Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 18, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Յարգանք` Արթուր Մկրտչեանի Յիշատակին

Ապրիլ 14-ին Արցախի մէջ ոգեկոչուեցաւ Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի մահուան 26-րդ տարելիցը:

Այդ առիթով  Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ` Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Արթուր Մկրտչեանի կուսակցական ընկերներն ու հարազատները, ինչպէս նաեւ Արցախի քաղաքացիներ ծաղիկներ զետեղեցին անոր նուիրուած յուշաքարին առջեւ:

«Ազգային-ազատագրական պայքարին շնորհիւ` մենք վերականգնեցինք մեր պետականութիւնը եւ ամէն անգամ գալով այս յուշահամալիր` մեր երդումը կը վերանորոգենք եւ հաւատարմութեամբ կը հաստատենք, որ պարտաւորուած ենք շարունակելու այդ պայքարը` երկրի սահմանները անխաթար պահելով եւ ապահովելով տնտեսական, մշակութային առաւելագոյն զարգացումներ: Այսպիսով, մենք մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք ազգային-ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ նահատակուածներուն», «Ապառաժ»-ի ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը:

Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց Թեհրանի Եւ Յունաստանի Առաջնորդները, Ինչպէս Նաեւ` Իրաքի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

Վերջերս Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ իրանահայ հայրենադարձ Խաչիկ Խաչատուրեանը:

Ողջունելով Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդը` Հրանուշ Յակոբեանը նշեց, որ մեծ երջանկութիւն է նորէն հանդիպիլը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ամէնէն կարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկուն հետ: Հրանուշ Յակոբեան ընդգծեց նաեւ, որ Իրանի հայ համայնքը կառչած է իր ինքնութեան, եւ յոյս յայտնած է, որ իրանահայ մեր հայրենակիցները յաւելեալ աշխուժութեամբ պիտի մասնակցին սփիւռքի նախարարութեան 2018 թուականի ծրագիրներուն, մասնաւորապէս` «Իմ Հայաստան» փառատօնին, յուլիս 6-8 կայանալիք Համահայկական երիտասարդական հաւաքին, «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Սեպուհ արք. Սարգիսեանը նշեց, որ համայնքը կը պատրաստուի Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան հռչակման եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակներու տօնակատարութիւններուն: «Շարք մը ձեռնարկներ ունինք, պիտի կազմակերպուին նաեւ դասախօսութիւններ, հանդիպումներ: Երբ նայինք մեր պատմութեան ընթացքին, մեր կրած դժուարութիւններուն, անհնար է չնկատել, որ միայն աստուածային հրաշքով պայմանաւորուած է մեր գոյութիւնը, որ այսօր մենք կանք, կան ազատ, անկախ Հայաստանն ու Արցախը, կազմակերպուած սփիւռքը: Մեր միակ փրկութիւնը հզօր հայրենիքն է», նշած է Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդը:

Հրանուշ Յակոբեանը ընդունեց նաեւ Իրաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչները` Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանի ուղեկցութեամբ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան` Էրպիլի Հայ մշակութային ընկերակցութեան ատենապետ Յակոբ Սիմոնեանը, Մուսուլի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Կուլուզեանը, Զախոյի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Իշխան Սարգիսը, Հավրեզք գիւղի թաղական խորհուրդի ատենապետ Խաչիկ Սաֆարեանը, Քերքուկ, Ավզրուկ, Դհոկ գիւղերու ատենապետներ Բահրամ Բագոյեանը, Վարդգէս Սարգիսեանը, Մասիս Սարգիսեանը:

Ողջունելով հիւրերը` Հրանուշ Յակոբեանը շեշտեց անոնց ազգանուէր եւ հայապահպան գործունէութիւնը, աշխուժ մասնակցութիւնը սահմանապահ գիւղերուն աջակցելու ծրագիրին, նախանձախնդիր վերաբերմունքը կրթական, համայնքային եւ եկեղեցական հարցերու լուծման: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ համայնքը դժուարութիւններ յաղթահարելով, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ իր աշխուժ գործունէութիւնը, միասնական եւ համախմբուած է: Հպարտութիւն կը զգամ ձեզ տեսնելով: Շնորհակալ եմ, որ սահմանամերձ Խաչիկ գիւղին հետ բարեկամութեան սկսած էք, կ՛աջակցիք ծառատունկի եւ ջուրի զտման աշխատանքներուն»:

Հրանուշ Յակոբեանը Ընդունեց Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանը

Ողջունելով հիւրը` Հրանուշ Յակոբեանը շեշտեց սրբազանին նուիրեալ աշխատանքը` իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ Լիբանանի եւ այսօր արդէն Յունաստանի մէջ: Ան Գեղամ սրբազանին ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները, նշեց, որ այս յոբելենական տարուան ընթացքին, երբ հայ ժողովուրդը կը նշէ հայոց պետականութեան 100, Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակները, համայնքը ա՛լ աւելի պէտք է համախմբուի, աւելի աշխուժ եւ միասնական դառնայ: Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուեցաւ նախարարութեան ծրագիրներուն համայնքի յաւելեալ աշխուժ մասնակցութեան: Քննարկուեցան յառաջիկայ ծրագիրները, համագործակցութեան հեռանկարները:

Նշենք, որ յունահայոց թեմի առաջնորդը իր խօսքին մէջ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու նախարարութեան ապագայի ծրագիրներուն:

«Ստեփանակերտի Թատրոնը Միասնական Ուժերով Պիտի Վերանորոգուի», Նշեց Սերգէյ Շահվերդեանը

Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի շէնքի նորոգման նախագծային փաստաթուղթերուն մշակումը ընթացքի մէջ է:

Այս մասին յայտնած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերգէյ Շահվերդեանը` ընդգծելով, որ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Արցախ, իմ սէր. աջակցինք Ստեփանակերտի թատրոնին» բարեգործական ծրագիրի ծիրին մէջ շարք մը համերգներու եւ ներկայացումներու տոմսերուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը կը տրամադրուի Ստեփանակերտի թատրոնի վերանորոգման:

Նախարարին խօսքով, «Արցախ, իմ սէր. աջակցինք Ստեփանակերտի թատրոնին» նախաձեռնութիւնը միակ եւ հիմնական նիւթական միջոցը պիտի չըլլայ թատրոնի վերականգնման աշխատանքներուն համար: Ասիկա նաեւ հասարակութիւնը գործընթացին մէջ ներգրաւելու եւ հետագային նիւթական այլ աղբիւրներ ընդգրկելու միտում ունի:

«Ստեփանակերտի թատրոնի վերանորոգման նախագծային փաստաթուղթերուն մշակման գործընթացը արդէն սկսած է: Անիկա շուտով պիտի աւարտի, եւ պիտի հրապարակուի վերանորոգման թուային պատկերը: Շէնքին վերանորոգման հարցը մեր երկրին, յատկապէս Ստեփանակերտի բնակիչներուն համար շատ կարեւոր է: Երբ Արցախը բռնի կերպով կցուած էր Ազրպէյճանին, հայկականութիւնը պահպանող սակաւաթիւ օճախներէն մէկը Ստեփանակերտի թատրոնն էր, որ այն ժամանակ կը կրէր Մաքսիմ Գորկիի անունը: Թատրոնին շէնքը կառուցուած էր 1952 թուականին` համաժողովրդական ջանքերով», ըսած է Ս. Շահվերդեանը` յոյս յայտնելով, որ այս անգամ ալ միասնական ուժերով պիտի փորձեն վերակենդանացնել արցախցիներուն սիրելի մայր թատրոնը:

Արցախի Պատանիներու Յագեցած Առօրեան

ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութիւնը ապրիլ ամսուան սկիզբէն հանդէս եկած է շարք մը նախաձեռնութիւններով:

Արցախի պատանեկան միութեան վարչութեան որոշումով ապրիլ 1-ին, Զատիկի տօնին,  կազմակերպուած են ձեռնարկներ` Ստեփանակերտ եւ Մարտունի քաղաքներուն մէջ:

Նշուած վայրերու պատանեկան միութիւններուն մէջ Զատկուան տօնին առիթով կազմակերպուած է օրուան խորհուրդը ներկայացնող դասախօսութիւն, քայլարշաւ` Ստեփանակերտի Ս. Սարգիս եւ Մարտունիի Ս. Յակոբ եկեղեցիներ, ուր պատանիները մասնակցած  են պատարագին, այնուհետեւ կազմակերպուած են խաղեր` խումբերու միջեւ, որոնց ընթացքին պատանիները հանդէս եկած են աշխուժ ցուցադրական համարներով:

Ապրիլ 3-ին  Արցախի պատանեկան միութեան Կովսականի մասնաճիւղը եւ «Թաթուլ» ազգագրական համոյթը միասնաբար այցելած են Արծուանիկի «Արծուաբոյն» տարեցներու սպասարկման կեդրոն, ուր պատանիները տատիկ-պապիկներուն համար հանդէս եկած են ազգային երգուպարով` այդ օրը անոնց համար դարձնելով հետաքրքրական եւ ուրախ:

Ծրագիրի իրականացման գործին մէջ իրենց ներդրումը ունեցան` Կովսականի քաղաքապետարանը, հրշէջ-փրկարար ծառայութիւնը, ՀՅԴ Կովսականի «Հրաչ Մուրատեան» խումբը, մանկապարտէզն ու դպրոցը:

Արցախի` Ասկերանի պատանեկան միութեան առօրեան հետաքրքրական դարձնելու համար, տեղի վարիչին նախաձեռնութեամբ, Ասկերանի մարզադաշտին մէջ պատանիներու աշխուժութիւնն ու կազմակերպուածութիւնը զարգացնող խաղեր կազմակերպուած են:

 «Սի.Էն.Էն.»-ը Մայիս 20-ին Պիտի Ցուցադրէ Հայաստանի Մասին Դրուագը` Էնթընի Պուրտենի Մասնակցութեամբ

«Սի.Էն.Էն.»-ը պիտի սկսի սփռելու «Էնթընի Պուրտեն փարթս աննոուն» (Anthony Bourdain Parts Unknown) յայտագիրի 11-րդ եթերաշրջանը: Յայտնի ամերիկացի խոհարար Էնթընի Պուրտենը աշխարհի տարածքին ճանապարհորդելով` կը բացայայտէ զանազան մշակոյթներ եւ անոնց խոհանոցը:

Յառաջիկայ եթերաշրջանը բաղկացած է ութ ներկայացումներէ, որոնցմէ մէկը, որ պիտի սփռուի 20 մայիսին, նուիրուած է Հայաստանին:

Սպանական Ընկերութիւնը Պիտի Վերակառուցէ Երեւանի Մեթրոն

Սպանական «Ակազոս» ընկերութիւնը պիտի իրականացնէ Երեւանի մեթրոյի վերականգնման ծրագիրին երկրորդ փուլով նախատեսուած շինարարական աշխատանքները: Այս որոշումը ընդգրկուած էր Հայաստանի կառավարութեան մարտ 29-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Արդարեւ, սոյն որոշումով կը նախատեսուի իրականացնել ջրահեռացման փակուղիի վերակառուցում եւ ընդլայնում, ինչպէս նաեւ` մեթրոյի վազորդային փակուղիներու վերականգնում: Կայարաններն ու ծառայողական շինութիւնները  պիտի բարելաւուին, մեթրոյի վակոնները պիտի վերանորոգուին եւ արդիականացուին, ինչպէս նաեւ հակահրդեհային սարքաւորումներ պիտի տեղադրուին:

Յայտնենք, որ մեթրոյի վերականգնման ծրագիրի երկրորդ փուլի աշխատանքներուն իրականացման համար Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը, 2012-ին իր կնքած պայմանագիրին համաձայն, պիտի տրամադրէ մինչեւ 5 միլիոն եւրոյի վարկ. նոյնքան վարկ պիտի տրամադրէ նաեւ Եւրոպական ներդրումային դրամատունը: Հայաստանի կառավարութիւնը եւս 5 միլիոն եւրոյի դրամաշնորհ պիտի ստանայ Եւրոպական Միութենէն:

«Զուարթնոց» Օդակայանին Մէջ Արցախի Զբօսաշրջային Կարելիութիւնները Ներկայացնող Տեսահոլովակ Կը Ցուցադրուի

Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին միջեւ ձեռք բերուած համագործակցութեան ծիրին մէջ Արցախի զբօսաշրջային կարելիութիւնները ներկայացնող տեսահոլովակը, արդէն մնայուն հիմունքներով, կը ցուցադրուի Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ: Այս մասին հաղորդած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան նախագահ Արտակ Գրիգորեանը: Անոր  խօսքով,  իրականացուող ծրագիրին նպատակը Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու մօտ Արցախի մասին իրազեկուածութեան մակարդակի բարձրացումն է:

Գրիգորեանը նաեւ նշած է, որ տեսահոլովակի ցուցադրութեան կազմակերպումը մաս կը կազմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ձեռնարկներուն:

 «Կոմիտաս Միջազգային Երաժշտական Փառատօն»-ի Ծիրին Մէջ Հանդէս Պիտի Գայ Ֆրանսայի Պորտօ Քաղաքի «Ճամբորդող Երգչախումբ»-ը

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, ապրիլ 17-21 պիտի իրականացուի «Կոմիտաս միջազգային երաժշտական փառատօնը»:

Փառատօնի ծիրին մէջ Վանաձորի, Գօշի, Դիլիջանի, Երեւանի մէջ երգահանդէսներով հանդէս պիտի գայ Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքի «Ճամբորդող երգչախումբը»:

«Ճամբորդող երգչախումբ»-ին երգահանդէսը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ ապրիլ 19-ին, ժամը 19:00-ին, Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ:

Յայտնենք, որ երգահանդէսին պիտի մասնակցի նաեւ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ Եւ Ֆրանսայի` Սուրիան Ռմբակոծելէն Ամէնէն Շատ Վնաս Կրողը Թուրքիան Է

Յաջորդը

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Անկախութեան Առաջին Օրերը – Զ.

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?