Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Համաշխարհայնացման համայնակուլ այս ժամանակաշրջանի հրատապ խնդիրներէն է բազմաթիւ ժողովուրդներու լեզուներու նահանջը: Մասնագէտներ, լեզուաբաններ եւ լրագրողներ տարատեսակ մեկնաբանութիւններ կ՛ընեն, ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստեն, սակայն լեզուները կը շարունակեն մահանալ, երբ խօսող չի մնար: «Պի.Պի.Սի.» անդրադարձած է այս երեւոյթին: Կը ներկայացնենք հատուածներ:
Ն.
—————————-
Լեզուաբաններ յաճախ ժողովներ կը գումարեն քննարկելու համար անհետացման վտանգի ենթարկուած լեզուները փրկելու կարելիութիւնները: Սակայն միշտ հարցում մը կը յառաջանայ, թէ արդեօ՞ք կ՛արժէ ողջ պահել բարբառներ, որոնք երբեմն միայն քանի մը հոգի կը խօսին:
«Լեզուն մտածումի տարազն է», ժամանակին ըսած է Սամուէլ Ճոնսընը:
Շուրջ վեց հազար տարբեր լեզուներ կը խօսուին աշխարհի մէջ: Բայց Վտանգուած լեզուներու հիմնարկը կը նշէ, որ այդ լեզուներէն 500-1000-ը միայն քանի մը անձեր կը խօսին:
Ամէն տարի աշխարհը կը կորսնցնէ շուրջ 25 մայրենի լեզուներ: Տխուր հոլովոյթ մը` ոմանց համար: «Տարբեր լեզուներ ունին իրենց նրբութիւնները, դարձուածքներն ու կատակները, որոնք մեզի բան մը կ՛ըսեն մարդոց մասին», ըսաւ Վտանգուած լեզուներու հիմնարկի տնօրէն Նիքոլաս Օսլըրը:
«Եւ երբ լեզու մը կը կորսուի, ատոնց հետ գիտելիքներու մեծ մասը եւս կը կորսուի: Մարդիկ հոգ կը տանին ինքնութեան, որովհետեւ կ՛ուզեն տարբեր ըլլալ: Այս օրերուն մենք կ՛ուզենք առնչութիւն, հաղորդակցութիւն ունենալ ամէն բանի հետ, բայց չենք ուզեր նկատուիլ աշխարհի միւս ծայրին վրայ գտնուող մարդիկ», աւելցուց ան:
Գոյութիւն ունի Շրջանային լեզուներու եւրոպական հռչակագիրը, որ Եւրոպական Միութեան անդամ իւրաքանչիւր երկիր ստորագրած է, եւ Եւրոպական Միութիւնը ունի ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Եւրոպական լեզուի բազմազանութիւն բոլորին համար», որուն նպատակն է պաշտպանել ամէնէն վտանգուած բնիկ լեզուները: Ծրագիրը անցեալ տարի 2,7 միլիոն եւրօ ստացաւ ճշդելու համար ամէնէն վտանգուած լեզուները:
Ոմանց համար ասիկա ոչ միայն միջոցներու մսխում է, այլեւ` լեզուի հոլովոյթի թիւրիմացութիւն: Գրող, հաղորդավար Քենան Մալիքը կ՛ըսէ, որ «անտրամաբանական» է փորձել պահպանել, պահել աշխարհի բոլոր լեզուները:
Վերջին խօսողը մահացաւ
Անցեալ տարի պօ լեզուն մեռաւ, երբ 85 տարեկան անդամ մը` պօ ցեղախումբէն, մահացաւ Հնդկաստանի Անտաման կղզիին մէջ:
