Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Քրոնիկ. Դուք Լիբանանի Հայութեան Ի՞նչ Ըրած Էք…

Ապրիլ 18, 2018
| Անդրադարձ
2
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն սեմին, դուք չէք կրնար Լիբանանի հայերուն «համոզել» եւ երբեմն ալ կաշառքներով փորձել խաբել, որ դուք անոնց փրկարարն էք եւ հաւաքականութիւնը խաւարէն լոյս պիտի առաջնորդէք: Մեծ-մեծ կարգախօսներով եւ խոստումներով, գեղեցիկ ժպիտներով, անուշիկ փողկապներով եւ լուսաւոր ու արդիական բեմերով չէք կրնար քուէ հաւաքել:

Ինչպէ՞ս դուք ձեզի արտօնութիւն կու տաք քննելու համայնքին մեծամասնութեան վստահութիւնը վայելող կուսակցութեան ընթացքը եւ թելադրանքներ տալու, որ հասարակութիւնը դիմէ կուսակցութեան ղեկավարութեան փոփոխութեան: Այս ալ խօսքի ազատութի՞ւն կը նկատէք:

Դուք Դաշնակցութեան անունը արտասանելէ առաջ երբեւիցէ մտածա՞ծ էք, որ այս կուսակցութիւնը ի՞նչ ըրած է հայութեան: Գիտէ՞ք, որ նահատակներ տուած է` շրջանի հայութեան գոյութիւնը պահպանելու համար: Լուր ունի՞ք, որ այս կուսակցութիւնը լիբանանահայ համայնք հաստատելու եւ համայնքին իրաւունքները պաշտպանելու մէջ մեծագոյն դերակատարութիւնը ունեցած է: Դուք տեղեա՞կ էք, որ Դաշնակցութիւնը գաղութի ամէնէն կազմակերպուած եւ ճիւղաւորուած կուսակցութիւնն է, որ իր պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորներով, ինչպէս նաեւ ընկերային, առողջապահական, մշակութային եւ մարզական կառոյցներով մնայուն ներկայութիւն է ու ունի իր մեծագոյն ներդրումը: Գիտէ՞ք, որ այս կուսակցութիւնը համահայկական օրակարգով յառաջատար դերակատարութիւն ունեցած է` համախմբելու գաղութային ուժականութիւնը, ի սպաս հայրենիքին եւ դատին:

Լաւ կ՛ըլլայ, որ մտածէք եւ ապա ձեր միտքերը արտայայտէք, իսկ եթէ կ՛ուզէք քողարկել իրականութիւնները, ապա այս պարագային դուք ձեզ միայն կրնաք խաբել, որովհետեւ հաւաքականութիւնը լաւապէս գիտէ, որ Դաշնակցութիւնը իր կառոյցներով ամէնօրեայ դրութեամբ ինչպիսի՛ ծառայութիւններ կը մատուցէ` առանց փոխադարձ ակնկալութիւններու: Եթէ դուք ալ համայնքին մէջ ներկայութիւն ըլլայիք, ապա լաւապէս կը գիտնայիք իրողութիւնը: Իսկ եթէ դուրսէն լսած էք, բայց կ՛անտեսէք, այս պարագային երեւոյթը առաւել եւս մտահոգիչ է:

Տակաւի՛ն. Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն բռնութեամբ եւ ստիպողաբար քուէարկողները ընտրութեան առաջնորդած է եւ վաղն ալ պիտի չառաջնորդէ: Այս մէկը հազարաւոր փաստեր ունի, եւ այս գծով ձեր քուէ «որսալու» հեռաձայններուն պատասխանները բաւարար փաստեր են:

Դուք եթէ կ՛ուզէք քանի մը քուէ աւելի հաւաքել, ապա Դաշնակցութեան մասին քիչ խօսեցէք® Հաւատացէ՛ք, որ այնքան ատեն որ կը փորձէք Դաշնակցութիւնը քարկոծել, այնքան աւելի ժողովուրդը Դաշնակցութեան շուրջ ամուր եւ հաստատուն կը համախմբուի:

Դուք կարգախօսներով չէք կրնար Լիբանանի հայութեան վստահութիւնը ապահովել: Բոլորս ալ այսօր իրաւունք ունինք հարց տալու, թէ դուք ի՞նչ ըրած էք Լիբանանի հայութեան, որ կը խօսիք համայնքին մասին եւ երբեմն ալ նոյնիսկ խրատներ կու տաք: Դուք ըսէք, թէ գաղութի զարգացման աշխատանքներուն վրայ քանի քար աւելցուցած էք…

Այլապէս, վստահ եղէք, որ չէք շիներ, այլ` միայն օտարներուն շէնքերուն վրայ յարկ մը եւս կ՛աւելցնէք…

 

 

Նախորդը

«Կրակներու Եւ Ջարդերու Մէջէն Ծնաւ Մայիս 28-ի Պետականութիւնը». Հարցազրոյց Եու. Սի. Էլ. Էյ. Համալսարանի Դասախօս Դոկտոր Ռուբինա Փիրումեանի Հետ

Յաջորդը

Պասիլ Եւ Մաշնուք Այսօր Հրաւիրած Են Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսի Մը

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԵ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմական Միջոցներ` Հայերէնի Շարունակական Գործածութիւն Եւ Հայկական Նկարագիր

Սեպտեմբեր 26, 2023
Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Ը. –
Անդրադարձ

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Ը. –

Սեպտեմբեր 26, 2023
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վերանկախացման Տժգոյն 32-Ամեակ

Սեպտեմբեր 25, 2023

Comments 2

  1. Մարտիկ Մատէնճեան says:
    5 years ago

    Ես չհասկցայ թէ ՈՎՔԵ՞Ր Են Դուք-ը: Կրնայի՞ք յստակօրէն ըսել այդ:

    Reply
  2. Armen says:
    5 years ago

    «Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն բռնութեամբ եւ ստիպողաբար քուէարկողները ընտրութեան առաջնորդած է»…: Իրա՞ւ: Վստահաբա՛ր, հանգուցեալ հօրս ոսկորները մէկ անգամ եւս դողացին… 

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In