ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Անկախ Հայաստանի խորհուրդին անդրանիկ նիստը (1):
Վրացեան կը շարունակէ. «Օգոստոս 1-ին (1918) Երեւանի քաղաքային ակումբի դահլիճին (2) մէջ Հայաստանի խորհուրդին անդրանիկ նիստը հանդիսաւոր շուքով բացուեցաւ: Քաղաքը տօնական կերպարանք ստացած էր: Փողոցները խռնուած էին բազմութիւններով: Ակումբին առջեւ զօրքը երկու շարքով շարուած էր:
«Ակումբին սրահը Խորհուրդի նիստերուն յարմարեցուած էր: Մէջտեղը գրաւած էին պատգամաւորները. բեմին վրայ` նախագահութիւնը: Ներկայ էր կառավարութիւնը ամբողջ կազմով:


«Ձախ օթեակին մէջ կը գտնուէին` Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Թուրքիոյ ներկայացուցիչները, Պարսկաստանի հիւպատոսը եւ ռուս ու մահմետական ազգային խորհուրդներու ներկայացուցիչները:
«Աջ օթեակին մէջ նստած էին` բանակի հրամանատար Թովմաս Նազարբէկեանը, զօրավար Մովսէս Սիլիկեանը եւ այլ զինուորականներ: Մամուլի ներկայացուցիչներուն յատուկ տեղ յատկացուած էր: Դահլիճին ետեւի մասը եւ վերնայարկը բերնէ բերան հասարակութեամբ լեցուած էր:
«Հայաստանի խորհուրդին պատգամաւորները դասաւորուած էին նախօրօք սահմանուած կարգով. աջ կողմը նստած էին Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (վեց), մահմետականներու (վեց), եզիտիներու (մէկ) եւ ռուսերու (մէկ) պատգամաւորները: Կեդրոնը եւ ձախ կողմի մէկ մասը` դաշնակցականները (թիւով 18), իսկ ձախ կողմը` Սոցիալ-դեմոկրատները (վեց) եւ Սոցիալ-յեղափոխականները (վեց) պատգամաւոր:

«Հայաստանի անդրանիկ օրէնսդրական մարմինին առաջին նիստը բանալու պատիւը վիճակուեցաւ Հայ ազգային խորհուրդի նախագահ Աւետիք Սահակեանին: Խորին լռութեան մէջ բեմ ելաւ եւ բացման ճառը արտասանեց, որ տեղն ու տեղը ռուսերէնի եւ թրքերէնի թարգմանուեցաւ:
«Քաղաքացինե՛ր, պատգամաւորներ Հայաստանի խորհուրդի:
Գերագոյն Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ պատիւ ունիմ այսօր բացուած յայտարարել Հայաստանի խորհուրդին անդրանիկ նիստը եւ յայտարարել, որ այսուհետեւ ա՛յս է միակ լիազօր մարմինը` Հայաստանի Հանրապետութեան պետական իշխանութիւնը իր մէջ ամփոփող:
Այս օրը մեզի համար կը դառնայ պատմական եւ նոր լուսաւոր դարաշրջան մը կը բանայ մեր երիտասարդ պետութեան կեանքին, ինքնուրոյն քաղաքական եւ տնտեսական զարգացումին:
Այս օրը կը մնայ միշտ յիշատակելի եւ ա՛յն պատճառով, որ առաջին անգամ իրականացած կը տեսնենք մեր նեղ հորիզոններու սահմանին մէջ, գեղեցիկ երազանքն ու ինքնորոշման նուիրական տենչը, թէեւ` անհնարին դժուարին պայմաններու մէջ:

Ենթադրելով, որ մեր երկրի անկախութեան հարցին ձեզմէ շատերը լաւատեղեակ չեն, յոյժ կարեւոր կը գտնեմ այս բարձր ժողովին ներկայացնել այն փուլերը, որոնցմով անցած է Անդրկովկասի անկախ պետութիւններու գաղափարը` սկիզբէն մինչեւ վերջին ձեւակերպումը:
Մեր հանրապետութիւնը, ինչպէս եւ միւսները, հանդէս եկան իբրեւ անկախ պետութիւններ ա՛յն օրէն, երբ Անդրկովկասեան սէյմը մայիս 26-ին (1918) ինքզինք կազմալուծուած յայտարարեց. վրաց սոցիալ-դեմոկրատ ֆրակցիայի (կուսակցական խմբաւորում) նախաձեռնութեամբ եւ առաջարկութեամբ, նոյն օրն իսկ Վրաստանը անկախութիւն յայտարարեց:
Անդրկովկասի ամբողջութիւնը փլելէն ետք մեր երկիրը լքուած էր իր բախտին, ուստի Հայոց ազգային խորհուրդը շտապեց իր վրան վերցնել կառավարութեան բոլոր պաշտօնները:
Ճիշդ այդ պահուն էր, որ բոլորին յայտնի` օսմանեան կառավարութեան վերջնագիրը ստացանք, նոր հողային գրաւումներու մասին, որ 48 ժամուան ընթացքին պատասխան կը պահանջէր: Գերագոյն խորհուրդին կողմէ անմիջապէս առանձին պատուիրակութիւն մը ուղարկուեցաւ Պաթում` յանձինս Յովհաննէս Քաջազնունիի, Միքայել Պապաջանեանի եւ Ալեքսանդր Խատիսեանի` անոնց տալով արտակարգ լիազօրութիւններ տաճիկ պատուիրակութեան հետ բանակցութիւններ վարելու:
Մեր պատուիրակութիւնը յաջողեցաւ որոշ ուղղումներ մտցնել սահմաններուն մէջ, բայց եւ այնպէս ստիպուած էր վերջնագիրը ընդունիլ եւ խաղաղութեան դաշինք կնքել (Մեհմետ) Վեհիպ փաշային եւ Խալիլ պէյին (3) (Մենթեշէ) հետ: Այստեղ առաջին անգամ Հայոց ազգային խորհուրդի պատգամաւորները պաշտօնապէս ճանչցուեցան իբրեւ անկախ Հայաստանի ներկայացուցիչներ եւ ստորագրեցին յունիս 4-ի (Պաթումի) դաշինքը (թէեւ բոլոր պատկան պետութիւններուն կառավարութիւնները եւ կամ խորհրդարանները չվաւերացուցին զայն, ՅՉ):

Մեր պետութեան անկախութիւնը յայտնի է նոյնպէս Տաճկաստանի (Թուրքիոյ) դաշնակից պետութիւններուն` Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Պուլկարիոյ: (Այժմ) Պոլիս կը գտնուի մեր երկրորդ պատուիրակութիւնը` Ա. (Աւետիս) Ահարոնեան, Ա. (Ալեքսանդր) Խատիսեան եւ Մ. (Միքայէլ) Պապաջանեան, որոնք Օսմանեան կայսրութեան հրաւէրով ուղեւորուեցան` բանակցութիւններ վարելու Տաճկաստանի եւ անոր դաշնակիցներուն հետ:
Այսպիսով, բազմակողմանի կերպով քննելով մէկ կողմէ երկրին ուժերը եւ այն հանգամանքները, որոնց մէջ կը գտնուի հայ ժողովուրդը, եւ միւս կողմէ` քաղաքական եւ տնտեսական ստեղծուած դրութիւնը, Հայոց ազգային խորհուրդը սեղմեց իր սիրտը եւ անողոք գիտակցութեամբ որոշեց վերջնականապէս ընդունիլ վերջնագիրը եւ ճանչցնել Հայաստանի անկախութիւնը` ինքզինք յանձնելով պատմութեան անաչառ դատաստանին:
Այո՛, մեր հանրապետութիւնը փոքր է ու նեղ` իր սահմաններով, ան զրկուած է իր ամենագնահատելի երկրամասերէն ու չի կրնար իր մէջ տեղաւորել ամբողջ ազգաբնակչութիւնը եւ կարծես թէ պայմաններ չունի անկախ գոյութեան համար: Բայց կը կարծեմ, որ երկրին սահմանները միշտ քարացած չեն կրնար մնալ. կը հաւատամ, որ մեր երկրին սահմանները կ՛ընդարձակուին կեանքի երկաթէ ուժով, գրաւուած հողամասերու վերաբերեալ մեր արդար եւ անվիճելի իրաւունքներուն պաշտպանութեամբ եւ նոր բարեկամական դաշինքով` Տաճկաստանի եւ անոր դաշնակից պետութիւններուն հետ, որոնց ներկայացուցիչները այստեղ ներկայ են: Մենք ընտրած ենք համաձայնութեան եւ խաղաղութեան ուղին, եւ կ՛ուզեմ յուսալ, որ չենք սխալիր:

Մինչ այդ սրբութեամբ եւ անշեղ կերպով մենք կը կատարենք այն պարտականութիւնները, որոնք կը բխին խաղաղութեան դաշինքէն: Թողե՛նք ապագայ հեռանկարները, յամենայն դէպս, այսօր, այստեղ, առանց տատանումներու եւ լիակատար վստահութեամբ, մենք մեր պետական նաւուն խարիսխը կը նետենք եւ պետական շէնքին հիմը կը դնենք` ձգտելով միշտ կատարելագործել զայն ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր ազգութիւններուն` իբրեւ զաւակներուն մէկ հարազատ մայր հայրենիքի»:
«Սահակեանի ճառը խոր յուզումով ընկալուեցաւ: Պատգամաւորներն ու հասարակութիւնը յաճախ բուռն ծափահարութիւններով զայն կ՛ընդհատէին:
«Երբ խօսքը աւարտելէն ետք Սահակեանը «Կը յայտարարեմ Հայաստանի խորհուրդին նիստը բացուած» արտասանեց, դուրսը, խորհրդարանի շէնքին բարձրացաւ հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը եւ հազարաւոր բերաններ որոտացին` «Կեցցէ՛». ծափահարութիւնները օդը թնդացուցին: Հնչեց «Մեր հայրենիք»-ը: Զօրքը պատուի կեցաւ:
Հայաստանի խորհուրդի անդամներուն ցանկը (4) յայտարարելէն ետք, սոցիալ-դեմոկրատ պատգամաւորներուն ձեռնպահութեամբ, նախագահ ընտրուեցաւ Աւետիք Սահակեանը (ՀՅԴ), փոխնախագահներ` Գրիգոր Տէր Խաչատուրեանը (Հ. ժողովրդական կուսակցութիւն) եւ Դ. (Դաւիթ) Զուրեանը (սոցիալ-յեղափոխական): Քարտուղար` Պ. (Պետրոս) Զաքարեանը (անկախ), երկրորդ քարտուղար` Ե. (Եփրեմ) Սարգսեանը (ՀՅԴ):
Խորհուրդի նիստէն ետք, զօրավար Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ, զօրահանդէս տեղի ունեցաւ, որուն ներկայ էին օտար ներկայացուցիչները, Խորհուրդի եւ կառավարութեան անդամները եւ խուռն բազմութիւն: Զօրքերը երաժշտութեամբ ու կանոնաւոր շարքերով անցան հանդիսատեսներուն առջեւէն եւ բարձրացան Աստաֆեան (Աբովեան) պողոտայով, հասարակութեան աննկարագրելի ցնծութեան ու ծափերուն մէջէն:
22 մարտ 2018
(Շար. 6)
—————————–
(1).- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Առաջին Քայլեր» գլուխ, էջ 181-190:
(2).- Դժբախտաբար կարելի չեղաւ այս ակումբին ստոյգ վայրը կամ լուսանկարը ապահովել: Աֆրիկեան եղբայրներուն Տէրեան 11-ի այժմ «քակուած» շէնքը ծառայած է իբրեւ քաղաքային ակումբ` պատկանած է Առաքել Աֆրիկեանին, տես` https://hy.wikipedia.org/wiki/Աֆրիկեանների-ակումբ#Պատկերասրահ: Ոմանք Ամիրեան փողոցի երբեմնի Նայիրի` շարժապատկերի սրահը նշած են, որ սակայն այն կառուցուած է 1920-ին: Այլ աղբիւր մը կ՛ըսէ, թէ` այժմ անգոյ, այն Աբովեան փողոցին վրայ կը գտնուէր, որ շատ հաւանական է:
(3).- Կարգ մը աղբիւրներու պարագային` շփոթ կը նկատուի Խալիլ փաշա Քոլթին հետ, քանի որ ընդհանրապէս գրութիւններուն մէջ լրիւ անուններ կը բացակային: