանաւանդ` տաղանդաւոր գրիչներու նկատմամբ երկիւղածութիւն, խիզախ կեցուածք եւ ուժեղ համարում:
Միւս կողմէ, ան երբեւէ չէ վարանած երեւան հանելու գրողի մը խարդախ մօտեցումները, լեզուական խորթութիւնները, գեղարուեստական միջակութիւնը, իրաւ մտաւորականի կոչումի բացակայութիւնն ու ներաշխարհի մը սին ու տխեղծ պատկերը:
Ինչ կը վերաբերի այս հատորին, ամփոփուած գրախօսականները, խորքին մէջ լաւագոյն ապացոյցն են այն վկայութեան, թէ երբ տուեալ հեղինակի մը գիրքը իր հզօր ազդեցութիւնը ունեցած է եւ ուղղակի հմայած Սնապեանի ներաշխարհը, յագեցուցած ճաշակը, ապա անիկա իբրեւ անձ ու գրականութիւն մշակող անհատականութիւն, ըստ էութեան արժեւորուած եւ գնահատուած է անոր կողմէ:
Յայտնապէս սնապեանական գրախօսականները կ՛ամփոփուին 3-4 էջերու մէջ: Անոնք զերծ են աւելորդաբանութենէ, ունին կուռ եւ իմաստալից յատկութիւն: Չեն ենթարկուիր այլոց քմահաճոյքին, այլ կ՛ապրին իրենց խորազգաց ապրումներու շքեղութիւնն ու որակային արտայայտչականութիւնը: Անոնք սոսկ գիրքերու ներկայացումներ չեն, ոչ ալ` հեղինակի խօսքերու ընդօրինակութիւններ, այլ միտք ու կշիռ փոխանցող, հոգի ու ճաշակ սնուցող տողեր, այո՛, ստեղծագործութիւններ:
Հուսկ, երախտագիտական խօսք գիրքի խմբագրական աշխատանքն ու սրբագրութիւնը կատարած Թամար Սնապեան-Սուրճեանին, որ կը շարունակէ բծախնդրօրէն տէր կանգնիլ իր հօր` Պօղոս Սնապեանի ստեղծագործական ժառանգին, ի փառս անոր ազնիւ յիշատակին:
Գեղատիպ այս գիրքը կը բովանդակէ 190 էջ, լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն, 2017-ին:
 
			

