Արցախեան շարժումին 30-ամեակը ամէն բանէ առաջ եւ վեր հայ ժողովուրդի համազգային յաղթանակին օ՛րն է` վերածնունդի՛ օրը, ինչպէս որ արդարօրէն կ՛ըսեն արծուաբոյն Արցախի խրոխտ որդիները:
Արցախեան հերոսամարտին 30-ամեայ յաղթարշաւը տօնելով` մեր ժողովուրդը ամէնուրեք հպարտութեամբ կը խոնարհի հայրենի հող ազատագրելու պայքարին մէջ իրենց գերագոյնը զոհաբերած` արեա՛ն նուիրաբերումը կատարած անուանի եւ անանուն բազմահազար ազատամարտիկներու անմահ յիշատակին առջեւ: Արցախեան պահանջատիրութեան 30-ամեակը նաեւ ու մանաւա՛նդ կու գայ շեշտելու հաւաքական ու միասնական մեր մեծ պարտքը` տէ՛ր կանգնելու մեր սերունդներուն ժառանգ յանձնուած Արցախեան Աւանդին` ազգային ինքնաճանաչման եւ համահայկական հաշուետուութեան ոգիով գուրգուրալու ազատագրուած հայրենի հողի իւրաքանչիւր մասնիկին վրայ, զայն պաշտպանող հայ մարդոց անվտանգութեան եւ արժանավայել կեանք ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան վրայ, ազատագրուած հողը շէնցնելու եւ անոր որբեւայրի ժառանգորդները ինքնավստահութեամբ եւ մարտունակութեամբ ջրդեղելու եւ զինելու:
Ի վերջոյ մտահան չենք կրնար ընել, որ երեսուն տարի առաջ, փետրուարեան պոռթկումի օրերուն, մարտունակ արցախցիներու ամէնօրեայ հաւաքներուն եւ երթերուն հետ ընդոստ ոտքի կանգնեցաւ իրաւատէր ողջ հայութիւնը` աշխարհի չորս ծագերուն, Ստեփանակերտէն արձակուող «Միացո՜ւմ»-ի պահանջին յաղթագոռ վանկարկումներուն միախառնելով իր պահանջատիրական հուժկու արձագանգը:
Այո՛, երեսուն տարի առաջ Ստեփանակերտէն արձակուած մայր հայրենիքի հետ Արցախի վերամիացման պահանջով ճամբայ ելած պայքարն ու շարժումը ամբողջ դարձակէտ մը նուաճեցին հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ: Ոչ միայն նոր ու կազմակերպուած թափով արծարծեցին աւելի քան վեց տասնամեակներէ ի վեր պարբերաբար պոռթկացող հայոց արծուաբոյն Արցախը մայր Հայաստանին հետ վերամիաւորելու ազգային մեր պահանջատիրութիւնը, ոչ միայն հայութեան պարտադրուած անհաւասար ուժերով պատերազմէն յաղթական դուրս եկան ու ամրագրեցին ազրպէյճանական լուծէն վերջնականապէս ազատ ու անկախ ապրելու Արցախի հայութեան անբռնաբարելի իրաւունքը, այլեւ` արժանաւորապէս նուաճեցին ու յառաջապահ պատնէշի վերածեցին Արցախը` իբրեւ Հայ դատի վերածնեալ պայքարին անառիկ միջնաբերդը, յառաջապա՛հ պատնէշը:
Մեր ժողովուրդին չափ`, եթէ ոչ աւելի, նոյնինքն ցեղասպան Թուրքիան եւ անոր ձեռնասունը` եղեռնագործ Ազրպէյճանը խորապէս կը գիտակցին, որ միայն մայր հայրենիքի հետ Արցախի վերամիաւորումով չ՛աւարտիր արցախեան շարժումով շղթայազերծուած Հայ դատի վերանորոգ պայքարին ազգային-քաղաքական օրակարգը:
Թուրք պետական վերնախաւը պատահականօրէն չէ, որ Հայաստանի շրջափակումը դադրեցնելու եւ Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութեանց բնականոնացումին համաձայնելու համար նախապայման կը դնէ այսպէս կոչուած «հայկական զօրքերու կողմէ բռնագրաւեալ տարածքները Ազրպէյճանին վերադարձնելու» պահանջը:
