Պզտիկ Գիրք Մը` Մեծ Դէպքերու Մասին. «Քեսապի Պզտիկ Հանրապետութիւնը – 1919-1922» Հեղինակ` Հայկազ Թրթռեան
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 2017-ի վերջերուն Հալէպի մէջ լոյս տեսած այս հատորին ծաւալը խաբուսիկ է. հեղինակը մօտաւորապէս 50 էջերու մէջ սեղմած է պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող դէպքեր, որոնք անջնջելի յիշատակներ ու հետքեր թողած են ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն ու անոր յաջորդած տարիներուն: Հայկազ Թրթռեանը Քեսապի զաւակ է. թէեւ կեանքին մեծ մասը ապրած է Քեսապէն...



