«Կրնայ տխուր թուիլ, որ լեզուն անհետացած է, սակայն մշակութային փոփոխութեան հոլովոյթ կը սկսի: Առումով մը, կրնաք ատիկա անուանել մշակութային կորուստ: Բայց ատիկա անտրամաբանական է, որովհետեւ մշակութային ձեւեր միշտ կը կորսուին: Ըսելը, որ մշակութային ամէն ձեւ պէտք է յաւիտեան մնայ, ծիծաղելի է: Եւ երբ պետութիւններ կը փորձեն նեցուկ կանգնիլ լեզուներու, ատիկա ցոյց կու տայ աւելի անցեալին կառչելու, քան յառաջդիմելու ցանկութիւն մը»:
«Եթէ մարդիկ կ՛ուզեն փոքրամասնութեան մը լեզուն սորվիլ, ինչպէս` մանքս լեզուն, ատիկա իրենց գիտնալիքն է, պետութեան դրամական միջոցներով պէտք չէ ըլլայ ատիկա», կը պնդէ Քենան Մալիքը եւ կ’աւելցնէ. «Ունենալ հանրային քաղաքականութիւն մը, որ պէտք է որոշ մշակոյթ մը, կամ լեզու մը պահպանուի, ցոյց կու տայ հիմնական թիւրիմացութիւն մը: Չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՛ս հանրութեան օգտակար կրնայ ըլլայ մանքս կամ քորնիշ լեզուն պահպանելը: Ի վերջոյ, լեզու մը գործնակա՞ն է, թէ՞ ոչ, շատ պարզ է. եթէ ժողովուրդը չի գործածեր լեզու մը, ատիկա այլեւս լեզու չէ»:
Չարագործ բառեր
Լեզուաբան, «Թայմզ» թերթի յօդուածագիր Ֆիլիփ Հաուըրտը համաձայն է, որ լեզուները ժողովուրդին ձեռքերուն մէջն են, ոչ` քաղաքական գործիչներուն:
«Լեզուն միակ բացարձակապէս ճշմարիտ ժողովրդավարութիւնն է: Լեզուն ակադեմականներուն, լեզուաբանութեան դասախօսներուն կամ լրագրողներուն ըսածը չէ, այլ այն, ինչ որ կ՛ընէ ժողովուրդը: Եթէ երեխաները խաղավայրին մէջ սկսին գործածել չարագործ բառը` սքանչելի իմաստով, ապա ատիկա մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ», ըսաւ ան:
«Սպանացի նախկին բռնապետ Ֆրանքօ տասնամեակներ վատնեց` փորձելով ճզմել երկրի շրջանային լեզուները, բայց այսօր քաթալան լեզուն առաջուան նման ուժեղ է, եւ պասքերու լեզուն նոյնպէս ժողովրդական է»:
Ֆիլիփ Հաուըրտը կ՛ըսէ, որ քաղաքական գործիչները «հանգամանալի սխալ» կը գործեն, երբ անոնք կը փորձեն միջամուխ ըլլալ լեզուին: Որպէս օրինակ` ան կը նշէ Կլասկոյի դպրոցներուն մէջ փորձարկում մը, որ ըստ անոր, դատապարտուած է ձախողութեան:
«Gaelic սորվեցնել այն երեխաներուն, որոնց ծնողները այդ լեզուն չեն խօսիր, կը նմանի կորսուած փառքի պահպանման: Շատ ռոմանթիկ է փորձել եւ փրկել լեզու մը, բայց անտրամաբանական է»:
Սակայն Ֆիլիփ Հաուըրտը չի պնդեր, որ բոլորը պէտք է անգլերէն խօսին:
«Ոմանք քանդիչ տեսակէտ կ՛ունենան եւ կը պնդեն, որ ամէն ոք շուտով անգլերէն պիտի խօսի: Բայց մանտարինը աշխարհի ամէնէն ժողովրդական լեզուն է, եւ սպաներէնը` ամէնէն արագ զարգացողը»:
«Աշխատանքի մէջ կան մրցունակ ուժեր, որոնք կ՛որոշեն աւելի փոքր լեզուներու գոյատեւելու ճակատագիրը: Համաշխարհայնացումը բազմաթիւ լեզուներ պիտի անհետացնէ, բայց կարգ մը հաւաքականութիւններ միշտ իրարմէ անջատ պիտի ապրին, բաժնուած` ծովով, տարածութեամբ կամ սահմաններով, եւ ուրեմն պիտի պահեն իրենց սեփական լեզուն: Ժամանակակից հաղորդակցութիւններով եւ ժողովրդային մշակոյթով պիտի յայտնի դառնայ, որ եթէ բաւարար թիւով մարդիկ ուզեն լեզու մը խօսիլ, պիտի յաջողին»:
Այլ խօսքով, պէտք չկայ ահազանգ հնչեցնելու:
«Լեզուն բոյս մը չէ, որ կ՛աճի եւ կ՛իյնայ, կ՛ապրի եւ կը մաշի: Լեզուն գործիք մըն է, որ կատարելապէս պատշաճեցուած է զայն գործածող ժողովուրդին կողմէ: Շարունակեցէ՛ք ապրիլ եւ խօսիլ»:
Պատեշերէն. Միայն Երեք Հոգի Կը Խօսի
Գործածութենէ Դադրած Լեզուն
Կ՛ուզէ՞ք սորվիլ քանի մը բառեր` լեզուէ մը, որ աշխարհի վրայ միայն երեք հոգի կը խօսի:
Պատեշերէնը (Badeshi) կը խօսուէր հիւսիսային Փաքիստանի ձիւնածածկ լեռներու խորքը գտնուող անջատուած հովիտի մը մէջ: Բայց այժմ երեք կամ աւելի սերունդներէ ի վեր խօսողներ չունի, կը նշէր գործածութենէ դադրած լեզուներու մասին տեղեկագիրը:
Բայց Պիշիկրամ հովիտին մէջ մենք գտանք երեք ծերեր, որոնք կրնան խօսիլ պատեշերէն:
«Սերունդ մը առաջ պատեշերէնը կը խօսուէր ամբողջ գիւղին մէջ», ըսաւ 70-ամեայ Ռահիմ Կուլը, որ չի գիտեր, թէ քանի՛ տարեկան է, բայց աւելի քան 70 տարեկան կը թուի:
«Բայց ապա այլ գիւղերէ ամուսնութեան համար մենք բերինք կիներ, որոնք թորուալերէն կը խօսէին, հետեւաբար մեր լեզուն սկսաւ մեռնիլ»:
Շրջանին մէջ տիրապետող լեզուն թորուալերէնն է, որ ինք եւս այլ լեզուի մը ճնշումին կ’ենթարկուի, սակայն այս հովիտին մէջ անհետացումի մղած է պատեշերէնը:
«Այժմ մեր զաւակներն ու անոնց զաւակները թորուալերէն կը խօսին: Ուրեմն, մենք որո՞ւ հետ պիտի խօսինք մեր լեզուն», ըսաւ Սայիտ Կուլը` Ռահիմ Կուլի առաջին զարմիկը:
Սայիտ Կուլը նոյնպէս չի գիտեր իր տարիքը: Երբ նշեց, թէ ինք 40 տարեկան է, գիւղացիներէն մէկը ըսաւ. «Աւելի հաւանական է 80»: Կուլ անմիջապէս հակազդեց. «Ո՛չ, ո՛չ, թերեւս 50, բայց` ոչ 80»:
Շրջանին մէջ աշխատանքի առիթներ չկան, հետեւաբար այս մարդիկը իրենց ժամանակին մեծ մասը անցուցած են զբօսաշրջային Սուաթ շրջանին մէջ, ուր որդեգրած են փաշթօ լեզուն, որուն միջոցով գլխաւորաբար անոնք կը հաղորդակցին:
«Ես իսկապէս կ՛ափսոսամ»
Պատեշերէնը խօսելու առիթներու բացակայութեան պատճառվ, տասնամեակներու ընթացքին նոյնիսկ այս երեք անձերը սկսած են մոռնալ լեզուն:
Պատեշերէն խօսելու ատեն Ռահիմ Կուլը եւ Սայիտ Կուլը մէկ-երկու բառ միշտ կը մոռնան, եւ միայն այն ատեն կը յիշեն, երբ ուրիշներու կը հարցնեն:
Ռահիմ Կուլը ունի տղայ մը, որ իր կարգին հինգ զաւակներ ունի, բայց բոլորն ալ թորուալերէն կը խօսին: «Իմ մայրս թորուալերէն խօսող է, ուրեմն իմ ծնողներս տան մէջ պատեշերէն բնաւ չեն խօսիր:Ես առիթ չեմ ունեցած մանկութեանս այդ լեզուն լսելու եւ սորվելու: Քանի մը բառեր գիտեմ, բայց լեզուն չեմ գիտեր: Իմ բոլոր զաւակներս թորուալերէն կը խօսին»:
«Ես ատոր համար կ՛ափսոսամ, բայց այժմ երբ 32 տաեկան եմ, պատեշերէնը սորվելու ոչ մէկ առիթ կայ: Շատ տխուր եմ այն հեռանկարով, որ լեզուն պիտի մեռնի իմ հօրս հետ»:
Սակար Զամանը լեզուաբան է, որ կը գործակցի «Լեզուի հարթակ» նախաձեռնութեան հետ, քաղաքացիական կազմակերպութիւն մը, որ նուիրուած է Փաքիստանի մէջ վտանգուած լեզուներու պահպանումին: «Ես երեք անգամ այցելեցի այս հովիտը, բայց բնակիչները չուզեցին իմ ներկայութեանս խօսիլ այս լեզուն», կ՛ըսէ ան:
Զաման Սակարը կը նշէ, որ թորուալերէն խօսողները արհամարհանքով կը նային պատեշերէն խօսողներուն, հետեւաբար մարդիկ կ’ամչնան այդ լեզուն խօսելու:
Թերեւս շատ ուշ է պատեշերէնը փրկելու համար, բայց առ նուազն կարելի է քանի մը բառեր սորվիլ` լեզուն յիշողութեան մէջ պահելու համար:
Մին նաօօ Ռահիմ Կուլ-Իմ անունս Ռահիմ Կուլ է
Մին պատեշի ճայպ աասա-Ես պատեշերէն կը խօսիմ
Թհին հաալ խալէ-Ինչպէ՞ս ես
Մէյ կրոտ խեքթի– Ես կերած եմ
Իշու կաալ հիմ կամ իխտի-Այս տարի շատ չձիւնեց
Ինչպէ՞ս Վերակենդանացնել
500 Տարեկան Լեզուն
Մինչեւ քանի մը տարի առաջ համալսարանի ուսանող Քեւին Մարթենս Ուոնկը բնաւ չէր լսած իր նախահայրերուն լեզուին մասին: Սինկափուրցի լեզուաբանը կը հետազօտէր վտանգուած լեզուներ, երբ գիրքի մը մէջ հանդիպեցաւ քրիսթանկի: Երբ աւելի խորացաւ, անդրադարձաւ, որ ատիկա իր մօրենական նախահայրերուն լեզուն է:
Ուոնկ քրիսթանկի պատառիկներ լսած էր մանկութեան: Բայց իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը սահուն չէին խօսեր: Իր մայրը բնաւ չէր խօսեր այդ լեզուն:
«Մանկութեանս օրերուն ես դպրոցին մէջ կը լսէի մանտարին եւ անգլերէն: Իմ ծնողքս ինծի հետ անգլերէն կը խօսէին: Հետեւաբար ես բնաւ չէի անդրադարձած իմ ժառանգութեանս այդ կողմին», ըսաւ Ուոնը, որ կէս չին է եւ կէս եւրասիական փորթուգալցի է:
Քրիսթանկը լեզուն է եւրասիական փորթուգալցիներու, փոքրամասնութիւն մը, որ սերած է փորթուգալցի ներգաղթեալներէ, որոնք 16-րդ դարուն այդ շրջանը հասած են եւ ամուսնացած` բնիկներու հետ:
Իւրայատուկ գաղթածին մը փորթուգալցիի եւ մալայի, չինական լեզուներու տարրերով, ինչպէս` մանտարին եւ հոքքիէն, այս լեզուն 19-րդ դարուն Մալայեան կղզիներու մէջ կը խօսէին առնուազն 2000 անձեր:
Բայց այսօր Սինկափուրի մէջ հազիւ 50 հոգի սահուն կը խօսի, այդ թիւէն քիչ մըն ալ աւելի` Մալեզիոյ մէջ, ուր լեզուն անկումի ճամբուն վրայ է:
Այս անկումին գլխաւոր պատճառը այն է, որ իր հասարակութիւնը այդ լեզուն տնտեսապէս անկապ կը նկատէ:
Երբ բրիտանացիք կը կառավարէին Սինկափուրը եւ այժմու Մալեզիան, բազմաթիւ եւրասիական փորթուգալցիներ աշխատանք գտան պետական հիմնարկներու մէջ: Այնպէս որ, անգլերէնը աւելի կարեւոր թուեցաւ, քան` քրիսթանկը, ուրեմն շատեր սկսան իրենց զաւակները համոզել, որ չսորվին:
«Քրիսթանկ խօսելուս համար զիս կը ծեծէին»
Պեռնարտ Մէսէնաս, 78 տարեկան, կը յիշէ, որ երբ հայրը կը լսէր իր քրիսթանկ խօսիլը, զինք կը ծեծէր:
«Հայրս չէր սիրեր ատիկա, եւ կ՛ըսէր, որ չեմ կրնար խօսիլ այդ լեզուն, որովհետեւ կը խանգարէ անգլերէնս: Ես կ՛առարկէի` ըսելով, որ ատիկա մեծ մօրս լեզուն է: Ապա հայրս իր ձեռքը կը դնէր գօտիին վրայ` եւ ես կը պահուըտէի մօրս ետին», ըսաւ Պեռնարտ Մեսենաս:
Երբ բրիտանացիները մեկնեցան, նոր անկախացած երկիրները` Մալեզիա եւ Սինկափուր, նպատակադրեցին որոշել, թէ իրենց բազմամշակոյթ բնակչութիւններուն խօսած ո՞ր լեզուն պէտք է ճանչցուի որպէս պաշտօնական լեզու: Քրիսթանկը ատոնցմէ մէկը չէր:
Այդ լեզուին անկումը շարունակուեցաւ, որովհետեւ եւրասիացիները ամուսնացան այլ ցեղերու հետ, եւ անոնց երեխաները այլ լեզուներ սկսան խօսիլ:
Սինկափուրի մէջ, ուր իւրաքանչիւր երեխայ պէտք է երկրորդ լեզու մը սորվի, բազմաթիւ եւրասիացիներ ընտրած են մանտարինը: Նոյնիսկ Մալակայի մէջ, որ քրիսթանկի ծննդավայրն է եւ` եւրասիական փորթուգալցի ներգաղթեալներու բնակավայրը, լեզուն դանդաղօրէն կը մահանայ: Բայց Ուոնկը եւ լեզուական հարցերով զբաղողներու խանդավառ խումբ մը կը յուսան բան մը փոխել:
Անոնց խումբը` «Քոտրա քրիսթանկ» («սթափած քրիսթանկ), շաբաթական հերթականութեամբ դասընթացք կազմակերպած է: Անոնց նպատակն է ստեղծել քրիսթանկ սահուն խօսողներու ճգնաժամային զանգուած մը, որ կրնայ ատիկա փոխանցել ապագայ սերունդներուն:
Ամէն շաբաթ շուրջ 200 աշակերտներ, մեծամասնութիւնը` եւրասիական փորթուգալցիներ, ներկայ կ՛ըլլան դասընթացքին: Անոնց շարքին են Ուոնկի մեծ հայրն ու մեծ մայրը: Մայրենի լեզունին իրենց թոռներէն սորվելու հեգնանքը չէ նուաստացուցած զիրենք:
«Ես բնաւ չէի գիտցած, որ քրիսթանկը իմ մայրենի լեզուս է, միշտ կարծած էի, որ անգլերէնն է», ըսաւ 80-ամեայ Մորինջ, որ մեծ մայրն է Ուոնկի:
«Ես կարօտցած եմ ատիկա: Կը զգամ, որ պէտք է աւելի լաւ սորված ըլլայի, որպէսզի խօսէի իմ երեխաներուս»:
«Բայց երբեք ուշ չէ: Եւ կը կարծեմ` շատ լաւ է, որ երիտասարդ մը կրնայ սորվեցնել ծերերու, մանաւանդ երբ ան քու թոռնիկդ է», ըսաւ Մորինը:
Բացուածքը լեցնել
Բայց մեռնող լեզու մը վերապրեցնելը դիւրին չէ:
Հիմնական մարտահրաւէրը այն է, որ քրիսթանկ խօսակցական լեզու է եւ հազուագիւտ ձայնագրութիւններ կան: Ուղղագրական եւ հնչելու հաստատ օրէնքներ չկան: Բառ մը կրնայ քանի մը տասնեակ տարբերակներ ունենալ: Չորս բառը` քուարթու, կրնայ 20 տարբեր ձեւերով գրուիլ եւ հնչուիլ: Եւ որովհետեւ երկար ատենէ անկումի մէջ է, խոշոր բացուածքներ ունի իր բառապաշարին մէջ:
Քրիսթանկ բառեր չունի անուանելու` խնձորը, հիւանդապահուհին, կայարանը: «Բայց մենք քանի մը բառեր ունինք սեռային գործարաններու համար», նշեց Ուոնկը:
Այս խնդիրը լուծելու համար խումբը հնարած է նոր բառեր` օգտուելով քրիսթանկի արմատ բառերէն:
Օրինակ` խնձորի քրիսթանկ բառը «մանզանկ» է, պատշաճեցում մը փորթուկալերէն «մաքա»-ի պատշաճեցում մը, մալայ լեզուական օրէնքներով:
Լեզուական այս գիւտերէն ոմանք բանաստեղծական դարձուածքներ կրնան ունենալ: Լուսանկարչական մեքենան կ՛անուանեն «փինթալումեզի»( ներկող թեթեւ մեքենայ), քերականութիւնը`«օսուլինկու» (լեզուի մը ոսկորները):
Խումբը նոյնպէս կազմակերպած է այցելութիւններ փորթուգալական բնակեցման վայրեր` Մալակայի մէջ: Սկսած է պատրաստել բառարան եւ դասագիրք: Ստեղծած է առցանց անվճար լսողական դասընթացքներ, եւ նոյնիսկ ԵուԹիւպի մէջ` քրիսթանկ երգեր:
Ճիշդ է, որ տակաւին բաւական հեռու է քրիսթանկը շնչող, խօսուող լեզու ըլլալէ, սակայն առաջին քայլը առնուած է:
«Օր մը մենք պիտի ուզէինք տեսնել, որ քրիսթանկը կը ճանչցուի աւելի ընդարձակ հանրութեան մը կողմէ», ըսաւ Ուոնկը:
«Տնտեսական պատճառներ չկան այդ լեզուին վերադարձին համար: Բայց ատիկա մեր հասարակաց պատմութեան բանուածքին եւ ժառանգութեան մասն է»:





