Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քաթալոնիոյ Ինքնավարութիւնը, Դէպի Անկախութիւն Գործընթացը Եւ Միացեալ Սպանիոյ Տեսլականը

Ապրիլ 18, 2018
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք (1939-ին) Ֆրանսիսքօ Ֆրանքոյի վարչակարգը վերջ տուաւ Քաթալոնիոյ ինքնավար գոյավիճակին: Քաթալան քաղաքական եւ մշակութային կազմակերպութիւնները ջնջուեցան, ընդդիմադիրները հալածուեցան եւ բանտերը լեցուեցան եւ հազարաւորներ մահապատիժի ենթարկուեցան:

Պարսելոնա

Քաթալոնիոյ կառավարութեան նախկին ղեկավար Լուիս Քոմփանիս, որ Ֆրանսա փոխադրուած էր,  գերմանական գրաւումէն ետք, 13 օգոստոս 1940-ին Նանթի մօտակայ Լա Պոլ-լէ-Փինի մէջ ձերբակալուեցաւ գերման գրաւող ուժերուն կողմէ: Սեպտեմբերի սկիզբը սպանական իշխանութիւններուն փոխանցուելով Մատրիտի Ռէալ Քասա տէ Քորրէասի բանտը նետուեցաւ, ուր ահաւոր խոշտանգումներու ենթարկուեցաւ: Մէկ ժամ տեւած դատավարութեան ընթացքին գնդակահարման մահավճիռ սահմանուեցաւ զինուորական ատեանին կողմէ: Վճիռը մեղմացնելու համար եղած միջամտութիւնները ի զուր անցան: Մահապատիժի վճիռը գործադրուեցաւ 15 հոկտեմբեր 1940-ին, առտուան ժամը 6:30-ին: Քոմփանիս մերժեց աչքերը կապել տալ: Վերջին խօսքը եղաւ. «Փեր Քաթալունիա» (Քաթալոնիոյ համար):

Քաթալաներէն լեզուի գործածութիւնը արգիլուեցաւ, դպրոցներուն մէջ քաթալերէնի ուսուցումը օրէնքէ դուրս նկատուեցաւ եւ քասթիլերէնը (սպաներէն) օրինական միակ լեզու հռչակուեցաւ: Քաթալաներէն հրատարակութիւնները դադրեցան: Նոյնիսկ գերեզմանատուները, դամբարաններուն վրայ քաթալաներէն արձանագրութիւնները արգիլուեցան:

Քաթալոնիոյ եւ արտասահմանի մէջ ընդդիմադիրներ շարունակեցին լուռ ընդդիմութիւնը: Խոսէփ Թարրատելիաս, որ Քաթալան Հանրապետական Ձախ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարն էր եւ երեսփոխան եղած էր, քաթալան աքսորի կառավարութեան ղեկավարը եղաւ:

Միւս կողմէ, կային մեծ թիւով ֆրանքոյական քաթալաններ: Անոնցմէ շատեր Ֆրանսեսք Քամպոյի հիմնած Լիկա Ռեկիոնալիսթա աջակողմեան կուսակցութեան անդամ եղած էին (կուսակցութիւնը ջնջուած էր 1936-ին):

Գերիրապաշտ նկարիչ Սալվատոր Տալի (1904-1989), Ֆիկուէրէս աւանէն (Կիրոնա նահանգի Ալթ Իմփորտա գաւառ), Ֆրանքոն նկատած է Սպանիոյ միակ հերոսը, որ երկիրը մաքրած է կործանիչ ուժերէն:

Տարիներու ընթացքին մեծաթիւ սպանացիներ, յատկապէս` Անտալուզիայէն եւ Էսթրեմատուրայէն Քաթալոնիա տեղափոխուեցան: Անոնցմէ շատեր Պարսելոնայի մէջ բնակութիւն հաստատեցին:

Հետագային Ֆրանքոյի վարչակարգը մեղմացուց իր քաղաքականութիւնը եւ որոշ իրաւունքներ տուաւ քաթալաններուն: Առաջին անգամ քաթալաներէն լեզուով Թէաթրը Քաթալա պատկերասփիւռի յայտագիրը սկսաւ պատկերասփռուիլ: Հիմնուեցաւ նաեւ Նովա Քանչօ (Նոր երգ) շարժումը:

