ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, որ այսօր համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը երկու ուղղութեամբ է.
Առաջին` Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու անվտանգութեան եւ անդորրութեան ու ապա Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններու վրայ կուտակուած փաստացի արտասովոր ազրպէյճանական զինուորական ներուժի եւ ծանր տեսակի զէնքի կիսապատերազմական սպառնալիքներով շարժումները:
Երկրորդ` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրադարձութիւնները, ժողովրդային զարթօնքը, որոնք կը ձգտին աւելի արդար, բարգաւաճ եւ լուսաւոր նոր Հայաստանի մը կերտման:
Բայց մանաւանդ համայն հայութեան հայեացքները ուղղուած են մայիս 8-ին կայանալիք Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին հաւանական ընտրութեան` Նիկոլ Փաշինեանի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութեան: Բան մը, որ արդէն խորհրդարանական չորս կուսակցութիւններէն երեքը` «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը, «Ելք»-ը եւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, կը զօրակցին եւ ըստ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Ազգային ժողովի խմբակցութեան ղեկավարի յայտարարութեան, մայիս 8-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը վարչապետ կ՛ունենայ, եւ իրենք պիտի չխոչընդոտեն տուեալ ընտրութիւնը եւ պիտի սատարեն խորհրդարանի մէկ երրորդին կողմէ առաջադրուած թեկնածուին:
Իրականութեան մէջ պէտք է ըսել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետութեան թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանի վերջին օրերու տեսակցութիւններու եւ հանդիպումներու ընթացքին, զանազան քաղաքական կուսակցութիւններու հետ, ուր հաւանաբար լայնօրէն քննարկուած կը թուի ըլլալ ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի ծրագիրներու, մօտեցումներու եւ գնահատումներու կապակցաբար եւ վերջինիս յայտարարութիւնները իր ընդհանուր գիծերուն մէջ գոյութիւն ունեցող որոշ հարցադրումներու, տարակարծութիւններու եւ անորոշութիւններու գծով կարծես որոշ հանգստութիւն մը կու տան Հայաստանի քաղաքական մտքին եւ կուսակցութիւններուն կապուած տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն, շրջակայ երկիրներու հետ փոխյարաբերութիւններուն, Հայաստանի անվտանգութեան, արցախեան հարցի կարգաւորման, Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, Եւրասիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներու հետ ռազմավարական եւ անվտանգութեան պայմանագրութեանց եւ այլն… Փաստօրէն Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ինք ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարելու նպատակ ունի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
Արդարեւ, տուեալ ժողովրդային զարթօնքին բուն թիրախը, այո՛, որքան որ առաջին հերթին երկրի ժողովրդավարութիւնը, պետական համակարգի փոփոխութիւնը, ընկերատնտեսական կենսական խնդիրներու շուտափոյթ լուծում ապահովելն է, սակայն նոյնքան ալ կարեւոր է ազգային միասնականութիւնը, ազգային արժէքներու պահպանումը, մանաւանդ որ այս շարժման իւրայատկութիւնը կամ յաջողութեան գրաւականը կը հաւատանք, որ կը կայանայ անոր մէջ, որ ան պէտք չէ ո՛չ հատուածական շարժումի մը տպաւորութիւնը ձգէ, ո՛չ ալ ան սովորական իշխանափոխութեան տպաւորութիւնը մէկ այլ իշխանութեամբ:
Փաստօրէն, այսօր Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած ժողովրդային շարժումը թեւակոխած է պատասխանատու նոր փուլ` տուեալ շարժման ընթացքին հնչած բոլոր գաղափարներու եւ քաղաքական պահանջատիրութիւններու կարգախօսերու գործնականացման փուլ:
Այնուամենայնիւ, կ՛արժէ հակիրճ ակնարկ մը նետել ՀՅ Դաշնակցութեան վերջին 25 տարիներու ներհայաստանեան քաղաքական օրակարգերով, որոնք հանդիսացած են վերոնշեալները եւ քայլ առ քայլ իւրաքանչիւր հնարաւոր փուլին զանոնք իրականացուցած է կամ նպաստած, կամ ալ համահեղինակ եղած է, ինչպիսին է, օրինակ, այսօրուան սահմանադրութիւնը, որ բոլորիս ապահովութեան կռուանն է, որ` բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու ապաւէնն է, որ, վերջապէս, հակառակ իր այդ կարճ կենսափորձին, փրկեց անվերադարձ կորուստներէ. այսօր նոյնինքն վարչապետութեան թեկնածու Նիկոլ Փաշինեան անգամ կը հաստատէ, որ «շահագրգռուած ենք, որ քաղաքական իրավիճակը լուծում ստանայ սահմանադրութեան ծիրին մէջ», ինչ որ Դաշնակցութիւնը առաջին իսկ օրէն կ՛ընդգծէր:
Դաշնակցութիւնը իր 100-ամեայ կենսափորձով 25 տարուան ընթացքին նպաստեց առնուազն ներհայաստանեան քաղաքական մշակոյթի զարգացման, սփիւռքի նախարարութեան արդիւնաւէտութեան, երկքաղաքացիական օրինագիծի որդեգրման, սահմանադրութեան փոփոխութեան, ընտրական օրինագիծին, հայ-թրքական եւ ֆութպոլային պարտուողական դիւանագիտութեան քաղաքականութեան դէմ պայքարին, արցախեան բանակցութիւններու անզիջող կեցուածքին առջեւ կը պահանջէ Շահումեանի եւ Գետաշէնի ազատագրումը, տակաւին, Աստուած հոգին լուսաւորէ, ընկ. Վահան Յովհաննիսեանի օրին գլխաւորած փտածութեան դէմ պայքարի պետական յանձնախումբին աշխատանքները, ընկերային առումով` հայրենի մեր ժողովուրդի անմխիթար խաւի անհրաժեշտ պետական պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու մակարդակը հասցնելու գործնական եւ իր ամէնէն բարձր աստիճանի, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համապետական յուշագրի կապակցաբար եւ այսպէս շատ մը խնդիրներու…
Իրականութիւններ, որոնք կարելի չէ խեղաթիւրել եւ ապատեղեկատուութեամբ զբաղիլ:
Այսօր երկրի Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդականացման եւ արդիականացման գործընթացը պէտք է համահունչ եւ ներդաշնակ ընթանայ մեր ազգային արժէքային համակարգին եւ ազգային միասնականութեան պահպանմամբ:
Արմատախիլ պէտք է ընել այլամերժութիւնը եւ ատելութիւնը, մանաւանդ այս փուլին, երբ մե՛նք, այո՛, մենք պէտք է ազգովին վերադառնանք մեր բնականոն կեանքի ընթացքին եւ շարունակենք մեր համազգային երթը:
Հայութեան համար արտասովոր եւ յոբելենական տարի է 2018-ը, եւ համայն հայութեան հայեացքները ուղղուած են Երեւան:
Բացարձակին մէջ ճիշդ կը գտնենք եւ առողջ` այն ակնարկները, որոնք պէտք չէ հին էջեր բանան եւ ներազգային ջիղը բորբոքեն եւ մթնոլորտ ստեղծեն, ինչպէս որ նոյնքան ալ բացարձակին մէջ ճիշդ կը գտնենք եւ առողջ, որ հնարաւորին չափ պէտք է մէկ կողմէ ազգը համախմբել եւ կառուցողական ըլլալ, իսկ միւս կողմէ` բնաւ պէտք չէ վրէժխնդրութեամբ առաջնորդուիլ եւ այս երիտասարդական ու ժողովրդային զարթօնքին ընդմէջէն այլ հաշիւներ փորձել տեսնել:
Պիտի մաղթենք Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրուելիք նոր վարչապետին եւ տուեալ ժողովրդային զարթօնքին, որ նոր մեկնարկ մը հանդիսանայ համայն հայութեան երազներու, նպատակներու եւ համազգային ծրագիրներու իրականացման:
Պիտի մաղթենք, որ այս զարթօնքը նոր մեկնարկ մը հանդիսանայ ազգային միասնականութեան, հանդուրժողականութեան եւ հաւաքական համախմբութեան:
4 մայիս 2018