Բայց ո՛չ Թուրքիա, ո՛չ Ազրպէյճան եւ ո՛չ ալ այս կամ այն մեծապետական հաշուարկներով համաթրքական դահիճներուն պարբերաբար ձայնակցող աշխարհակալ տէրութիւնները կ՛անդրադառնան կամ կը գիտակցին, որ արցախեան շարժումով այլեւս բացառուած է Արցախի հայութիւնը որեւէ տարազով Ազրպէյճանի լուծին տակ առնելու կամ պահելու քաղաքականութիւնը:
Թէեւ արցախեան շարժումին յաղթարշաւով այսօր կա՛յ, ժողովրդավարականօրէն ու սահմանադրականօրէն արմատաւորուած է եւ իրողապէս ազատ ու անկախ կ՛ապրի Արցախի Հանրապետութիւնը, այդուհանդերձ, դեռ
իրաւականօրէն նուաճուած ու հաստատագրուած չեն հայկական երկրորդ հանրապետութեան միջազգային ընտանիքէն ներս լիարժէք ճանաչումն ու ընդունումը:
Հետեւաբար արցախեան շարժումին 30-ամեակը հայ քաղաքական մտքի անխտիր բոլոր հոսանքներուն վրայ պարտք կը դնէ, ամէն բանէ վեր, միասնաբար եւ անսակարկ նուիրաբերումով տէր կանգնելու Արցախի Հանրապետութեան` անոր քաջարի, այլեւ բազմաչարչար ժողովուրդին, նորահաս սերունդներուն, պետական կռուաններուն եւ յատկապէս ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան բանակին հետեւողական զարգացումին ու հզօրացումին:
Համահայկական այդ զօրաշարժին յառաջապահ դրօշակիրը, անշո՛ւշտ, Հայաստանի Հանրապետութիւնն է` պետական իր կռուաններով եւ քաղաքական-հասարակական կառոյցներով, որոնք կոչուած են աչքի լոյսի պէս գուրգուրալու Արցախի հայութեան ինքնահաստատման եւ ինքնազարգացման ներուժին լիարժէք արդիւնաւորման վրայ:
Համազգային այդ զօրաշարժին մէջ անփոխարինելի կռուան է հայկական սփիւռքը` աշխարհով մէկ տարածուած հայօճախներու հաւաքական ու միասնական զօրակցութիւնը վերածնեալ Արցախին:
Որքան ալ թշնամին սեւ ցանկեր «շինէ» եւ անոնց վրայ դնէ տարբեր երկիրներէ` աշխարհի մեծ ու փոքր քաղաքներէն Արցախ այցելող պետական, քաղաքական թէ հասարակական դէմքերը, սփիւռքեան իւրաքանչիւր հայօճախի աւագ պարտաւորութիւնն է ոչ միայն քաղաքացիական նախաձեռնութիւններով դէմ կանգնելու ազրպէյճանական նման ոտնձգութեանց, այլեւ` ամբողջական աջակցութիւն բերելու եւ քաջալերելու օտարներու դէպի Արցախ համակրանքի քայլերը:
Ինչպէս որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն եւ այնուհետեւ աշխարհով մէկ պարզուեցաւ, սփիւռքեան հայօճախները իրենց լրիւ իրաւունքին մէջ են ստեղծելու «Արցախեան առօրեայ»` օրը օրին արձագանգելու եւ զօրակցելու Արցախի ե՛ւ մեծ քաղաքականութեան հայանպաստ կողմնորոշման սեւեռող նախաձեռնութիւններուն, ե՛ւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ուժեղացումին, ե՛ւ Արցախի պարզ մարդոց ու յատկապէս նորահաս սերունդներուն ամէնօրեայ հոգերու բաւարարման եւ տարրական երազներու իրականացման:
Այո՛, ինչպէս երեսուն տարի առաջ, նոյնպէս եւ այսօր ու վաղը մենք բոլորս արցախցի՛ ենք:
Այո՛, մայր հայրենիքին հետ վերամիացումի պահանջէն շատ աւելին շղթայազերծեց արցախեան շարժումին 30-ամեայ յաղթարշաւը`
Հայ ժողովուրդին տուաւ ազգային ինքնաճանաչումի եւ Հայ դատի պայքարին նորօրեայ վերածնունդին հպարտութիւնը, հաստատակամութի՛ւնը:
 
			