Քաթալան մշակոյթի եւ հոգեւոր կեդրոն Սանթա Մարիա տէ Մոնթսերրաթ վանքը

Պարսելոնայէն 48 քիլոմեթր արեւմուտք, Մոնթսերրաթ (սղոցուած լեռ) ժայռոտ լերան վրայ գտնուող եւ ԺԱ. դարուն կառուցուած պենետիքթեան ուխտի Սանթա Մարիա տէ Մոնթսերրաթ վանքը, որ քաթալան մշակոյթի եւ հոգեւոր կեդրոն է, կը մնար իբրեւ քաթալան ազգայնականութեան խորհրդանիշը, ուր քաթալան լեզուով արարողութիւններ տեղի կ՛ունենային  եւ քաթալաներէն գիրքեր կը հրատարակուէին: Մոնթսերրաթի կոյսը` Մարէ տէ Տէու տէ Մոնթսերրաթ  Քաթալոնիոյ պահապան սրբուհին է: Էսքոլանիա տէ Մոնթսերրաթ տղոց երգչախումբն է, որ Իրենէու Սեկարրա վարդապետին ղեկավարութեամբ յայտագիրներ կը ներկայացնէր: Վանքը անձեռնմխելիութիւն կը վայելէր, բայց ոստիկաններ վանք տանող ճամբուն վրայ յաճախ ձերբակալութիւններ կը կատարէին:

Քաթալոնիոյ պահապան սրբուհի Մոնթսերրաթի կոյսը

***

Սպանիոյ ղեկավար զօրավար Ֆրանսիսքօ Ֆրանքօ մահացաւ 1975 նոյեմբեր 20-ին: Թագաւորութիւնը վերականգնեցաւ եւ Խուան Քարլոս գահ բարձրացաւ:

Քաթալոնիոյ մէջ 1976-ին տեղի ունեցան ցոյցեր` համաներման եւ ինքնավարութեան կարգախօսներով:

Քաթալոնիոյ աքսորի կառավարութեան ղեկավար Խոսէփ Թարրատելիաս 1977-ին Սպանիա վերադարձաւ եւ բանակցութեան մէջ մտաւ վարչապետ Ատոլֆօ Սուարէսի հետ: Թագաւորը մարքիզի ժառանգական տիտղոս շնորհեց անոր: Թարրատելիաս մահացաւ 1988-ին, Պարսելոնայի մէջ:

Սպանիոյ նոր սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ 1978-ին: Երկիրը դարձաւ դաշնակցային պետութիւն, իսկ Քաթալոնիա ինքնավարութիւն ստացաւ:

Քաթալոնիոյ նոր կանոնադրութիւնը ընդունուեցաւ 1979-ին: Քասթիլերէնի (սպաներէն) կողքին պետական լեզու հռչակուեցաւ նաեւ քաթալոներէնը: Ինքնավար երկրամասին ղեկավարութիւնը ստանձնեց Քաթալոնիոյ կեներալիթաթը (կառավարութիւն)` Խոսէփ Թարրատելիասի գլխաւորութեամբ: Վերականգնեցաւ նաեւ տեղական ոստիկանութիւնը` Մոսսոս տ՛Էսքուատրա:

Ինքնավարութեան կանոնով սահմանուած է կառավարութեան ձեւաւորման կարգը: Ինքնավար կառավարութիւնը կազմուած է հետեւեալ կարգով. ա) օրէնսդիր մարմին, որուն անդամները կ՛ընտրուին համամասնական ցուցակներով. բ) կառավարութեան խորհուրդ, որ կը ղեկավարէ նախագահը, եւ գ) գերագոյն դատարան, որ իր կարգին կ՛ենթարկուի երկրի գերագոյն դատարանին:

Իբրեւ Քաթալոնիոյ կառավարութեան ղեկավար 1980-ին Խոսէփ Թարրատելիասի յաջորդեց Խորտի Փուխոլ: Իսկ 2003-ին Փուխոլի յաջորդեց Փասքուալ Մարակալ:

Սպանիոյ եւ Քաթալոնիոյ իշխանութիւնները 2006-ին համաձայնագիր ստորագրեցին, որուն համաձայն վարչական եւ ելեւմտական անկախութիւն շնորհուեցաւ Քաթալոնիոյ: Նոյն ժամանակ Խոսէ Մոնթիլիա Քաթալոնիոյ կառավարութեան ղեկավարը եղաւ, յաջորդելով Մարակալի:

Սպանիոյ սահմանադրական դատարանը 2010-ին չեղեալ յայտարարեց Սպանիոյ եւ Քաթալոնիոյ կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին կարգ մը կէտերը: Քաթալանները հակադարձեցին եւ նոյն տարուան յուլիսին մեծ ցոյցեր կազմակերպեցին Պարսելոնայի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Դեկտեմբերին Արթուր Մաս Քաթալոնիոյ խորհրդարանին կողմէ կառավարութեան ղեկավար ընտրուեցաւ, յաջորդելով Խոսէ Մոնթիլիայի:

Անկախութեան ձգտող քաթալան երեք կուսակցութիւնները 2012-ի ընտրութիւններուն շահեցան քուէներուն 13.4 առ հարիւր համեմատութիւնը: Սեպտեմբեր 11-ին, Քաթալոնիոյ ազգային տօնին, անկախութեան ի նպաստ ցոյցեր տեղի ունեցան Պարսելոնայի մէջ:

Քաթալոնիոյ խորհրդարանը 23 յունուար 2013-ին գերիշխանութիւն հռչակեց: Սակայն Սպանիոյ սահմանադրական դատարանը մայիս 8-ին անվաւեր հռչակեց որոշումը: Սեպտեմբեր 11-ին քաթալաններ 480 քիլոմեթր երկարութեամբ քայլարշաւ մը կազմակերպեցին:

Անկախութեան հանրաքուէի 2014-ի փորձը կասեցուեցաւ Սպանիոյ սահմանադրական դատարանին կողմէ:

Քաթալոնիոյ խորհրդարանի 2015-ի ընտրութիւններուն անկախութեան կողմնակից կուսակցութիւնները շահեցան քուէներուն 47.8 առ հարիւրը: Պարսելոնայի մէջ անկախութեան ի նպաստ ցոյցեր կազմակերպուեցան: 2016 յունուարին Քաթալոնիոյ կառավարութեան ղեկավար ընտրուեցաւ Քարլէս Փուչտեմոն, յաջորդելով Արթուր Մասի: Սեպտեմբերին Պարսելոնայի, Պերկայի, Լէիտայի, Սալթի եւ Թարրակոնայի մէջ անկախութեան ի նպաստ ցոյց տեղի ունեցան:

***

Քաթալոնիոյ խորհրդարանը 7 սեպտեմբեր 2017-ին օրէնք ընդունեց, որ կը կարգաւորէր ինքնավար մարզին հասարակական եւ քաղաքական կեանքը` հոկտեմբեր 1-ին նախատեսուած հանրաքուէի ժամանակ հնարաւոր յաղթանակի պարագային: Օրէնքին կողմ քուէարկեց 71 երեսփոխան, դէմ` 10 երեսփոխան: Փաստաթուղթը բաղկացած էր 89 յօդուածներէ:

Սպանիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ հանրաքուէի կայացումը անօրինական է: Իսկ սահմանադրական դատարանը կասեցուց հանրաքուէին հետ կապուած բոլոր փաստաթուղթերու օրինականութիւնը:

Վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ պաշտօնապէս դիմեց Քաթալոնիոյ կառավարութեան` հանրաքուէի կայացումը չեղեալ նկատելու պահանջով:

Սպանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Քաթալոնիա ուղարկեց երեք ռազմանաւեր, ուր տեղակայուած էին Կուարտիա Սիւիլի երեք ստորաբաժանումներ: 20 սեպտեմբեր 2017-ին Քաթալոնիոյ կառավարական կեդրոններէն տասնչորս պետական ծառայողներ ձերբակալուեցան: Աւելի ուշ անոնք ազատ արձակուեցան: Ոչնչացուեցաւ քուէարկութեան շուրջ տասը միլիոն քուէաթերթիկ: Կուարտիա Սիւիլ նաեւ ոչնչացուց 45 հազար ծանուցում: Աւելի քան 700 քրէական գործ յարուցուեցաւ քաթալան քաղաքներու քաղաքապետերու եւ գիւղական համայնքներու ղեկավարներու նկատմամբ` հանրաքուէի կազմակերպման մասնակցելու մեղադրանքով:

Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէն կայացաւ 1 հոկտեմբեր 2017-ին: Սպանական ոստիկանութիւնը անմիջապէս սկսաւ քուէաթերթիկներու եւ քուէատուփերու ոչնչացման գործողութեան: Ծայր առին բախումներ: Ոստիկանութիւնը ռետինէ գնդակներ կիրարկեց ցուցարարներու ուղղութեամբ: Վիրաւորուեցան ոստիկաններ եւ քուէարկողներ:

Սպանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը մեղադրեց ցուցարարները` անչափահասները բողոքի ցոյցերուն մէջ ներգրաւելու համար: Ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ անթոյլատրելի է ցոյցերու ժամանակ ներգրաւել երեխաները, յատկապէս երբ բախումներ տեղի կ՛ունենան նաեւ ոստիկաններու հետ:

Հանրաքուէին մասնակցեցաւ ընտրելու իրաւունք ունեցողներուն 42.34 առ հարիւրը եւ անոնց 90.09 առ հարիւրը թեր քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան:

Վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ նոյն օրը երեկոյեան յայտարարեց, որ Քաթալոնիոյ մէջ ոչ մէկ հանրաքուէ տեղի ունեցած է: Ան մեղադրեց Քաթալոնիոյ իշխանութիւնները` «քաթալանները խաբելու եւ անչափահասները ցոյցերու մէջ ներգրաւելու մէջ»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն քաղաքացիներուն, որոնք անտեսեցին հանրաքուէն եւ պաշտպանեցին ժողովրդավարութիւնը:

Քաթալան քաղաքային ընկերութեան կազմակերպութեամբ, աւելի քան մէկ միլիոն քաթալաններ հոկտեմբեր 8-ին ի նպաստ միացեալ Սպանիոյ եւ ընդդէմ Քաթալոնիոյ անկախութեան ցոյց կազմակերպեցին Պարսելոնայի մէջ:

Քարլէս Փուչտեմոն 10 հոկտեմբեր 2017-ին Քաթալոնիոյ անկախութիւնը յայտարարեց:

Սպանիոյ ազգային տօնին, 12 հոկտեմբերին (երբ Քրիստափոր Քոլոմպոս Ամերիկա ցամաք ելաւ) 65 հազար քաթալաններ Պարսելոնայի մէջ ցոյց կազմակերպեցին ի նպաստ միացեալ Սպանիոյ:

Քաթալոնիոյ խորհրդարանը 27 հոկտեմբեր 2017-ին 70 թեր, 10 դէմ եւ 2 ճերմակ քուէներով Սպանիայէն Քաթալոնիոյ անկախութիւնը հռչակեց:

Սպանիոյ ծերակոյտը նոյն օրն իսկ սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածին համաձայն լիազօրեց վարչապետ Մարիանօ Ռախոյը ուղղակի հակակշիռ հաստատելու Քաթալոնիոյ վրայ: Յաջորդ օր, հոկտեմբեր 28-ին Ռախոյ լուծեց Քաթալոնիոյ խորհրդարանը եւ շրջանային կառավարութիւնը եւ նոր ընտրութեանց թուական ճշդեց դեկտեմբեր 21-ը: Փուչտեմոն եւ քաթալան կառավարութեան այլ անդամներ բանտարկութենէ խուսափելով հեռացան երկրէն:

Հոկտեմբեր 29-ին Պարսելոնայի մէջ հարիւր հազարաւոր քաթալաններ ցոյց կազմակերպեցին ի նպաստ միացեալ Սպանիոյ:

Քաթալոնիոյ մէջ կայացած 21 դեկտեմբեր 2017-ի խորհրդարանական ընտրութեան անկախութեան կողմնակից երեք կուսակցութիւնները յաղթանակ արձանագրեցին:

***

Սպանական Քաթալոնիա ունի 32.108 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ 7.5 միլիոն բնակչութիւն: Անոնց հազիւ կէսը քաթալաներէն կը խօսի քասթիլերէնի կողքին:

Վալենսիացիները, 4.9 միլիոն, ցեղակից են քաթալաններուն եւ վալենսերէնը քաթալաներէնի մէկ ճիւղն է: Մօտաւորապէս երկուքուկէս միլիոն վալենսիացիներ վալենսերէն կը խօսին:

Արակոնի Լա Ֆրանխա շրջանի 47 հազար բնակիչներ քաթալաներէն կը խօսին:

Պալէարեան կղզիները ունին 1 միլիոն 150 հազար բնակիչ, որուն 746 հազարը քաթալաներէնի պալէարեան բարբառը կը խօսի:

Անտորրա, Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, Փիրէնեան լեռներուն վրայ գտնուող փոքր պետութիւն մըն է 77 հազար բնակչութեամբ, որուն պատմական եւ պաշտօնական լեզուն քաթալաներէնն է: Անտորրա եկեղեցականօրէն Քաթալոնիոյ Ուրկէլի թեմին կապուած է:

Ֆրանսական (կամ հիւսիսային) Քաթալոնիա կ՛ընդգրկէ Փիրէնէ-Օրիանթալ նահանգին Ֆրանսական Սերտանյը, Քափսիր, Քոնֆլէնթ, Ռուսիյոն եւ Վալեսփիր գաւառները (իսկ Ֆենուիլէտ գաւառի բնակիչները օսսիթանեան լեզուն կը խօսին): Փիրէնէ-Օրիանթալ ունի 4116 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ 422 հազար բնակիչ, որուն 110 հազարը քաթալաներէն կը խօսի:

Մեծ թիւով քաթալաններ եւ վալենսիացիներ կը բնակէին ֆրանսական գաղութ Ալճերիոյ մէջ: Անոնք երկրի անկախութենէն (1962) ետք Ֆրանսական Քաթալոնիա փոխադրուեցան:

Սարտինիոյ Ալկհերօ քաղաքը ունի 44 հազար բնակիչ, որուն կէսը քաթալաներէն կը խօսի:

Քաթալաններ կը բնակին նաեւ Լատին եւ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ:

Քաթալանական ազգային տարազն է տղամարդոց պարրեթինա կարմիր գլխարկը եւ ֆայխա գօտին եւ կիներու ռէթ ժանեակը: Ազգային կօշիկը` էսփարտենիա:

Քաթալան խոհանոցը կ՛ընդգրկէ հաց, լոլիկով հաց, ձէթ, ձուկ, ծովային կենդանիներ, մսեղէն, երշիկ, հաւ, խմորեղէն, պանիր, էսքալիվատա (խորոված բանջարեղէն), օլիատա (միսով եւ բանջարեղէնով), էսքուտելիա (միս սխտորով եւ ազատքեղով), էսքուէիխատա (ձուկով աղցան), սխտորով թացաններ, քաղցրաւենիներ` քրէմա քաթալանա, փերէս տէ լէիտա (տանձով եւ սերով), մել ի մաթօ (պանիրով մեղր), քաթանիէս (նուշով, տուրմով եւ կաթով), փանելիէթ (կաղինով եւ նուշով խմորեղէն), թորթէլ (քաքաոյով, տուրմով եւ սերով կարկանդակ), սուրճ եւ գինի:

Երաժշտական հարուստ ժառանգութիւն ունին, իսկ սարտանա ազգային շուրջպար է:

Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետեւորդներ, դեկտեմբեր 25-ին կը տօնեն Ծնունդը, գարնան` Զատիկը, ապրիլ 23-ին` Սուրբ Գէորգը (սիրոյ տօն է, տղամարդիկ կիներուն եւ աղջիկներուն վարդ կը նուիրեն), իսկ յունիս 23-ի գիշերը` Սուրբ Յովհաննէսի հրախաղը (Նոյթէ տէ Սան Խոան), երբ տօնախմբութիւն կը կազմակերպեն. քաթալան ազգայնականներ յունիս 24-ը ազգային տօն կը նկատեն:

(Վերջ)

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (18 Ապրիլ 1968)

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու, Մեծն Բրիտանիոյ Եւ Ֆրանսայի` Սուրիան Ռմբակոծելէն Ամէնէն Շատ Վնաս Կրողը Թուրքիան Է

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?