Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ Եւ Ֆրանսայի` Սուրիան Ռմբակոծելէն Ամէնէն Շատ Վնաս Կրողը Թուրքիան Է

Ապրիլ 18, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Մինչ մեկնաբաններուն մեծ մասը կեդրոնացած է Սուրիոյ մէջ ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական թիրախային ռմբակոծումի պատճառներուն եւ հետեւանքներուն վրայ, միայն շատ քիչերը կը գիտակցին, որ այս յարձակման պատճառով ամէնէն շատ վնասուողը Թուրքիան պիտի ըլլայ:

Երկու շաբաթ առաջ, երբ նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները «շատ շուտով» իր զինուորները դուրս պիտի բերէ հիւսիսային Սուրիայէն, թրքական կառավարութիւնը հրճուանքի մէջ էր: Թրքական ներխուժումը Աֆրին նպատակ կը հետապնդէր ընդլայնել Մընպեճի եւ ամբողջ հիւսիսային Սուրիոյ բռնագրաւումը` այդ շրջանէն քիւրտ զինեալները դուրս մղելու համար: Թրքական զօրքերու ճամբուն վրայ կանգնած միակ խոչընդոտը ամերիկեան զինուած ուժերն էին` Մընպեճի շրջանին մէջ իրենց 2000 զինուորներով: Ամերիկեան զօրքերուն վրայ յարձակելու թրքական յաճախակի սպառնալիքները չէին վախցուցած Միացեալ Նահանգներու հրամանատարները, որոնք հաստատակամ էին տեղւոյն քրտական բնակչութեան պաշտպանութեան գործին մէջ:

Երկու շաբթուան ընթացքին Թրամփ փոխեց իր դիրքորոշումը` Սուրիայէն ամերիկեան զօրքերու անյապաղ հեռացման գծով: Ուաշինկթընի եւ Փարիզի վերջին զեկոյցներուն մէջ կը նշուի, որ Փենթակոն եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «համոզած» են նախագահ Թրամփը` մինչեւ Սուրիոյ ճգնաժամի լուծումը Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը Սուրիոյ մէջ պահելու, կամ` ամերիկեան ուժերը արեւմտեան եւ արաբական այլ երկիրներու ուժերով փոխարինելու առումով: Թուրքիոյ ղեկավարները եւս հիասթափուած էին, որ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընը պաշտօնանկ ըլլալուն պատճառով չէր կրնար պահել Էրտողանին տուած իր այն խոստումը, ըստ որուն, ամերիկեան զօրքերը շուտով պիտի հեռանան հիւսիսային Սուրիայէն:

Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու կեցութեան պատճառով կը սահմանափակուի Թուրքիոյ կարողութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական զինեալներու վրայ յարձակելու: Հակառակ իր խենթ պոռթկումներուն` Էրտողան չի պատրաստուիր թիրախ դարձնելու Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերը, կամ, ինչպէս ինք կը նկարագրէ, «օսմանեան ապտակ հասցնելու ամերիկացիներուն»…Այսպիսով, Դամասկոսի մօտերը գտնուող Տումայի մէջ քաղաքացիներու վրայ Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ քիմիական յարձակումներու անհիմն մեղադրանքները հաւանաբար կազմակերպած էին անոնք, որոնք կը փափաքէին կանխել ամերիկեան զօրքերու հեռացումը հիւսիսային Սուրիայէն` մեծ ցաւ պատճառելով Թուրքիոյ…Հետաքրքրական է, որ ռմբակոծումէն քիչ առաջ Թրամփ իր ելոյթին մէջ ոչ մէկ խօսք ըսաւ այն մասին, թէ ինչպիսի՛ ապացոյցներ ունի քիմիական յարձակման մէջ Սուրիոյ վարչակազմի պատասխանատուութեան առնչութեամբ:

Տեղին է նշել, որ Սուրիան ռմբակոծելը հակասական արձագանգներ յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ: Թէեւ Էրտողան դժգոհ էր Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու կեցութենէն, սակայն հրճուանքի մէջ էր Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի յարձակումներուն պատճառով, որովհետեւ Թուրքիա կը փափաքէր թուլցնել սուրիական վարչակարգը եւ տապալել նախագահ Պաշշար Ասատը: Սակայն ռմբակոծումը այսպիսի նպատակ չունէր. նախագահ Թրամփ յարձակումէն ետք  իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ գրեց. «Առաքելութիւնը աւարտած է»…Բոլորը, բացառութեամբ Էրտողանի, համաձայն են, որ նախագահ Ասատ կը տիրապետէ իրավիճակին` Սուրիոյ ճգնաժամին մէջ, եւ թէ` անոր տապալումը միայն կը նպաստէ տիրող իրավիճակի վատթարացման` Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ…

Սուրիան ռմբակոծելու թրքական գովասանքի բացասական հետեւանքը յարաբերութիւններու վատթարացումն էր Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ, որոնք նախագահ Ասատի հաւատարիմ պաշտպաններն են եւ` այդ հարուածները խիստ քննադատողները: Բացի ատկէ, Էրտողան  թշնամացուցած է իր ներքաղաքական ընդդիմութիւնը եւ` թրքական հասարակութեան մեծ հատուած մը, որոնք վրդոված են եղբայրակից մահմետական երկիրի մը վրայ արեւմտեան երկիրներու յարձակումներուն պատճառով:

Թուրքիա նաեւ դժգոհ է, որ նախագահ Թրամփ յարձակումէն առաջ իր ելոյթին մէջ որպէս «մեր բարեկամներ» յիշատակած է Սէուտական Արաբիան, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները, Քաթարը եւ Եգիպտոսը` անտեսելով ՕԹԱՆ-ի դաշնակից Թուրքիան` Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ անոր մերձեցման պատճառով:

Հետաքրքրական է, որ Թրամփ իր ելոյթին մէջ քննադատած է Ռուսիան եւ Իրանը` ըսելով. «Ինչպիսի՞ պետութիւններ կը փափաքին կապուած ըլլալ անմեղ մարդոց, կիներու եւ մանուկներու զանգուածային սպանութիւններու հետ: Աշխարհի պետութիւնները կարելի է դատել անոնց բարեկամներով: Վերջ ի վերջոյ, ոչ մէկ ազգ կրնայ յաջողութեան հասնիլ` աջակցելով ստոր պետութիւններու, դաժան բռնակալներու եւ արիւնարբու բռնապետներու»: Ցաւալի է, որ ապրիլ 24-ի` Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէին, Թրամփ կը յարձակի այլ երկիրներու վրայ, որոնք կ՛ընկերակցին արիւնարբու պետութեան` անտեսելով այն փաստը, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը Թուրքիան է: Երկիր մը, որ կը ժխտէ 1,5 միլիոն հայերու սպանդը եւ կը պաշտպանէ իրեն նախորդող` քրէական օսմանեան վարչակարգը, որ իրականացուցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Քրիստոսի խօսքերը. «Կեղծաւո՛ր, նախ հանէ՛ քու աչքէն գերանը, ապա միայն կրնաս յստակ տեսնել` եղբօրդ աչքէն շիւղը հանելու համար»:

Ինչպէս գրած էի տարի մը առաջ, երբ նախագահ Թրամփ «Թոմահոք» տեսակի հրթիռներ արձակած էր Սուրիոյ վրայ, ան պարզապէս հարուածած էր Սուրիան` ամերիկեան հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու համար սեռային բազմաթիւ  անբարոյականութիւններէ, ապօրինութիւններէ եւ Ռուսիոյ հետ իր գաղտնի յարաբերութիւններուն կապուած քննութիւններէն:

Վերջապէս, Թրամփ, Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ եւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոն խախտած են իրենց երկիրներուն սահմանադրութիւնները` պատերազմելով մէկ այլ ինքնիշխան պետութեան դէմ, առանց ստանալու իրենց օրէնսդիր մարմիններուն համաձայնութիւնը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քաթալոնիոյ Ինքնավարութիւնը, Դէպի Անկախութիւն Գործընթացը Եւ Միացեալ Սպանիոյ Տեսլականը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?