Յօդուածներ

Պօղոս Գուբելեանի Գրականութիւնը

Նահատակներին

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Մեր սրտերի մէջ բուսել են ծաղիկներ, Ծաղիկները ձեր սիրոյ, Նուիրումի ծաղիկները անթառամ Ու բուրաւէտ, Կեանքի, սիրոյ ու քաղցրութեան վայելքով: Բայցեւ պատած Ձեր սրբազան հուր վրէժի փուշերով, Զինաւորուած ու զինավառ Ասպետական մեր ուխտով, Որ տանում ենք Ու կը տանենք Նուիրական մեր պայքարը Ետ խլելու ձեզ մահից, Ետ խլելու իրաւունքը ձեր կեանքի, Մեր կեանքի ու ժառանգութեան Իրաւունքը անժամանց, Որով դոփում...

«Մեզի Համար 7 Մայիսը Ընտրական Խոստումներէն  Եւ Կարգախօսներէն Աւելի Կարեւոր Է, Իսկ ՀՅԴ-ի  Խոստումը Անոր Պատմութիւնն Է  Եւ Լիբանանի Համար Անոր Տարած Աշխատանքը»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Չենք Շեղիր Մեր Ժողովուրդի Հիմնահարցերէն

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Յառաջիկայ մայիս 6-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները որքան ալ կարեւոր են Լիբանանի հայութեան ինքնութեան պահպանման իմաստով նշանակալից ըլլան, չեն կրնար ամէն պարագայի մեզ շեղել մեր ժողովուրդի հիմնահարցերէն: Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ ոգեկոչման զուգադիպող Հայաստանի վարչապետին դէմ  կատարուող Երեւանի ցոյցերը չեն կրնար չմտահոգել ոեւէ հայ: Վերջին հաշուով Հայաստանը աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան հայրենիքն է ու հոն պատահող անցուդարձերը կիզակէտն...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս Հայոց Իրաւունքներու Ձեռքբերման (Գ.)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   Գողտրիկ պտոյտ մը մայրաքաղաքի թէ արուարձաններու տարբեր   փողոցներուն թէ մայրուղիներուն վրայ, այս օրերուն, ծիծաղ պատճառող երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը հանէ համեստ քաղաքացին: Ճիշդ է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ամէնէն թէժ օրերը կ՛ապրինք, եւ արդէն թեկնածուներու նկարներն ու պաստառները ո՛չ միայն ողողած են մեր շուրջ բոլորը, այլեւ` զիրար կը հրմշտկեն, այսպէս ասած, իրենց տեղն ու փայլքը ապահովելու եւ...

Հրանդ Մարգարեան. «Անհրաժեշտ Են  Հիմնական Փոփոխութիւններ»

«Անհրաժեշտ Են Հիմնական Փոփոխութիւններ»

Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Օրակարգից դուրս» հաղորդաշարը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին Հ. Մարգարեանը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն` ընդդէմ Սերժ Սարգսեանի վարչապետ ընտրութեան: ԱԳՆԵՍԱ ԽԱՄՈՅԵԱՆ.- Այս օրերի զարգացումների եւ հանգուցալուծման մասին զրուցելու ենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ: Պարո՛ն Մարգարեան, արդէն որերորդ օրն է` շարունակւում են Նիկոլ Փաշինեանի եւ...

«Մեր Գրասենեակը Ըլլալով Երիտասարդ, Ունի Ո՛չ Միայն Հայաստանեան Խնդիրները Արծարծելու Եւ Անոնց Վրայ Կեդրոնանալու Առաքելութիւն, Այլ` Սփիւռքի, Արցախի, Հայաստանի Մեր Բոլոր Աղբիւրները Համախմբելու, Հասարակութեան Հետ Աշխատելու Յանձնառութիւն» Կ՛ըսէ Արտակ Սարգսեան

«Մեր Գրասենեակը Ըլլալով Երիտասարդ, Ունի Ո՛չ Միայն Հայաստանեան Խնդիրները Արծարծելու Եւ Անոնց Վրայ Կեդրոնանալու Առաքելութիւն, Այլ` Սփիւռքի, Արցախի, Հայաստանի Մեր Բոլոր Աղբիւրները Համախմբելու, Հասարակութեան Հետ Աշխատելու Յանձնառութիւն» Կ՛ըսէ Արտակ Սարգսեան

Վերջերս Լիբանան կը գտնուէր ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի պատասխանատու Արտակ Սարգսեանը: «Վանայ ձայն» եւ «Ազդակ» միացեալ հարցազրոյց մը կազմակերպեցին անոր հետ` մօտէն իմանալու նորաստեղծ գրասենեակի աշխատանքներուն մասին: ՀԱՐՑՈՒՄ.- ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ընդհանրապէս Դաշնակցութեան գործունէութեան մէջ Հանրային կապերու գրասենեակը նորութիւն մըն է. ինչպէ՞ս ծագեցաւ գաղափարը նման գրասենեակ մը հաստատելու: ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ.- Ժամանակակից աշխարհը փոխուած է, եւ բնականաբար մենք չենք կրնար...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Դիմաւորել 100-ամեակը – 15. Ինչպէ՞ս Կը Վերաբերին Պատմութեան Եւ Ազգի Մէկութեան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Պատմութիւնը յստակացումներու կարիք ունի` իր թուականներով եւ խորհրդանիշներով, իրադարձութիւններու ճշգրիտ վերծանումով: Մեր պատմութիւնը` մանաւանդ մեզի համար: Յայտարարութիւններու եւ արտայայտութիւններու հետեւողը յաճախ շուարումի կը մատնուի, եթէ ընթացիկէն հեռանայ: Այս օրերուն, երբ համազգային տարողութեամբ կ՛ուզենք նշել անդրանիկ անկախ հանրապետութեան 100-ամեակը եւ մերժումներէ ետք տիրութիւն ընել մեր պատմութեան, ինչո՞ւ ճիգ մը չընել մեր հանրապետութիւններու թուագրման ճշդման եւ ազգային տօնի սահմանման հարցերով:...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Ռմբակոծումները Կայունութիւն Չեն Բերեր

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Շաբաթ, 14 ապրիլի արշալոյսին Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ վերջերս կազմաւորուած ռազմական դաշինքը ռմբակոծեց Սուրիան: Այսպիսով, ռազմական դաշինքին մաս կազմած պետութիւնները (գլխաւորութեամբ` Միացեալ Նահանգներուն) զինու զօրութեամբ իրենց քաղաքականութիւնները կ՛ուզեն պարտադրել Սուրիոյ: Այսպիսի արտաքին զինուորական միջամտութիւններ մեզի կը յիշեցնեն 1956 թուականը, երբ Մեծն Բրիտանիան առաջնորդեց ռազմական գործողութիւն մը (Ֆրանսայի եւ Իսրայէլի հետ համագործակցաբար)` «Եռեակի յարձակում» նշանաւոր անունով:...

«Երկիր»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Մամուլի Եւ Հանրային Կապերի Կիպրոսի Ներկայացուցիչ Սիմոն Այնեճեանի Հետ

«Երկիր»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Մամուլի Եւ Հանրային Կապերի Կիպրոսի Ներկայացուցիչ Սիմոն Այնեճեանի Հետ

«Կիպրահայ գաղութը լինելիութեան խնդիր չունի, սակայն ապրում ենք թուրքական ծաւալապաշտ քամու դիմաց» ՀՅ Դաշնակցութեան մամուլի եւ հանրային կապերի Կիպրոսի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնեճեանի հետ «Երկիր»-ը զրուցել է կիպրահայ  շուրջ 3.500 հոգանոց գաղութի խնդիրների ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` Կիպրոսի քաղաքական վիճակի մասին: Գաղութի Մասին Կիպրահայ գաղութը հայախօս է: Այնտեղ գործում է «Նարեկ» վարժարանը` մօտ 250 աշակերտով: Վարժարանը լաւ աշխատանք է տանում հայեցի...

Ակնարկ.  Ներկայ Ընտրակարգը  Եւ Կուսակցութիւններու Դերը

Ակնարկ. Ներկայ Ընտրակարգը Եւ Կուսակցութիւններու Դերը

100/100 Համամասնական ընտրակարգի տրամաբանութիւնը խորհրդարանական դաշտի կուսակցականացումը կ՛առաջադրէ: Համամասնական ընտրացանկերը փաստօրէն կը ձեւաւորուին կուսակցութիւններու առաջադրութիւններով կամ կուսակցութիւններու, քաղաքական հոսանքներու միջեւ կայացած դաշինքներով: Բացարձակ համամասնականութիւնը քաղաքական այս փիլիսոփայութիւնը ներառած է իր մէջ, խորհրդարան հասցնելու համար քաղաքական կազմակերպ հաւաքականութիւններու նախընտրական ծրագիրները, միջկուսակցական բանավէճերը եւ անոնց հիման վրայ կայանալիք օրէնսդրութիւնը: Ամէն տեղ չէ, որ մեր ընկալած հասկացողութեամբ կուսակցութիւններ գոյութիւն ունին եւ կը գործեն....

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. Իմ Քուէս` Հաշուետուութեան (Բ.)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Եւ ոչ միայն հաշուետուութիւն, այլ նաեւ` ի հարկին պատասխանատուութեան կանչելու քաջութիւն, յանդգնութիւն եւ հասունութիւն ունենալու մասին է խօսքը. ահա այսօրուան ահազանգը, որով պէտք է զինուիլ, արիանալ եւ լծուիլ մեր հաւաքական կեանքի տնօրինման: Ուրեմն ինչո՛ւ զարմանալ, երբ անհատական քուէն կ՛առնչենք վերոնշեալ պահանջատէր կեցուածքին` հաշուետուութեան, որ կարգախօսներու կամ սին խօսքերու շարքին անցեր է, առօրեայ մեր կեանքին մէջ առհասարակ եւ քաղաքական...

Երկու Յովհաննէս` Երկու Մեծ Մարդ

Երկու Յովհաննէս` Երկու Մեծ Մարդ

ՆԱՐԻՆԷ ԹՈՒԽԻԿԵԱՆ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ «Ծնուել եմ 1868 թուականին եւ մինչեւ այսօր դեռ չեմ մեռել, թէեւ մեռնելու համար ունեցել եմ բազմազան ու խիստ բարենպաստ առիթներ, մի քիչ յամառ ու հաստակող ծերուկ եմ ես»...Երբ աշակերտական տետրակի 59 էջերի վրայ Յովհաննէս Քաջազնունին ի պահ էր տալիս իր դժուար, դժբախտ կեանքի յուշերը, բնաւ չէր պատկերացնի, որ ապրելու մնացել է ընդամէնը 2 տարի: Եւ որ մեռնելու համար...

«Հայաստանէն»… «Կիլիկիա»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Նոր փոխադրուած էինք Պուրճ Համուտ: Բոլորովին տարբեր միջավայր մըն էր, այնքա՜ն տարբեր` Էշրեֆիէի մեր բնակած 12 հայ ընտանիքներէ բաղկացած «Փոքրիկ Հայաստանէն»: Փոքրիկ Կիլիկիա մըն էր Պուրճ Համուտը` Նոր Սիս, Նոր Մարաշ, Նոր Ատանա, Նոր Կիլիկիա եւ Ամանոս թաղամասերով: Իւրաքանչիւր թաղամաս` օժտուած իր դպրոցով, եկեղեցիով ու ակումբով: Էշրեֆիէի մէջ, իրարմէ բաւական հեռու, կը հանդիպէինք քանի մը «Հայաստաններու»: «Ազատամարտ» ակումբի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Ապրիլ Բ.- Սուրիական Տագնապը Նոր Փուլի Սեմի՞ն

Երբ հակամարտութեան մը կողմերէն մէկը յաճախակի սպառնալիքներով ու նախազգուշացումներով հանդէս գայ, պատերազմի հաւանականութիւնը բացառուած կը համարուի, քանի որ պատերազմը անսպասելի յարձակումներով եւ ոչ թէ փոխադարձ նախազգուշացումներով կը բռնկի: Ռազմական ուժերու կուտակումը, սակայն, պատերազմի հաւանականութեան կարելիութիւնը կը յուշէ: Սուրիական բեմի վրայ այս երկու բեմագրութիւններն ալ առկայ են այս օրերուն: Գերպետութիւններու բանաւոր կռիւն է, որ իրավիճակի սրման կ’առաջնորդէ` հասնելու աւելի մեծ սակարկութիւններով...

Ինչո՞Ւ Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնը Ձախողուեց

Մերձաւոր Արեւելքն Ու Առաջացած Երկբեւեռ Միջազգային Համակարգը (Մաս 1)

ԱՐԱՐԱՏ ԿՈՍՏԱՆԵԱՆ Սիրիայի 7 տարի տեւած արիւնալի պատերազմը, կարելի է ասել, մօտենում է իր աւարտին: Երկիրը գտնւում է կիսաւեր վիճակում` կէս միլիոնից աւել զոհ, աշխարհով մէկ ցրուած փախստականներ, սակայն ընդդիմութեանն ու նրանց աջակցող զինեալ իսլամականներին չյաջողուեց հասնել իրենց գերնպատակին` ստեղծել իսլամական պետութիւն: Սիրիայի նախագահ Ասատի վարչակարգը հաստատուն կերպով շարունակում է ղեկավարել երկիրը, եւ պետական հաստատութիւնները գտնւում են նրա հսկողութեան տակ:...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Բողոքի ցոյցերը համակարգային փոփոխութիւնների, որակական, խորքային բարեփոխումների պահանջի վկայութիւնն են…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Այսպէս կը բնորոշէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը քաղաքացիական բողոքի այս շարժումը: Միաժամանակ ան կոչ կ՛ուղղէ ՀՀ Ազգային ժողովի բոլոր կուսակցութիւններուն` անմիջապէս խմբուելու արտախորհրդարանական յատուկ հարթակի մը շուրջ` երկիրը ներկայ քաղաքական տագնապէն դուրս բերելու անյետաձգելի հրամայականով: Դաշնակցութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէ, որ խորհրդակցութիւններու այս հարթակը գործէ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հովանաւորութեան տակ` որպէս գերկուսակցական հեղինակութեան, որուն պէտք ունի երկիրը այս պահուն:...

Քաղաքական հասունացման պահը

Քաղաքական հասունացման պահը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Երեւանի մէջ ընթացող հանրահաւաքներու եւ ցոյցերու ընդմէջէն մեր երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնը մեզի տուին ուսանելի դասեր, որոնք կրնան միայն խթան ու ապաւէն հանդիսանալ ներկայ տագնապի բարւոք հանգուցալուծման: Առաջին. անոնք ապացուցեցին, որ իրենք ոչ ոքէ ժողովրդավարութեան դասեր առնելու կարիքը չունին: Երկրորդ. անոնք ցոյց տուին, որ իրենք չեն առաջնորդուիր ժողովրդավարական սին լոզունգներով եւ կեղծաւոր արտայայտութիւններով: Երրորդ. անոնք թարգմանը հանդիսացան մեր ժողովուրդի...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Պատճառները

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ «Տեսակէտ»-ի սիւնակին տակ տեղ կու տանք այս յօդուածին` յիշեցնելով «միաձայն քաղաքականութենէն» խորհրդարանական-հաւաքական համակարգի անցումի փաստը: Միաժամանակ` նշելով նաեւ այն, որ բողոքի խաղաղ երթերը օրէնքի արտօնած սահմաններուն մէջ ոչ միայն մերժելի չեն, այլ նաեւ ընդդիմութեան դերակատարութեան բարձրացման առումով` ընկալելի:  «Ա.» Հայաստանի մէջ այսօր ժողովրդային շարժումը լուրջ հիմքեր ունի: 26,5 տարեկան անկախ Հայաստանը իրականութեան մէջ «միաձայնութեան» որոշումի ոճով գործեց: Տեղ...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Ընտրական Քրոնիկ. «Ներսի Դաշնակներէն Դուրսի Դաշնակներուն»

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ Իմ քուէս, քու քուէդ, անոր քուէն, Մեր քուէն, ձեր քուէն, անոնց քուէն: Վերջապէս, իմ եւ մեր քուէն, քուէն` այն բոլորին, որոնք մինչեւ հիմա Լիբանանի մէջ տիրող վիճակին պատճառով բան չէին ըսած, չէին կրցած ըսել, 10 տարի առաջ փոքր էին քուէարկելու համար, իսկ վերջին քանի մը տարիներուն ընտրութիւններ չեղան: Այդպիսիները մայիս 6-ին տեղ պիտի հասնին, ըսելիք պիտի ունենան: Ինչպէս`...

Քաղաքական Խաղ` Մարմնամարզային Թեքումով

Ինչպէ՞ս Է Ալիեւը Խաբում Իր Ժողովրդին

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ «Ազատ Արցախ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է Եւ այսպէս, նախագահական ընտրութիւններն Ազրպէյճանում աւարտուած են: Դրանք անցան, ինչպէս եւ սպասւում էր, առանց բարդութեան ու առանց... ընտրութեան: Այն պատճառով, որ քուէարկութեան ընթացակարգից դեռ շատ առաջ ոեւէ մէկի մօտ կասկած չկար, որ Իլհամ Ալիեւը կը զբաղեցնի նախագահական պաշտօնը չորրորդ ժամկէտով: Ու թէեւ, այսպէս կոչուած, նախընտրական մրցավազքին նրանից բացի միացան եւս 6 թեկնածուներ,...

Վերադարձ` «Պատգամով»  (Յովհաննէս Պապախանեան Լիբանանի Մէջ)

Վերադարձ` «Պատգամով» (Յովհաննէս Պապախանեան Լիբանանի Մէջ)

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գ. Իփեկեան» թատերախումբի վարչութեան, կիրակի, 22 ապրիլ 2018-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ, պետական մրցոյթներու դափնեկիր, Միացեալ Նահանգներու շարժապատկերի եւ թատրոնի արուեստագէտներու միութեան անդամ Յովհաննէս Պապախանեանը պիտի ներկայացնէ Կարէն Խաչատուրեանի «ՊԱՏԳԱՄ» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Մարի Մսրեանի: Երեւանի Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի առաջատար դերասանը շուրջ քսանհինգ տարի հայ հանդիսատեսը հմայած է իր բեմական...

Page 703 of 1111 1 … 702 703 704 … 1,111

Արխիւներ